Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայկական Հարցին Վերաբերող Օսմանեան Փաստաթուղթերու Հսկայ Հաւաքածոյ Մը 1931-ին Ծախուած Է Պուլկարիոյ

$
0
0

Պուլկարիոյ Ազգային գրադարանը կը պարունակէ օսմանեան արխիւներու եւ փաստաթուղթերու աշխարհի ամէնէն հարուստ հաւաքածոներէն մէկը, մօտաւորապէս` 500 հազար արխիւային միաւոր եւ աւելի քան մէկ միլիոն փաստաթուղթ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքփրես» արաբատառ կայքէջը:

Այդ արխիւները կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան պատմական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան յարաբերութիւնները եւրոպական, ասիական եւ իր իշխանութեան ենթակայ երկիրներու հետ, ինչպէս` Եմէնի, Հիճազի եւ Պաղեստինի: Անոնց մէջ տեղ գտած են տնտեսական փաստաթուղթեր, բանակային յատկացումներու եւ պետական հարցերու առնչուող վաւերագրեր:

1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք օսմանեան ուժերը Պուլկարիայէն քաշուելով` հոն ձգած են իրենց արխիւներէն մաս մը: Մինչ վերոնշեալ փաստաթուղթերուն մեծ մասը Պուլկարիոյ պետութիւնը ձեռք բերած է թուղթի աճուրդի մը ընթացքին, 1931 թուականին, երբ թրքական կառավարութիւնը վերամշակման համար չափազանց աժան գնով մեծ քանակով թուղթեր ծախու դրած էր:

Այն ժամանակուան Թուրքիոյ վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւ չէ բացայայտած, որ վերամշակելու միտումով աճուրդի դրուած թուղթերը Օսմանեան կայսրութեան արխիւային փաստաթուղթեր են: Այս մէկը մաս կը կազմէր օսմանեան փաստաթուղթերէն ձերբազատելու ընդհանուր ծրագրի մը, որուն նպատակն էր ոչնչացնել օսմանեան անցեալին վերաբերող որեւէ փաստ:

Օրին ծախուած են մօտաւորապէս 50 թոն օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկ քկ թուղթի արժեգինը եղած էր 3 ղուրուշ:

Թուրք պատմաբան Ռեշիտ Քոնտոկոն «Եիկիտիա» պատմամշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Հայկական հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան վերաբերող օսմանեան փաստաթուղթերը ծախուեցան Պուլկարիոյ 1931 թուականին:

«Թուրք Թայմ» կայքէջը բացայայտած է, որ Կալաթասարայի համալսարանէն շրջանաւարտ Փանչօ Տիւրեֆը ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայկական հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան մասին` օսմանեան արխիւներէն օգտուելով եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է առուծախի գործողութեան ընթացքին եւ արխիւները Պուլկարիա հասցնելու գործին մէջ:

Ֆրանսական «Լա Նուվել Օպզերվաթէօր» շաբաթաթերթը գրած է, որ Վատիկանը Պուլկարիայէն գնած է հայերուն վերաբերող փաստաթուղթերէն մեծ մաս մը:

«Թիւրքիէ կազեթեսի» թերթը իր 1995-ի յունիսի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որուն հեղինակն է Նեճտեթ Օզվոթարի, նշած է, որ Վատիկանը 40 միլիոն պուլկարական լեւ վճարած է վերոնշեալ փաստաթուղթերու գնման համար:

Փաստաթուղթերը պատմութեան հիմքերն են, ականատեսներու վկայութիւնները` պատմական դէպքերուն, ինչպէս նաեւ` պատմաբաններուն հումքը: Եթէ փաստաթուղթերը ոչնչանան, պատմաբանները կը լռեն` կորսնցնելով փաստերը, որոնք կը հաստատեն տուեալները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>