Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Վեհափառ Հայրապետը ՀԵՀՈՄ-ականներուն Հետ Կը Տօնէ Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը

$
0
0

Շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողները Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան:

Վեհափառ հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք միութեան ատենապետը` Կարէն կիս. սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ` ճոխացնելով մթնոլորտը: Անկէ ետք ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեանը շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկոսին, որ կը գտնուի ՀԵՀՈՄ-ականներուն հետ, եւ այդ հաւաքը նկատեց պերճախօս մէկ վկայութիւն այն իրողութեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան եւ դերակատարութեան` մեր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ:

Նորին սրբութիւնը իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց, որ անգամ մը եւս շրջապատուած է համալսարանական երիտասարդներով, եւ յիշեցուց անոնց, որ երիտասարդութիւն կը նշանակէ` կենսունակութիւն, իսկ կենսունակութիւն կը նշանակէ` մասնակցութիւն մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին: Շարունակելով իր խօսքը` հայրապետը քաջալերեց հայ ուսանողները, որ աւելի հմտանան իրենց մասնագիտութեանց մէջ եւ այդ բոլորը ի սպաս դնեն կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող առաքելութեան:

Աւարտին, վեհափառը Քրիստոսի Ս. գերեզմանէն օրհնուած հրեշտակատիպ վզնոցներ նուիրեց երիտասարդներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>