Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութեան, 5 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, այնուհետեւ անկեղծ խոստովանանքի խօսքեր արտասանեց` դրսեւորելով իր յատուկ գուրգուրանքն ու սէրը «Զարթօնք» օրաթերթի նկատմամբ:
Կարդացուեցան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեան գիրը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի ողջոյնի գիրը, ՄԱՀԱԵՄ նախագահ Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան գիրը, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի գնահատանքի գիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի գիրերը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Աշխարհի հայկական կառոյցներ» հաղորդաշարի յատուկ պատրաստուած ծրագիրի «Զարթօնք»-ին նուիրուած տեսերիզէն հատուած մը: Ապա հանդէս եկաւ «Արմէնփրես» գործակալութեան տնօրէն պատմաբան Արամ Անանեանը եւ ներկայացուց «Զարթօնք»-ը համահայկական լրատուական համապատկերին մէջ. մտորումներ ապագայի լրատուութեան մասին» նիւթը:
Այնուհետեւ հանդէս եկան Թէքէեան մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբի անդամներ` Տօներեան եղբայրները, որոնք ջութակի եւ դաշնամուրի վրայ հրամցուցին երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը:
«Պատառիկներ «Զարթօնք»-ի գրական միտքի քննական դեգերումներէն» նիւթը ներկայացուց Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանը: Ապա հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը «Սփիւռքահայ մամուլը. լինել՞, թէ՞ չլինել» նիւթով:
Տեսերիզով ներկայացուեցաւ «Զարթօնք»-ի առաջին գրաշարներէն Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանին յուշերը:
Ապա խօսք առաւ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, որ ողջունեց բոլոր ներկաները եւ համառօտ ներկայացուց «Զարթօնք»-ի բացառիկը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այդ հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ` այս ձեռնարկի կազմակերպման:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանը, որ յատուկ ոճով «Զարթօնք»-ի հանդէպ իր միտքերն ու տեսլականը տուաւ ներկաներուն :
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»-ով: