Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արցախ Եկո՛ւր. Ղազանչեցոց Եկեղեցի, Պարսկական Մզկիթ, Բացառիկ Քարերու Թանգարան. Շուշին` Զբօսաշրջիկներու Կարեւոր Ուղղութիւն

$
0
0

«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ». Շուշին Արցախի մշակութային մնայուն արժէքներ կրող քաղաքներէն է: Անոր պատմութեան ծանօթանալուն հետ զուգահեռ, այստեղ կարելի է տեսնել, օրինակ, աշխարհի տարբեր ծայրերէն բերուած կտաւներ, չտեսնուած քարերու հաւաքածոյ, քաղաքի մայր եկեղեցին` Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, վերանորոգուող պարսկական մզկիթը եւ պարզապէս զրուցել շուշեցիներուն հետ, որոնք մեծ հաճոյքով կը պատասխանեն ձեր հարցումներուն:

Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանը բացուած է 9 մայիս 2013 թուականին` քաղաքի ազատագրման 21-ամեակին, եւ այդ կարճ ժամանակաշրջանին արդէն հասած է ընդունիլ շուրջ 30.000 այցելու: Թանգարանին շէնքը 1830 թուականէն ի վեր ծառայած է իբրեւ իջեւանատուն, իսկ վերանորոգումէն ետք ստացած է նոր տեսք, ինչպէս` նախապէս իբրեւ տպարան օգտագործուած Արուեստի կեդրոնը եւ իբրեւ Օրիորդաց դպրոց ծառայած մշակոյթի նախարարութեան շէնքը:

Եթովպիայէն, Մոնկոլիայէն, Մատակասքարէն, Մեքսիքայէն, Լեհաստանէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ բերուած, մեծ մասամբ` նուիրատուութիւններով հաւաքուած, շուրջ 600 կտաւներու հետ միասին թանգարանին մէջ ներկայացուած են նաեւ քանդակներ, որոնց մէկ մասը պահուած է թանգարանին առաջին յարկը. անիկա նախապէս եղած է իջեւանատան ձիանոցը: Վերջերս, 5-րդ անգամ ըլլալով, տեղի ունեցած է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակի միջազգային սիմփոզիումը: Անիկա համախմբած էր տարբեր երկիրներէ Շուշի այցելած քանդակագործներ:

Թանգարանին ուղեցոյցներէն Տաթեւ Մայիլեանը նշեց, որ թանգարանը պարբերաբար կը թարմանայ նոր կտաւներով, կը կազմակերպուին անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ տեղի կ՛ունենան դասական ելոյթներ:

Թանգարանի հնագոյն «Նաւերն ափին» կտաւը կը պատկանի Ժոզեֆ Պարթոլոմէին. անիկա 156 տարեկան է: Ուշագրաւ են նաեւ Ժան Գառզուի կտաւները, ինչպէս նաեւ ամբողջ սրահ մը լեցնող` Սօս Սարգսեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մոնթէ Մելքոնեանի, Արմէն Ջիգարխանեանի դիմանկարները, իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ Մարտիրոս Բադալեանի «Ինքնադիմանկար մեխերով» աշխատանքը:

Տաթեւ Մայիլեանին համաձայն, զբօսաշրջիկներու հոսքը Շուշի աւելի շատ է, քան օրինակ` Ստեփանակերտ: «Թէեւ անոնք կտաւներով կը տպաւորուին, սակայն անոնց մեծամասնութինը հետաքրքրուած է քաղաքին պատմութեամբ», ըսաւ ան:

Իսկ քաղաքի պատմական էջերուն ծանօթանալու փափաքը զբօսաշրջիկները կ՛ուղղէ դէպի Շուշի քաղաքի Պատմութեան թանգարան, ուր թանգարանի ղեկավար պատմաբան Աշոտ Յարութիւնեանը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ քաղաքի անցած ուղին:

28 մայիս 1992 թուականին բացուած թանգարանին շէնքը կը պատկանէր փոխգնդապետ Եսայի Ղարամեանցին. անիկա եղած է փոխգնդապետին բնակարանը: Թանգարանին առաջին յարկը ամբողջութեամբ կը ստեղծէ հին Շուշիի կենցաղին բնորոշող մթնոլորտ` հին թէյնիկ, խնոցի, մահճակալ, հողամշակման գործիքներ եւ այլն: Իսկ երրորդ յարկին մէջ կը պահուին Ն.Ք. 12-10-րդ դարերուն պատկանող իրեր, որոնք յայտնաբերուած են Շուշիի երկու դամբարաններուն մէջ իրականացուած պեղումներու ընթացքին` կնոջական զարդեր, խոյի եւ օձի պատկերներ:

Երկրորդ յարկէն բաժին մը նուիրուած է արցախեան ազատագրական շարժումին` նկարներ, զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ` մեծ մաքեթ-վահանակ մը, որուն օգնութեամբ Աշոտ Յարութիւնեան այցելուներուն կը ներկայացնէ Շուշիի ազատագրումի զինուորական գործողութիւնը:

Ան յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նկարներէն մէկուն վրայ` «Երկու սերունդ. մէկ ճակատագիր», ու կը նշէ. «Զբօսաշրջիկները երբեմն կը հարցնեն` վերջ ի վերջոյ ի՞նչ կ՛ուզէք այդ Ղարաբաղէն, կ՛ուզէք միանալ Հայաստանի՞ն, թէ՞ անկախ ըլլալ, իսկ ես կը պատասխանեմ, որ մեզի այլ հարց կը հետաքրքրէ, մենք չենք ուզեր, որ ուրիշ նկար մըն ալ աւելնայ, որուն վրայ գրուած ըլլայ` «Երեք սերունդ. մէկ ճակատագիր»:

Շուշիի ոչ նուազ ինքնատիպ թանգարաններէն է Խորհրդային Միութեան երկրաբանութեան վերջին նախարար Կրիկորի Գաբրիէլեանցին նուիրուած երկրաբանութեան պետական թանգարանը, որ սկսած է գործել մայիս 2014 թուականէն ի վեր: Անիկա նախապէս ծառայած է իբրեւ պարսկական կրթօճախ, հետագային` դեղարան:

Թանգարանի նախասրահին մէջ տեղադրուած են փրոֆեսէօր Գաբրիէլեանցի աշխատութիւնները, իսկ բուն սրահի կեդրոնական հատուածին մէջ ներկայացուած են Արցախի տարածքի օգտակար հանածոները` ոչ մետաղական եւ մետաղական:

Բացի վերոնշեալ հատուածի քարերէն, միւս բոլոր քարերը կը պատկանին Կրիկորի Գաբրիէլեանցի անձնական հաւաքածոյին` աշխարհի 48 երկիրներէն բերուած. իսլանտական ղպատը, որուն ընդմէջէն մէկ պատկերին նայելու պարագային կարելի է տեսնել երկուքը, կարմիր երկրաքարը, որմէ տակաւին նախնադարուն կարմիր ներկ կը ստանային, խաղողաձեւ ագատը, գնդաձեւ ամեթիսթը, որ նաեւ կը կոչուի «չարբած» քար` իր իւրայատուկ գոյնին պատճառով, որ կը նմանի ջուրով խառնուած գինիի գոյնի. կարծիք կայ, որ զայն կրելու պարագային մարդ չի գինովնար: Թանգարանին մէջ կը գտնուի նաեւ հնագոյն ապուրը, որ 1 միլիառ 200 միլիոն տարեկան է:

Թանգարանի զբօսավար Եւկենիա Համբարձումեանին համաձայն, թէեւ իւրաքանչիւր քար առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, սակայն զբօսաշրջիկները յատկապէս կը տպաւորեն այն քարերը, որոնք անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն տակ տարբեր գոյներ կը ստանան:

Շուշիի իսլամական թաղամասի կեդրոնական մասին մէջ տեղակայուած է Վերին մզկիթը, որ կառուցուած է 1883 թուականին` յայտնի պարսիկ ճարտարապետ Քերպալա Սեֆի Խանի նախագիծով: Ներկայիս այնտեղ վերանորոգման աշխատանքներ կը կատարուին «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամին, Արցախի կառավարութեան եւ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամին համագործակցութեամբ:

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի` Արցախի զարգացման ծրագիրներու պատասխանատու Սուրէն Ամիրբէկեանը տեղեկացուց, որ այս ծրագիրով կը նախատեսուի հիմնովին վերանորոգել մզկիթը, բարեկարգել յարակից տարածքը եւ իրականացնել մզկիթին կողքին գտնուող պարսկական կրթօճախի շէնքի վերակառուցման աշխատանքները:

«Ծրագիրին հովանաւորը «IDeA» հիմնադրամի նուիրատու, ղազախ գործարար Քայրատ Պորանպայեւն է: Գործարարը այցելած է այստեղ, տեսած եւ աջակցելու փափաք յայտնած է: Նախատեսած ենք յառաջիկայ տարուան աշնան անիկա յանձնել», նշեց հիմնադրամին ներկայացուցիչը:

Իսկ Շուշիի կեդրոնը 19-րդ դարուն կառուցուած Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին է: Իբրեւ ճարտարապետական կառոյց` անիկա գրաւիչ է ո՛չ միայն իր գոյնով, այլեւ` իւրայատուկ գմբէթով եւ փորագրութիւններով: Տաճարին դիմաց կառուցուած է զանգակատունը: Եկեղեցին ունի գետնի տակ հատուած մը, ուր ձայնային յատկութիւններու շնորհիւ կը փոխուի մարդու ձայնը. անիկա կարծես կը դառնայ օտար:

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի «Բացայայտի՛ր քեզ համար քո երկիրը» արշաւի ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար նախորդ տարուան 22-24 յուլիսին հայաստանեան շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած էր ծանօթացման այցելութիւն դէպի Արցախ: Հայաստանեան 5 լրատուական ընկերութիւններու 8 ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած են շարք մը շրջապտոյտներ դէպի Արցախի հինական զբօսավայրեր, տեղեկատուութիւն կատարուած է արցախեան զբօսաշրջային ներուժի, Արցախի մէջ գործող թանգարաններու եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին առնչուող այլ ուղղութիւններու մասին` նիւթեր պատրաստելու եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելու նպատակով:

Լուսանկարները` ՏԱԹԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆի


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>