Պէտք է խոստովանիլ, որ բաւական դժուար է խօսիլ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութիւնը կերտած ամենանուիրական դէմքերէն մէկուն մասին, որուն հետ անձնական ծանօթութիւն չէ եղած, եւ որուն հետ գործակցելու պատիւին արժանանանլու առիթ չէ ստեղծուած: Խնդիրը աւելի կը դժուարանայ, երբ այս պարագային ընկեր Աբոն ոչ միայն թուղթին չէ յանձնած յուշեր, ապրումներ կամ մտածումներ, այլ ընդհանրապէս չէ խօսած նաեւ այդ բոլորին մասին: Ու տակաւին. գործին թելադրած անգիր սկզբունքներէն մեկնած` իրեն նման չեն խօսած ու չեն խօսիր նաեւ անոնք, որոնք վայելեցին իր մտերմութիւնը, գործակցեցան իրեն հետ կամ կատարեցին իր յանձնարարականները:
Թէեւ հազուադէպ պարագաներու հանդիսաւոր նշումով կամ հրապարակագրութեամբ խօսուած է Աբօ Աշճեանի մասին, սակաւաթիւ արժեւորումը կատարուած է անոր կուսակցական գործունէութեան, այսուհանդերձ, ընկեր Աբոյի անունը կարծէք անընդհատ շրջանառութեան մէջ է ոչ միայն զինք ճանչցած , անոր հետ գործակցած ընկերներու , այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու մօտ, որոնք անձնապէս չճանչցան զինք, սակայն ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացին մեծ հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտի վրայ:
Նոյնքան հազուադէպ կը պատահի նաեւ ա՛յս իրականութիւնը: Մեկնած հեղինակութեան մը մասին պաշտօնական, շռայլ գնահատականներէ եւ հանդիսաւոր արարողակարգային ծէսերու անհաղորդ մթնոլորտներէ հեռու, Մարդը, այս պարագային` ղեկավարը, կը յիշուի իր շարժումներով, իր նկարագրի մանրամասնութիւններով, սակաւախօսութեամբ, բայց շատ բան փոխանցող ուղերձներով, զուարթախօսութեան եւ խստաբարոյութեան օրինակներով, համեստութեան գեղեցիկ փաստերով եւ, մանաւանդ, կազմակերպիչի գերազանց հմտութիւններ ունեցած ըլլալու հանգամանքներով:
Եւ պէտք է մտածել անպայման պատիւի, առանձնայատկութեան այն ինքնազգացողութեան մասին, որ կ՛ապրին ու նեղ շրջանակներու մէջ կ՛ապրեցնեն նաեւ այն տղաքը` ընկեր Աբոյի ընկերները, որոնք իրեն հետ գործակցելու, աւելի ճիշդը` ընկեր Աբոյի յանձնարարականները կատարելու առիթը, պատիւն ու երջանկութիւնը ունեցած են:
Կուսակցական տարբեր սերունդներու մէջ ընկեր Աբոյի ղեկավարած գործի փոխանցած հմայքին ստեղծած հետաքրքրութիւնը մղած էր այդ օրերու պատանեկանէ երիտասարդական մուտք գործած ընկերները կցկտուր տեղեկութիւններ քաղելու` Իմանալու համար , որ այդ տղաքը մնայուն պահակներն են ժողովուրդին, որոնք ուղղակի կապուած ընկեր Աբոյին` կը շարժէին միայն անոր հրահանգով, անոր ցուցմունքով` փոխանցելով այն համոզումը, որ կը միջամտեն, երբ հարկը զգացուի, երբ ճակատագրական պահ ստեղծուի, երբ վտանգը մօտենայ, երբ ահազանգը հնչէ. այն ժամանակուան պատանեկանի կամ ԼԵՄ-ականի մեր պատկերացումներուն մէջ անոնք վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ էին, բոլորն ալ ենթակայ` ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները` ընկեր Աբոյին: Մէկ խօսքով` Դաշնակցութեան արտակարգ իրավիճակի փրկարարական խումբը, որ կը գործէր լուռ, լուսարձակներէ հեռու,եւ որ ներկայութիւն կը զգացնէր հազուադէպօրէն, ի պահանջել հարկին:
Աւելի ուշ գիտակցեցանք, որ համակարգի այդ բաժանմունքը, կուսակցական ժողովներու քննութիւններէ անցած, որոշումի կարգ ստացած եւ ընկեր Աբոյի իրաւասութեան յանձնուած կատարուելիք առաքելութիւնները կ՛իրականացնէր. իմացած էինք, որ Կեդրոնական կոմիտէի կամ շրջանային երկարատեւ ժողովներու ընթացքին ընկեր Աբոն լուռ, գրեթէ սֆինքսեան լռութեամբ կը հետեւէր այդ բոլորին, այդ բոլորէն դուրս կու գար` առնելով իր գործի բաժինը ապա դարձեալ անտեսանելիօրէն կը ղեկավարէր ու կը վերահսկէր Գործը: Գործ մը, գործեր, ուր ինք տեսանելի չէր ,սակայն ուր կար իր ձեռագիրը: Անթերի ու կատարեալ գործեր ստորագրած ձեռագիր մը:
Քիչ մը աւելի չափահաս եւ կուսակցական երեւոյթներու նկատմամբ մեր վերլուծական փորձերուն մէջ գիտակցեցանք, որ ընկեր Աբոն իր անձին ու իր գործին հանդէպ գոյառուած հմայքը բացարձակօրէն չէր կապած ներկազմակերպական խնդիրներու. բնական էր, որ լիբանանահայ համայնքի ապրած ամէնէն տաք օրերուն ալեկոծէր նաեւ ներկուսակցական կեանքը, տարբեր փուլերուն: Ընկեր Աբոյի երկաթեայ պահուածքը, չներքաշուելու այդ բոլորին մէջ, անհպելի պահեց իր ղեկավարած կառոյցին վաստակած աւանդը, բարոյական դիմագիծը եւ մանաւանդ` խորհուրդը, պատճառ դառնալով, որ այդ կառոյցի տղոց ամենափայլուն դէմքերը, հաւանաբար` կորիզը բաղկացնողները, զգան իրենց պատասխանատուութեան բարձր աստիճանաչափը: Իրենց մարզին մէջ հեղինակութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՜չ մասնակցեցաւ պատասխանատու ժողովներու, ո՛չ ալ անդամակցեցաւ մարմիններու, բայց որ բոլորին ներշնչեց կուսակցութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորած ըլլալու փաստը: Ապահովութեան զգացումը:
Նուրբ էր այս դրուածքը. հաւաքագրուելով` եւ որոշ գործերու մէջ, այո՛, ըստ էութեան, ըլլալով իրօք առանձնաշնորհեալ, անոնք գիտցան կուսակցական կեանքի մէջ որեւէ գերակայութիւն չզգացնել, ինչպէս թելադրուած էր իրենց` առաջին հերթին ընկեր Աբոյին կողմէ: Անոնք յաջողեցան յաղթահարել առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ ունեցած ըլլալու փորձութիւնը:
Նրբութեամբ արձանագրուած այս յաջողութեան կերտումին մէջ ընկեր Աբոն ի՜նք եղաւ կենդանի օրինակը: Բոլորը կը վկայէին, որ կուսակցական ղեկավարութեան մէջ սքանչելի համատեղում գոյութիւն ունէր` քաղաքական եւ մարտական մտածողութիւններու: Ոչ անպայման կանոնագրով բառացիօրէն ճշդուած, այդուհանդերձ, իւրաքանչիւր բաժնի դերը լռելեայն, ինքըստինքեան հասկցուած էր ու զիրար ամբողջացնող: Եթէ ընկեր Աբոն լուռ էր ժողովներուն, ապա իր գործի վերաբերող քաղաքական բաժնի որոշումները կայացնողները անպայման կը յենէին իր ամբարած ու կուտակած ուժին վրայ: Այդ ժամանակաշրջանը լիբանանահայ համայնքի ամէնէն թէժ օրերն էին: Երբ քաղաքական որոշում կը տրուէր, կար գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ այդ որոշումի գործադրման համար կար ուժը. ուժ, որ ստանձնած էր ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Վաղուան պատմաբանը կ՛արձանագրէ անպայման, թէ այդ ժամանակաշրջանին ինչպէ՛ս պահպանուեցաւ անվտանգութիւնը, եւ թէ` ի՞նչ փայլուն կատարողականութիւն ցոյց տուաւ Դաշնակցութիւնը այդ առաջադրանքը կատարելու մէկ կողմէ` քաղաքական շրջահայեացութեամբ եւ միւս կողմէ համայնքի ինքնապաշտպանութիւնը ամենաարհեստավարժ եղանակով կազմակերպուած եւ ընկեր Աբոյի ղեկավարած զինուորական համակարգի դրսեւորումներով:
Մեր սերունդը, ֆիզիքական անմիջական հաղորդակցութեան առումով, աղօտ պատկերացումը ունի ընկեր Աբոյի պայծառ կերպարին : Նորագիր ԼԵՄ-ականներ էինք տակաւին, երբ իմացանք, որ երեսունհինգ տարի առաջ, Ամանորի նախօրեակին, թշնամիները առեւանգած էին Դաշնակցութեան ղեկավար դէմքերէն Աբօ Աշճեանը: Շատ չանցած, անձրեւոտ օր մը, Պուրճ Համուտը պիտի ողողուէր բողոքող հայորդիներով, որոնք համաժողովրդային հաւաքով կը դատապարտէին Մեծ ընկերոջ առեւանգումը: Մեր յիշողութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ ժամանակակից ղեկավարութեան դէմ կատարուած այս աքթը Դաշնակցութեան կողմէ ուղղակի կը վերագրուէր Թուրքիոյ: Յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` Հրաչ Տասնապետեան կը յայտարարէր, որ ընկեր Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումը նորագոյն մէկ օղակն է դաւերով, խաբէութիւններով, ահաւոր ճնշումներով եւ զանգուածային սպանդներով յատկանշուած պետական այն ահաբեկչութեան, որ թուրք բռնակալ սուլթաններու, ապա իթթիհատական Թուրքիոյ համաթուրանական վարիչներուն եւ, վերջապէս, թրքական հանրապետութեան ֆաշական ղեկավարութեան կողմէ գործադրուած է ու կը շարունակէ գործադրուիլ հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Պարզ էր ուղերձը. Անգարան փաստօրէն պետական ահաբեկչութեամբ կը հարուածէր Դաշնակցութիւնը` փորձելով գլխատել հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն կազմակերպ, կուռ եւ Թուրքիոյ հետ ուժային ոճով հակադարձելու կարողականութիւն ունեցող կուսակցութեան համապատասխան համակարգը:
Համաժողովրդային շրջանակներու համար խորհրդաւոր ուժի տէր այս անձը շատերու մտապատկերին մէջ կը կաղնիանար` իբրեւ ժառանգորդը Նիկոլ Դումաներու, Դրոներու, Նժդեհներու ու, տակաւին, հայ ժողովուրդը տարբեր օրհասներէ փրկած ղեկավարի յատկանիշներով գործած, դաշնակցական հայդուկապետներու, որոնք իբրեւ գործելաձեւ յար եւ նման իրարու` պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան` յաջորդաբար աղիւսելով այս կուսակցութեան մարտական կառոյցին վաստակած աւանդը:
Թուրքիոյ հասցէին Դաշնակցութեան կատարած ուղղակի, հասցէական վերագրումը մտածել կու տար, որ Անգարան գործի լծուած էր իրեն սպառնալիք նկատուող շարժումը չէզոքացնելու համար: Բացի ձեռք բերուած տեղեկութիւններէ` տեղական մակարդակով առեւանգման գործողութեան մասնակիցներու մասին, կար ընտրուած թիրախին` Թուրքիոյ համար ներկայացուցած վտանգի տեսութիւնը:
Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած ժամանակաշրջանին մասին է խօսքը. թշնամիին հետ ուժային լեզուով խօսողներու հրամցուցած շարքի ընթացքին ձերբակալուողներու, կամ քաղաքական բանտարկեալ դարձող տղոց ինքնութիւնները մտածել կու տային յատուկ միջավայրի մը, իւրայատուկ դաստիարակութեան մը եւ առանց հետք ձգելու, առանց անմեղ զոհեր խլելու ազատագրական պայքարի աւանդական կռուելաձեւի մը մէջ պարփակուած բարոյական սկզբունքներու մասին:
Պատմութիւնը, սփիւռքագիտութիւնը` յատկապէս, վաղը անպայման յատուկ հատոր պիտի յատկացնէ այս բոլորին մասին առարկայական, գիտական եւ ըստ արժանւոյն գնահատականը տալու հայ ազատագրական շարժումի աւանդոյթներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն հարազատ մնացած հերոսական արարքներու մասին, հեռու` որոշ իրողութիւններ նսեմացնելու կամ այլ իրադրութիւններ ուռճացնելու քարոզչաքաղաքական ծրագիրներէ:
Հետագայ այդ ուսումնասիրական աշխատանքներուն մէջ յաղթական պիտի կանգնի անպայման ընկեր Աբոն` լուռ ղեկավարէն մինչեւ վտանգաւոր օրհասներուն առաջնագիծի վրայ կանգնողը, Դաշնակցութեան յենասիւնը համարուած մարտական կառոյցը գլխաւորելէ մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն «Սարդարապատ» ակումբի մաքրութեան լծուած պատանի ընկերուհիէ ջուրի դոյլը խլած եւ մաքրութեան մասնակցած համեստ ու հոգատար ընկերը, մինչեւ իր անձնական ապահովութեան համար այլ ընկերներու կեանքը վտանգել մերժած լուսաւոր դէմքը: Մինչեւ` պատանդուած վիճակի մէջ թշնամիին տեղեկութիւն չփոխանցելու համար ֆիզիքական ինքնաչէզոքացումի փորձ կատարած հերոսը:
Այս առիթով արժէ յիշել նաեւ հայ առաջին քաղաքական բանտարկեալի ազատ արձակման եւ անոր մասնակցած գործին զօրակցութիւն յայտնելու համար ԼԵՄ-ի կազմակերպած զօրակցական ցոյցը: Կարեւոր անկիւնադարձ էր այդ ցոյցը երիտասարդութեան համար. առաջին զօրակցական դրսեւորումը կ՛ունենար հիմնական ազդեցութիւն` ազատագրական պայքարի վերադարձ կատարողներու նկատմամբ լիբանանահայ երիտասարդութեան զօրակցական հետեւողական շարժումին վրայ: Պէտք էր ուղղակի ապրիլ այդ օրերու երիտասարդութեան եռանդին, խանդավառութեան եւ անմնացորդ զօրակցելու համատարած մթնոլորտը: Շատ ուշ էր, երբ իմացանք, որ հակառակ տարբեր պայմաններու նկատառումով որոշ պատասխանատու ընկերներու կողմէ ցոյցը կազմակերպելու որոշումին դէմ դրուած արգելքին` այդ ցոյցի կայացման առաջարկը վերանայուած էր. ցոյցը տեղի ունեցած էր եւ երիտասարդութիւնը բաւարարուած` շնորհիւ ընկեր Աբոյին, որ անհրաժեշտ նկատած էր երիտասարդութեան մօտ ընթացքի մէջ եղող գործին նկատմամբ զօրակցական ալիքի բարձրացումը:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգի ղեկավարութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է ազգ-բանակ նախագիծը, որուն նպատակն է հիմնականին մէջ պատերազմող ժողովուրդի մէջ համատեղ զարգացնել քաղաքացիական եւ զինուորական մտածողութիւնները եւ ազգովին պատրաստ ըլլալ թշնամիի ոտընձգութիւնները դիմագրաւելու . ասոր առընթեր, կը գործեն նաեւ «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ծրագիրները, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը նպատակադրեն զինուորական ժամանակակից բարձրագոյն կրթութեամբ որակաւորել հայկական սպայակազմը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, պատանիներէն մինչեւ երիտասարդականի անդամներ, մինչեւ ԼՕԽ-ականներ եւ ժողովուրդի զաւակներ մինչեւ ակումբներու կամ յատուկ դիրքերու վրայ հերթափոխ պահակներ` բոլորը համատեղած էին համայնքի անդամ ըլլալն ու Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցիլը: Լիբանանի մէջ ժողովուրդ-բանակ այս հասկացողութիւնը կը գործէր անթերի, բարձր մակարդակով: Եւ ըստ էութեան, յաջողագոյն մանրանկարն էր այն նախագիծին, որուն կը ձգտի այսօր մեր պետութիւնը: Ժողովուրդ-բանակ այս համակարգին մէջ «Ես եմ» կամ աւելի ճիշդը` «Մենք ենք» կ՛ըսէին անոնք, որոնք կը գործէին ընկեր Աբոյի անմիջականութեամբ,եւ որոնք նաեւ պատիւը ունէին ընկեր Աբոյի ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին մաս կազմած ըլլալու:
Կառոյց, որ ոչ միայն պատուով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց` քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն:
Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին: Յարգա՛նք իր վաստակին:
Շնորհակալութիւն: