Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան Այցելեց Առաջնորդարան

28 դեկտեմբերին Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը եւ նոյն համալսարանի զարգացման բաժանմունքի փոխնախագահ Փոլ Եղիայեանը եւ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:

Տոքթ. Տէր Կիւրեղեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ համալսարանի դասընթացքներուն եւ Հայաստանէն թէ արտասահմանէն եկող ուսանողներու տրամադրուած ծառայութիւններուն մասին, նշելով, որ համալսարանը ունի մասնագիտական բազմաթիւ ճիւղեր: Ան նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, որոնք կրնան հետաքրքրել Հայաստանի մէջ ուսանիլ փափաքող արտասահմանցի երիտասարդները:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին գնահատանքով խօսեցաւ տոքթ. Տէր Կիւրեղեանի ներդրումին ու տարած աշխատանքին մասին` վեր առնելով արդի աշխարհին մէջ մասնագիտական ուսման կարեւորութիւնն ու այս համալսարանին մատուցած ծառայութիւնները թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ այլ երկիրներէ անոր դիմող ուսանողներուն:

Հրաժեշտի պահուն առաջնորդ սրբազանը իբրեւ յուշանուէր տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանին յանձնեց Ազգ. առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն օրինակներ:

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Տնօրհնէք Ու Ջրօրհնէք Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին,  5 յունուարին,  առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ կարգ մը քահանայ հայրերու այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոց:

Ներկայ էին` Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոն, Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ոստիկանապետ Ռապըրթ Քասթրոն, հրշէջներու բաժանմունքի վարիչ Կրեկ Ֆիշը, Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մերի Յովակիմեանը եւ հիւանդանոցի պատասխանատուներ:

Հիւանդանոցի հոգեւոր խորհրդատու Քեսի ՄըքՔարթի շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին ու հոգեւորականներուն, որ այս տարի եւս տօնական այս օրերուն կ՛այցելեն հաստատութիւնը եւ Ս. Ծննդեան տօնի օրհնութիւնները կը բերեն հիւանդանոցին ու մանաւանդ հիւանդներուն:

Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոն շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան խօսք առնելով` Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց բոլորին եւ բացատրեց, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Քրիստոսի Ծննդեան տօնին հետ միատեղ կը նշէ Անոր մկրտութիւնը, որ կը յիշատակուի ջրօրհնէքի սրբազան արարողութեամբ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Ապա ներկաները ստացան օրհնուած ջուր եւ աղօթագիրքեր:

Սուրիա

Սուրիոյ Առաջին Տիկինը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան Հետ

9 յունուարին Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ասատ հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սոնա Անտրեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ բարեսիրական աշխատանքներու կարեւորութեան մասին:

Վարչութեան անդամները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան բնոյթն ու տարողութիւնը:

Ասմա Ասատ, գնահատելով տարուած աշխատանքը, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու միութեան բարեսիրական եւ ընկերային գործունէութեան:

Յունաստան

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

8 յունուարին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ացելութիւնը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, որուն կ՛ընկերակցէր Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեանը:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը Աթէնք կը գտնուէր Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի տնօրէններու համաժողովին առիթով եւ փափաքած է այցելել առաջնորդ սրբազան հօր` Ս. Ծնունդի առիթով շնորհաւորանք եւ բարեմաղթութիւններ յայտնելու:

Դոկտ. Ճէպէճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան կատարած աշխատանքները եւ սրբազան հօր յանձնեց վերջերս հրատարակուած «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գունագեղ գիրքը, որ  պատրաստուած է յատկապէս փոքրերու եւ պատանիներու քրիստոնէական դաստիարակութեան համար:

Առաջնորդ սրբազանը, մօտէն ճանչցած ըլլալով դոկտ. Հ. Ճէպէճեանը եւ անոր գործունէութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ գնահատեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին առաքելական շունչով Աստուծոյ խօսքը տարածելու ճիգն ու աշխատանքը, որոնց վերջին մէկ օրինակը կը հանդիսանայ իր իսկ անձնական ջանքերով հրատարակուած վերջին հրատարակութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց դոկտ. Ճէպէճեանին, որ ընդառաջեց իր առաջարկին, որպէսզի սոյն գիրքէն օրինակներ տրամադրուին Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին` օգտագործելու համար փոքրերու եւ պատանիներու հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրներուն մէջ:

Քանատա

Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան Կը Նշանակուի Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ

Տնօրինութեամբ Քանատայի թեմի ռաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը նշանակուեցաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ:

Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 2001 թուականին` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի, այնուհետեւ ծառայած է որպէս կուսակրօն քահանայ` Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: 2009 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան` ձեռամբ Նարեկ արք. Ալեմեզեանի, իսկ 2016-ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետական աստիճան ձեռամբ Խաժակ արք. Յակոբեանի:

Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեան եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչի օգնական, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի օգնական, Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ, թեսաղոնիկահայ գաղութի հովիւ:

2009 թուականէն ի վեր Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը հաստատուած է Քանատա` նախ ծառայելով Ս. Քաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նիակարա Ֆոլզ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ այցելու հովիւի պարտականութիւնը: 2012-ին  ան նշանակուած է Քեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ: 2009-2012 ան վարած է Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի վարիչի պաշտօնը: 2016 ապրիլէն սկսեալ, Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը կը ծառայէ Թորոնթոյի Հայաստանեայց  առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ`որպէս հովիւ: 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով ան նշանակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Խաղաղութեան եւ արդարութեան ուխտագնացութիւն» յանձնաժողովին:

Ատրպատական

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակի Մեկնարկը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցումով

31 դեկտեմբերին, Ս. պատարագի մատուցման ընթացքին, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:

Ս. պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆճեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Սարդարապատի ճակատամարտի ընթացքին նահատակուած բոլոր մարտիկներու հոգիներուն համար:

2018-ին Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակն է: Առ այդ, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին եւս կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի մտածումներն ու մեր ազգի եւ հայրենիքի գծով յառաջատեսիլ հայեացքը ամփոփող գիրը` իբրեւ մեկնարկ թեմին մէջ կատարուելիք տարբեր տօնախմբութիւններուն:

Սրբատառ կոնդակի ընթերցումով Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ տրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկի ազդանշանը:

Թեհրան

Մշակոյթի Նախարարի Տեղակալին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

14 յունուարին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ իրանահայութեան Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան պատգամը փոխանցելու նպատակով, մշակութային գծով նախարարի տեղակալ Մոհսեն Ճաւատի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեցին սրբազան հօր` մաղթելով համայնքին համերաշխութիւն, ծրագիրներու իրականացում եւ նոր ձեռքբերումներ:

Հանդիպումի ընթացքին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը հաստատեց գոյութիւնը բարեկամական ամուր կապերու, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ միշտ ցուցաբերուող բարեկամական վերաբերմունքի արդիւնքն են:

Դոկտ. Կարէն Խանլարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան եւ իշխանութիւններուն` տօնական օրերուն ցուցաբերուած աջակցութեան եւ համայնքային տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման արտօնութիւններ տալուն համար:

Մոհսեն Ճաւատի խօսք առնելով, շեշտեց համայնքին օժանդակելու նախարարութեան պատրաստակամութիւնը` յայտնելով, որ անիկա շարունակական է: Ան հաստատեց, որ իրանահայ համայնքը իր ուրոյն դերով միշտ գործօն մասնակցութիւն բերած է երկրի զարգացման ծրագիրներուն եւ եղած է իրենց կողքին: Ան հաստատեց ազգային փոքրամասնութիւններու դերն ու նշանակութիւնը երկրի կեանքին մէջ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցութեան ու աջակցութեան:

Ֆրանսա

Արցախեան Օրեր

Ֆրանսայի մէջ «Արցախեան օրեր»-ու շրջագիծին մէջ Արցախի տարբեր քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագիրներ կնքած ֆրանսական քաղաքներուն մէջ  կազմակերպուեցան մշակութային ձեռնարկներ:

Տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ իրաւաբան Ժիրայր Կէրկէրեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ» գիրքին շնորհահանդէսը եւ քննարկումը: Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Պեքլարեան ներկայացուցած է` ղարաբաղ-ազրպէյճանական հակամարտութեան պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը, Արցախի պետական հիմնարկներու առանձնայատկութիւնները եւ տնտեսական յաջողութիւնները:

Գիրքի ներկայացման զուգահեռ, կազմակերպուեցաւ ֆրանսացի յայտնի լուսանկարիչ Իվան Թրաւերի «Արցախ. մի երկրի ոգին» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը, գծանկարիչ Սիլվեն Սաւոյայի «Ճամբորդութիւն դէպի Արցախ» գծանկարներու շարքի, ֆրանսահայ երաժիշտ Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնները:

«Արցախեան օրեր» ծրագիրի ծիրին մէջ Լէ Պեն Միրապօ քաղաքին մէջ կը նախատեսուի նաեւ տարբեր պաշտօնական ձեռնարկներ, ինչպէս` լուսանկարներու ցուցահանդէս, համերգներ եւ այլն:

Վրաստան

Սերգէյ Փարաճանովին Նուիրուած Ստեղծագործական Մրցոյթին Պարգեւատրման Արարողութիւնը

Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Վիրահայերու միութեան, 8 յունուարին Թիֆլիսի Կովկասեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Սերգէյ Փարաճանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցումի մրցանակակիրներուն պարգեւատրման արարողութիւնը ներկայութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի, Վրաստանի հաշտեցման եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լաշա Տարսալիանի, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Դատակազմի որոշումով ստեղծագործական մրցումի «Ոսկէ դափնեկիր»-ի կոչումին արժանացաւ Տինատին Փուկիա, առաջին տեղը գրաւեց Եուլիա Ճալունելի, երկրորդ` Գոհար Յակոբեան, իսկ երրորդ` Լեւան Ցալուկելաշվիլի:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>