Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Պատմութեան Հիւսուածքը

$
0
0

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց` անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած` տօնածառը կը դիտեմ:

– «Ո՜հ, մեր կրակարանն ալ եթէ ըլլար», դժգոհանքի աղբիւրն է խօսողը: Գոհունակութեան աղբիւրը կը փութայ պատասխանելու. «Աշխարհի վրայ գիտե՞ս քանի մարդ կայ, որ անտուն է, ամէնէն պարզ իրաւունքներէն զրկուած է եւ չքաւոր: Պէտք է փառք տալ»: Անմիջապէս փառք կու տամ:

Յիշողութեանս մէջ, սակայն, կ՛արթննան մանկութեանս եւ պատանեկութեանս շրջանէն մեր կրակարանին ջերմ յուշերը: Ամէնէն նորերը Սուրիոյ պատերազմի առաջին  տարիներէն են: Երբ ելեկտրականութիւնը կ՛անջատուէր, ժամեր կրակարանին քով նստած` դաս կը սորվէի, կամ գիրք կը կարդայի լուսարձակի լոյսով: Այդ պատկերը պղտորած էր մտքիս մէջ, սակայն պայծառ է եւ ջերմ` անոր արթնցուցած զգացումը:

Վերջերս «Ինսթակրամ»-ի մէջ շատ նկարներ կը տեղադրեն` կրակարանին կողքը նստած, ծածկոց մը իրենց ոտքերուն վրայ եւ գաւաթ մը տաք խմիչք իրենց կողքը զետեղած: Ճիշդ այդ նկարներուն պէս է այս յիշողութիւնս, բայց` շա՜տ աւելի պարզունակ եւ հարազատ: Նորաձեւութեան ամէնէն նոր ծածկոցները չես տեսներ հոն, ոչ ալ` մարշմելլոյով լեցուն տաք տուրմով լի բաժակ մը եւ ոչ ալ` համաչափ աղիւսներով կրակարան մը:

Մեր կրակարանին աղիւսներէն երկուքը ինկած էին, իսկ միւսները` ծուխէն սեփ-սեւ դարձած: Մէջը այրող փայտերը հայրս իր ձեռքերով ջարդած կ՛ըլլար եւ տուն բարձրացուցած` շալակով: Մեր կրակարանը յաճախ կը մխար: Կողքիս գաւաթը պատանեկան բանակումներու գաւաթը կ՛ըլլար:Թէյը` Քեսապի կանաչ թէյերէն դաղձը` քերենոխը, որ մայրս կամ մեծ մայրս հաւաքած կ՛ըլլային մեր չքնաղ Տափասայի  սարէն եւ չորցնելու դրած` ձմեռուան համար: Իսկ ծածկոցը, որ դրած կ՛ըլլայի ոտքերուս, մեծ մօրս կամ հօրս հօրաքրոջը  ձեռակերտը կ՛ըլլար:  Ծածկոցնե՜ր…,  որոնց անհամաչափութիւնը եւ հորիզոնական երիզներու վառ երանգները կ՛օրօրէին երեւակայութիւնս:

Տարիներ առաջ, ամէն Կաղանդին, մեծ մայրս եւ հօրս հօրաքոյրը Նոր տարուան իբրեւ նուէր, նարինջին եւ չիր ու չամիչին կողքին, ընտանիքի պզտիկներուն մէկական բուրդէ քազակ կը հիւսէին` սիրուն զարդանախշերով: Քեսապի Ամանորեայ աւանդական սովորութիւն մըն էր ասիկա:  Իսկ երբ  քազակները կը պզտիկնային, կը քակէին, կը վերահիւսէին,  այս անգամ կը պատրաստէին նախշուն ծածկոցներ: Շատ տաք կը պահէին եւ բաւական ալ ծանր կ՛ըլլային: Կը յիշեմ` մանուկ տարիքէս անկողինիս պատրաստի ծածկոցներուն վրայ միշտ կը դնէի  հարազատներուս պատրաստածները, առանց անոնց չէի կրնար քնանալ: Կարծես առանց անոնց չէի տաքնար:  Կապ մը կը զգայի այդ բուրդէ հիւսուածքներուն հետ: Խորհուրդ ունէին: Յարատեւ աշխատանքի ներկայացուցիչներ էին ինծի համար:

***

Մեր ազգային-հանրային կեանքի մէջ  չկայ աշխատանք, որ ըլլայ անկարեւոր: Ամէն աշխատանք իր յատուկ տեղը ունի, ցայտուն գործ ըլլայ, թէ փոքր ու աննշան: Ինչ  մարզի ալ պատկանին աշխատանքները, որոշ եւ յստակ արժէք ու նշանակութիւն ունին: Եթէ նոյնիսկ կատարուածը մէկ բարակ երանգ մը պիտի բերէ մեր պատմութեան հիւսուածքին: Այդ երանգը այլազանութիւն եւ նոր թափ պիտի յառաջացնէ այլ գործողի մը մօտ: Թերեւս առանց այդ երանգաւորման` ամբողջական չի դառնար մեր պատմութեան ձեռքի գործը, եւ բացթողումներ կը տեսնենք: Ամէն դերակատար իր կոչումը պիտի գտնէ, պէ՛տք է գտնէ եւ կատարէ ամբողջացնելու համար մեր գլուխ գործոցը: Հարազատ հիւսուածքէ դուրս` բոլոր աշխատանքները  դատապարտուած են կորուստի:

Հայ ազգի իւրաքանչիւր  սերունդ  պիտի հիւսէ իրեն բաժին հասած երանգը` մայիսեան յաղթանակներու ղօղանջներէն ներշնչուած, մինչեւ որ իրականանան ազգային մեր  բոլոր երազները: Երիզ առ երիզ, երանգ առ երանգ` անկասկած պիտի  ամբողջանայ հայկական փառահեղ հիւսուածքը ու տարածուի հայկական լեռնաշխարհին վրայ: Այն ատեն կրկին անգամ պիտի ցնծայ հայոց աշխարհը, ու մեր բոլոր նահատակներուն  հոգիները, դարերու սպասումէն ետք, պիտի խաղաղին վերջապէս:

Երեւան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>