ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Իր անունին պէս նուրբ ու թեթեւ կ’անցնի ան յիշողութեանս պաստառէն: Այդ օրերուն Համազգայինի կողմէ ղեկավարուած հայկական ռատիոժամի գործավարն էր, իսկ մենք` դպրոցը նոր աւարտած ճնճղուկներ: Չեմ գիտեր` ո՞վ գաղափարը ունեցած էր մեզ ալ ընդգրկելու ռատիոժամի ծրագրին մէջ, բայց շնորհիւ այդ «գործին»` առիթը ունեցած եմ քիչ մը աւելի մօտէն ծանօթանալու Նօնոյի մամային` տիկին Զեփիւռին:
Նօնոն` Ներսէսը. Ներսէս Խիւտավէրտեանը, որ իր երկու երէց դաշնակցական ընկերներուն հետ վատաբար սպաննուեցաւ յունուար 31-ի գիշեր մը, Պէյրութի մութ ու նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ, իր ընկերներուն հետ քաջաբար դիմադրեց հայ կոչեցեալներու անարգ արարքին եւ շա՜տ երիտասարդ հասակին ինկաւ Լեւոն Պէրպէրեանին եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին կողքին:
Յունուար 31-ի գիշեր մը:
Կարեւո՞ր է տարին: Ո՛չ, հարազատներու եւ սիրելիներու համար, քանի որ քսան, երեսուն, քառասուն տարի ալ անցնի, յունուար 31-ն է, որ կը մնայ մտքերուն մէջ, ու երբ մօտենայ թուականը , վիշտը գլուխը կը ցցէ: «Սո՛ւտ է: Ժամանակը չի բուժում վէրքերը: Գուցէ նա իր առօրեայ հազար ու մի հոգսերով, ուրախութիւններով ու անակնկալներով ետ հրում, հոգուդ մի խուլ անկիւնն է տանում վիրաւորանքդ ու վիշտդ եւ երբեմն մոռացութեան մատնում… բայց չի բուժում, չի կարող բուժել»:
(Արտաշէս Քալանթարեանի «Մարաթոն» գործի մուտքէն):
Ռատիոժամի օրերուն տիկին Զեփիւռ շէնշող իր անհատականութեամբ կը նստէր գրասեղանին ետեւ` մի՛շտ կոկիկ հագուած, մի՛շտ` պչրոտ: Դիմայարդարումին ամէնէն ցայտուն բաժինը աչքերունն էր. սեւ մատիտի երկա՜ր եւ հաստ գիծ մը, որ կը վերջանար սուր անկիւնով մը. կարծես ըլլար ծովահայեաց բարձր ժայռի մը գագաթը, ուրկէ մարդ կրնար ցատկել դէպի ծով ու ալիք: Այդ օրերուն այդպիսի աչքերու գիծ շատ չէինք տեսներ մեր շուրջը եւ կը մտածէինք, որ տիկին Զեփիւռ քիչ մը արտասովոր էր` «տուփէն դուրս», պիտի ըսէին ամերիկացիք: Տուփը` հայկական հաստատութիւնը ընդհանրապէս, ունէր իր գործունէութեան որոշուած ձեւերն ու կանոնները, որոնք կրնային ճնշել զեփիւռի պէտք ունեցող անհատականութիւնները . օդ, բացում դէպի նոր հորիզոններ, ինքնատպութիւն եւ մտածելու ազատութիւն: Ահա այս բոլորը կարելի էր գտնել տիկին Զեփիւռին մօտ. իր արա՛գ, կարծես զիրար շպրտող նախադասութիւններով կը խօսէր մեզի հայ եւ օտար երաժշտութենէ եւ արուեստէ: Կարդացող էր ու տեղեակ աշխարհի անցուդարձերուն, բայց մանաւանդ` երաժշտութեան ու գրականութեան: Այո՛, տիկին Զեփիւռ շատախօս էր, բայց` ոչ նման անոնց, որոնք նիւթ չունենալով` կը դառնան ու կը դառնան նոյն փուչիկին շուրջ: Տիկին Զեփիւռին շատախօսութիւնը կու գար իր գիտելիքները, համոզումները եւ զգացումները բաժնելու փափաքէն: Կարծես կը վախնար, որ եթէ չըսէր բանը, անիկա պիտի փախչէր ու ետ չգար ուղեղին:
Այդ շաղակրատութիւնն ու եռանդը, փոքրիկ բերանին այդ նուրբ ժպիտը այլայլեցան 31 յունուարին: Տիկին Զեփիւռը կորսնցուց իր զաւակը: Եւ ի՜նչ զաւակ. դասընկերս, Նօնոն, ո՛չ միայն բացառիկ խելացի էր ամէն ճիւղի մէջ ու մանաւա՛նդ` գիտական նիւթերու, այլ ազնուական էր եւ ազնի՛ւ. մօրը նման, խորապէս համոզուած էր հայկական արժէքներու պահպանումին եւ զարգացումին անհրաժեշտութեան: Լիբանանեան պատերազմի օրերուն, նոր ամուսնացած երիտասարդ` կը ձգէր երիտասարդ հարսնուկը ու կը վազէր ակումբ` օգտակար դառնալու իր համայնքին:
Տիկին Զեփիւռ ` կին ու մայր, կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու հիմա կը կորսնցնէր իր տղայ զաւակը. օ՜, որքա՛ն կարեւոր` տղամարդապաշտ ընկերութեան մէջ:
Հարուածը դաժան էր եւ զօրաւո՛ր, բայց տիկին Զեփիւռ, հայ իշխանուհիի մը պէս հպարտ ու քա՛ջ, գլուխը բարձր պահեց, չընկրկեցաւ: Ո՛վ գիտէ` ի՜նչ զգացումներ կը փոթորկէին ներաշխարհը, որքա՜ն կարիքը ունէր իր զաւկին նեցուկին: Ուրֆացիի իր արմատնե՞րն էին արդեօք, որ զինք պահեցին ամո՛ւր` ժայռի պէս, թէ՞ ցաւին խորութիւնը, որ զգայազերծութեան եզրին հասցուցած էր զինք. ո՛չ ոք պիտի գիտնայ, քանի որ երեւոյթները յաճախ կը խաբեն . անոնք սահմանուած են ծածկելու ներքինը, իսկ ներքինը խորո՜ւնկ եւ անյատակ, բարդ կառոյցով հոր մըն է …
Տիկին Զեփիւռ շարունակեց ապրիլ, բարեկամուհիներով շրջապատուիլ, երաժշտութիւնը սիրել, հարազատները «բարկացնել» իր քմայքներով: Շարունակեց հոգ տանիլ ինքզինքին ու սիրել կեանքը եւ իր ազնի՛ւ, անձնուէ՛ր աղջկան ու փեսային շնորհիւ` ունեցաւ հանգիստ ծերութիւն:
Ճակատագրի ի՛նչ տնօրինութեամբ իր կեանքին թելը փրթաւ յունուար 31-էն քանի մը օր առաջ:
Ասկէ ետք, երբ անոնք, որոնք զինք մօտէն ճանչցած են, ըմբոշխնեն երաժշտական աղուոր կտոր մը կամ արուեստի գործ մը, երբ քնքուշ զեփիւռը հպի իրենց դէմքին ու անցնի, անպայմանօրէ՛ն պիտի յիշեն միւսը` տիկին Զեփիւռը, որ իրենց մտքի պաստառին պիտի ներկայանայ ամպի մը վրայ նստած` Ներսէսին կողքին: Ան եռանդով պիտի յուշէ, որ դիւրին չէ կեանքը, որ` մի՛շտ պիտի ըլլան զայն թունաւորողներ, բայց որ կ՛արժէ՛ ապրիլ զայն ու մնալ կանգո՛ւն:
31 յունուար 2018