Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին` «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:
Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 18-20 յունուարին, Լիւքսեմպուրկի մէջ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս առիթով Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն` իր գործին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումէն:
«Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ 28 յունուարին տեղի ունենալիք «Կրեմմի» մրցանակի 60-րդ յոբելենական մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ: Խօսելով «Կրեմմի»-ի մասին` Մանսուրեան ըսաւ, որ, անշուշտ, կը սպասէ այդ կարեւոր մրցանակաբաշխութեան: «Եթէ մրցանակի արժանանամ, կը կարծեմ, որ բոլորս ալ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ ոչ, Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանակը արդէն կայ ու կայ», կատակով յայտնեց երաժիշտը:
Դասական երաժշտութեան եւրոպական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը ծնունդ առած է 6 ապրիլ 2011-ին, Քաննի մէջ: Դատական կազմը բաղկացած է երաժշտական հեղինակաւոր ամսագիրներու քննադատներէ: