Հայոց բանակի օրուան նշումները գաղափարախօսական հիմնաւորումներով հետզհետէ դուրս կու գան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն եւ կը տարածուին հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայոց բանակը պաշտպանելով այսօրուան պետական սահմանները, ըստ էութեան կը պահպանէ ամբողջ հայկական աշխարհը:
Առանց անկախ հայրենիքի եւ առանց այդ անկախութիւնը երաշխաւորող հայոց բանակի այսօր դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել աշխարհատարած հայութեան կազմակերպուածութեան եւ հայրենակեդրոն զարգացման հետագայ հոլովոյթը:
Աշխարհը ամբողջ ականատես է այսօր պետականազուրկ ազգաբնակչութիւններուն սպառնացող ճակատագրական իրավիճակներուն: Անվերջ անկողմնացոյց շարժունակութեան մէջ եղող, սեփական երկրէ եւ պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներ, որոնք աշխարհաքաղաքական օրակարգերու առարկայացման այս կամ այն փուլին կը վերածուին մանրադրամի, եւ որոնց նկատմամբ իրականացուած ռազմաքաղաքական գործողութիւնները կը մնան անհետեւանք նոյնիսկ ներկայ դարուն, երբ ամէն պահու, ամէն ինչ տեսանելի է ու իրազեկելի ուղիղ եթերային անմիջականութեամբ:
Եւ եթէ համոզում է, որ հայոց բանակը համայն հայութեան բանակն է եւ համայն հայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը, ապա նաեւ անոր նկատմամբ հոգատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւս նոյն տարողունակութեամբ ընկալելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Խօսքը կը վերաբերի երկքաղաքացիութեան օրէնքին առընթեր օրէնքով ճշդուած բանակային ծառայութեան պարտաւորութիւններուն, որոնց վերաբերող իրաւադրոյթները նկատի ունեցած են միջազգային համապատասխան օրէնքներն ու միջպետական համաձայնագիրներու գործնական օրինակները:
Հայոց բանակի համահայկական հաստատութիւն դառնալու այս առաջադրանքին զուգահեռ, այսօր կայացած է արդէն անոր տարածաշրջանային խաղաղութեան հիմնական երաշխիքի հանգամանք ըլլալու փաստը: Ռազմական փորձագիտութիւնը այսօր համակողմանի համոզումով կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու առաքելութիւնը տարածաշրջանային նշանակութիւն ունի, Կովկասի խաղաղութիւնը պահպանելու, պատերազմական արկածախնդրութիւնները զսպելու, միաժամանակ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելով ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը բաց պահելու գերակայ ուղղութիւններով:
Աւելի՛ն. արդէն միջազգային ռազմական միաւորներու մասնագիտական եզրակացութիւններուն մէջ հայոց բանակի իրականացած առաքելութիւնները կը բնութագրուին յատուկ եզրաբանութեամբ` անվտանգութեան հայթայթիչ (security provider): Նման եզրաբանութեամբ բնութագրումը հիմնուած է տարիներէ ի վեր նախապէս Իրաքի, այժմ` Քոսովոյի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանանի մէջ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններով: Հայկական զօրամիաւորումները պատուով կը կատարեն պատերազմական գօտիներու մէջ միջազգային զինուորական կառոյցներու կողմէ կառավարուող առաքելութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութեամբ զինուորական կրթութիւն ստացած հայ հրամանատարները, սպաներն ու զինուորները այս առաքելութիւններու իրականացման ընթացքին կ՛արժանանան բարձրագոյն պարգեւներու:
Ո՛չ միայն պետական-փաստացի սահմաններու ամենաբարձր կատարողականութիւններով պաշտպանողականութիւնը իրականացնելով, այլ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը երաշխաւորելով եւ անվտանգութեան հայթայթիչի հանգամանք ստանալով, հայոց բանակի սպայակազմի մնայուն որակաւորման եւ վերաորակաւորման համար արդէն սկսած են գործել «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ռազմաուսումնական մասնագիտական բաժանմունքները:
Մարտունակութեան բարձր ոգիի պահպանման, զինուժի արդիականացման եւ շփման գիծերու թէ պետական սահմաններու երկայնքին նոր գործիքակազմերու տեղադրման իրագործումներուն առընթեր հայոց հրամանատարական խումբերու թէ սպայակազմի համար նախատեսուած մասնագիտական պատրաստութեան համար համապատասխան մարդուժի կազմաւորումը կ՛ամբողջացնէ զինեալ ուժերու համակարգի բոլոր գերակայ ուղղութիւնները:
Այս բոլոր գործառոյթները իրականացնող հայոց բանակի շարքերու համալրումի համահայկական առաջադրանքը թէ՛ ժամկէտային, թէ՛ պայմանագրային եւ թէ՛ ուսումնակրթական ուղղութիւններով հետզհետէ պիտի նուաճէ միջավայրային նկատելի տարածականութիւն մը: Որովհետեւ հայոց բանակը համայն հայութիւնը պաշտպանող բանակն է եւ մեր ազգի գոյութեան գլխաւոր երաշխաւորը: