Շաբաթ, 30 յունուար 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը «Օփըն ուունտզ. Արմինիընզ, Թըրքս էնտ է սենչըրի աֆ Ճենոսայտ» նորատիպ գիրքի հեղինակ, լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի հետ:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Անդրադառնալով այն փոփոխութիւններուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ կարգ մը մտաւորականներ մղեցին անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` Չթըրեան ըսաւ, որ երկու զարգացումներ դեր խաղացած են. առաջինը` մտաւորականներու շրջանակին մէջ քանի մը անհատներ սկսան այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ: Անոնցմէ առաջինը փրոֆ. Թաներ Աքչամն էր, իսկ երկրորդը` Ռակըփ Զարաքոլուն: Այս երկու անհատներուն աշխատանքները հող պատրաստեցին, որպէսզի թուրք մտաւորականներ ծանօթանան Ցեղասպանութեան հարցին եւ վերյիշեն զայն, որովհետեւ զայն մոռցած էին: Երկրորդը քաղաքական զարգացումներն են, առանց որոնց դժուար պիտի ըլլայ այդ թապուն կոտրել: 1990-ականներու վերջերը քեմալականները մատնուեցան ճգնաժամի մը, ինչ որ առիթ ընձեռեց ստեղծելու նոր քաղաքական խմբաւորում մը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, որ 2002-ի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ եւ իշխանութեան եկաւ: Այս կուսակցութեան վարած սկզբնական բարեփոխական գործունէութիւնը փշրեց որոշ թապուներ եւ լուսարձակի տակ բերաւ կարգ մը հարցեր: Այս հանգրուանը տեւեց մինչեւ 2007:
Խօսելով վերոնշեալ փոփոխութեան մէջ Հրանդ Տինքի ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` Չթըրեան ըսաւ, որ Հրանդ Տինք առաջին հայ մտաւորականն էր, որ Թուրքիոյ մէջ պահանջեց, որ հանրային կարծիքին մօտ իր ըսելիքը ունենայ եւ այդպիսով նաեւ մեծ փոփոխութիւն յառաջացուց սփիւռքեան քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ հայ մը կը խօսէր հայկական հարցերու մասին յանուն Թուրքիոյ ժողովրդավարացման: Ան նշեց, որ Տինքի սպանութիւնը աւելի մեծ դեր խաղցաւ Էրտողան-բանակ պայքարին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի 2015 տարուան, Չթըրեան նախ եւ առաջ նշեց, որ հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կրցաւ իր ձայնը բարձրացնելով ընդգծել, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը չէ մոռցուած եւ միջազգային հարց մըն է, որուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքը տակաւին իր խօսքը չէ ըսած, սակայն քաղաքական գետնի վրայ նոր յաջողութիւն չարձանագրեց:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին` Չթըրեան ըսաւ, որ երբ ՔԱԿ-ի եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւն սկսաւ, ատիկա պայմանաւորուած էր Սուրիոյ զարգացումներով եւ երկու կողմերուն շահերով: Թուրքիոյ մէջ ներկայ ներքին պայքարը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ ներքին պայմաններով եւ Սուրիոյ զարգացումներով: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ Անգարայի դիրքերը սկսած են տկարանալ, իսկ ՔԱԿ-ինը` զօրանալ, եւ այս առումով Արաբ Բունարի ճակատամարտը վճռական էր: Ինչ կը վերաբերի ներքին պայմաններուն, անցեալ ամրան ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ քիւրտերու մէկ մեծ հատուածը, որ նախապէս կը քուէարկէր ի նպաստ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, սկսած է քուէարկել ի նպաստ քրտամէտ կուսակցութեան:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի եւ հայրենի «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան կայքերուն վրայ: