Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Աստուած Պահապան Հայ Սահմանապահին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

aghotk_012716

Այս օրերուն, երբ յաճախակի դարձած են զինադադարի դրութեան ազրպէյճանական խախտումները Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ, մեր բոլոր մտորումները կը կեդրոնանան սահմանը, ճակատը պահպանող հայ զինուորին վրայ, որ, հակառակ կլիմայական ծանր պայմաններուն, անասելի դժուարութեանց եւ մեծ վտանգի պայմաններուն մէջ, հայրենի լեռներուն ու հովիտներուն մէջ կը կատարէ հայրենիքի պաշտպանութեան դժուար պարտականութիւնը:

Վերջերս, երբ դարձեալ սաստկացած էին բախումները ճակատի ամբողջ երկայնքին, հայրենի ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուեցան շփման գիծին վրայ տեղադրուած հայկական զօրամասերէն մէկուն զինուորներուն պատկերները` Աստուծոյ հետ ուղղակի կապի վիճակին մէջ նկարուած: Ջերմեռանդօրէն աղօթող զինուորներէն մէկը ըսած էր. «Կապ չունի, որ թշնամին ինձանից 45 մեթր է հեռու, ես աղօթում եմ: Աստուած պահապան մեզ, բոլոր հայ զինուոր ունեցող ընտանիքներին եւ հայ օճախներին բոլոր»:

Այս հաւատքը, զոր այսօր կը ցուցաբերէ հայ զինուորը, ամէն մէկ կռիւէ առաջ օրհնութիւնը, զոր կը ստանայ հոգեւոր սպասաւորէն, աղօթքի ամէն մէկ բառը, զոր կ’արտասանեն հայ զինակոչիկները զօրամասերուն մէջ, այս բոլորը հոգեւոր յաւելեալ լիցքեր են եւ երաշխիքներ, որ հայ զինուորին պաշտպանած սահմանը անձեռնմխելի եւ անառիկ պիտի մնայ, որովհետեւ զէնքի ուժին հետ միատեղ, հայ զինուորը` լեցուած հոգեւոր ուժով, այլեւս անյաղթելի կը դառնայ որեւէ ֆիզիքական վտանգի դիմաց:

Հիմա, այս օրերուն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ կը շարունակուին հոգեւոր արժէքներով հարստացած հայ զինուորականութեան աւանդութիւնները: Այսօր ալ հայ զինուորը, ինչպէս դարեր շարունակ` պատերազմի դաշտին վրայ, հայոց սահմանը կը պաշտպանէ մէկ ձեռքին խաչ, իսկ միւս ձեռքին` զէնք: Այս զինուորեալ հաւատքն է մեծ երաշխիքը, որ հայկական քրիստոնէութիւնը չջնջուի հայկական աշխարհէն: Եւ դարձեալ` այս զինուորեալ հաւատքը մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է 1992-ին իր նորագոյն պատմութեան ժամանակաշրջանը սկսած հայոց բանակին:

Աստուած պահապան հայ սահմանապահ զինուորին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>