ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«I՛ve learned that people will forget what you said, people will forget what you did, but people will never forget how you made them feel.» – Maya Angelou
Ամերիկացի բանաստեղծ Մայա Անճելուն ըսած է տեղ մը, որ` «Մարդիկ կրնան մոռնալ, թէ ի՛նչ ըսած ես կամ` ըրած, բայց մարդիկ բնաւ չեն կրնան մոռնալ, թէ ինչպիսի զգացումներ արթնցուցած ես անոնց մէջ»:
Մեր յաճախակի ճամբորդութիւնները մեր զաւակներուն համար անցնող քսան եւ աւելի տարիներու ընթացքին աւելի եւս կ՛իմաստաւորուին, երբ ճամբու ընթացքին թոռնիկներուն մասին կը մտածենք, եւ ճամբան դադարի մը համար հանգստավայր մը կենանք եւ անպայման բան մը գնենք այս կամ այն թոռնիկին համար: Իւրաքանչիւրը նախասիրութիւն մը ունի: Բնականաբար անպայման խմորեղէնի տեսակ մը պիտի ներառուի: Մին կասիա-կարագով «Սինըպան»-ը կը սիրէ, իսկ միւս թոռնիկներս անպայման «Տանքին տոնաց» կ՛ուզեն:
Քանի մը օր առաջ, տօնական օրերու առիթով մեր սովորական ճամբորդութիւններէն մին էր: Քանի մը հանգստավայր փախցնելէ ետք շունչ առինք «Տանքին»-ի հիւրընկալ շրջափակին մէջ: Ինքնաշարժէն դուրս ելլելով դեկտեմբերեան չոր ու ցուրտ օդը մեր թոքերէն ներս ղրկելով, քանի մը անգամ ալ մեր թեւերն եւ ոտքերը շարժելով` հինցած, ճռճռացող յօդերը իւղոտել փորձեցինք: Վաճառատան ապակեայ հսկայ փեղկերը Կաղանդ պապուկի, ձիւնամարդերու գծանկարներով եւ լոյսերով տօնական տրամադրութիւնները աւելի եւս կը շեշտէին: Գծանկարներուն ընդմէջէն կ՛երեւէր, որ ներսը շարք պահած էին: Վերջապէս, տօնական օրեր էին, եւ մարդիկ կը փութային տեղէ տեղ երթալ, անշուշտ` ոչ «պարապ ձեռքով»: Մենք ալ օդին մէջ տարածուող սուրճի հաճոյալի բուրմունքը ներշնչելով` ներս մտանք:
Աճապարանք մը կար բոլորին ալ կեցուածքին մէջ: Երկու վաճառորդուհի բաւական արագ էին` անհամբեր յաճախորդները գոհացնելու:
Ես եւ ամուսինս հանգիստ, մէկ կողմ քաշուած` կը դիտէինք մէկ առ մէկ ապսպրանքը շալկելով դէպի իրենց ինքնաշարժները փութացող յաճախորդները:
Վերջապէս կարգը իմս էր: Թելադրեցի` ինչ որ կ՛ուզէի գնել: Էն առաջ անուշտ ուզեցի սուրճս` քիչ կաթով առանց շաքարի համեղ սուրճը «Տանքին»-ին, որ որեւէ այլ անունով սուրճերուն հետ պիտի չուզէի փոխել: Քիմքս այս մէկէն կ՛ախորժի: Կարծէք` իւրաքանչիւր սուրճի խանութ իրեն յատուկ յաճախորդութիւն ունի: Այս կամ այն ընկերային դասու մը կը պատկանին, կ՛ուզեն անպայման ցուցադրել կամ` տեսնուիլ, թէ իրենք ա՛յդ տեսակի սուրճ խմողներ են` ցուցադրաբար գաւաթին վրայի անունը տեսանելի ձեւով բռնելով:
Դէ՛, լաւ, ես ալ իմս կը վայելեմ, եթէ ոչ ցուցադրաբար, այլ` ակնյայտ հաճոյքով:
Ես սուրճս առած, ումպ առ ուպ ըմբոշխնելով` մէկ կողմ քաշուեցայ, որպէսզի միւս վաճառորդուհին նոր մտնող յաճախորդին սպասարկէ: Մեզի սպասարկողը մէկ առ մէկ տեսակաւոր եւ Ծննդեան տօներու յատուկ զարդարանքով «տոնաթները» կը լեցնէր տուփերը: Փակելէ ետք երկու տուփերն ալ, հարցուց, թէ կ՛ուզէի՞նք, որ պայուսակի մէջ դրուէին: Կատակասէր ամուսինս պատասխանեց.
– Եթէ ձրի է, ինչո՞ւ ոչ, բոլորս միասին խնդացինք:
– Անշուշտ ձրի է,- ըսաւ վաճառորդուհին, մինչ ես սուրճս ումպ առ ումպ կը վայելէի….
– Տօնական օրեր են, քիչ մը խնդանք, աւելցուց ամուսինս եւ գրպանէն հանեց դրամը, որ վճարէ: Մինչ այդ վաճառորդուհին ըսաւ, որ պէտք չունիս վճարելու, արդէն վճարուած է…. եւ աչքով նշան ըրաւ, որ միւս յաճախորդն էր մեզի համար վճարողը։
Այդ ընթացքին տեղեակ չէինք, ո՞վ կը մտնէր, կ՛ելլէր, ո՞վ էր մեր քովի յաճախորդը, յանկարծ երկուքս մէկ քովի յաճախորդին կողմը դարձանք զարմացական …խոշոր «ինչպէ՞ս թէ» մը մեր դէմքին:
Տեսանք, որ արդէն իր քրետիթ քարտը վճարում ընդունող մեքենային մէջ դրուած եւ ստացագիրն ալ տպուած դուրս ելած էր: Այնքան արագ շարժած էր այս երիտասարդուհին, որ չէինք հասցուցած տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր այդ պահուն. .
– Merry Christmas- Մերի Քրիսթմըս, ըսաւ անգլերէնով
– Բայց ինչո՞ւ, սիրելի՛ս,- երկուքս միաբերան հարցուցինք:
– Այդպէս փափաքեցայ, տօնական օրեր են, բարով վայելէք դուք ալ, ձեր թոռնիկներն ալ, եղաւ պատասխանը:
Տակաւին արմանք-զարմանք հագած մեր հարցական դէմքերով սա երիտասարդ աղջկան կը նայինք` պատասխանի մը սպասելով:
Բայց ի՜նչ պատասխան.
– It՛s Christmas I just wanted to treat you!, Ծննդեան տօներու առիթով այդպէս փափաքեցայ,- եւ աւելցուց,- այսօր վերջին օրս էր գործիս, վճարուեցայ . . . դուք հանդիպեցաք….
– Գոնէ անունդ ըսէ, որ շնորհակալութիւն յայտնենք քեզի-, ըսի քիչ մը սթափած` անակնկալին պատճառած շփոթ վիճակէս
– Լիսա… միայն Լիսա – ըսաւ ու իր ապսպրանքը շալկած` կը պատրաստուէր դուրս ելլել մեզմէ առաջ, երբ շուտասելուկի պէս ըսի.
– Լիսա՛, նախ շնորհակալ ենք, գիտնաս, որ գրեթէ քառասուն տարիէ այս կողմերը կ՛ապրինք, կ՛երթանք եւ կու գանք, առաջին անգամն է, որ նման ազնիւ արարքի կը հանդիպինք: Ի՛նչ պատճառով ալ որ այսօր վերջին օրդ է գործիդ մէջ, կը մաղթենք, որ նոր ճանապարհ բացուի քեզի համար, աւելի լաւը եւ քու այս ազնիւ սրտիդ համեմատ…
Լիսան երկար եւ շեշտակի նայեցաւ մեզի ու կրկին մեր մաղթանքին առ ի պատասխան, միմիայն «շնորհակալ եմ» ըսելով` դուրս վազեց դէպի իր ինքնաշարժը:
Տօնական օրերու առիթով չսպասուած նուէր մըն էր` բոլորովին օտարականէ մը: Մէկ պահ միայն, մէկ ազնիւ արարք` ակնթարթի մը մէջ մեզ հիանալի տրամադրութեան մէջ փոխադրեց:
Ո՜վ կ՛ըսէ, որ աշխարհ անտարբեր, անգութ, անշնորհակալ ու չարակամ մարդոցմով լեցուած է:
Միմիայն մէ՛կ ազնիւ արարք, առանց անմիջական ակնկալութեան կատարուած մէկ գեղեցիկ ժեսթ, մեզի տրուած նուէր-բարիքը մեզ ինչպէ՛ս լաւատեսութիւն ներշնչեց: Ինչ որ ալ էր դրդապատճառը այս բարի անծանօթուհիին, կը յուսանք, որ մեր կատարած մաղթանքը իր հասցէին կը հասնի գործնականի:
Ծննդեան տօներու առիթով մեզի տրուած տասներկու տոնաթ-նուէրը, իր տուփով պայուսակովը բռնած, գոհունակ վերադարձանք մեր ինքնաշարժը` մեր թոռնիկներուն այս քաղցրեղէնին հետ փոխանցելու մեր վերանորոգուած լաւատեսութիւնը.
– Այո՛, աշխարհի մէջ տակաւին կա՛ն լաւ մարդիկ: