ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2017 տարին հազիւ պատմութեան թանգարանին յանձնած` արդէն իր տեղը գրաւած է 2018 նոր տարին, որուն ամիսներ առաջ աշխարհի մարդկութիւնը իր հին ու նոր բոլոր յոյսերը կապած էր յուսատու հեւքով, պայծառ ու մաքուր երազներով եւ կամաց-կամաց արթնցող բաբախումներով: Պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նոր տարի նման ցանկութիւններէն անկախ, ընդհանրապէս իրեն հետ կը բերէ նաեւ նոր մտածումներ, նոր ծրագիրներ եւ մանաւանդ` հարցերուն նայելու նոր առիթ:
Սակայն, միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն այս նոր տարին կու գայ տեղաւորուելու այնպիսի դարու մէջ, որ արդէն շատոնց կորսնցուցած է իր հոգին եւ պահած` միայն ձեւը: Ու եթէ աւելի մօտէն հետեւինք, կը տեսնենք, որ ան իր մէջ ունի վտանգաւոր ու նաեւ ջղային տրոփում մըն ալ` հակասական, անակնկալ, յաճախ մահազդու, սարսափելի եւ անհաւասար:
Ու հակառակ անոր որ երբեմն հոսկէ-հոնկէ յուսատու ոտնաձայներ կը լսուին, բայց մինչեւ այսօր տակաւին տխուր է աշխարհը, որովհետեւ գրեթէ ամէն երկիր եւ երկինք խառնակ եւ անհասկնալի է: Նոյնիսկ դժուար է երէկը հաշտեցնել ներկային հետ: Մարդոց երազները խառնուած են, ու բոլորն ալ ունին անհանգիստ ու անհամբեր որոնում մը` լաւին, բարիին, խաղաղութեան, անդորրութեան, համերաշխութեան եւ հաշտութեան: Այս բոլորը, որովհետեւ խառնուած են նաեւ աշխարհի մեծերու շահերն ու դերերը` միաժամանակ իրենց հետ խառնելով ներկայի պատմութեան էջերն ալ:
Ու ինչպէս միշտ, լաւ է, որ ժողովուրդներու մէջ տակաւին յոյսն ու հաւատքը պահած են իրենց պայծառութիւնը, ու մարդոց մէջ մթնոլորտը միշտ լեցուն է նոր կեանքի տեսիլքներով:
Բայց որքա՜ն բաներ փոխուած են երէկի եւ այսօրուան գալիքին մէջ, չենք գիտեր: Ահա հոսկէ է, որ ծնունդ կ՛առնեն եւ կը սկսին մեր աղօթքներն ու երազանքները, եւ մեր աչքերը միշտ ամպերէն վեր կը բռնենք` աղերսանքով եւ մաղթանքներով ու բազմազան վերլուծումներ կատարելով:
Բայց ո՞վ կրնայ նախատեսել կեանքի ընթացքը: Չէ՞ որ կեանքը առաջին օրէն իսկ ձայնագրուած չէ:
Արդ, անկախ այս բոլորէն, յիշենք, որ այս տարի պատմական եւ շատ յարգելի թուականներու յոբելենական նշումներու տարի ալ է: Այս մասին մամուլը մեզի կանուխէն յիշեցուցած եւ շեփորած է: Արդէն զանազան կլոր սեղաններու պատրաստութիւններ, համաժողովներ եւ գիտաժողովներ սկսած են ծրագրուիլ ամէն կողմ: Այս ձեւով մեր պատմական դէպքերու շարք մը գոյնզգոյն օղակներու իրերայաջորդ յիշատակումներու ականատես պիտի դառնայ հայը, ուր որ ալ ան գտնուի: Այսինքն` ազգային մեր էութեան ճանաչումի լաւագոյն առիթներու տօնակատարութիւն-հանդիսութիւններ, որոնց նշումներով անկասկած պիտի ջերմանան նաեւ մեր հոգիներն ալ:
Յոբելենական թուականներ ըսի, ու պէտք էր, որ նաեւ աւելցնէի մեր կողմէ գնահատանքի տուրք հասկացողութիւնն ալ: Որովհետեւ թուականներու յիշատակումէն աւելին էական են մե՛ր ընկալումն ու մե՛ր գնահատանքի չափը, որովհետեւ այս թուականներուն հետ հայը կապուած է իր խորհրդաւոր յարաբերութեամբ եւ իր գիտակցումը վերանորոգելու նոր պատգամներով եւ անոնց ընծայումով:
Միտքս պարզեմ. այսպէս`
1.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան` 28 մայիս 1918-ի 100-ամեակ
Ազատ եւ անկախ հայրենիքին տէրը դառնալը մեր դարաւոր երազանքը եղած էր: Հայկ նահապետը իր ազատութիւնը գտած էր նետով ու աղեղով ու մեզի կտակած` բռնակալներուն դէմ կռուելու, մեր իրաւունքներու տէրը դառնալու եւ հայրենի հողը պաշտպանելու ու անոր վրայ ազատօրէն շնչելու անհրաժեշտութիւնը:
1918 մայիս 28-ին հռչակուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նշումը, հաստատապէս մեր ինքնութեան երաշխիքն է: Ու թէեւ միշտ հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք, սակայն ապրած ենք ու կ՛ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու ծանր ու միեւնոյն ատեն հաճելի փորձառութիւնը: Այս թուականին էր, որ մեր պապերը ապրեցան ազատութեան գինովութիւնը ու մեզի ժառանգ ձգեցին ներկայ հայրենիքը:
2.- Արցախի անկախութեան 30-ամեակ
Չմոռնանք, որ արցախցին իր անկախութեան տիրանալու համար 20-րդ դարու վերջերուն զինուորի շապիկ հագաւ: Եւ որովհետեւ ականջ տուած էր հայրենի հողէն լսելի դարձող եւ ճայթող սերմերու արձագանգին ու դիմագրաւած` անկէ հասնող փոթորիկներուն, ուստի շարժման մէջ դրած էր իր բոլոր հնարքները ու այս ձեւով տիրացած` իր հողին եւ անոր անկախութեան:
1988-ը նաեւ այն թուականն է, որ հայը, պատի՛ւ իրեն, արդարօրէն թափեց իր երիտասարդ ու ազատատենչ զաւակներուն արիւնը` յանուն իր պապենական հողի ազատութեան, լուսաւոր, ազատ հայրենիքի մը կերտման ու իր ինքնութեան որոնման:
3.- Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան 90-ամեակ
Լա՛ւ յիշեցէք. հայը ամէն անգամ վերապրելու համար անյապաղ դիմած է իր մշակոյթին եւ անկէ ճառագայթող լոյսին: Ահա՛ Համազգայինը, որ մեր ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքի ծնունդն է: Միութիւն մը, որ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ ընկալում ունեցած է:
Ան մեր մշակոյթը զանազան ձեւերով պահելու եւ բարգաւաճ դարձնելու մեծ առաքելութիւն մը ունի: Ահա թէ ինչո՛ւ 90 տարեկան Համազգայինը արժեւորել կը նշանակէ, արդար վարձքը տալ հայ մշակոյթի սպասաւորին եւ պահակին միատեղ:
4.- ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակ
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն` կամ ՀՄԸՄ եւ իր մէկ դարու կեանքը:
Իր գոյութիւնը վկայութիւնն է իր տարած աշխատանքին: Իր մէջ միշտ ներկայ է հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն իրենց ազգին հանդէպ ունեցած բոլոր ձգտումները միատեղ:
Հոն է, որ ՀՄԸՄ-ը երկսեռ հայ մատղաշներու մտքին եւ հոգիին մէջ ազգին եւ հայրենիքին, լեզուին եւ կրօնին հանդէպ սէր եւ նոյնքան ալ զանազան գիտելիքներ ու հաւատարմութիւն կ՛ամբարէ:
Վերջին հաշուով, ՀՄԸՄ-ը անցնող հարիւր տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու համախմբում մը ըլլալով հանդերձ, արդարօրէն եւ պատշաճ բարձրացուցած է ու տակաւին կը շարունակէ` առողջ միտք, առողջ մարմին վարկածի գեղեցիկ դրօշակը, նշանակալից` նոյնքան ալ կարեւոր իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի կողքին:
5.- «Ասպարէզ» օրաթերթի 110-ամեակ
«Ասպարէզ», աղուոր ու լայն պատուհան մը` աշխարհին նայելու ու նաեւ մենք զմեզ տեսնելու: Այլ խօսքով, մեր գաղութին մէջ ամէնօրեայ էականութիւն մը` մեր գալիքի մնայուն ներկայութեան համար:
Այսպէս, «Ասպարէզ»-ը իր մէկ դարէ աւելի կեանքով լուծումներ ապահովող եւ ցուցաբերող զարկերակ մը դարձաւ: Թէեւ ներկայիս ժամանակները նիւթականացած, մտայնութիւնները փոխուած, ակնկալութիւնները տարբերած են ու կեանքին տուած` առաւել հեւք եւ վազք, սակայն ան նշելի ու հաստատ իրականութիւն ու ներկայութիւն դարձած է: Ինքն է, որ իր մէջ ունի մեր ազգը, հայրենիքն ու մեր այս գաղութը ապրեցնելու ոգի: Իր շնորհիւ է, որ աշխարհը կը հետեւի մեր հերթին եւ իր միջոցով ալ մենք` աշխարհին: Հաւատարիմ է իր հիմնադիրներու երազին, միաժամանակ գիտակից` ազգային մեր իրավիճակը մատնանշելու եւ գնահատելու իր կոչումին, ան ճակատաբաց կը շարունակէ իր աւանդը:
6.- Երեւան` 2800 տարեկան
Ներկայ ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի պատմական եւ գեղեցիկ մայրաքաղաքն է Երեւանը, որ երկար դարերու խորք ունի: Հոն կան հայու հոգիի եւ Աստուծոյ շունչը: Հաւատացէ՛ք, 2800 տարիներէ ի վեր Արարատը իր աչքերով զինք կը հսկէ:
Հայրենիք ըսի, պէտք էր աւելցնէի` նուիրում եւ սեփականութեան հրճուանք, որ քառորդ դարէ ի վեր աշխարհի քարտէսին վրայ ունի իր հաստատ տարածքը, իր այս վարդագոյն քաղաքով, որ Երեւան կը կոչուի:
Վերջապէս, Հայաստան եւ Երեւան միաձուլուած են` իրենց պատմութեամբ, հաւատքով, դրախտավայր իրավիճակով ու ոգիով, իբրեւ մեծ հպարտանք` համայն հայութեան: Երեւանն է, որ միշտ նոր յոյսեր եւ մաքուր երազներ հագած` հայութեան համար կը մնայ իբրեւ լուսաւոր եւ պանծալի ամենայն հայոց քաղաք:
Արդ, այս բոլոր թուականները հաստատապէս մեր ազգի արիւնէն, քրտինքէն, մտքէն եւ հոգիէն բխած են, եւ որոնք հարազատ մեր ազգի պատմութեան կը պատկանին եւ միաժամանակ անոր կը ծառայեն:
Ու իւրաքանչիւր տարեդարձի նշում խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի` իր ետին թաքնուած: Եւ երբ ամէն անգամ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ կ՛արժեւորենք: Այս բոլորը դրական պատեհութիւններ են, որոնք սփիւռքեան մեր ճակատագրի պահպանման եւ կազմութեան մէջ մեծ դերեր ունեցած են:
Ու ինքնաբերաբար այս թուարկումներով արդէն մտած կ՛ըլլանք հայոց պատմութեան մէջ` տեսնելու համար հոն խարսխուած հայրենասիրութիւնը, հայապահպանումը, հայու ոգիի սաւառնումն ու հայակերտումը, մշակոյթի եւ ազատութեան սէրը, հայու կամքը, մարտնչումը, ընդվզումն ու յեղափոխութիւնը:
Նաեւ կը շեշտենք, որ մենք իբրեւ ազգ` հպարտօրէն ստեղծած, ապրած եւ ապա անցած ենք այս թուականներուն մէջէն` մենք զմեզ գտնելու, տեսնելու եւ հանդիպելու:
Բայց չմոռնանք, որ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք եւ տակաւին մեր մէջ առկայ է սփիւռքեան մեր ինքնախաբէութիւնը:
Եւ եթէ կը հաւատանք, որ կեանքը, վերջին հաշուով, ռազմադաշտ մըն ալ է` անարդար ճակատամարտի, ուստի ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք ահազանգ հնչեցնելու ճիգին: Գործնականի անցնինք: Գիտենք, որ աղէտը հասած է մինչեւ մեր դուռը: Իրատես ըլլանք, մենք` իբրեւ ծնողք կամ միութենական, հոգեւոր հովիւ կամ ղեկավար, ուսուցիչ կամ պարզ անհատ: Միասնաբար մտածենք, թէ մեր նոր սերունդը վաղը, երբ մեծնայ, ինչպէ՞ս զինք աշխարհացումի յաղթանակող մարտահրաւէրին մասնակից պիտի դարձնենք: Ինչպէ՞ս հաւատք եւ հայութիւն պիտի ստեղծենք, որպէսզի սփիւռքի մեր ջահը չմարի, վառ մնայ: Ինչպէ՞ս պիտի պահենք մեր լեզուն եւ աւանդը:
Իրականութիւն է. որքան մխրճուինք եւ խորանանք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կը տեսնենք մեր իրականութիւնն ու մեր գիտակցութեան չափն ու աստիճանը: Ուստի էական է, որ մեր շուրջ եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին մէջ դրական պատեհութիւն ստեղծենք` յանուն սփիւռքահայու գոյատեւման:
Միաւորուինք: Համախմբուինք: Մեր շարքերը երիտասարդացնենք: Մօտենանք անոնց: Վստահութիւն ներշնչենք: Առիթ ընծայենք, որ իրենք ալ մասնակից դառնան մեր ներկայ պատմութեան: Օգտուինք իրենց ձեռք ձգած ուսումէն ու գիտութենէն եւ միասին մտածենք, ծրագրենք ու իրագործենք: Հայրենիքի կողքին միշտ մնանք, որպէսզի ճակատաբաց գոյատեւենք: Ժամանակները թէեւ նիւթականացած են, բայց իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն վերցնենք: Պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու գերագոյնը: Մեր պատմութեան մէջ մնանք: Զայն մերը ընենք, որպէսզի չկորսուինք: Մտածենք մեր կորսուած սերունդներու մասին: Օրինակուինք եւ պատմութենէն դասեր վերցնենք:
Դուրս գանք մեր բոլոր ոչ միայն նշմարելի, այլ տեսանելի թերութիւններէն, անիմաստ ախորժակներէն, հին ու նոր վէճերէն, ձեւական գնահատականներէն, հինցած եւ արդուկը անցած մտայնութիւններէն, անձնասիրութիւններէն, սնապարծութիւններէն, աժան ծափահարութիւններէն` պահելու համար մեր տոհմայինը եւ ազգայինը:
Այս բոլորը` յանուն գալիք տեսիլքներու կամքը զօրակոչելու:
Կարեւոր է եւ էական` ըլլալ այն, ինչ որ իսկապէս ենք:
Ահա Նոր տարուան մաղթանքս բոլորին:
Շնորհաւո՛ր Նոր տարի: