Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին առիթով մեր աշխատակիցներէն Աւօ Գաթրճեան պատրաստած է 100 դէպք, 100 դէմք եւ 100 յուշ-պատգամներ, զորս յաջորդաբար մեր էջերով պիտի հրատարակենք:

Առաջին հերթին` պատմական հարիւր դէպքեր, կը ներկայացնենք պարբերական դրութեամբ:

«Ա.»

————————————

Ազգերու պատմութեան մէջ ամրագրուած են յատկանշական դէպքեր ու դրուագներ, որոնք կը դառնան յուշարար ու մարտահրաւէր` վերանորոգման:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւս արձանագրուած են դէպքեր, դրուագներ եւ թուականներ, որոնք իրենց արձանագրումէն անմիջապէս ետք դադրած են սոսկական դէպք, թուական կամ յիշողութիւն ըլլալէ ու դարձած են խորհրդանշական թուականներ ու դէպքեր, որոնք իրենց մէջ կը խտացնեն պատմութիւն, յոյզեր, կեանք ու մահ, բայց մանաւա՛նդ` պատգամ եւ յանձնառութեան թելադրանք: Իսկ այդ օրերը ամէն մէկը առանձին, իր իւրայատկութեան համար եւ իր կարգին համապատասխան կը կոչենք ՏՕՆ, եւ այդ առումով ալ տեղի կ՛ունենան տօնակատարութիւններ:

Այդ իրադարձութիւններէն է հայոց տօներու տօնը` 28 մայիս 1918 թուականը:

Հետեւաբար այդ օրուան նպատակը խօսուն է, շարժառիթը` գործնական, խորհուրդը` ակնյայտօրէն բացայայտ:

Մայիսի 28-ը մեր անկախութեան տօնն է: Յաղթանակի եւ ազգային հզօր կամքի արտայայտութեան ժամանակաշրջան մը, որ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի (թաթար. սեւ եկեղեցի. ներկայիս` Վանաձոր) եւ Բաշ Ապարանի (այժմ` ք. Ապարան) ճակատամարտերով: Տօն, որ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով:

24 ապրիլ 1915 թուականէն քանի մը տարի ետք հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեամբ, մէկ սիրտով, մէկ բռունցքով եւ կազմակերպչական տաղանդով, իրենց անձնուիրումին բովանդակ ուժականութեամբ, հաւատքի ու յեղափոխականի արիութեան անխախտ կամքով մարմնաւորուեցաւ եւ կենդանացաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը, որ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ոտքի հանեց հայութեան մնացեալ բեկորները եւ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրուեցան մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակը եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Հայութիւնը իր ամբողջական շարքերով ու անսակարկ նուիրումով, մոռցած` իր կրած Հայոց ցեղասպանութեան տառապանքներն ու դժուարութիւնները, անգամ մը եւս ոտքի կանգնեցաւ դարերէ ի վեր կորսնցուցած, բայց դարերէ ի վեր իր սրտին մէջ վառ պահած անկախութիւնը վերակերտելու ու իր պապենական հողերուն վերատիրանալու երազը իրականացնելու:

Արդարեւ, 1918 թուականի մայիս ամիսը կը խորհրդանշէ պատմական շարք մը իրադարձութիւններ, որոնց ընդհանրական իմաստը յաղթանակն է: Սարդարապատի եւ առհասարակ 1918 թուականի մայիսի 24-27 եռեակ հերոսամարտերու յաղթանակը ամբողջապէս կասեցուց թրքական բանակներու արշաւը դէպի Պաքուի նաւթահորերը:

28 մայիսը միայն հիմը չկազմեց Հայաստանի պետականութեան, այլ, հայու հպարտութեան ու վերելքի զգացումներու ձեւաւորման առընթեր, այս թուականով առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ ձեւաւորուիլ Հայ դատի պայքարի ըմբռնումը, Հայաստանի ամբողջականութեան պահանջի իրագործումը, որ մեր բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման երազին թեւ ու թափ տուաւ եւ երկար տարիներ սերունդներ մեծցուց` հայութեան վեհ իտէալներուն ծառայելու պատրաստակամութիւն ներշնչելով:

Մայիս 28-ը մեկնակէտն էր Հայաստանի անկախացումի գործընթացին, հայ ժողովուրդի միացեալ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումին:

Միւս կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու գոյատեւումը ձախողութեան մատնեցին թուրքերու համաթուրանական մեծ երազը, որ հիմնական նպատակակէտը եղած էր Մեծ եղեռնը կազմակերպողներուն: Մայիս 28-ի անկախութեան հերոսամարտը վերջակէտ մը դրաւ այն ճամբուն, որ Թուրքիոյ տարիներու երազն էր` Թուրանի ստեղծումը:

Հայ ժողովուրդի անկախ պետութեան հռչակման նախորդող ժամանակաշրջանը, հանրապետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանի դէպքերը, ինչպէս նաեւ անոր անկման պայմանները ցոյց կու տան, որ հայ ազատագրական շարժումը, իր բացառիկ յաջողութիւններուն առընթեր, ունեցաւ նաեւ իր ընկրկումը:

Արդարեւ, խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան մասին` կը նշանակէ անդրադառնալ այդ ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն թուականներուն ու անոնց ընդմէջէն ընդգծել դէպքերն ու իրադարձութիւնները, վերիվայրումները, մարտական եւ քաղաքական գործունէութիւնները:

Հետզհետէ երբ համաշխարհայնացումը կը սպառնայ մեր ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիան իր քարոզչական մեքենայով եւ տնտեսական նուաճումներով կը փորձէ շրջանցել Հայ դատի բոլոր աշխատանքները, մայիսեան հերոսամարտն ու այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, բոլոր ժամանակներէ աւելի,  կը խօսին մեզի եւ նոր մարտահրաւէրի եւ հրամայականի առջեւ կը դնեն հայութիւնը անխտիր` առանց նկատի առնելու գաղափարական տարբերութիւններն ու դաւանանքը, թէեւ փոխուած են տարեթիւերը, մարդիկ ու մանաւանդ քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ամիսներ առաջ եւ անոր յաջորդող քանի մը տարուան ժամանաշրջանին արձանագրուած են բնականաբար հարիւրաւոր յատկանշական անկիւնադարձային իրադարձութիւններ ու դէպքեր, սակայն այստեղ յարմար կը նկատենք ներկայացնել միայն հարիւրը, որոնք մեզի կը պարտադրեն լրջօրէն անդրադարձ կատարել եւ լուսարձակի տակ առնել հայութիւնը յուզող, յուշող, խարազանող, զգաստութեան հրաւիրող խիստ կարեւոր 100 դրուագներ` իբրեւ որոնք  յուշարար ու մարտահրաւէր վերանորոգման:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով հոս ներկայացուած թուականները, դէպքերը ու իրադարձութիւնները հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր անկիւնադարձային հանգրուաններն են, որոնք համայնապատկերի մը ընդմէջէն իրականութիւնն ու անցեալի դասերը խօսուն օրինակ պէտք է ծառայեն աշխարհացրիւ բոլոր հայերուն, յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան եւ գալիք պետական այրերուն, որպէսզի դասեր քաղելով` մեր ծաղկուն պապենական Հայաստանը ա՛լ աւելի ծաղկեցնենք, մեր ազգը ա՛լ աւելի բարօր կեանք ապրի, մեր պետութեան աւագանին թիավարէ մեզ հանգիստ, ապահով, մեր ազգային դիմագիծը եւ գիտակցութիւնը առանց ապականելու, այս դժուարութեամբ աշխարհին մէջ մեր ինքնութիւնը «Մեր հայրենիք»-ը, իր խորհրդանիշ եռագոյնով լսելի ու տեսանելի դարձնէ այս աղմկալի աշխարհին մէջ ու, տակաւին, իրագործելու Հայ դատի մաս կազմող ամէնէն հիմնական մէկ նպատակը`

Անկախ, Ազատ Եւ Միացեալ Հայաստանը:

Բաշ Ապարանի Ճակատի հրամանատարական կազմ

1- Դեկտեմբեր 1917: Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննէսեան), իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդին կողմէ կը ղրկուի Երեւան, ուր կը տիրէր կատարեալ յուսահատութիւն եւ անիշխանութիւն: Երկրին մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար կը կազմուի յատուկ կոմիտէ մը` Արամի ղեկավարութեամբ` կը յայտարարուի զօրակոչ:

Ճգնաժամային այդ օրերուն ժողովուրդը Արամին կը յանձնէ ամէն իշխանութիւն եւ զայն կ՛ընտրէ տիքթաթէօր, բայց իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին մէջ անցուցած եւ անոր նուիրաբերած, մաքրամաքուր ազգային անձնաւորութիւնը չի դառնար միապետ:

2- 6 փետրուար 1918: Ռուսական կանոնաւոր բանակներու նահանջէն ետք կը մնան միայն հայկական զօրամասերը: Թուրքերը կ՛անցնին ընդհանուր յարձակումի. կը գրաւեն` Երզնկան, Տրապիզոնը, Բաբերդը, Կարինը եւ կը յառաջանան դէպի Ռուսահայաստանի սահմանները:

3- 16 փետրուար 1918: Սէյմը կ՛որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ:

4- 3 մարտ 1918: Գերմանիոյ եւ խորհրդային իշխանութեան միջեւ կը ստորագրուի Պրեսթ-Լիթովսկի դաշնագիրը, ըստ որուն, Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները կը յանձնուին թուրքերուն:

5- 9 մարտ 1918: Սէյմը կ՛որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել եւ նոր բանակցութիւններ սկսիլ Թուրքիոյ հետ:

6-12 մարտ 1918: Չխենկելիի հրամանով Կարսը թուրքերուն կը յանձնուի առանց դիմադրութեան: Բուռն վրդովում` հայութեան բոլոր շարքերուն մէջ:

7- 31 մարտ 1918: Հայոց ազգային զօրաբանակը ունէր 19.590 մարտիկ, որոնցմէ 818-ը` սպայ:

8- 7-8 ապրիլ 1918: Վրացիներէն եւ ազրպէյճանցիներէն լքուած` Արարատեան դաշտին մէջ, Արամի եւ Դրոյի գլխաւորութեամբ,  հայերը հերոսական կռիւներ կը մղեն թուրք կանոնաւոր բանակին դէմ:

9- 15 մայիս 1918: Թուրքերը առանց իրենց ներկայացուցած վերջնագրի պատասխանը սպասելու` կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը (այժմ` Գիւմրի):

Ազգային խորհուրդի սիրտը հանդիսացող եւ Հայաստանի ՏԻՔԹԱԹԷՕՐ հռչակուած Արամ Մանուկեան ստանձնած է արդէն հայրենիքի պաշտպանութեան դժուարին պարտականութիւնը: Երեւանի մէջ, ղեկավարի իր կազմակերպչական տաղանդով, իր անձնուիրումին բովանդակ ուժականութեամբ եւ իր հաւատքին ու յեղափոխականի արիութեան անխախտ կամքով Արամ Մանուկեան կը մարմնաւորէ ու կը կենդանացնէ հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ոտքի հանելով հայութեան բոլոր բեկորները:

10- 17 մայիսի 1918: Բաշ Ապարանի գաւառին մէջ յայտարարուած է պատերազմական իրավիճակ: Անընդհատ հնչած են եկեղեցիներու զանգերը: Գիւղերու տանուտէրերը, քահանաները մարտի ընդունակ տասնութ տարեկանէն բարձր բոլոր տղամարդիկը զինած եւ ուղարկած են Պաշտպանութեան խորհուրդի տրամադրութեան տակ: Սեդրակ Ջալալեանն ու Արսէն Տէր Պօղոսեանը ուսումնասիրելով շրջանը` որոշած են պաշտպանութեան առաջին գիծը հաստատել Նիկաւան-Միրաք գիւղերու միջեւ ձգուած բարձունքներուն: Նորակազմ զօրաջոկատներն ալ ուղարկուած են ճիշդ այդ գիծը:

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>