Image may be NSFW.
Clik here to view.
Աստուածայայտնութեան տօնի սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին հետեւեալ սրբասացութիւնը կ՛երգուի. «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր»:
Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան մասին: Եկեղեցւոյ հայրեր, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ փորձած են վերլուծել ու մեկնաբանել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Դարերը կ՛անցնին, ժամանակները կը փոխուին, աննախընթաց գիւտեր մարդկային կեանքն ու միտքը նոր հորիզոններու կը բանան, սակայն Հայ եկեղեցւոյ շարականին բառերով` Յիսուս Քրիստոս միշտ կը մնայ «խորհուրդ մեծ…»:
Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած վերոնշեալ փունջ մը բառերուն մէջ խտացուած է եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը, այլ խօսքով` Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը, Քրիստոսի անձին իւրայատկութիւնը ու առաքելութեան նպատակը: Բարեպաշտական մօտեցումէն անդին, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է բանականութեան ճամբով` որքան հնարաւոր է, ու հաւատքի զօրութեամբ` որքան կարելի է, ըմբռնել Բեթղեհէմի խորհուրդը:
Փորձենք հասկնալ նախ վերեւ յիշուած հաստատումին առաջին մասը` «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ»: Յաւիտենական Աստուծոյ յաւիտենական Որդին պատմութեան մէկ հանգրուանին երկինքէն երկիր իջաւ, սակայն` առանց երկինքէն հեռանալու. ժամանակին մէջ մտաւ` միշտ մնալով ժամանակէն վեր. հունաւորին մաս կազմեց` միշտ մնալով անհուն. անկատար մարդկային բնութիւնը իւրացուց` միշտ մնալով Աստուած: Այսպէս, կատարեալ Աստուած եղաւ կատարեալ մարդ, ամէ՛ն իմաստով, բացի` ադամական մեղքէն: Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն անձին այս երկու տարածքները հարկ է միասնաբար, ոչ անջատաբար ըմբռնել` պահելով իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնները: Որեւէ բաժանում մեզ հերետիկոսութեան կ՛առաջնորդէ: Քրիստոս մէկ անձ է, աստուածային բնութեան մարդկային բնութեան իւրացումով ու միացումով` «Եւ Բանն մարմին եղեւ» (Յովհ. Ա.14): Քրիստոս միաւորեալ մէկ բնութիւն է` «մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» (Կիւրեղ Աղեքսանդրացի)® Այս է մեր եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը, որ այնքան յստակօրէն բացատրուած ու մեկնաբանուած է, ինչպէս նաեւ ամրօրէն պաշտպանուած` մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ:
Ի՞նչ կը հասկնանք «եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ» բացատրութեամբ: Մինչեւ երեսուն տարեկան, Յիսուս Նազարէթ գիւղին մէջ աճեցաւ ու կազմաւորուեցաւ իր ծնողաց Յովսէփի եւ Մարիամի անմիջական խնամքին տակ եւ ապա նոյն գիւղէն սկսաւ իր երկրաւոր առաքելութեան: Չորս Աւետարանները հրաշքներով, առակներով եւ ուսուցումներով լեցուն Քրիստոսի առաքելութեան ամփոփ պատկերը կը ներկայացնեն, ինչպէս նաեւ անոր կեանքին կարեւոր դրուագները` չարչարանքը, խաչելութիւնը, յարութիւնը ու համբարձումը:
Աստուծոյ Որդւոյն երկիր էջքը` մարդկային բնութեան իւրացումով, խաչելութեամբ ու յարութեամբ, մէկ նպատակ ունէր` «զի կեցուսցէ զանձինս մեր»: Մա՛րդն էր Քրիստոսի առաքելութեան հասցէն: Մարդուն վերամարդացումն էր` իր աստուածային պատկերին համաձայն, դրախտէն վտարուած մարդուն վերադարձն էր` իր Երկնաւոր Հօր Քրիստոսի մարդեղութեան ու առաքելութեան նպատակը: Պատարագի ընթացքին արտասանուած Նիկիական հանգանակը Քրիստոսի մարդեղութեան մասին խօսելով` կ՛ըսէ. «որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից մարմնացաւ, մարդացաւ…»: Մեր եկեղեցւոյ շարականներուն ու աղօթքներուն մէջ եւս յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը` մարդո՛ւն համար:
Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնն ու առաքելութիւնը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը ճիշդ կերպով հասկնալու համար հարկ է նայիլ մարդուն, եւ` փոխադարձաբար: Քրիստոսաբանութիւն ու մարդաբանութիւն անքակտելիօրէն իրարու հետ առնչուած են քրիստոնէական մտածողութեան մէջ:
Մարդը արժէ՛ք է Աստուծոյ համար, որովհետեւ ան գործակից է Աստուծոյ` որպէս պահապանն ու պաշտպանը ստեղծագործութեան: Այս սպասումով Աստուած մարդը ստեղծեց, այս կոչումը տուաւ մարդուն: Հետեւաբար մեղաւոր մարդուն փրկութիւնը, այլ խօսքով` անկեալ մարդուն վերականգնումը, գերուած մարդուն ազատագրումը, մահացած մարդուն յարութիւնը կենսական է մարդուն ու ստեղծագործութեան վերականգնումով Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման համար: Այս է Քրիստոսով սկիզբ առած աստուածային փրկագործական առաքելութեան նպատակը, որ կը շարունակուի իր խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ մասնակից է փրկագործական առաքելութեան կենսագործման, մինչեւ` Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Արդ, Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր մըն է` վերանորոգուելու Բեթղեհէմի խորհուրդով:
Քրիստոսի ծնունդը յիշեցում մըն է փրկութեան ճանապարհին վրայ գտնուող մարդուն` հաւատարմօրէն հետեւելու Քրիստոսին:
Քրիստոսի ծնունդը կոչ մըն է` մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ ճամբով իրագործուող փրկագործական առաքելութեան:
Այս գիտակից հաւատքով մօտենանք Քրիստոսի ծնունդին ու հաղորդուինք անոր խորհուրդով ու պատգամով:
* * *
Ս. Ծնունդի խորհուրդով լեցուն այս օրերուն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը, եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը` մաղթելով իրենց արդիւնաշատ ժողովրդանուէր գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ երկար գահակալութիւն` եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն: Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք` ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը` մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն: Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերուն թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ` մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմի ճառագայթող լոյսով պայծառակերպէ իրենց կեանքն ու գործը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 յունուար 2018
Անթիլիաս, Լիբանան