Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Ե.)

$
0
0

Հայրենազուրկ կամ հողազուրկ բառերը, արեւմտահայերէնի իբրեւ ածական տրուած, մասնաւոր բացատրութեան կը կարօտին: Արեւմտահայաստանը` իբրեւ հայ աշխարհ, գոյութիւն ունէր արեւմտահայութեամբ հանդերձ, սակայն լեզուն Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ իր hիմնական զարգացումը ապրեցաւ, այսինքն` դուրսը, հողազուրկ, եթէ կ’ուզէք: Սա լեզուն մեր հասկցած իմաստով հայրենիք չունեցաւ, ձեւով մը: Լեզուները անհայրենիք ալ կրնան որոշ չափով մը զարգանալ: Նոյնիսկ կրնան իրենց ուսումնասիրութեան կեդրոնները ունենալ: Ամէն ինչ կախեալ է ծրագիրէն:

Քիւրտերու պարագան ներկայիս բաւական հետաքրքրական է: Վերջին շրջանին եւրոպական շարք մը համալսարաններու մէջ իրենց լեզուն, նոյնիսկ` անոր քանի մը բարբառները, ոչ միայն կ’աւանդուի, այլեւ կ’ուսումնասիրուի. Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան` ինծի ծանօթ օրինակներն են: Գալով մեզի, եւրոպական կամ ամերիկեան հայագիտական ամպիոններու մէջ լեզուի ուսուցումը հսկայական նահանջ արձանագրած է, անիկա յաճախ նախապայման իսկ չէ: Մարդ կը զարմանայ, առանց հայագիտութեան հիմքին` լեզուին, ինչպէ՞ս կարելի է այդ գիտութեամբ զբաղիլ` երկրորդական աղբիւրներ ու գրականութիւն ուսումնասիրելով: Բայց, ըստ երեւոյթին, կարելի է:

Վենետիկ եւ Վիեննա` Մխիթարեան վանքերը տարբեր օրինակներ են, այս անգամ լեզուն գործածող ժողովուրդէն` հաւաքականութենէն ալ հեռու, հակառակը` Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ պարագաներուն, ուր հայախօս միջավայր գոյութիւն ունէր: Ուրեմն, «փակ» հաստատութեանց սահմաններուն մէջ ու անոնց շնորհիւ ալ հսկայական զարգացում կրնայ արձանագրել լեզուն, կը տեսնենք: Մխիթարեաններ, սակայն, այս երեւոյթին փակութեան գիտակցեցան ու սկսան հիմնադրել, ուր որ կրնային, իրենց վարժարանները: Ինծի կը մնայ այսօր իրենց մաղթել, որ հոգեվարքի ջահերը յոյսի ջահերու վերածելու ճամբան գտնեն: Հոս ալ պարագան նոյնն է, ձեւերը չէ, որ կը պակսին:

Արեւմտահայերէնով գիտական գրականութեան պակասին կ’ակնարկէք: Օտար գրականութիւն կարդալը, գեղարուեստական կամ գիտական, միայն դրական իմաստ ունի: Սփիւռքի մէջ մեր ճակատագիրն է այդ կալուածներուն ծանօթանալ յատկապէս օտար լեզուներով: Համապատասխան մասնագիտական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու աշխատանքը հսկայական գործ է: Հրաչ Տասնապետեանի իրագիտութեան կամ բնագիտութեան դպրոցական դասագիրքերը անշուշտ բաւարար չեն, որ մասնագիտական եզրաբանութեան մը հիմքը դրուի, բայց հետաքրքրական փորձեր են անտարակոյս: Ուրախ եմ, որ ձեր թեմին մէջ նոր դասագիրքեր հրատարակուած են, որոնք նաեւ բառամթերքին կարեւորութիւն կ’ընծայեն: Այդ աշխատանքին խորացումը շատ անհրաժեշտ պիտի ըլլար: Երբ այսօր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տարրալուծարանը մտնէք, պիտի տեսնէք, որ հոն գիտական եզրերու հայերէն համազօրները կան ցուցանակներու վրայ, որովհետեւ ատենին քիմիագէտներ ու բնագէտներ նաեւ հայկական եզրաբանութեամբ զբաղած էին: Օսմանեան շրջանի հայոց պատմութիւնը շատ դասեր ունի տալիք մեզի այսօր:

Գիտական հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդը կը դիմէ® օտար լեզուներու օգնութեան: Լաւ կ’ընէ, ի դէպ, եթէ ան արեւելահայերէնին չդիմէ, որովհետեւ հոն շատ աւելի օտար եզրեր պիտի գտնէ, քան հայերէն® Այս է արեւելահայերէնին ճակատագիրը: Ան օտար եզրին օտարութեան զգայութիւնը չունի, դժբախտաբար, եւ արեւմտահայերէնին հայրենազրկութեան բարիքն է, եթէ կ’ուզէք, այն, եթէ համապատասխան արեւմտահայ մամուլը թղթատէք, կը տեսնէք, որ ան փորձած է եւ տակաւին կը փորձէ, շատ քիչ պարագաներու մէջ, այսօր, օտար եզրերուն քով հայերէն առաջարկներ կատարել` անոնց մէջէն իր կորսուած հայրենիքը եզր առ եզր վերականգնելու համար հաւանաբար:

Կան օրինակներ թափուած ջանքի, ինչ կը վերաբերի մասնագիտական եզրաբանութիւնը արեւմտահայերէնի թարգմանելու աշխատանքին: Փրոֆ. Ռոպէր Տէր Մերկերեան (հարաւային Ֆրանսա) փորձեր կատարած էր այս ուղղութեամբ` արդի եզրեր առաջարկելով, պրակներ ալ հրատարակած էր: Վերջերս իմացայ, որ բժ. Կարպիս Հարպոյեանի բժշկագիտական նոր հրատարակուած հատորներէն մէկը բժշկագիտական եզրերու հայերէն առաջարկներ կատարած է: Կոմիտաս Գէորգեանի «Երաժշտական բառարան»-ը (Փարիզ, 1989) այլ օրինակ մըն է: Հին, բայց դեռ որքան նոր` հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբառութիւն» (Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1895)` ուրիշ օրինակ: Ծանօթ է նաեւ Շահան Պէրպէրեանի կիսաւարտ գործը` իմաստասիրական բառարանի մը: Այլ հետաքրքրութիւն կրնայ բաւարարել Մաղաքիա արք. Օրմանեանի «Ծիսական բառարան»-ը: Ասոնք հապճեպ նշուած աղբիւրներ են, իրենց բոլոր հաւանական թերիներն ալ նկատի առած եմ, որովհետեւ անոնք արդիականացման ու վերամշակման կարիքը ունին: Մենք եւրոպացի ժողովուրդ մը չենք, որ ամէն տարի իր բառարանները կը թարմացնէ, սակայն ասոնք նախաքայլեր են, որոնք առնուած են, եւ մշակութային կամ ուսումնական կազմակերպութեանց պարտականութիւնը կրնայ ըլլալ զանոնք համախմբել, տրամադրել, շրջանառութեան մէջ դնել, որպէսզի գէթ փնտռողը գտնելիք ունենայ, եւ եթէ փափաքի, իր օտար լեզուով կարդացած մասնագիտական գիրքէն ոստումներ կատարէ դէպի նման աղբիւրներ ու այս կամ այն եզրին հայերէն համազօրը կամ անոր մօտ հայկական եզր մը գտնէ: Բայց թերեւս դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք, թէ ինչո՛վ զբաղած են մշակութային միութիւններն ու ուսումնական խորհուրդները: Եթէ Հայաստանէն բերուած երգիչ մը գաղութէ գաղութ պտտցնելը, համերգ կազմակերպելն ու չակերտաւոր կամ անչակերտ խանդավառութիւն ստեղծելը մշակութային գոհունակութիւն կը պատճառեն, եւ հոն կ’աւարտի մշակութային խրախճանքը, ըսելիք չունիմ:

Գիտական նիւթերը հարկաւ կրնան հայերէնին «կապուիլ»: Սփիւռքի մէջ, ըստ իս, մանաւանդ մշակութային միութիւններու հետաքրքրութեանց սահմաններէն ներս կրնայ իյնալ նկատուող հետաքրքրութեանց ուղղութիւն տալու աշխատանքը, ընդհանրապէս հոտառութիւն ունենալը, թէ` այսօրուան երիտասարդութեան անհատական կամ խմբական հետաքրքրութիւնները ո՛ր ուղղութեամբ կ’ընթանան: Իսկ այդ հետաքրքրութեանց բացակայութեան պարագային (քանի դուք ալ կը խօսիք համատարած անտարբերութեան մասին), տագնապիլ, թէ ի՛նչ ձեւերով կարելի է ստեղծե՛լ այդ հետաքրքրութիւնը: Միամտութիւն է կարծել, որ ամէն հայ երիտասարդ հայկական հարցերով պիտի զբաղի, «հայկական կեանք» պիտի ապրի` Հայաստան կամ սփիւռք: Աւետարանին մէջ սերմնացանին առակը գիտէք, հարկաւ: Գիտէք անոր սփռած սերմերը ո՛ւր կ’իյնան` ճամբեզրին, փուշերու մէջ, ժայռերու վրայ եւ պարարտ հողի մէջ: Սերմնացանը, սակայն, պիտի ցանէ: Այդ է իր գործը: Ան, որ ցանելէն հրաժարի, արդէն հողին հանդէպ հաւատքն ալ, սերմնացանի իր պաշտօնն ալ կորսնցուցած է: Փորձառութեամբ գիտեմ, որ յարատեւ, նպատակաւոր ու ծրագրաւոր ճիգը արդիւնք կու տայ: Շնչատ խանդավառութիւն ու շնչաւոր պոռթկում` երկուքն ալ հրախաղութեան մակարդակի վրայ կը մնան:

Պատերազմին կատարած «հողադարձ»-ը շատ բնորոշիչ է: Իմ ակնարկածս ոչ թէ դուրսէն` պատերազմէն գալիքն էր, այլ` ներսէն: Սակայն գիտենք ընկերաբանութենէն, որ եթէ արկած կամ բախում չպատահի, նորութեան ու նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը չենք զգար: Ներսէն կամ դուրսէն` հողադարձը կամ դարձը անհրաժեշտութիւն են: Մաղթելի է, որ ձեր պատերազմին ցնցումը ինքնանորոգութեան բարիքի վերածուի: Ցնցումով դարմանումը կայ հոգեբանութեան մէջ: Չկարծէք, որ ներշնչուած եմ Գերմանիոյ մէջ կայացող ու դեռ կայանալիք այս տարուան յոբելենական մթնոլորտէն: Գերմանիոյ մէջ այս տարի ամէն քաղաք հետամուտ է Մարթին Լուտերի բարեկարգութեան 500-ամեակը յիշատակելու` բազմազան յայտագիրներ կազմակերպելով: Գերմանացիները իրենց ազգային ու միջազգային բարեկարգութիւնը թող տօնախմբեն: Մենք ալ կարենանք մեր բարի կարգերը մէջտեղ բերել:

Ան, որ դիմացաւ պատերազմին, անոր ցնցումին կամ քանդումին, ան միայն գիտէ դիմանալու գաղտնիքը, այդ շատ անթափանցելի ու փակ աշխարհն ու աշխատանքը: Դուք բացատրութիւն ալ կու տաք, արդարեւ, նշելով, որ երբ ներքին կապը եւ վստահութիւնը ներկայ են, մէկը միւսէն ուժ կ’առնէ: Դուրսիններս հեռու-մօտիկ վկաներ կրնանք ըլլալ առաւելագոյն պարագային, սակայն, շատ աւելին, մենք ալ սորվելիք ունինք այս փորձանքին յորձանքէն: Գիտենք, որ այսպիսի պարագաներու ցաւն ալ ծախող վաճառականներ հանդէս կու գան:

Եբրայական աստուածաբանութենէն մեզի անցած է աղէտին` Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձարկում ըլլալու հանգամանքը: Աստուած մեր գլխուն բերած չարիքով կա՛մ մեզ է, որ կը փորձէ, կ’ըսէին նաեւ մեր հայրերը, կա՛մ ալ աղէտին պատճառը մենք իսկ ենք` «վասն ծովացեալ մեղաց մերոց»: Ես կը նախընտրեմ փորձարկումի, քննութեան մեկնութիւնը: Մեր զրոյցին սկիզբը արդէն ըսինք` ապրողը միայն գիտէ: Ապրողը զայն փորձարկումի վերածելու արուեստը կը զարգացնէ, երբեմն` ինքնաբերաբար:

Ազգային էական հարցերու մէջ համախոհութիւնը երբեք առարկելի չէ: Անկախ պետականութիւն ունենալն ալ նսեմացնելու ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունիմ: Տգիտաբար խանդավառուիլը, սակայն, ամէն պարագայի, դատապարտելի կը գտնեմ, Հայաստանի ճամբան չափող չափահաս կամ անչափահաս տիպարներու կողմէ, մանաւանդ երբ այդ խանդավառութեան անունը «հայրենասիրութիւն» կը դրուի: Հայաստանը, Արցախը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթութիւններ են` ո՞վ չի գիտեր: Պաշտօնապէս թուղթի վրայ ալ գրուեցան անոնք, եթէ չեմ սխալիր: Հարցը քարոզչական մակարդակէն անդին անցնիլն է: Եթէ թութակի պէս պիտի կրկնենք, որ` «Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է», սակայն անոր իմաստը պիտի չբացատրուի թութակներուս կողմէ, որովհետեւ շատ յստակ բան է ըսուածը, ըստ երեւոյթին,  ընդհանրապէս լուրջի կարելի չէ առնել այս հաստատումը: Կան նիւթական եւ հոգեկան կապեր, որոնք մեզ բոլորս կը կապեն ներկայ պետութիւն-հայրենիքին հետ` հակառակ անոր վանողական բոլոր` նիւթական ու բարոյական բազմաթիւ ձեռնարկութիւններուն: Այս կապը ներսի ու դուրսի միջեւ եղած կապն է: Անոր գոյութիւնն ու զարգացումը երկու կողմերէն կախեալ է: Ասոնք ըսուած, լսուած, հռչակուած սահմանումներ են: Դուք իբրեւ ներսի բնակիչներ` վկան էք այսօր այն իրողութեան, որ վերջերս հայրենիք մեկնած սուրիահայեր կը վերադառնան սուրիական հայրենիք: Ասիկա նշանակութիւն, բացատրութիւն ու մանաւանդ պատգամ ունեցող քայլ մըն է:

«Ճիշդի՛ն համար եւ ոչ իրարու դէմ պայքարիլ», կը գրէք: Նախ «ճիշդ»-ը շատ ընդարձակ ու բարդ հարց մըն է: Նախընտրելի է խօսիլ օրինակներով, բացատրութիւններով, պայքարելով, ինչո՞ւ չէ, իրարու դէմ: Հապա միայն թուրքի՞ն դէմ: Վերջերս տեղ մը կարդացի անպատասխանատու գրութիւն մը, թէ ՀՀ մէջ բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները մաս-մաքուր, նորոգուած վիճակի մէջ են, իսկ Թուրքիոյ մէջ` քարուքանդ: Թուրքիոյ պարագային ծանօթ ենք: Ատիկա չէ հարցը: Խօսիլն իսկ աւելորդ է: Սակայն գիտե՞նք, կ’ուզե՞նք գիտնալ, թէ որքա՛ն եկեղեցիներ լքեալ կամ անխնամ վիճակի մէջ կը գտնուին այսօր Հայաստանի մէջ, թէ՞ այս ալ «հայկական գաղտնիք» է: Չոր ու ցամաք հայկականութենէն դուրս ելլելը անհրաժեշտութիւն է` հասնելու համար աշխարհին: Ասիկա միայն օրինակ մըն է: Սսոյ մայրավանքն ալ աւերակ էր, երբ Սահակ կաթողիկոս զայն ստանձնեց: Ատոր պատճառն ալ թուրքը չէր® միայն: Հարցերուն տարբեր երեսները դիտել կ’առաջարկէիք, չէ՞: Ներքին թշնամին այնքան ընտելացած է, օձը ոչ թէ ոչխարի մորթ առած է վրան, այլեւ ոչխարի լեզուով կը խօսի այսօր մեզի հետ:

Կ’արժէ կարդալ ձեռագրաց յիշատակարանները` հասկնալու համար, թէ պատերազմական ինչպիսի՛ պայմաններու տակ կարելի էր նստիլ ու ձեռագիր մատեան ընդօրինակել կամ նկարազարդել, գնայունին դէմ մնայունը կառուցել: Մաղթելի է, որ մեր այս զրոյցը դուրս գայ իր սահմաններէն, ձեր թերթին մէջ «արմատ արձակէ», խթանիչին ու խենթութեան ճամբայ բանայ: Այսօր համացանցը հեռահաս է, գաղափարներու փոխանակումէն ետք իրագործումներ անկարելի չեն: Չի բաւեր սակայն, դուք ալ գիտէք, միայն գրելն ու գրիչը կուրօրէն «քաջալերել»-ը: Վերը կ’ակնարկէիք ճիշդի-սխալի հարցին: Այսօր, օր ցերեկով, յանուն արեւմտահայերէնի քաջալերութեան` սխալ արեւմտահայերէնով տպագիր ու ելեկտրոնային մամուլ ու ձեռնարկութիւն կը «քաջալերուին»: Արմատական փոփոխութեան համար արմատական մօտեցում հարկաւոր է, այլապէս կրնանք մակերեսին վրայ թափառումները շարունակել ու օրուան վերջաւորութեան ալ գոհունակութեան, նոյնիսկ յաղթանակի երգեր եւ երազներ թռցնել:

Ներսի եւ դուրսի փոխանակման յատուկ սիւնակ մը ձեր թերթին մէջ, պատահական «հանդիպումներէ» անդին, կրնայ լաւ քայլ մը դառնալ: Այն ատեն կրնամ գոնէ զրոյցին շնորհքը ընկալած ըլլալ:

(Շարունակելի)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>