ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մօտաւորապէս երկու ամիսներ մեզի կը բաժնեն Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականէն: Նախորդ ընտրութիւններէն 9 տարի ետք` 6 մայիսին, Լիբանանի ժողովուրդը առիթ պիտի ունենայ արտայայտելու իր կամքը եւ ընտրելու խորհրդարանի իր ներկայացուցիչները: Բնականաբար այս ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ քաղաքական կողմեր, նաեւ անհատ քաղաքացիներ կապած են մեծ յոյսեր եւ ունին արդար ակնկալութիւններ ու սպասումներ:
Անցնող ինը տարիներուն ընթացքին Լիբանան ապրեցաւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական ծանրակշիռ վերիվայրումներ, եւ այս բոլորին ի տես քաղաքացին վճարեց բաւական սուղ գին եւ երկրի զարգացումն ու յառաջընթացը բախեցաւ մեծ պատնէշներու, աւելի՛ն` բազմաթիւ մակարդակներու վրայ արձանագրուած նահանջը արգելակեց եւ յաճախ կասեցուց յետքաղաքացիական պատերազմի նոր փուլի` խաղաղութեան, բարգաւաճման ու կայունութեան ամրապնդման հոլովոյթը:
Երկար երկունքէ ու նաեւ քաղաքական քաշքշուքներէ ետք Լիբանան օժտուեցաւ ընտրական նոր օրինագիծով մը, որ այսօր բոլոր կողմերը կը դնէ անկանխատեսելի կացութեան մը դիմաց եւ կը պարտաւորեցնէ բոլորին վերատեսութեան ենթարկելու ընտրական իրենց արժեւորումները եւ լաւապէս ու զգուշ սերտելու «խաղ»-ի նոր կանոնները: Լիբանանահայութիւնը այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի իր կարգին վերանորոգ յանձնառութեամբ ու սպասումներով եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու արդար ու հաստատ վճռակամութեամբ:
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան արդէն շատոնց սկսած է իր աշխատանքին, եւ մեր ակումբները ամիսներէ ի վեր կը կատարեն նախապատրաստական անհրաժեշտ դրսեւորումները: Յառաջիկայ երկու ամիսներուն բնականաբար աշխուժութիւնը պիտի դառնայ աւելի ակներեւ, եւ մեր ընտրական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլորը անխտիր` կուսակցական եւ համակիր: Ասիկա մե՛ր տեսակին` լիբանանահայու տեսակին հարազատ դրսեւորումն է, որ վճռորոշ պահերու մեզ կը դնէ շատ աւելի բարձր գիտակցութեան դիմաց:
Արդէն իսկ բազմիցս յայտարարուած է, թէ այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ հայկական գործօնի հզօրացումը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներու թիւին ընդարձակումը, որպէսզի աւելի ընդգրկուն ձեւով կարելի ըլլայ անսալ լիբանանահայ համայնքի ու հայ քաղաքացիի կարիքներուն եւ պահանջներուն: Այս գործօնի արմատաւորման համար Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ համայնքի համախմբուածութիւնն ու միասնական ուժի դրսեւորումը` յարգելով տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու երբեմն հակոտնեայ տեսակէտներն ու քաղաքական վարքագիծերը: Հայկական գործօնի այս անհրաժեշտութեան շեշտադրումէն կը բխին ՀՅ Դաշնակցութեան որդեգրելիք ընտրական դաշինքները եւ թեկնածուներու ճշդման եղանակն ու հոլովոյթը: Աւելի՛ն, բոլոր յաղթանակներէն վեր Դաշնակցութեան համար մեծագոյն յաղթանակը այս գործօնի յաղթանակն է, որով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել լիբանանահայ գաղութի կենսունակութիւնը, Լիբանան հայրենիքի վերաշինութեան ու զարգացման երթին մէջ ունենալ վճռորոշ դերակատարութիւն, պահել երկրի համայնքային համակեցութեան անփոխարինելի սկզբունքը եւ վերջապէս տէր կանգնիլ լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութեան ու այդ ծիրի մէջ իբրեւ կեդրոնական գաղութ իրեն վստահուած բոլոր պարտաւորութեանց:
Ահաւասիկ այս քաղաքական ու գաղափարական յստակատեսութեամբ մենք բոլորս միասին կը լարենք մեր ճիգերը, կը կեդրոնացնենք մեր ուժը եւ կը դրսեւորենք մեր հաւաքական կամքը: Վստահաբար գալիք օրերուն, ընտրական պրկուած ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հայ կեանքը ականատես ու ականջալուր պիտի դառնայ երբեմն անհաշտ եւ երբեմն անտրամաբանական մօտեցումներու քաղաքական այն հատուածներուն կողմէ, որոնց համար հայկական գործօնի առկայութիւնը այդքան ալ ձեռնտու չի նկատուիր: Այդ կողմերու ծուղակին մէջ հաւանաբար նաեւ փորձութեան պիտի մատնուին ու ներքաշուին հայ անհատներ` երբեմն ժամանակաւոր խոստումներով «գինովնալով» եւ յաւակնոտ ախորժակներով պահը օգտագործելու խեղճ եւ խաբուսիկ տրամաբանութեամբ: Այս բոլորը բնական պէտք է սեպել, սակայն բնական պէտք է նկատել միաժամանակ այս բոլորին դիմաց տրուելիք լիբանանահայութեան հատու պատասխանները:
Այսօր պահն է անկաշառ գործի, պատասխանատու խօսքի, քաջ որոշումի ու արդար կեցուածքի դրսեւորման, եւ այս բոլորին յենարանը մեզի համար կը մնայ լիբանանահայութիւնը` իր ուրոյն դիմագիծով, իր պատմական կենսափորձով, լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ, բոլոր կողմերէն աւելի իր ցուցաբերած հաւատարմութեամբ ու անկեղծութեամբ:
Նորելուկ դասատուներու, ժամանակաւոր բարեկամներու եւ իբրեւ թէ մեր լաւը ցանկացող հաշուենկատ գործակիցներու տեղը մեր մօտ չէ. ո՛չ ալ մենք պատրաստ ենք ամէն վայրկեան մոռնալու մեր հիմնական գործն ու զբաղելու ժամանակակորուստ եւ մեր հիմնական առաջադրանքէն մեր կեդրոնացումն ու հետաքրքրութիւնը շեղող թակարդուած սադրանքներով եւ արկածախնդրութիւններով:
Պահը գործի պա՛հ է, եւ այդ ազնուական գործին ու վեհանձն մօտեցումին մէջ իւրաքանչիւր լիբանանահայ պիտի տեսնէ իր գաղութին ու նաեւ իր արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պահպանման ամբողջական երաշխիքները: Միասնաբար կոչուած ենք հզօրացնելու հայկական գործօնը եւ 6 մայիսի երեկոյեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, անգամ մը եւս միասնաբար հաստատելու բարեկամին եւ մեր հակառակորդին` բարձրաճակատ ու հպարտ, որ ՄԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Ե՛ՆՔ: