Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Որպէսզի Չարը Չուրախանայ

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Այս շաբթուան մէջ կը լրանայ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 11րդ տարելիցը: Անշուշտ որ խիստ անբաւարար է «մահուան» եզրը, քանի որ կը խօսինք 1,5 միլիոն+1-րդ նահատակի մասին: Ինչպէս կը տեսնենք, Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ յաղթեց մահուան: Այս հաստատումին վառ ապացոյցն է 11-րդ տարելիցին առիթով ցուցաբերուած աշխարհասփիւռ ուշադրութիւնը: Արդարեւ, ոչ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ շատ աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ կը յիշուի իր ժողովուրդին արդարութեան պահանջին մէջ մարտիրոսացած հերոսի մը յիշատակը: Սակայն այսօր կ՛արժէ ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի այն մթնոլորտը, որուն զոհը գացած է Հրանդ Տինք: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդար կերպով այդ թունաւոր մթնոլորտը պիտի կապէ Թուրքիոյ աւանդական չարագործութեան: Սակայն խնդիրը միայն այս պարզութեան մէջ դիտելը խիստ անբաւարար է: Պէտք է յիշեն, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու` անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառով: Նախ եւ առաջ` Հրանդ Տինք սպառնալիք մըն էր հասարակութեան այն խաւին համար, որ համակերպած էր իր ապրած երկրի բոլոր անարդարութիւններուն, նոյնիսկ կը կիսէր այդ անարդարութիւնները:

Հրանդ Տինքի ելոյթները մտավախութիւն էին անոնց համար, քանի որ կրնային խանգարել իրենց կարծեցեալ անդորրը: «Հիմա ի՞նչ պէտք կայ այս հին հաշիւները բանալու», կը հարցնէին անոնք: Տարիներու դառն փորձառութեամբ սորված էին, որ պետութեան դէմ գլուխ ցցելը խիստ փորձանքաբեր երեւոյթ մըն է, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ եւ շարունակել` սեփական ճղճիմ աշխարհին անսասանութիւնը պահելով: Սակայն Հրանդ կեանքի պատրաստուած էր շատ աւելի յանդուգն խառնուածքով մը եւ բնաւ նպատակ չունէր այս անբարոյ ապահովութեան ապաւինելու:

Անցեալին Հրանդ Տինքը յօշոտողները այսօր իրենց յարձակումներուն թիրախ դարձուցած են նոյնքան քաջարի ուրիշ անուն մը: Անոնք հիմա ալ կը սոսկան, որ Կարօ Փայլանի պատճառով դարձեալ կրնայ խանգարուիլ իրենց անդորրը կամ շուկայի մէջ իրենց ճղճիմ շահերը: Անցեալին Հրանդը հալածողները այսօր նոյն թափով, նոյն վճռակամութեամբ լծուած են Կարօ Փայլանը հալածելու գործին: Եթէ յանկարծ իրենց թունաւոր խօսքերուն պատճառով մեր պատմագրութեան մէջ նշուած նահատակներուն թիւը եւս աւելնայ գումարած մէկով, կարծես թէ անոնք պիտի արդարանան իրենց թունաւոր միտքերուն մէջ: «Յայտնի է, որ այսպէս պիտի ըլլայ: Ի՞նչ կը կարծէր այդ տխմարը: Իրե՞ն մնացեր էր երկիրը ազատել», պիտի հարցնեն մեզի այնքան ծանօթ ամբարտաւանութեամբ: Կեանքի հիմնական նպատակը ոմանց համար միայն ու միայն իր մորթը ապահով պահելով սահմանուած է: Բայց ո՞վ կրնայ ըսել, որ այս սահմանումը կը բաւարարէ բոլորը: Ժամանակները հերոսներ կը ծնին, բայց միշտ չէ, որ այդ հերոսները տեսնուին ճղճիմներու կողմէ:

Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը մեզ կը զգուշացնէ նաեւ զգօն ըլլալու համար: Անցեալին բնաւ քիչ չէին այն հայերը, որոնք մեծ ափսոսանք ու զղջում յայտնեցին այդ չար դէպքին պատահելէն ետք: Իրենք զիրենք մեղադրեցին օրըստօրէ արթուն չգտնուելով եւ Հրանդը արիւնարբու վոհմակի դիմաց առանձին թողնելու պատճառով: Նոյն ափսոսանքը կրկնելը շատ սուղ պիտի ազդէ բոլորիս: Ուրեմն արթուն գտնուինք, պատշաճ կերպով կասեցնենք Կարօ Փայլանին ուղղուած ամէն տեսակի ցեխարձակում: Անմիջապէս այս օրերուն Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլի օրկաններէն մէկուն մէջ ներկայացաւ այդ ցեխարձակման պատկերը: Իբր թէ ոմանք յաջողած էին կասեցնել ՀՏՓականներու` պատրիարքարանի դէմ սադրանքը: Այս լուրը իր պատրաստութեան կանոնով, շարադրութեան ոճով եւ ցեխարձակման եղանակով բաւականին ծանօթ էր: Ծանօթ էր երկու առումով: Մենք այս ոճը գիտենք նախ Պաղ պատերազմի ժամանակներուն ապատեղեկատուութեան օրինակներով եւ ապա ուղղակի այս երկրին մէջ մամուլին որդեգրած դերակատարութիւններով: Պարտաւոր ենք դիմել բոլոր միջոցներուն, որպէսզի կասեցնենք այս դաւադրութեան գործընթացը եւ չարտօնենք, որ նոյն չար միտքը անգամ մը եւս ուրախանայ:

pakrates@yahoo.com

17 յունուար 2018
«ԱԿՕՍ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>