Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նշմար. Սուլթանի Մը Ուրուականը` Աթաթուրքակէզ Էրտողան

$
0
0

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Չարաչար պարտուած ըլլալով Սուրիոյ դէմ իր շղթայազերծած` սուրիական նոր տարածքներ զաւթելու եւ Ալեքսանտրեթի զաւթումը մոռցնել տալու նոր-օսմանեան պատերազմին մէջ եւ` Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ վարձկան ամէն գոյնի օտար ահաբեկիչները հովանաւորելու իր միջազգային ոճրագործութեան մէջ Էրտողան կը փորձէ, յամառօրէն ու պինդգլխութեամբ, իրականացնել իր նոր-օսմանականութեան քմշանկարը, եւ մի առ մի կ՛այցելէ Օսմանեան կայսրութեան նախկին գաղութները` յուսալով հողը պատրաստել, կամ, աւելի ճիշդը, Թուրքիոյ բնակչութեան կլլեցնել, որ մօտալուտ է օսմանեան պետութեան վերականգնումը` Աթաթուրքի հիմնած փոքր, անդամահատուած հանրապետութեան յաջորդելու համար:

Էրտողանի այցելած վերջին երկիրները եղան` Եւրոպայի մէջ Յունաստանը, իսկ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ` Սուտանը, Չատը եւ Թունուզը:

Եթէ նախկին գաղութներու ապազգային եւ հակաժողովրդական իշխանութիւնները, գրպանի կամ աթոռի որոշ շահերով, կրնան «անյիշաչար»-ութիւն կեղծել, այդ երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն պատմական յիշողութեան մէջ, սակայն, դեռեւս վառ կը մնան օսմանեան բռնատիրական լուծին չարիքներն ու վնասները: Այսպէս, երբ Էրտողան 2017 թ. Դեկտեմբեր 23-ին Խարթում պիտի այցելէր, Սուտանի մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` «Ալ-Ումմա»-ի փոխնախագահը` Մարիամ Սատեք Մեհտի Էրտողանէն պահանջեց նախ ներողութիւն խնդրել Սուտանի ժողովուրդէն` օսմանեան լուծին պատճառած չարիքներուն եւ վնասներուն համար: Նախորդ օրը, արդէն` դեկտեմբեր 22-ին, Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զէյիտ Թուրքիան ամբաստանած էր Մոհամետ մարգարէին ձեռագիրներուն ու մասունքներուն գողութեամբ` Մետինէ սուրբ քաղաքէն, ձեռամբ` Մետինէի օսմանեան պահակագունդի հրամանատար Օման Ֆախրէտտին Թիւրփաքան փաշայի… երբ այս փաշան 9 յունուար 1919 թուին կը հեռանար Սէուտական Արաբիայէն, 1918 թ. հոկտեմբեր 30-ի Մուտրոսի զինադադարի որոշումին համաձայն: Էրտողան հրահանգեց իրեն հլու լրագրողներուն եւ պատմաբաններուն` հակադարձել Պըն Զէյիտի այս ծանրակշիռ ամբաստանութեան: Քանի մը տասնեակ գրիչներ գործադրեցին Էրտողանին հրահանգը: Եւ բոլորը, բացի մէկէն, հիմնուած էին այն սուտին վրայ, զոր սորված էին իրենց աշակերտական գրասեղաններուն վրայ, թէ` Ֆախրէտտին փաշան այդ ձեռագիրներն ու մասունքները ոչ թէ գողցած էր, այլ զանոնք փրկած` բրիտանացի զինուորներու բռնագրաւումէն… (Այս նոյն տրամաբանութեամբ, ուրեմն, երիտթուրքերը հայասպանութիւն գործեցին եւ Արեւմտահայաստանը զաւթեցին Արեւմտահայութիւնը փրկելու համար ռուսական բռնագրաւումէն…): Էրտողան գոհացած էր այս հակադարձութենէն, քանի որ չէր անդրադարձած, որ Մետինէի շուրջ պատերազմը տեղի կ՛ունենար` երբ օսմանեան բանակը Մետինէի մէջ շրջապատուած էր ոչ թէ բրիտանական զօրքին, այլ Շերիֆ Հիւսէյնի յեղափոխականներուն կողմէ… (Ի դէպ, էմիր Շերիֆ Հիւսէյն դատապարտեց, 1916 թուի իր շրջաբերականով, երիտթուրքերու ոճիրները հայոց դէմ, եւ բոլոր միւս էմիրներուն թելադրեց հոգատար ըլլալ եւ տէր` «Յակոբեան Հայ» գաղթականներուն): Էրտողան չէր անդրադարձած նաեւ, որ երբ «Հիւրրիէթ»-ի մէջ Ահմեթ Հաքան կը գրէ հետեւեալ շունչով գրութիւն մը. «Էմիրութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած այս կեցուածքը արաբներու կողմէ թուրքերը կռնակէն դաշունահարելու արարք մըն է…», կանխաւ խափանած կ՛ըլլայ օսմանեան արաբական գաղութներուն վերադառնալու ամէն ուղի… Ահմեթ Հաքան դպրոցէն սորված է, որ  արաբները Ա. Աշխարհամարտին գործակցած են Բրիտանիոյ հետ եւ Թուրքիան դաշունահարած` կռնակէն: Ան նոյն դպրոցէն սորված է նաեւ, որ հայերն ալ գործակցած են Ռուսիոյ հետ եւ կռնակէն դաշունահարած են Թուրքիան, դաւաճանած են Թուրքիոյ: Թուրք ուսանողները չեն սորված, որ հայերն ու արաբները տառապած են օսմանեան բռնատիրական լուծէն, ինչ որ բնական պիտի ըլլար, որ անոնք գործակցէին օսմանեան պետութեան դէմ պատերազմող պետութիւններուն հետ: Եւ` երբ այսպիսի թշնամութեան քարոզչութիւնը կ՛ընեն, իրենք վերարծարծած կ՛ըլլան թշնամութիւնը արաբ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ եւ անկարելի դարձուցած կ՛ըլլան նոր-օսմանականութեան ծրագիրին գործադրութիւնը… Եւ արդէն, հակառակ Էրտողանի թափած տոնքիշոթեան ճիգերուն, այսօր մեծապէս լարուած են Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Էմիրութիւններուն, Լիպիոյ եւ նոյնիսկ Թունուզի հետ:

Թուրք հեղինակաւոր պատմաբան Շիւքրի Հանի-Օղլուն, նոյն «Հիւրրիէթ»-ին մէջ գրեց. «Շատ մեծ քաղաքական սխալ մը կը գործեն անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Միջին Արեւելքի արաբները մոռցած են օսմանեան պետութեան բռնատիրութիւնը իրենց դէմ, նոյնիսկ` դար մը վերջ»: Արդեօք Հանի-Օղլուն կրնա՞յ հաւատալ, որ մենք, արդէն դար մը վերջ, մոռնալու վրայ ենք Արեւմտահայաստանը… բանիւ եւ գործով… գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, մեղա՜յ… մեղա՜յ Արարատին:

Շիւքրի Հանի-Օղլուի մատնանշած ճշմարտութիւնը հաստատուեցաւ, երբ Էրտողան` Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան միութեան նախագահի հանգամանքով, եւ` օգտագործելով Երուսաղէմը սիոնականութեան տարատնկեալ պետութեան նուիրելու Թրամփի խոստումը, անոր դէմ, Պոլսոյ մէջ, հրաւիրեց արաբ-իսլամ երկիրներու գագաթաժողովի մը` բարձրացնել կարծելով իր ժողովրդականութիւնը այդ երկիրներուն մէջ` յաչս Թրամփի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ: Հրաւիրուած 53 երկիրներէն միայն 17-ին պետերը ներկայ եղան. միւս 36-ին պետերը չհաւատացին Էրտողանի անկեղծութեան եւ բացակայեցան ժողովէն, քանի որ Թուրքիա իսլամ երկիրներէն միակն է, որ պորտակապով կապուած է սիոնական տարատնկուած պետութեան, եւ Էրտողան ոչ մէկ գործնական քայլ առաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նկատմամբ` խզելով իր դիւանագիտական կապերը անոնց հետ, կամ` սպառնալով վերջ դնել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմախարիսխներուն եւ Մալաթիոյ մէջ գործող իսրայէլեան ռատարին…

Բայց Տոն Քիշոթը (Էրտողան) կը շարունակէ իր նոր-օսմանականութիւնը իրականացնելու ծրագիրը` արհամարհելով ռուս-իրանեան ճնշումները` զինք տարհամոզելու, որպէսզի հրաժարի իր փայփայած երազէն: Ռուսիա եւ Իրան սխալա՞ծ են արդեօք, եւ Էրտողան իրաւացիօրէ՞ն գրաւ դրած է արաբներու դիմադրականութեան չգոյութեան, եւ ռուս-իրանեան` Թուրքիոյ հանդէպ ներկայի հանդուրժողութեան անսահմանութեան վրայ… Արաբներու դիմադրականութեան ցարդ բացակայութիւնը տակաւին անոր չգոյութեան ապացոյց մը չէ: Իսկ ռուս-իրանեան ներկայի հանդուրժողականութիւնը անսահման չէ բնա՛ւ, այլ` պայմանաւոր եւ ժամանակաւոր միայն: Ռուս-իրանեան կողմին համար կարմիր գիծեր են` համաթրքութիւնը եւ նոր-օսմանականութիւնը: Միայն թէ Ռուսիա կ՛ուզէ զօրաւոր ներկայութիւն ունենալ ո՛չ միայն Սուրիոյ եւ Սուէզի մէջ, այլեւ` Վոսփորի…: Եւ այս վերջինին դիմաց Թուրքիա պայման ունի, եւ Հայաստան պարտաւոր է հաւատարիմ մնալ Ռուսիոյ, որպէսզի այդ պայմանը չհակասէ Հայաստանի շահերուն…

Էրտողան վերջերս այցելեց Սուտան, Չատ եւ Թունուզ` թրքական մահիկով պաշարելու համար Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան… որոնք իր մեծագոյն երկու մրցակիցներն են սիւննիական արաբ աշխարհին մէջ:

Ան արդէն, օգտուելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Էմիրութիւններու` Քաթարի հանդէպ թշնամանքէն, Քաթարի մէջ հաստատեց թրքական ռազմախարիսխ մը` 3000 զինուորներով` եւ մօտերս հոն կ՛աւարտէ գործարանի մը շինութիւնը` տեղւոյն վրայ ռազմական սարքեր արտադրելու համար:

Եւ Սուտան այցելութեամբ, 100 տարուան համար վարձու առաւ Սաուաքին կղզին` զայն նկատելով նախկին սեփականութիւնը օսմանեան պետութեան, շեշտելով, որ Սաուաքին կղզին ո՛չ Սուտանի կը պատկանի եւ ո՛չ ալ այլ արաբական պետութեան մը: Եւ հոն հաստատեց թրքական երկրորդ ռազմախարիսխ մըն ալ…

Նախապէս արդէն, օգտագործելով Սոմալի տնտեսական սուր տագնապը, կաշառած էր Սոմալի իշխանութիւնը, եւ հոն հաստատած` թրքական 3-րդ ռազմախարիսխ մը` Կարմիր ծովի ափին, սպառնալու համար Եգիպտոսի ազգային անվտանգութեան, ապահովելով նաեւ` ոչ միայն Չատի, այլեւ նոյնիսկ Թունուզի գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, մինչդեռ Թունուզի նոր ազատագրուած էր օսմանեան ազդեցութենէն` մեկուսացնելով Իսլամ եղբայրներու «Նահտա» կուսակցութեան իշխանութիւնը, որ իշխանութիւնը գրաւած էր ապակողմնորոշելով եւ շահագործելով «Արաբական գարուն» յորջորջուած յեղաշրջումը, որուն ալիքը սկսած էր Թունուզէն… (Բայց արդէն, 1987-ին, երբ այս տողերուն հեղինակը Թունուզի մէջ կը մասնակցէր Պաղեստինցի գրողներու եւ լրագրողներու 9-րդ համագումարին, մեծ զարմանքով զգացած էր օսմանականութեան եւ իսլամութեան զօրաւոր ազդեցութիւնը այս երկրին մէջ, քանի որ Թունուզ, Հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներէն այն մէկն էր, որ ունէր նաեւ ազգայնական եւ ընկերվարական ուղղուածութեամբ ազդեցիկ կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց մեծագոյնն էր երկրի Աշխատաւորական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը):

Միւս կողմէ` այսօր Սինայի թերակղզիին մէջ շարունակուող ահաբեկչական գործողութիւնները ֆինանսաւորողն ու ղեկավարողը Էրտողանի Թուրքիան է` Եգիպտոսի դէմ: Իսկ Եթովպիան, «Վերածնունդ» կոչուած ջրամբարտակով արտայայտուած իր հակաեգիպտական թշնամանքով` Նեղոսի ջուրերուն կապակցութեամբ, կը ղեկավարուի ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Իսրայէլի կողմէ, քանի որ Նեղոսի ջուրերուն աչք ունէր Պեն Կուրիոն` տասնամեակներ առաջ արդէն: Եւ սիոնական դրօշի վերեւի եւ վարի կապոյտ գիծերը կը խորհրդանշեն Նեղոս եւ Եփրատ գետերը, եւ Իսրայէլի Քնեսեթի ճակատին գրուած է. «Հայրենիքդ կը տարածուի Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ»: Այս նշանաբանին հեղինակն է Պեն Կուրիոն` 1948 թուականին, երբ ըսաւ. «Իսրայէլի ապագան երաշխաւորելու համար մենք պէտք է տիրապետենք Նեղոսի եւ Եփրատի ջուրերուն»: Եւ` սիոնահամափանթուրքական շահերուն միջեւ պորտակապը կ՛երեւի բազմակի երեսակներով…

Միջանկեալ, հարկ է վերյիշեցնել, որ Թուրքիոյ պետութիւնը, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու նման, տարատնկեալ պետութիւն մըն է: Այս երեքը հիմնուած են իրենց գրաւած երկիրներուն բնիկ ժողովուրդներուն արեան ու գանկերուն վրայ եւ անոնց միջեւ ապահարզանը անկարելիութիւն մըն է: Անոնք պարտաւոր են իրարու կողքին կենալ, երբ իրենցմէ մէկը դատապարտուի իր տարատնկեալ ըլլալուն համար: Միաժամանակ այս երեքին մեծագոյն սպառնալիքը իրարու այն է, որ պիտի խօսին միւսին տարատնկեալ ըլլալուն, բնիկ ժողովուրդը ցեղասպանած ըլլալուն մասին: Սիոնական պետութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մինչեւ օրս կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիոյ ձեռամբ, ի՛նչ վէճ ալ ունենան անոր հետ:

28 յունիս 2016 թուին Էրտողան Իսրայէլի հետ ստորագրեց բարեկամութեան նոր համաձայնագիր մը` Երուսաղէմի մէջ, եւ ոչ թէ` Թել Աւիւի… (փաստաթուղթին մէջ, որպէս վայր, յիշուած է Երուսաղէմը): TRT-ի վրայ մրցութեան մը մէջ Իսրայէլի մայրաքաղաքը ո՞րն է հարցումին, ճիշդ պատասխան նկատուեցաւ Երուսաղէմը: Էրտողան միակ պետն է իսլամ երկիրներու պետերուն մէջէն, որ արժանացած է, Միացեալ Նահանգներու մէջ սիոնական լոպիին կողմէ, քաջութեան շքանշանին, որ «Դաւիթի աստղ»-ն է: Նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի օրով, երբ Էրտողան վարչապետ էր, Թուրքիա իսլամական միակ երկիրն էր, որ 2007 թուին արտօնեց Շիմոն Փերեսին ճառախօսել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Թրամփի, Էրտողանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները միայն երկրորդական եւ ժամանակաւոր կ՛ըլլան… Այս երեքին անսուրբ դաշինքը վերջ կրնայ գտնել միայն ու միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին կայսերապաշտութենէն, Թուրքիա հրաժարի համարթրքութենէն եւ նոր-օսմանականութենէն, իսկ հրէութիւնը հրաժարի սիոնականութենէն…:

Տակաւին, Օսմանեան կայսրութեան նախկին սահմաններու վերականգնումին մոլուցքով յղփացած Էրտողան կը փորձէ նոյնիսկ վերադառնալ Եւրոպայի մէջ օսմանեան գաղութներուն:

Անոր այցելութիւնը Յունաստան` այս նպատակը կը հետապնդէր, պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել Լոզանի դաշնագիրը (1923 թ.)` Յունաստան-Թուրքիա սահմանին կապուած: Միջազգային դէտեր եւ վերլուծաբաններ միանշանակ մեկնաբանութիւն չտուին Էրտողանի այս անսպասելի պահանջին: Եթէ ոմանք տոնքիշոթեան որակեցին զայն, ուրիշներ ալ պնդեցին Էրտողանի հաւանական վախին վրայ, թէ` միաբեւեռ աշխարհակարգէն բազմաբեւեռի անցումի ներկայ սրարշաւ ընթացքը կրնայ նաեւ յանգիլ ոչ միայն Սեւրի վերակենդանացման, այլեւ` նոր Լոզանի մը, նոր տարանջատում մը պարտադրելու համար օսմանեան պետութեան շարունակութիւնը եղող արդի Թուրքիոյ տարածքին, քանի որ Լոզանը անտեսած էր Սեւրի այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերէին Քիւրտիստանի (Յօդ. 62-րդ, 63-րդ եւ 64-րդ) եւ Հայաստանի (Յօդ. 88-րդ, 89-րդ եւ 90-րդ):

Մուսթաֆա Աթաթուրքը Լոզանը նպաստաւոր համարած էր թուրքերուն համար, քանի որ ան ոչ միայն գոհ էր, որ Լոզանը անտեսած էր Քիւրտիստանը եւ Հայաստանը, այլեւ ինք հրաժարած էր իսլամութենէն եւ օսմանականութենէն (կայսրութեան ծրագրէն): Էրտողան այսօր Լոզանը աննպաստ կը համարէ Թուրքիոյ համար եւ չի հրաժարիր իսլամէն եւ կայսրութենէն: Ան կը հետապնդէ նոր-օսմանականութեան ծրագիր, որպէսզի Լոզանի եւ արդի Թուրքիոյ դարադարձին (2023 թ.) կարողանայ պահանջել «Օսմանեան կայսրութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքին գործադրութիւնը…»: Էրտողանի այս երազը իրականանալու յոյսի նշոյլն անգամ չունի, քանի որ ասոր դէմ են ոչ միայն Ռուսիան` առաջին հերթին, այլեւ` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան, արաբ-իսլամ աշխարհը եւ ՊՐԻՔՍ-ի միւս երկիրները: Բայց Էրտողան իր ղեկավարած Թուրքիան կ՛ուզէ սեպել օսմանեան պետութիւն, որուն շառաւիղն է ինք. այդպիսով կարծելով, որ կրնայ խափանել Սեւրի վերակենդանացումն ու նոր Լոզանի մը գոյառումը` պահանջելով նոյն ատեն Լոզանի վերատեսութիւնը` ի նպաստ իրեն, եւ յոռեգոյն պարագային, այս հմայիլով կը յուսայ վերաշահիլ ժողովրդականութիւն` ներքին ճակատին վրայ եւ հաստատել սուլթանական միապետական բռնատիրութիւն` մոռցնել տալու համար Մուսթաֆա Աթաթուրքին կիզիչ յիշատակը…:

Բայց մեզի համար ցաւատանջ հարցումը այն է, թէ ի՞նչ կ՛ընէ հայութիւնը Էրտողանի վախին ի տես: Ի՞նչ կ՛ընէ հայութիւնը` Սեւրի վերակենդանացման եւ նախագահ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի գործադրութեան համար:

Պէյրութ
1 յունուար 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles