Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դիմաւորելով 100-ամեակը –Գ. –Հարիւրամեակին Կը Խօսի՞նք Միացումներու Մասին Եւ Կը Գործե՞նք Անոնց Իրականացման Համար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այսօր ո՞ւր կանգնած ենք ազգը շահագրգռող միացումներու հարցով:

Թէեւ շատ կը սիրէինք եւ կը սիրենք սրահ յուզող միացումը, մէկութիւնը, միասնութիւնը:

Հարցը չի վերաբերիր հետզհետէ կծկուող եւ գունաթափուող հաւատաւոր փոքրամասնութիւններու, որոնք կը շարունակեն յետսապահ զօրագունդի կռիւը, ինչպէս օր մը ըսաւ ղեկավարի շապիկ հագած մը:

Ազգը կը կերտուի եւ կը տեւէ հիմնական արժէքներով, ոչ միայն թիւերով կամ դրամատնային հաշիւներով: Առանց արժէքներու պատուանդանին` ազգը անցեալ է, կամ` իմաստէ դատարկուած յուշ-յիշատակ, յուշագրութիւններու անսպառ նիւթ: Յաճախ` ընտանեկան:

Ճշմարտութիւն մը կայ, զոր յաջորդական նահանջներով եւ պատշաճեցումներով կորսնցուցած ենք, աւելի մեղմ խօսելով` կը կորսնցնենք քիչ մը ամէն օր. ազգը ազգ է հայրենիքով եւ խմբուածութեամբ: Այս ըմբռնումը կարծէք այլեւս օրակարգ չէ: Քամչաթքա կամ Շանկհայ խմբուելով` ազգ կ՛ըլլա՞նք:

Նախ հայ քաղաքական միտքը ինքզինք պիտի յստակացնէ, ինչ կը վերաբերի զոյգ միացումներու. հայրենիքի եւ ժողովուրդի: Առանց միացեալ Հայաստանի գաղափարին, ազգի հայրենիքը, այսօր եւ վաղը, անկայուն է ներքնապէս եւ արտաքնապէս: Նոյնիսկ անկախութիւնը կը դառնայ պայմանականութիւն, երբ կը բացակային միացումները: Բեկբեկումներով ազգ չ՛ըլլար, ոչ ալ` հայրենիք: Առանց հողը ապրեցնող, հոն պատմութիւն ունեցող եւ այդ հողով ապրող ժողովուրդին` հայրենիքը ուսումնասիրութեան առարկայ է հայուն, ծագումով հայուն եւ օտարներուն համար: Ո՛չ ինքնուրոյնութիւն եւ ո՛չ ինքնահաստատում: Այլութիւն:

Դժուարութիւններու առջեւ կանգ առնել եւ փերեզակի հաշիւներ ընել` ոչ մէկ ձեւով ապագայակերտ են ազգին համար: Մեր ճակատագիրը հեզասահ չէ եղած: Բայց այդ պատճառ չէ հրաժարումներու, որոնք անվերադարձ ըլլալու դատապարտուած են: Ընդհակառակն, հարկ է յանձնառու վերաբերումով ձգտիլ միացումներու առջեւ ցցուող խոչընդոտներու յաղթահարման:

Հարիւր տարի առաջ էր: Առաջին անկախ հանրապետութիւնը չկրցաւ կայունանալ: Մեծերը անտեսեցին փոքր դաշնակիցը, երբեմն անվարան պէտք է ըսել` խոստմնադրուժ եղան, որովհետեւ պատերազմը աւարտած էր եւ քաղաքական-տնտեսական շահերը գերիշխող դարձած էին: Համաթրքական երազի եւ համաշխարհային յեղափոխութեան աքցանին մէջ բռնուած` անկախ Հայաստանը չքացաւ:

Մեկնելով անցեալի փորձէն` այսօր իսկական պարտականութիւն է խորհիլ, թէ ինչպէ՛ս պիտի կայունանայ Հայաստանը: Հայրենատէր ժողովուրդի, այդ հայրենատիրութեան անսեթեւեթ յանձնառութիւն ունեցողներու նպատակը պէտք է ըլլայ ստեղծել այն բոլոր պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են կայունացման: Կրկնենք. այդ պայմանները մեր փոխարէն ուրիշներ պիտի չստեղծեն: Ազգի ղեկավարութիւնը, ոչ միայն` աթոռներու վրայ գտնուողները, հաւաքական գիտակցութեամբ պիտի գործէ ոչ միայն այսօրուան համար, այլ` գալիք դարերու:

Անկախութեան մասին լսել եւ խօսիլ`  սփիւռք(ներ)ի տխուր առօրեային գոյն եւ կեանք կու տար: Հիմա որ անկախութիւնը իրողապէս գոյութիւն ունի, ինչպէ՞ս տեսութենէն ետք գործի պիտի վերածուին` հայ մարդուն երազը, ցանկութիւնը, տասնամեակներ շարունակ կրկնուած շաբաթավերջի խանդավառութիւնը: Առաջին հերթին պիտի գիտնանք, որ պատմութիւնը սառած չէ, կանգ չէ առած, ինչպէս որ կանգ չառաւ հռոմէական, բրիտանական, ֆրանսական կամ օսմանեան կայսրութիւններով: Մարդիկ կը ստեղծեն պատմութիւնը, կը սրբագրեն պատմութիւնը, ուղղութիւն կու տան անոր: Այդ ընելու համար, առաջին հերթին, ներկայութիւն պէտք է: Իսկ ազգային ներկայութիւն ըլլալու համար պէտք է յաղթահարել եսի դիրքապաշտութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը, որպէսզի ստեղծուի բանաստեղծին երազած հաւաքական ուժը:

Յաճախ ցաւով կը խօսուի Հայաստանէն տեղի ունեցող արտագաղթի մասին, որ աղէտ է, ճիշդ բառով` հայրենալքում: Կան, ի հարկէ, երկրի պայմանները, սակայն կայ նաեւ ընչաքաղցութեան անհակակշռելի դարձած ապօրինութիւնը: Առանց անհաճոյ բարոյախօսութիւն ընելու, ղեկավարութիւնները, յոգնակի, պատմութեան առջեւ պատասխանատու են հայկական ընկերութեան բարոյականացման համար: Այսինքն, փոխանակ հանդուրժելու սակաւապետութեան յարաճուն հարստացումը, աշխատանքի եւ երկրի բարիքներու արդար բաշխման համակարգ պէտք է ստեղծել, որ կը սահմանափակէ աղէտ-արտագաղթը:

Եթէ այսօր անկարելի կը թուի բռնագրաւուած Հայաստանը ազատագրել, սակայն առնուազն աւելի արդար ընկերութեան մը ստեղծումը մեր հասողութեան մէջ է. եւ եթէ այդ չենք ըներ, կը նշանակէ, որ պատասխանատուներ կան, պատասխանատու ենք հաւաքաբար, քանի որ ազգը եւ հայրենիքը հաւաքական պատասխանատուութիւն են, առանց մոռնալու օրինակի արժէքը, մանաւանդ` ղեկավարին եւ ղեկավարներուն:

Կարելի՞ է ընդունելի համարել, որ ազգի խմբուած ապրելու իրաւունքը խոչընդոտուի: Այսօրուան պարագային, արտաքին ազդակներու կարելի չէ վերագրել մեր շարունակուող տարտղնումը: Խմբուած ապրելու հնարաւորութիւնը խոչընդոտուած է Հայաստանի մէջ արդար հասարակակարգի մը բացակայութեամբ, զանգուածային արտագաղթ, սփիւռք(ներ)ի պարագային` հայոց հայրենիքի մասնատման շարունակութեամբ, հայրենադարձութեան բացակայութեամբ:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել այն գաղափարական տրամախոհութիւնը (տիալեքթիք), որ բոլոր հայերու աչքը յառած մնայ Հայաստանի վրայ` որպէս տէր եւ ծառայ, փոխանակ ըլլալու զբօսաշրջիկ կամ բարեսէր: Այդ նոյն ազգի պատկանելու անխարդախ եւ ոչ մասնատուած-մասնատուող գիտակցութիւնն է, որուն հակառակին զաւեշտական-իմաստուն բանաձեւումներն ալ լսած ենք, իմանալով, որ ոմանք կէս հայ են, քառորդ հայ են, մէկ վաթսունչորրորդ հայ են, երբեմն ալ` հարիւր տոկոսով հայ եւ հարիւր տոկոսով այլազգի, կամ` ծագումով հայ: Կարծէք` անկարող եւ անատակ դարձած ենք պարզապէս հայ ըլլալու եւ այդ մարդկային կացութիւնը ստանձնելու:

Այս հարցերուն մասին կը խօսուի փակ շրջանակներու մէջ. եթէ խօսուի: Նոյնիսկ գրել թերթերու մէջ` կը մնայ գաղտնի զրոյց, քանի որ ըսուածը եւ գրուածը չեն հասնիր իւրաքանչիւրին անոր յարկին տակ: Հոս է, որ կը դրուի զանգուածին հասնելու եւ զանգուածային վերաբերում ստեղծելու խնդիրը` յաղթահարելով բազմատեսակ կղզիացումները:

Ազգին հիմնահարցերը կախարդական ճիպոտի մը հարուածով պիտի չլուծուին: Անոնց լուծման համար անհրաժեշտ է անհատական շահերը գերանցող հաւաքական յանձնառութիւն, որ հակառակն է «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի, կամ` «ուր հաց հոն կաց»-ի ընկեցիկի հոգեբանութեան, որ ոչ միայն Շահնուրի բառերով բնորոշուող ազգային նահանջն է, այլ նահանջն  է նաեւ մարդկային որակի, երբ կը դադրինք մեր ճակատագրին եւ իրաւունքին տէր կանգնելէ: Նոր տեսակի ստրկութիւն:

Արցախի ազատագրական պայքարը համազգային գաղափարախօսութիւն չեղաւ, ինչ կը վերաբերի բաժան-բաժան ազգի եւ  բաժան-բաժան հայրենիքի միացման: Միացում եւ անկախացում, լեզուով ու մշակոյթով, առանց նաեւ այդ զոյգին, բնական կ՛ըլլայ պատմութեան բեմէն անհետացումը` առանց ջարդի կամ հայրենահանման:

Ֆրանսացի մտաւորական մը, լեզուի սպառնացող վտանգին մասին խօսելով, գործածած էր մեղմ գաղութացում բացատրութիւնը: Մեր պարագային, ինչպիսի՞ մեղմ նահանջի դէմ կանգնած ենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ուրիշներ հոն չեն կանգնեցուցած մեզ: Այս ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հասնի իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:

Որպէսզի օր մը մեր մասին անցեալով չխօսուի:

5 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>