Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Դերասանութիւնը Անընդհատ Տարերքի Մէջ Ըլլալ Կը Նշանակէ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երուանդ Ղազանչեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Անցնող շաբաթ Պէյրութ կը գտնուէր հայրենի թատերագէտ, Հայաստանի Թատերագէտներու միութեան նախկին նախագահ եւ թատրոնի մարզին մէջ անուանի հեղինակութիւն Երուանդ Ղազանչեանը, որուն հետ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ներկայիս հայ թատրոնի պարզած վիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, երիտասարդ դերասաններու պատրաստութեան եւ ընդհանրապէս հայրենի թատրոնի հեռանկարային խնդիրներուն մասին:

Խօսելով թատրոնին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին` Երուանդ Ղազանչեան ըսաւ, որ թատրոնը միշտ եղած է դժուարութիւններու մէջ, եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, որ որեւէ ժամանակ շատ հեշտ եղած է, մի՛ հաւատաք: Թատրոնը ինքը այնպիսի օրկանիզմ է, որ առաջ գացած է միշտ յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, ինչպէս` քատրային, դերասանական, բեմադրական, նկարչային, երաժշտական: Դժուարութիւններ եղած են թատրերգութեան իմաստով, որ` ժամանակակից թատրերգութիւնը բաւական սակաւ եղած է, եւ մարդիկ միայն դասական հեղինակներով առաջ գացած են, ինչ որ ճիշդ ուղի չէ, որովհետեւ եթէ կ՛ապրիս այսօր, դուն պիտի կարենաս այսօրը ներկայացնել նաեւ քու ժողովուրդին: Դժուար եղած է միշտ, որովհետեւ ֆինանսապէս ալ մարդիկ ապահովուած չեն եղած:

Շատ բան դրուած է մարդոց ոգեւորութեան վրայ, երիտասարդներու խենթ ոգեւորութեան վրայ, որ ինծի համար ո՛չ միայն ուրախալի, այլեւ զարմանալի է, եւ ես ատոր համար ուղղակի կը ցնծամ, երբ կը տեսնեմ երիտասարդ մարդիկ, որոնք այդքան նուիրուած են թատրոնին:

Ես շատ ուրախ եմ, որ այս առիթը ստեղծուեցաւ, եւ Խաչատուրեան ընտանիքը հրաւիրեց զիս շաբաթով մը, որ Պէյրութ գտնուիմ: Տեսայ, վերյիշեցի իմ այստեղի անցած-գացած 13 ոսկեայ տարիները, որոնց ընթացքին առիթ ունեցած եմ ե՛ւ ստեղծագործական իմաստով ինչ-որ բանով օգտակար ըլլալու, ե՛ւ մարդկային իմաստով  բազմաթիւ ընկերներ ձեռք բերելու այստեղ, գրագէտ, կիրթ մարդիկ. գիտէք` աշխարհը հիմա ընդհանրապէս կը տնքայ կիսագրագէտներու ձեռքէն, այնպէս որ, ես շատ ուրախ եմ  այդ իմաստով:

Անդրադառնալով հայրենի թատրոնի պարզած վիճակին` Ե. Ղազանչեան ըսաւ. «Ամէն թատերաշրջանի երկու կամ երեք երիտասարդ մարդ կը վերցնեմ թատրոն, ինչո՞ւ, որովհետեւ նախ եսասիրական բան կայ ատոր մէջ, կ՛ուզեմ` իմ կեանքի գործը չկորսուի, կ՛ուզեմ, որ ինձմէ ետք ըլլան մարդիկ, որոնք կարենան պահել այն, ինչ որ մենք ձեռք ձգած ենք տառապանքով, սիրով, ցնծութեամբ, օր մը ուրախ, օր մը տխուր, օր մը կռուելով, օր մը հաշտուելով: Այդպէս է թատրոնի կեանքը. կը մտածեմ նաեւ, որ անպայման երիտասարդ արիւն պէտք է ներարկել, այլապէս կանգ կ՛առնէ կեանքը: Շատ ուրախ եմ, որ այս տարի ալ երկու նոր երիտասարդներ, շատ շնորհալի մարդիկ յունուար 15-էն ետք պիտի սկսին հետեւիլ դերասանական մասնագիտութեան: Ես ուրախ եմ նաեւ, որ անցեալ տարուան մեր շրջանաւարտներէն, յատկապէս` իմ դասընթացքի շրջանաւարտներէն մէկը հիմա կը ղեկավարէ Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի «Վահրամ Փափազեան» թատրոնը, անոր գեղարուեստական ղեկավարն է հրաշալի տաղանդաւոր աղջիկ մը` Ռուզանը, շատ լաւ կ՛աշխատի, իսկ միւս շրջանաւարտներէն Արմէն Սաֆարեանը կը ղեկավարէ Գաւառի թատրոնը, անոր գեղարուեստական ղեկավարն է: Դժուարութիւններ կան, կը բողոքէ, կը տնքայ մէկ-մէկ, բաց միշտ կ՛ըսեմ` այդ դժուարութիւնները միշտ ալ կ՛ըլլան, սակայն թատրոնի ազդագիրի վերջաւորութեան, երբ իբրեւ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար կը գրուի քու անունդ, ատիկա մեծ պատիւ է: Հոս հասնելու համար ի՛նչ դժուարութիւններ ալ ըլլան, պէտք է յաղթահարել, պէտք չէ վախնալ անոնցմէ, որովհետեւ դժուարութիւնները ստեղծուած են, որ մարդիկ յաղթահարեն զանոնք: Ուշադրութեան կիզակէտը միշտ ալ թատրոնը պէտք է դարձնել:

«Այս օրերուն մեծ բարեբախտութիւն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնէ մշակոյթին, միայն ինք, չեմ կրնար ուրիշ անուններ տալ. իմ խնդրանքովս թատրոնի փոքր սրահ մը վերակառուցեցինք իր տուած հսկայական գումարով. այնպէս որ, կան մարդիկ, որոնք կ՛օգնեն թատրոնին. թատրոնին 75-ամեակն էր, այդ առիթով լոյս տեսան տարբեր գիրքեր, նաեւ` Ռուբէն Մաթէոսեանի, Սվետլանա Գրիգորեանի մասին: Չեմ կրնար իմ երախտագիտութիւնս յատուկ կերպով չյայտնել նախագահին, որ այս տօնակատարութեան օրերուն մեր թատրոնէն հինգ երիտասարդներու պարգեւեց վաստակաւոր արուեստագէտի պատուաւոր կոչումը, այս իմաստով ես շատ գոհ եմ»:

Խօսելով իր թատերական գործունէութիւններուն մասին` Երուանդ Ղազանչեան ըսաւ. «Ես հիմա կը պատրաստուիմ Տիգրան Չուխաճեանի նոր գործը բեմադրել, Չուխաճեանի «Կարինէ»-ն արդէն բեմադրեցի երեք տարի առաջ, եւ այդ ներկայացումէն ետք 4 դերակատարներ արժանացան նախագահի մրցանակին, ատիկա թատրոնին համար մեծ վերաբերմունք կը համարեմ, հիմա կը մտածեմ «Արիֆի խորամանկութիւնը» ներկայացնել, անշուշտ Արիֆ անունը պիտի փոխուի: Ասիկա Չուխաճեանի առաջին երգիծական թատերախաղն է, եւ ատոր համար շատ լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնեմ, որովհետեւ Պոլսոյ երաժշտական թատրոնի ճեմասրահին մէջ փակցուած է Չուխաճեանի մեծ նկարը եւ տակը գրուած` «Օսմանեան թատերախաղի հիմնադիրը», այսինքն ամէն բան կ՛ուզեն խլել մեզմէ, մեր հարեւանները Սայաթ Նովան կը խլեն, հետեւաբար մենք պէտք է բոլորին տիրութիւն ընենք, տիրութիւն` անընդհատ բեմադրելով, որպէսզի ժողովուրդը հասկնայ, որ մե՛րն է, մե՛ր մասին է: «Թրքալեզու գրուած գործը թարգմանուեցաւ արդէն, բայց այսպիսով չենք  կարենար սկսիլ արդէն. հազիւ վերադառնամ, պիտի աշխատինք կտորը ամբողջութեամբ յարմարցնել երաժշտութեան: Պետական քննութիւնները, հիմա անոնցմով զբաղած պիտի ըլլամ, տասներեք հոգի պիտի աւարտեն: Նախ պիտի աշխատինք քննութեան վրայ, ապա տեսնենք, թէ ո՛ւր պիտի կարենանք տեղաւորել զիրենք, որ մարդիկ աշխատանք ունենան: Կը փորձեմ համոզել, որ մեր շրջանային թատրոնները երթան ու աշխատին` Կապան, Գորիս, ասոնք այդ շրջաններու մշակութային կեդրոններն են, որուն շուրջ պիտի համախմբուի երաժշտական դպրոցը, նկարչական դպրոցը, բայց հիմքը, կեդրոնը թատրոնը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամէնէն հեռաւոր գիւղն անգամ, եթէ հնարաւորութիւն չկայ թատերական ներկայացում տանելու, բեմադրիչը կամ լաւագոյն դերասաններէն մէկը պիտի վերցնէ Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը եւ նստի ու կարդայ երեխաներուն համար, որ մարդիկ լսեն ազնուագոյն բանաստեղծութիւնը: Պարտադիր չէ ներկայացումներ ըլլան, կարեւորը` մարդիկ կարենան օգտակար ըլլալ դպրոցներուն:

Մենք ընդհանրապէս խենթ ժողովուրդ ենք: Այս իրականութիւնը մենք բոլորս ալ գիտենք, մեր հարեւաններն ալ, բոլորը գիտեն, որ յատուկ խենթեր ենք, որովհետեւ պատերազմող երկիրը չի կրնար Գաւառի մէջ նոր թատրոնի շէնք բարձրացնել 400 տեղանոց: Ղարաբաղեան խնդիր, պատերազմ, շաբաթը մարդ կը զոհուի, ասոք թատրոն կը բանան եւ մնացած թատրոններուն մէջ ալ կը նորոգեն երիտասարդ ուժեր, որ մարդիկ կարենան մշակութային կեանքը աշխուժացնել:

«Մենք հիմա նոր բան չենք ըներ, եթէ շատ հեռուն չերթանք, այդ արհաւիրքի օրերուն անգամ լերան գլխուն, փոխանակ` բոլորը մտածեն, ինչպէս պիտի պաշտպանուին, դպրոց կը բանան, Աստուած չընէ` որեւէ ազգ իյնայ այդ վիճակին մէջ, բայց չեմ կրնար մտածել, որ ոեւէ մէկը կրնայ յանկարծ այդպիսի բան ընել` կռիւ, բայց նաեւ` դաս ու դպրոց: Սա ամէնէն փայլուն օրինակն է, որ հայ ժողովուրդը մշակոյթի, հոգեւորի ժողովուրդ է:  Ամէնէն կարեւորը, տայ Աստուած, որ բոլոր մեր մեծերը, ղեկավարները իմանան, որ մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, որ մենք ունենանք Չեքիճեանի «Կապելան», Հախնազարեանի նման թաւջութակահար, Համասեանի նման դաշնակահար եւ այդպիսիները: Մենք պէտք է իմանանք, թէ մենք ո՛ւր ուժեղ ենք, եւ ո՛ւր որ ուժեղ ենք, ատիկա աւելի պիտի ուժեղացնենք, ատոր վրայ աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք,  իմ կարծիքով, միակ նամակն է, որ կ՛ուզէի լսել տալ այն մարդոց, որոնք կը տնօրինեն շատ բաներ:

Ես Պէյրութով այն ժամանակ ալ զարմացած եղած եմ, հիմա ալ: Վարդանը կը բեմադրէ, Սուրիկը կը բեմադրէ, Գնդունին կը բեմադրէ, Ատրունին կը բեմադրէ, ասոնց զուգահեռ` զանազան միջոցառումներ, շնորհահանդէսներ եւ այլն, մէկ խօսքով, մշակութային կեանքը Պէյրութի մէջ չես կրնար պակսեցնել, շատ զարմանալի բան: Պէյրութը եղած է եւ կը մնայ մեր սփիւռքի մշակութային մայրաքաղաքը,  բոլորին կը ցանկամ յաջողութիւն, քիչ մը աւելի բծախնդիր ըլլան փիեսներու ընտրութեան մէջ, աշխատանքի մէջ պատասխանատուութիւնը աւելի մեծնայ: Կրնաս հետաքրքրական քանի մը բեմադրութիւն ընել, յետոյ յանկարծ տեղ մը սխալիս եւ անհետաքրքիր բան մը ընես, ատիկա կրնայ ազդել ընդհանուր աշխատանքին վրայ: Ես միշտ մեր ուսանողներուն կ՛ըսեմ` դերասանութիւնը անընդհատ տարերքի մէջ ըլլալ կը նշանակէ:

Շնորհակալ եմ, որ «Ազդակ» ուշադրութիւն դարձուց իմ այստեղ գտնուելուն, ես հիացած եմ «Ազդակ»-ի խմբագիրով, տայ Աստուած, որ թերթն ա՛լ աւելի հետաքրքրական ըլլայ, որ մարդիկ սպասեն ու կարդան, ես կը հետեւիմ «Ազդակ»-ին եւ կ՛ուրախանամ: Նոր տարուան օրերուն կը ցանկամ յաջողութիւն, առողջութիւն ստեղծագործական հետաքրքրական կեանք, որովհետեւ ստեղծագործ մարդը անհետաքրքիր ապրելու իրաւունք չունի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>