Ըստ ընկալեալ սովորութեան, աշխատանքի մը աւարտին «Վարձքերնիդ կատար» կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք: Ճիշդ է` կարեւոր է այս մէկը, նուազագոյն գնահատանք մը, որ ժպիտ մը կը գծէ աշխատանքը կատարողներուն դէմքին եւ գոհունակութեան թեթեւ զգացում մը կ՛ընծայէ: Սակայն կան աշխատանքներ, որոնք այդ երկու բառերէն քիչ մը անդին երթալու կարիքը կը ներկայացնեն: Գնահատանքի կողքին, անոնք առիթ կը ստեղծեն մտածելու` նիւթերու մասին, որոնք անպայմանօրէն ուղղակի չեն կապուիր աշխատանքին, այլ` աւելի ընդհանուրին:
Տօնական ուրախ օրերու ընթացքին, դեկտեմբեր 30-31-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները, հետեւելով «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով պատրաստեցին 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան կերակուր:
Գեղեցիկ նախաձեռնութիւն, դժուար գործ, ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք, յոգնութիւն… Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Բայց եկէ՛ք` պահ մը մտածենք, թէ ինչո՛ւ այս տեսակի դժուար աշխատանքի մը ձեռնարկեցին սկաուտները, ի՞նչն է այն ուժը, որ այս երիտասարդները կը մղէ կամաւոր աշխատանքի, ինչո՞վ կը տարբերին անոնք իրենց տարեկիցներէն:
Պարզ է. այս հսկայ աշխատանքին ծրագրողն ու նախաձեռնողը խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք կը տարբերին իրենց տարեկիցներէն` միութենական գիտակցութեամբ, պատկանելիութեան զգացումով, որոնք իրենց գործերուն եւ դասերուն կողքին, կ՛աշխատին սկաուտներուն հաճելի, դաստիարակչական, միութենական եւ ազգային աշխատանքներ ծրագրելով եւ իրագործելով: Աւելի՛ն. տօնական օրերուն, մէկ կողմ ձգած վայելքն ու հաճոյքը, միասնաբար աշխատեցան` առանց գանգատելու, եւ կրցան պատրաստել 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան ընթրիք:
Հոս հարկ է յիշել նաեւ եւ վարձքը կատար ըսել բոլոր ծնողքներուն, բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ` նուիրատուներուն, որոնք օժանդակեցին այս աշխատանքին:
Այս երիտասարդները կը հաւատան կամաւոր գործի կարեւորութեան, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ այդպէս կը դաստիարակուին, ինչպէս նաեւ կը դաստիարակեն: Այսպէս, ամբողջ տարին անոնք կամաւորապէս միութենական գործ կը տանին` առանց որեւէ սպասումի:
Այս աշխատանքով ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները կրցան յոյս, վստահութիւն, ինչպէս նաեւ հանգստութիւն ներշնչել մէկ կողմէ կարիքաւոր ընտանքիներուն, իսկ միւս կողմէ, միութեան ապագայով մտահոգ անձերուն, փաստելով, որ տակաւին կայ պատասխանատու երիտասարդութիւն, կայ յանձնառու, նախաձեռնող, միութենական գիտակցութեամբ լեցուն երիտասարդութիւն, տակաւին կը պահուին ՀՄԸՄ-ի արժէքներն, ու կ՛իրագործուին անոր նպատակները:
Ապրի՛ք, քոյրե՛ր եւ եղբայրնե՛ր, շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով եւ նոյն թափով: Այսօր թերեւս դուք չէք նկատեր ձեր կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, սակայն ապագային երախտապարտ պիտի ըլլաք, որ մաս կազմած էք ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով կրցած էք առաւել եւս կազմաւորուիլ:
Լիայոյս ենք, որ այլ առիթներ պիտի ստեղծէք` դարձեալ անցնելու «Վարձքերնիդ կատար»-էն անդին:
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ