Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

$
0
0

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցը» նիւթով, որ ներկայացուց դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղարիպեան: Նախ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով առողջ, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը մաղթեց` խնդրելով Աստուծմէ, որ մեր ազգին հիմքերը ամրացնէ ու յաւերժացնէ: Ապա շարունակեց` ըսելով, որ թուրքը իր երկրի տարածքին մէջ գտնուող հայկական բոլոր կալուածները, մշակութային յուշակոթողները, խաչքարերը եւ եկեղեցիները աշխարհին կը ներկայացնէ որպէս թրքական մշակոյթ եւ թրքական կալուած: Ճիշդ այս նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 28 ապրիլ 2015-ին Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձի պահանջով դիմած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը հրաւիրած է այս նիւթին քաջածանօթ եւ գործօն ներդրում ունեցող դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան-Գապագեանը, որ ներկայացնէ այս նիւթը` սկիզբէն մինչեւ այսօր:

Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան դասախօսութիւնը սկսաւ` ըսելով, որ Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցը սովորական դատ մը չէ, այլ` հայկական հողատարածք պահանջելու դատ մը: Ապա ներկայացուց դատին օրինական գիծը` յայտնելով, որ 2012 փետրուարին կաթողիկոսարանին մէջ գումարուեցաւ միջազգային խորհրդաժողով մը` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն դէպի հատուցում» խորագիրով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հանրածանօթ համալսարաններէ հրաւիրուած 35 միջազգային օրէնքի մասնագէտներ. դասախօսը բացատրեց այս խորհրդաժողովին հիմնական  քննարկումներն ու եզրակացութիւնները: Այդ քննարկումներէն դասախօսը մատնանշեց յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական ուղին անջատելու հատուցման իրաւական ուղիէն, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտի անգործադրելիութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան հարցը` ցեղասպանութեան արարքին համար, Լոզանի դաշնագիրի ամուր հիմքերը մեր պահանջատիրութեան մէջ, միջազգային դատարաններու ընձեռած կարելիութիւններն ու արգելքները, բարեկամ երկիրներու մօտ դատ հայցելու դժուարութիւնները, թրքական դատարաններու պարագան… եւ այլն: Ապա ան ներկայացուց դատին գործընթացը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանէն մինչեւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան` բացատրելով օրինական պայմաններն ու հիմնաւորումները:

Դասախօսը բացատրեց, որ 15 յունիս 2016-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին արձակած վճիռի թուականէն օրինականօրէն ընտրուած 6 ամսուան պայմանաժամին մէջ, եւրոպական դատարանի մասնագէտներու յաւելեալ խմբակով մը, պատրաստուեցաւ 900 էջնոց դատական նոր թղթածրար մը ու ներկայացուեցաւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան, սակայն ամիս մը ետք, 16 յուլիս 2016-ին, Թուրքիոյ մէջ ծայր առած զինուորական յեղաշրջումին պատճառով մտաւորականներու, փաստաբաններու եւ դատաւորներու անհատական թէ հաւաքական բանտարկութիւնները եւ բռնակալութեանց լոյսին տակ եւ այդ իրավիճակին պատճառով, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին առջեւ Թուրքիոյ դէմ բարձրացուած տասնեակ հազարաւոր դատերու զուգադիպումը, ներքին դատարաններու անբաւարարութեան եւ «արդար ունկնդրութիւն» չստանալու պատճառով բարձրացուած դատերը կը մղէին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանը, առանց 900 էջնոց դատի թղթածրարի քննարկման, զայն վերստին յղելու Թուրքիոյ ներքին դատարաններ` թեթեւցնելու համար իր գերծանրաբեռնուածութիւնը, որուն կարեւոր մէկ տոկոսը  կը կազմեն Թուրքիոյ դէմ բարձրացուած դատերը: Դոկտ. Պայրաքտարեան աւելցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով Սիսի կաթողիկոսարանի օրինական յանձնախումբը կը քննարկէ իր յառաջիկայի քայլերը եւ զանոնք օրին հանրութեան սեփականութիւնը պիտի դարձնէ: Ան ցուցադրեց նկարներ Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ տեսերիզով մը ներկայացուց միաբան հայրերու գաղտնի ուղեւորութիւնը դէպի Սիս` Գոզան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հարց-պատասխան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>