Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ 9 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան ժողովրդային տօնակատարութիւն:
Բացման խօսք արտասանեց Առուակ Շաննաքեանը, որ ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմի նաhատակներու արեան կանչը արձագանգեց, լսուեցաւ Սասուն, հասաւ Արագած` պոռթկալով վերաբնակուած ըմբոստ ժողովուրդի ընդմէջէն, որոնց վճռական բռունցքները միանալով Արցախի մէջ` ետ քշեցին ոսոխը բիրտ: Հայոց աշխարհի սարերու լանչին դարձեալ շողաց դրօշ եռագոյն` պարգեւելով յոյս, կամք, յաւերժ…»:
Օրուան բանախօսն էր վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանը: Ան ըսաւ. «Այսօր մենք պէտք ունինք Վարդանանց ոգիին: Ինչպէս Մեծ եղեռնը, հայրենիքի անկախութիւնը, նոյնպէս Վարդանանցը դասուած է հայ ազգային մեծագոյն տօներէն մէկը: Կրնայ ըլլալ, որ միակ տօնն է, որ միաժամանակ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ քաղաքական է` իր բնոյթով եւ նմատակով»:
Ան շեշտեց, որ հայ ազգին ամէնէն մեծ ճգնաժամի պահուն Աւարայրի «աստղերը» նահատակուելով` փայլեցան եւ դարձան ազգին լոյսի, յոյսի եւ ազատութեան ներշնչում եւ զայն առաջնորդեցին մինչեւ օրս:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն աբղ. Նաճարեանի:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: