Կը հրատարակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Յակոբ Հաւաթեանի դամբանականը
Ուրբաթ, 26 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ստացայ ընկեր Յակոբի հեռաձայնը: Ան քիչ մը յոգնած ու մտահոգ ձայնով յայտնեց, որ անհանգիստ է եւ հաւանաբար չկարենայ ներկայ գտնուիլ միջընկերական զեկուցական հաւաքին եւ խնդրեց, որ այս մասին հաղորդեմ օրուան զեկուցաբեր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանին: Ան յայտնեց, որ ընթացիկ բժշկական քննութիւններու միջոցով արեան մէջ կարգ մը խախտումներ նկատուած են, հետեւաբար բժիշկը անհրաժեշտ նկատած է կատարելու յաւելեալ քննութիւններ:
Երկու օր ետք մուտք կը գործէր հիւանդանոց եւ արդէն անողոք հիւանդութիւնը կայծակնային արագութեամբ, քանի մը օրուան ընթացքին զայն կը գամէր մահուան անկողինին: Եւ նկարագրով գերազանցօրէն բծախնդիր մեր ընկերը, որ առողջ կեանքի կենսակերպ մը որդեգրելով` միշտ ուշադիր կ՛ըլլար իր առողջութեան կապուած բոլոր մանրամասնութիւններուն, ահաւասիկ ի յայտ կու գար, որ անողոք հիւանդութիւնը գաղտագողի ու դաւադրաբար երկար ժամանակէ ի վեր բոյն դրած է իր մարմնին մէջ: Ընկեր Եափուճեան կը մեկնէր վաղահաս` խոր սուգի մատնելով Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքները:
Դաշնակցական իր մկրտութիւնը ստացած էր Զաւարեան աշակերտական եւ ապա ուսանողական միութիւններու մէջ: Բեղուն գործունէութիւն ծաւալած` Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ, եղած է «Աղբալեան» նորաստեղծ կոմիտէութեան առաջին անդամներէն, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւն ստանձնած` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան եւ անոր առաջին Կեդրոնական վարչութեան մէջ: 1979-ին մաս կազմած է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ, այնուհետեւ, տարբեր փուլերու ստանձնած է այս պատասխանատու պաշտօնը: Անշուշտ ընկերոջ հասարակական գործունէութեան մէջ շուրջ 50 տարիներ Համազգայինը նաեւ եղած է հասարակական կեանքի գործադաշտ, ու 1994-էն ետք իրերայաջորդ երկու շրջաններ վարած է նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պարտականութիւնը: 1977-ին, եւ` 18 տարիներ անընդմէջ, ընկեր Եափուճեան նաեւ մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի գրասենեակին եւ վարած` ելեւմտական գործառնութիւններու հսկողութիւնը: Մասնագիտութեամբ հաշուապահ, սակայն հետաքրքրութեամբ ու աշխարհայեացքով` Դաշնակցութեան գաղափարական լայն հորիզոնը ընկալած եւ ընթերցանութեամբ ու ղեկավար մտաւորականութեան հետ իր կենդանի ու մնայուն կապով ձեռք բերած է մտաւորական աշխատանքի ունակութիւն: Յակոբ Եափուճեանի կուսակցական գործունէութեան մեկնակէտը կը զուգադիպի հայութեան ու յատկապէս Դաշնակցութեան պատմութեան դարձակէտային մէկ հանգրուանին, երբ Հայ դատի պահանջատիրական շարժումը կը ստանար աւելի ուրոյն նկարագիր ու այդ քաղաքական, գաղափարական ու մարտական քուրային մէջ կը համակէր օրուան երիտասարդութիւնը եւ զայն կը դարձնէր աւելի յանձնառու, պատասխանատու ու գաղափարապաշտ: Ասոր զուգահեռ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը մղէր այդ սերունդը բարձր պատասխանատուութեամբ մշակելու ու իրականացնելու հայ համայնքի անվտանգութեան ու գոյատեւման համապատասխան ծրագիրը, երբ համատարած աւերն ու անկայունութիւնը կը սպառնային գաղութի կենսունակութեան ու գոյութեան: Աւելի՛ն. ընկեր Եափուճեան Կեդրոնական կոմիտէի պարտականութիւնը կը ստանձնէր 1984-86 ժամանակահատուածին, երբ հակադաշնակցական ու թշնամի թուրք պետութեան կողմէ ի գործ դրուած հակահայ պայքարը այդ հանգրուանին կը խլէր մեզմէ նոյն սերունդին պատկանող կարեւոր ընտրանի մը: Քաղաքացիական պատերազմի աւարտին նաեւ ընկեր Եափուճեան կը ստանձնէր Կեդրոնական կոմիտէի պարտականութիւն: Այլ խօսքով, աւելի քան քառասուն տարիներ Դաշնակցութիւնը իր մաքառումներով, նուաճումներով եւ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներով ոչ մէկ ատեն անմասն մնացած անոր կեանքի երթին մէջ:
Ընթացիկ կեանքի մէջ բծախնդիր մեր ընկերը միշտ ալ գերազանց նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջական լրջութեամբ կը մօտենար բոլոր հարցերուն: Կը հետեւէր անցուդարձերուն եւ կը փորձէր միշտ սեփական կարծիք ձեւաւորել ու այդ կարծիքը յարգանքով ու անկեղծութեամբ կը դրսեւորէր: Լուրջ ու կենսունակ ժողովական էր նաեւ եւ յատուկ յարգանք կը տածէր Դաշնակցութեան բոլոր ժողովներուն եւ անոնց որոշումներուն նկատմամբ: Եթէ պատահէր, որ բանաւոր պատճառներով բացակայէր ժողովէ կամ հանդիպումէ մը, յաջորդ օրը կը ներկայանար ակումբ կամ կը դիմէր Կեդրոնական կոմիտէին` իրազեկ դառնալու համար ժողովին ներկայացուած շրջաբերականներուն: Կրաւորականութիւնը, քինախնդրութիւնը, անպատասխանատուութիւնը եւ կողմնակալ ու շահակցական մօտեցումը ոչ մէկ ատեն մաս կազմած են իր կուսակցական կենսագրութեան: Իր մտածումները կը բանաձեւէր ու կը դրսեւորէր քաջաբար ու համարձակ` յարգելով ժողովական կարգն ու կանոնը եւ մանաւանդ իր ու իր բոլոր ընկերներուն արժանապատուութիւնը, թէկուզ երբեմն իր խօսքերը ընկալուէին քիչ մը կծու ու յախուռն:
Մօտէն կը հետեւէր աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն եւ կատարեալին ձգտելու դաշնակցական իր սլացքն ու տեսադաշտը եւ առարկայական ու նաեւ գիտական հիմունքով քննարկումի ձեռք բերած տաղանդը արտօնութիւն կու տային իրեն քննադատելու երեւոյթները, կուսակցական աշխատանքի արդիւնքները եւ յամեցող կազմակերպական կացութիւնները, սակայն` առանց յետին նպատակներու ու յաւակնոտ դրսեւորումներու: Կը հաւատար դաշնակցական ընկերականութեան, մեծին ու փոքրին հետ կը սիրէր զրուցել ու քննարկել` յարգելով բոլորին տեսակէտները: Շատ յաճախ չէր սպասեր ժողովներու, եւ եթէ անհրաժեշտ զգար, անմիջապէս հեռաձայնով կամ անձամբ կ՛երթար իր մտահոգութիւնը յայտնելու կազմակերպական տուեալ մարզի պատասխանատուին: Կ՛ատէր անիմաստ, մաշեցնող եւ ճահճացման առաջնորդող ինքնանպատակ հաւաքներով յատկանշուող երեւոյթներու եւ կացութիւններու քննարկումը եւ կը թելադրէր այդ բոլորը փոխադրել ժողովական հարազատ միջավայր, հեռու` ամբոխային ու զուտ ենթակայական մօտեցումներէ:
Հարկ է հաստատել, որ ընկեր Յակոբ ու նաեւ, այս պարագային, իր սերնդակիցները միշտ ալ պահեցին ղեկավար զգալու ու իբրեւ այդպիսին հարցերուն մօտենալու պատասխանատու սկզբունքը եւ համոզումը, անկախ այն իրողութենէն, որ մարմինի անդամակցած ըլլային կամ ոչ: Դէպքերն ու կացութիւնները զիրենք պարտաւորեցուցին դառնալու աւելի լրջախոհ ու աւելի խստապահանջ: Այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն անցնող հանգրուանին մենք կորսնցուցինք ընկեր Բենօ Թոնդեանը, Արա Տեմիրճեանը եւ քիչ մը կանուխ Սագօ Սարգիսեանը, եւ այսօր, ահաւասիկ, հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ընկերոջ: Առողջ ու բնականոն սերնդափոխութիւնը այս սերունդին համար դարձաւ հիմնական մարտահրաւէր, որովհետեւ հայութեան ու Հայաստանի դիմաց բացուող նոր հորիզոնին դիմաց եւ յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումով այս սերունդին վիճակուեցաւ նաեւ իր ճիշդ հունին մէջ դնելու ՀՅ Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կարգախօսը: Նոյն այս սերունդին վիճակուեցաւ Լիբանանի մէջ յետքաղաքացիական պատերազմի ղեկավարութեան ձեւաւորման եւ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ երիտասարդ մարդուժը ներառելու պարտականութիւնը: Այս սերունդն էր նաեւ, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք պիտի փորձէր ժամանակի համահունչ նկարագիր տալ կոմիտէներու գործունէութեան:
Ահաւասիկ, տակաւին իր գործը չաւարտած, ընկեր Եափուճեան անժամանակ ձեւով մեզ կը զրկէր ընկերական իր ջերմ զրոյցներէն, վիճաբանութիւններէ, յօդուածներու քննարկումներէն: Կը զրկէր իր քաղցր ու համակող ժպիտէն, լայն յիշողութեամբ օժտուած հարուստ վկայութիւններէն ու տեղեկութիւններէն, որոնց յաւերժացման համար արդէն վերջերս ձեռնարկած էր յուշագրութիւններու շարքի մը պատրաստութեան, որոնք հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս բոլորին կողմէ:
Սիրելի՛ ընկեր, տեսակէտներու պարզաբանման ու պաշտպանութեան համար մղած կռիւդ դաշնակցական նկարագիր ունէր եւ, աւելի՛ն, ունէիր քաջութիւնը եւ վեհանձնութիւնը` յաճախ խոստովանելու, որ այս կամ այն կէտին կամ կացութեան մէջ երբեմն սխալ արժեւորում կամ մօտեցում ցուցաբերած ես: Եղար անկեղծ դուն քեզի հետ, ապա` ընկերական միջավայրիդ ու յատկապէս Դաշնակցութեան հետ եւ այս իւրայատկութեանդ ճամբով արժանացար շրջապատիդ յարգանքին: Բոլորին իսկ վկայութեամբ, ո՛չ մէկ ատեն վազեցիր աթոռին ու պաշտօնին ետեւէն, այլ երկար պնդումներէ ու նաեւ ճնշումներէ ետք է միայն, որ յօժարեցար ստանձնելու պաշտօնը: Դաշնակցութիւնը քեզի համար մեծ կուսակցութիւն էր, եւ առանց վարանելու` կը փորձէիր զայն բաղդատել միջազգային մեծ ընկերվարական եւ այլ կուսակցութիւններու ու գաղափարական շարժումներու հետ:
Թոյլ տուէք ըսելու, որ ընկեր Յակոբ Եափուճեանին հետ իմ ծանօթութիւնս եւ ընկերութիւնս կ՛երկարի աւելի քան 25 տարիներ: 25 տարիներու ընթացքին, կրնամ վկայել, բազմիցս վիճած, երբեմն նոյնիսկ հակոտնեայ համոզումներու եւ կեցուածքներու մէջ գտնուած ենք, այսուհանդերձ դաշնակցական անկեղծ ընկերոջ բոլոր սկզբունքները լիակատար յարգելով` զիրար փնտռած ենք ամէն օր: Այս առիթով, դառնալով քիչ մը նաեւ ներանձնական, կու գամ անվարան հաստատելու, որ ընկեր Եափուճեանը, ի շարս այլ քանի մը ղեկավար դաստիարակներու, իր դրոշմը դրած է մեր սերունդի հասարակական գործունէութեան վրայ, որովհետեւ օրին վստահած էր մեզի տարբեր պարտականութիւններ եւ բծախնդրօրէն ու պահանջատէր մօտեցումով հետեւած` այդ աշխատանքներու գործադրութեան:
Սիրելի՛ ընկեր, կը մնանք երախտապարտ` աշխատանքիդ դիմաց, պիտի շարունակենք յարգալից կերպով մօտենալ ժողովական քննադատական իւրայատուկ առողջ ոճիդ եւ այդ ճամբով պիտի շարունակենք քեզ ներկայ պահել մեր ընդհանուր գործին, առաջադրանքներու ճշդորոշման ու հայութեան եւ Հայաստանի հզօրացման երթին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք տիկին Սոնային, Վարանդին եւ ընտանիքին, ընկեր Հայկին, Մկոյին եւ ընտանիքին ու հեռու եւ մօտիկ բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ գաղափարի ընկերներուն:
Կանուխ մեկնեցար, ընկե՛ր Յակոբ, արդէն կարօտցանք քեզի…
Վա՛րձքդ կատար…