ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գառնիկ կը կորսնցնէ իր մայրը, քոյրը` Զառուկը եւ եղբայրը` Աւոն այս գաղթակայանին մէջ: Անոնք կը մահանան յոգնութեան, անօթութեան, ծարաւի եւ հիւանդութեան պատճառով: Փոքրիկն Գառնիկ ինքզինք կը գտնէ Համայի Հայ բողոքական որբանոցին մէջ: «Կարպիս էմմին ձեռքէս բռնած` չեմ գիտեր ուր կը տանէր զիս: Մեծ մայրս վիզս ինկած` լալով համբուրեց զիս, մեծ հայրս ալ երկա՜ր-երկար գլուխս շոյեց, երեսս համբուրեց ու սկսանք երթալ: Մինչեւ գաղթակայանէն դուրս գալս` շարունակ ետեւ կը նայէի, մեծ մայրս, մեծ հայրս կը փնտռէի: Ու հասանք որբանոց, որ կը պատկանէր հայ բողոքական պատուելիի մը, որ շատ բարեսիրտ եւ հոգատար էր, որբերուն ընկերն ու հայրիկն էր: Ան ամէն գիշեր բարոյական խօսքերով եւ աղօթքներով կը սփոփէր որբերը: Ան որբանոցին մատակարարն էր եւ անձամբ կ՛ապահովէր որբանոցի կերակուրի պաշարը շրջանի քրիստոնեայ գիւղերէն»:
![Անթուրայի քոլէճ որբանոցը](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/4_%D4%B1%D5%B6%D5%A9%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A1%D5%B5%D5%AB-%D5%A3%D5%B8%D5%AC%D5%A7%D5%B3%D5%A8-%D5%B8%D6%80%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%81%D5%A8_020216.jpg)
Անթուրայի քոլէճ որբանոցը
Փոքրիկն Գառնիկ կը վայելէ որբանոցին հաճելի, հանգստաւէտ եւ հայկականութիւն ու քրիստոնէութիւն բուրող կեանքը եւ հոն աշխատող հայ մայրիկներուն որբախնամ հոգածութիւնն ու սէրը: Երկար չի տեւեր Գառնիկին որբանոցի խաղաղ եւ հանգստաւէտ կեանքը: Օր մը պատուելին կը հաւաքէ բոլոր որբերը եւ արցունքոտ աչքերով, շրթունքները դողալով եւ մելամաղձոտ նայուածքով կ՛ըսէ` «Իմ ո՛րբ տղաքս, այսօր մեր վերջին ընթրիքը ըրինք այս յարկին տակ, վաղը առտու կանուխ շոգեկառքով պիտի մեկնիք Լիբանան կոչուած երկիրը: Ճեմալ փաշայի հրահանգով դուք պիտի դառնաք իր` Այնթուրայի որբանոցին որբերը: Ճեմալ փաշայի ներկայացուցիչները ինծի հաւաստիացուցին, որ ճեմալ փաշան ձեզ պիտի կրթէ, պարկեշտ մարդիկ պիտի պատրաստէ հայրենիքին համար: Մինչեւ հիմա զաւակներս էիք, հայ էք եւ հայ ալ պիտի մնայիք: Աշխատեցէք ձեր հայութիւնը պահել, ի՛նչ վիճակ ալ ստեղծուելու ըլլայ. հայերէն լեզուն եթէ արգիլեն` աղօթեցէք հայերէն լեզուով: Ամուր պահեցէք ձեր հաւատքը: Ձեր հաւատքն ու կամքը միացուցէք իրարու, չըլլայ որ տկարանաք եւ ձեր ազգութիւնն ու կրօնը կորսնցնէք»:
Ահա հոս կը սկսի հինգ տարեկան Գառնիկի որբութեան տաժանակիր ոդիսականը: Փոքրիկն Գառնիկ հարիւրաւոր որբերու հետ շոգեկառքով կ՛ուղղուին դէպի Պէյրութ` անցնելով Հոմսէն եւ Պաալպեքէն: Անոնք կը հասնին Լեռնալիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքը ուշ գիշերով եւ մուտք կը գործեն Ճեմալ փաշայի որբանոցը, ուր որբ Գառնիկ կը մնայ երեք տարի: Այս երեք տարիները կ՛ըլլան անոր որբութեան ամէնէն վատ, սրտաճմլիկ, դժոխային եւ սարսափազդու տարիները: Առաջին օրէն կը սկսի բոլոր հայ որբերուն եւ Գառնիկի որբութեան ողբերգութիւնը թրքատիպ մթնոլորտի մէջ: Անոնք կը վայելեն կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան, սովի եւ ծարաւի, կ՛ենթարկուին թրքացումի եւ իսլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով: Անոնց հայկական անունները կը փոխարինուին թրքական եւ իսլամական անուններով: Գառնիկ կը կոչուի թրքական անունով` Մահմուտ եւ կ՛ունենայ թիւ մը` 551: Որբերը ստիպողաբար կը սորվին թրքերէն լեզուն: Հայերէն խօսիլը կ՛արգիլուի: Հայերէն խօսող, աղօթող եւ կամ երգող որբերը կ՛ենթարկուին զանազան եւ անխնայ պատիժներու ու չարչարանքներու, որոնցմէ յատկանշական կ՛ըլլայ «ֆալախա»-ն, այսինքն` ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով: Անոնց կը փոխանցուին իսլամ կրօնի սկզբունքները: Տղայ որբերը կը թլփատուին: Հիւանդ որբերը կը մնան անխնամ: Շատ մը որբեր ծեծի տակ կը մահանան, որովհետեւ անոնք հայերէն կը խօսէին: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին Այնթուրայի որբանոցին մէջ սովի, ծեծի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Անոնք կը թաղուին որբանոցի շրջափակին մէջ անշուք տեղ մը:
![Այնթուրայի Որբանոցին հաւաքական ննջասրահը](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/15_%D4%B1%D5%B5%D5%B6%D5%A9%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A1%D5%B5%D5%AB-%D5%88%D6%80%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%81%D5%AB-%D5%B0%D5%A1%D6%82%D5%A1%D6%84%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%B6%D5%B6%D5%BB%D5%A1%D5%BD%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%A8_020216.jpg)
Այնթուրայի Որբանոցին հաւաքական ննջասրահը
Գառնիկ Բանեանի Այնթուրա որբանոցի կեանքին կապուած հետեւեալ մի քանի յուշերը մեզ կը մղեն ճանչնալու Ճեմալ փաշայի որբանոցին ահաւորութիւնը եւ իրողական վիճակը:
«Կարգը ինծի եկաւ. երբ անունս հարցուց, մեքենաբար պատասխանեցի` Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը` եւ ես լաց ու ճիչով գետին կը գալարուէի: Ապտակով չգոհանալով` սկսաւ կօշիկին քիթով կողերս հարուածել: Մարեր էի ու երբ աչքս բացի, ինքզինքս գտայ անկողնի մէջ: Երկու օր վերջ իմացայ, որ գտնուած տեղս հիւանդանոց էր, բայց ի՜նչ հիւանդանոց»:
«Հայերէն բառ մը ըսելուս պատճառով պատիժս կրեցի: Նոյն իրիկունը պառկեցայ ֆալախայի հարուածներուն տակ: Առաջին հարուածին իսկ բերնէս մամա՜ մամա՜ դուրս թռաւ եւ անկէ ետք չեմ յիշեր քանի հարուած իջաւ ոտքերուս: Երբ աչքս բացի հասկցայ, որ հիւանդանոցի մէջ էի:
«Դասարանի դրան ետեւ կայ խուրձ մը` հաստ ու բարակ գաւազաններ, ու ֆալախայի գործիքը պատէն կախուած եւ պատուհանի երկաթէ ձողին վերի ծայրէն կախուած էր հաստ պարան մը` պատժուող աշակերտը ոտքերէն կախելու համար:
«Օր մըն ալ դասարանի տղաներէն մէկը ուսուցչուհիին հայհոյեց` անոր գաւազանի հարուածներուն դէմ բողոքելով, ուսուցչուհին մոլեգնած` կանչեց բակին մէջ շրջագայող զինուորը եւ հրամայեց, որ տղան կախուի դասարանին մէջ. տղան ընդդիմացաւ, պոռաց, կանչեց, բայց օգուտ չըրաւ, ոտքերէն կապեցին եւ կախեցին:
«Ամէն իրիկուն ժամացոյցի հրապարակին կեդրոնը հազարի մօտ որբերու ներկայութեան թրքական դրօշակը իր բարձր կայմէն վար առնելու արարողութիւնը կը կատարուէր եւ որբերը բարեւի կեցած` կը պոռային` «Եաշա ճեմալ փաշա»: Ապա դոյլերով ջուր եւ խուրձերով գաւազաններ ու ֆալախայի գործիքներ կը բերուէին: Տնօրէն ֆէվզի պէյ ձեռքին մէջ թերթ մը թուղթ բռնած` կը կարդար անունները այն տղոց, որոնք ծանր յանցանքներ գործած ըլլալով` ֆալախայի արժանի համարուած էին: Երկու զինուորներ դատապարտեալը գետին կը պառկեցնէին, ոտքերը կը դնէին ֆալախայի գործիքին մէջ, գործիքին երկու ծայրերէն բռնած` կը բարձրացնէին: Ֆէվզի պէյ հարուածները կը տեղացնէր աներեւակայելի անգթութեամբ: Դատապարտեալը կը գալարուէր, կը ճչար, մամա՜, մամա՜ կը պոռար ու կը լռէր. ապա կը ղրկուէր հիւանդանոց:
«Օրական երկու ճաշ ունէինք, ժամը 11-ին եւ 5-ին: Ամէն ճաշ կը բաղկանար պզտիկ ընկոյզի մեծութեամբ հացէ եւ 5-6 հատ ձիթապտուղէ. որբերը չէին կշտանար, անօթի էին շարունակ, հաց կը փնտռէին, խումբեր կազմելով` գողութեան սկսան շտեմարանէն:
«Որբերը ի բնէ գող չէին, թուրքը ինքը մղեց, որ գողութեան դիմէին:
Գողութեան աւարները բաւարար չէին: Որբերը որբանոցի սահմանէն դուրս կու գային եւ մեռած կենդանիներու` շնագայլի, աղուեսի, իշու, կովու ոսկորները կը հաւաքէին: Ոսկորները սալաքարի մը վրայ խոշոր քարերով կտոր կտոր կ’ընէին, եւ մենք բոլորս կ՛ուտէինք ձաւարի նման ոսկորներու կոտրտուքները: Ես ալ իմ ուժերուս ներած չափով այս աշխատանքին լծուեցայ»:
Ութ տարեկան որբ Գառնիկ մաս կը կազմէ խումբի մը, որ յանդուգն որոշում կ՛առնէ` փախչիլ եւ հեռանալ որբանոցէն: Որբ տղաք կը մօտենան իրարու եւ ընկերային նոր կորիզ մը կը ստեղծեն, այս բոլորը` կարենալ ապրելու համար: Վեց երկար ամիսներ խումբը կը թափառի լեռներու եւ ձորերու մէջ. անոնք կ՛ապրին քարանձաւներու մէջ եւ կ՛ունենան մեծ արկածախնդրութիւններ: Անոնք կը պայքարին դաժան բնութեան դէմ հայու զօրաւոր կամքով: Խումբին անդամները, յուսալքուած իրենց անորոշութենէն, միաձայնութեամբ կ՛որոշեն վերադառնալ որբանոց: Վերադառնլէ ետք Գառնիկ կը լսէ իր ընկերներուն հայերէն խօսակցութիւնը, թուրք զինուոր պահակներու բացակայութիւնը: Ան կ՛անդրադառնայ, որ հիմնական բան մը փոխուած է որբանոցէն ներս: Յաջորդ օր ան կը տեսնէ բոլոր ուսուցիչները պայուսակներով պատրաստ` մեկնելու վիճակի մէջ: Գառնիկին կը մօտենայ իր դասարանի պատասխանտու թուրք ուսուցչուհին, որ որոշ համակրանք մը ունեցած էր իրեն հանդէպ, եւ կ՛առաջարկէ իրեն հետ տանիլ զինք որպէս որդեգիր: Սակայն Գառնիկ կը մերժէ կտրուկ ձեւով: Թուրքերը մեկնած էին: Որբանոցը հայացած էր: Հայ որբերը ազատած էին թրքացումի վտանգէն:
![թրքացուած հայ որբեր](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/18_%D4%B9%D6%80%D6%84%D5%A1%D6%81%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%AE-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%B8%D6%80%D5%A2%D5%A5%D6%80.jpg)
թրքացուած հայ որբեր
Որբանոցը կը ստանձնէ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի (ՄԱԱՆ – American Near East Relief) ղեկավարութիւնը: Շուտով կը հասնի հայերէ եւ ամերիկացիներէ կազմուած ազնիւ եւ քաղաքավար պաշտօնէութիւնը` կազմակերպելու համար որբանոցը: Շուտով որբանոցը կը հայանայ: 670 հայ որբերուն կը վերադարձուին անոնց հայկական անունները, կը ջնջնուին անոնց նշանակուած թիւերը: Հոն կը դասաւանդուին հայերէնով զանազան նիւթեր հայ ուսուցիչներու կողմէ: Ամանորին կը կատարուին հանդէսներ եւ խրախճանք, եկեղեցական արարողութիւններ: Երեք ու կէս տարի տառապելէ, նախատուելէ, ծեծի եւ ֆալախայի պատիժներէ եւ մօտ երեք հարիւր անմեղ որբերու մահէն ետք ազատագրուած եւ հայացած որբերու բանակը դուրս կու գայ սովի բոյնէն եւ չարչարանքի կայանէն` Այնթուրայի որբանոցէն: Անոնք հանգստաւէտ շոգեկառքով կ՛ուղղուին դէպի Պէյրութ` անցնելէ ետք Զուք քաղաքը: Պէյրութէն ետք անոնք պիտի ուղղուէին դէպի Կիլիկիա` Այնթապ:
Խոր յուզում եւ ցաւ զգացի, երբ կարդացի Գառնիկ Բանեանի որբութեան յուշերը: Օրերով մնացի խորասուզուած իմ ներաշխարհիս մէջ եւ շարունակ կը կրկնէի ես ինծի` ի՜նչ խիղճ, ի՜նչ անարդարութիւն, ի՜նչ մարդկային ողբերգութիւն, ու մանաւանդ` ո՞ւր էիր Աստուած…
Գառնիկ Բանեանի յիշողութեան մէջ արմատացած կը գտնենք իր եւ իր տարեկից որբերու կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական ցաւերը եւ մղձաւանջը, նուաստացումի, ճնշումի եւ ընկճուածութեան ահաւորութիւնը ու մանաւանդ` թրքական ստորին կարգախօսը, որ կ՛ըսէ` «Հայ ըլլալը պատժելի ոճիր մըն է»:
Գառնիկ Բանեան իր «Որբութեան յուշեր»-ով կու գայ բացայայտելու, որ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ վերապրած որբերը իրենց մանուկ հասակին մէջ տառապեցան երկար տարիներ. անոնք առանց գիտնալու իրենց շուրջը պատահած իրադարձութիւնները` դիմադրեցին կեանքի դաժան դառնութեան դէմ հայու բնածին տոկունութեամբ, քաջութեամբ եւ համբերութեամբ` պարզապէս ապրելու համար: Անոնք պայքարեցան աննկուն կամքով թրքացումի սարսափազդու ծրագրին դէմ: Անոնք հաւաքական վճռակամութեամբ որոշեցին կառչած մնալ հայկական արմատներուն եւ ինքնութեան ու վերջապէս յաղթանակեցին:
Գառնիկ Բանեանի յուշերով առաւել կը փաստարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ Հայ դատի իրաւականութիւնը, զոր թուրքը խեղաթիւրել կը փորձէ շարունակ իր թրքատիպ սուտերով:
Ուրախ եմ, որ այս գիրքը արդէն անգլերէնի թարգմանուած է Սիմոն Պէօճէքեանին կողմէ «GOOD-BYE ANTOURA» տիտղոսով: Վստահ եմ` ան մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն: Անոր միջոցով օտար շրջանակներ իրազեկ պիտի դառնան Այնթուրայի որբանոցի պատմութեան եւ անոր ընդմէջէն` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:
Գառնիկ Բանեան Այնթուրայի որբանոցի որբերուն հետ կը փոխադրուի Այնթապ` ՄԱԱՆ-ի որոշումով: Հոն կը մնայ քանի մի ամիս եւ կ՛ունենայ համեմատաբար հանգիստ շրջան մը: Շուտով կը սկսի Այնթապի հերոսամարտը: Ֆրանսական ուժերը կը լքեն Կիլիկիան եւ նոր որոշումով մը որբերը կը ղրկուին Հալէպ եւ հոնկէ Պէյրութ: Անոնք կայք կը հաստատեն Քարանթինա կոչուած ծովեզերեայ վայրի մը մէջ, ուր կը մնան 2-3 ամիս եւ ի վերջոյ կը փոխադրուին Ժիպէյլի որբանոցը:
Գառնիկ Բանեան որբանոցէն ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ. արհեստի ճամբով զբաղած է ելեկտրական գործերով: Ուսման անյագ փափաք ունենալով` արհեստը կէս ձգած է ու մտած է Պէյրութի Համազգայինի նորաբաց Ճեմարանը, 1930-ին: 1935 յունիսին եղած է Ճեմարանի առաջին հունձքի 8 շրջանաւարտներէն մէկը: Այնուհետեւ իր կեանքը եղած է ուսման, դասաւանդութեան եւ գիրի, գրականութեան աշխարհը: Ամուսնացած է եւ ունեցած երկու զաւակներ` Հուրի եւ Շաղիկ: Ճեմարանի մէջ եւ այլուր ճանչցուած է իբրեւ հայոց լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ: Ան Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան ժամանակ վարած է փոխտնօրէնի պաշտօն, իսկ Սիմոն Վրացեանի ժամանակ, Մուշեղ Իշխանի հետ նշանակուած է տնօրէնի օգնական: 1936-ին, իր շրջանաւարտ ընկերներուն հետ միասին, Գառնիկ Բանեան հիմը դրած է Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան: 1944-ին եղած է հիմանդիր անդամ Շրջանաւարտից միութեան պաշտօնաթերթ «Ակօս»-ին եւ ստանձնած` խմբագրութեան պաշտօնը:
Գառնիկ Բանեան միշտ գործուն եղած է «Համազգային»-ի մէջ` մերթ իբրեւ սոսկ անդամ, մերթ իբրեւ վարչական եւ մերթ իբրեւ քարտուղար ու գործավար: Պատանեկութեան տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն եւ վարած` պատասխանատու պաշտօններ: Գառնիկ Բանեան իր մասնակցութիւնը բերած է` Ազգային իշխանութեան զանազան մարմիններուն մէջ, մասնաւորաբար Ազգային խորհուրդի իբրեւ անդամ եւ ատենապետ: Եղած է ազգային երեսփոխան. Քաղաքական ժողովի եւ Գաւառական ժողովի կարկառուն դէմքերէն: 1970-ին պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` Խորէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ, իր երկարամեայ կրթական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան համար: Մահացած է 23 յուլիս 1989-ին, Պէյրութ:
Մոնրէալ
30 նոյեմբեր, 2015
(Շար. 2 եւ վերջ)