Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

 Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Տեղեկութիւններ Տուաւ Սուրիահայութեան Վերականգնումի Աշխատանքին Մասին

Հովանաւորութեամբ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին, 15 դեկտեմբերին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք` ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի  եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, որ ներկայացուց Սուրիոյ գաղութի վերականգնումի եւ վերակառուցման ծրագիրները:

Երեկոն սկսաւ Սուրիոյ մէջ զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Ապա կազմակերպիչ մարմինին անունով, ողջոյնի խօսք արտասանեց Սոնա Մատարեան: Մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ վիճակը, բաղդատմամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին ստեղծման օրերուն, բարեշրջում ապրած է, սակայն այս մարմինին առաքելութիւնը վերջ չէ գտած, հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ զօրակցին նաեւ վերաշինութեան ու վերականգնումի ճիգերուն:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Շահան արք. Սարգիսեանի ներկայութիւնը եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ վերջին օրերու անոր ունեցած հանդիպումներուն մասին: Ան յիշեցուց, որ հիւր առաջնորդին նախորդ այցելութիւնները անմիջական օժանդակութիւններու ապահովման նպատակով էին, մինչդեռ այս անգամուան այցելութիւնը կը նպատակադրէ վերականգնումի աշխատանքներուն աջակցութիւն ապահովել: Ան նշեց, որ Շահան արք. Սարգիսեան 14 տարիէ ի վեր ձեռնհասօրէն կը վարէ Բերիոյ թեմի առաջնորդի առաքելութիւնը, որուն եօթը տարիները անցան ահաւոր տագնապի մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Արեւմտեան թեմի զաւակներուն լիաբուռն աջակցութեան մասին, որ տագնապի տարիներուն տրամադրուեցաւ Սուրիոյ հայութեան, ապա կոչ ուղղեց` նո՛յն ոգիով մասնակից ըլլալու վերակառուցման երթին եւս:

Շահան արք. Սարգիսեան իր խօսքը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ իր այս առաքելութիւնը յոյս ներշնչող պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ: Ան աւելցուց, որ սուրիահայ գաղութի զաւակները ընդհանրապէս լաւատեսութիւնը չեն կորսնցուցած, մասնաւորաբար Հալէպի ազատագրումէն ետք, եւ ահա մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր, գաղութը լծուած է մոխիրներէ վերականգնելու աշխատանքին:

Առաջնորդը նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ամբողջ հայութեան, որ տագնապի տարիներուն կանգնեցաւ Սուրիոյ հայութեան կողքին, իսկ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը ունեցաւ մասնայատուկ դերակատարութիւն, օժանդակութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ իր հարազատներուն եւ առիթ ընծայեց, որ հայկական վարժարանները բաց մնան: Ան հաստատեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին Հալէպ այցելութիւնը` անցեալ Ամանորին եւ Ս. Ծննդեան տօնի օրերուն, ներշնչում պարգեւեց ու գօտեպնդեց հայութիւնը` ամրացնելով վերակառուցման ենթահողը: Ան նկատել տուաւ, որ հայութեան բոլոր միաւորներուն ու շրջանակներուն միացեալ ծրագրումով ճշդուած են վերականգնումի առաջնահերթութիւնները եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին, որ շարունակեն զօրակից ու աջակից մնալ սուրիահայութեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան կարգ մը տեղեկութիւններ տուաւ դեկտեմբերի սկիզբը կայացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովէն` շեշտելով, որ հայութիւնը մէկ է ու միասնական, եւ անհրաժեշտ է առաջնորդուիլ իրարօգնութեան զգացումով:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր վերակառուցման աշխատանքներէն պատկերներ:

Աւարտին, Շահան արք. Սարգիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

«Որդան Կարմիր»-ը Հրապարակեց Իր «Լաօ» Ձայնասկաւառակը

Վերջերս «Որդան Կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, հրապարակեց իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ, ինչպէս  նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին:

23 սեպտեմբերին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Նորարար» Հայաստան 2017» փառատօնին ընթացքին, «Որդան Կարմիր» նուագախումբը հանդէս եկած էր իր ժողովրդային նորարարական իւրայատուկ երաժշտական ոճով:

Միացեալ Նահանգներ իր համերգային շրջագայութեան ընթացքին, 2005-ին Վանաձորի մէջ կազմուած «Որդան Կարմիր» խումբը ելոյթներ ունեցած է շարք մը հռչակաւոր բեմերէ, ներառեալ` Հոլիվուտի «Ուիսքի ա Կօկօ»-էն եւ «Թէքսաս Միւզիք Քաֆէ»-ն` արժանանալով ջերմ ընդունելութեան:

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Նորակազմ Երգչախումբին Անդրանիկ Համերգը

Կազմակերպութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 21 դեկտեմբերին նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին անդրանիկ համերգը, խմբավարութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետ` Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որ տօնական օրերու առիթով բարեմաղթութիւններ ուղղեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ, երգչախումբն ու  մենակատարները ներկայացուցին Ս. Ծննդեան շարականներու եւ երգերու շարք մը` հայերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ելոյթ ունենալով գնահատեց նախաձեռնութիւնը վեր առնելով հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, մասնաւորաբար խմբավարին ճիգերը: Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս դպրաց դասին ի գործ դրած հաւաքական ճիգերը, նուիրումն ու ծառայական ոգին եւ մաղթեց, որ Նոր Տարուան սեմին, ներկաները հաւատքով պարուրուած ամբողջական յանձնառութիւն ունենան, յոյսով լիցքաւորուին եւ սիրով առաջնորդուին:

Այնուհետեւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան ծխական համայնքին անունով յուշանուէր մը յանձնեց դպրաց դասի անդամներէն Զաւէն Պոյամեանին անոր աւելի քան 30 տարիներու ծառայութեան համար: Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց Պոյամեանի անձնուէր ծառայութիւնը` սկսելով Լիբանանէն, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:

Փասատինայի Վարդատօնին Հայկական Ծաղկասայլը Կ՛Արժանանայ Դատաւորներու Մրցանակին

Ամերիկահայ վարդասայլի ընկերակցութեան կողմէ Փասատինայի 129-րդ տարեկան վարդատօնին առիթով պատրաստուած հայկական ծաղկասայլը արժանացաւ «Դատաւորներու մրցանակին»` գերազանց ձեւաւորման եւ ազդեցիկ ներկայացման համար:

«Հայկական Արմատներ» խորագրուած սոյն ծաղկասայլը յարգանքի տուրք մըն էր հայ կիներուն` մեծ մայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն հանդէպ, որոնց կեանքը ամբողջ նուիրում է եւ որոնք ազնուութեան ու բարութեան խորհրդանիշ, յոյսի ու լաւատեսութեան ներշնչման աղբիւր են:

Ընկերակցութեան կողմէ հայ համայնքէն ընտրուած ինը կիներ յատուկ պատիւի արժանացան: Ընտրեալներն էին Հերմինէ Ճանոյեան, Կրէյս Ստեփանեան, Թելմա Ղազարեան, Ռամելա Մարգարեան, Ալինա Դորեան, Սիլվի Մինասեան, Ալիս Պետրոսեան, Սիրվարդ Չիմայեան եւ Գարմէն Ազինեան-Լիպարիտեան:

քանատա

վարդան վրդ. թաշճեան նշանակուեցաւ լաւալի ս. գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` ընդառաջելով Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի խնդրանքին, տնօրինեց, որ Վարդան վրդ. Թաշճեան ստանձնէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովիւի պաշտօնը:

Վարդան վրդ. Թաշճեան ծնած է Լիբանան եւ մկրտուած է Մայք աւազանի անունով: Ան իր նախնական ուսումը առած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանէն, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան: Աւարտելէ ետք ճեմարանի միջնակարգը` հոգեւոր ծառայութեան կոչումին անսալով, անցած է Լիբանան եւ աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Աւարտած է դպրեվանքի ընծայարանի հնգամեայ ընթացքը: 2010 թուականին, ձեռամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ օծուելով ստացած է Վարդան աբեղայութեան անունը:

Վարդան վրդ. Թաշճեանի ծառայութիւնը Քանատայի թեմէն ներս սկսած է յունուար 2014-ին, նախ որպէս ժամանակաւոր հովիւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ու ապա Ազգային առաջնորդարանէն ներս ստանձնած է թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչի պաշտօնը եւ նոյն ընթացքին ղրկուած է Քէմպրիճ հովուելու Ս. Նշան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ համայնքը մինչեւ նոր հովիւի ժամանումը: Ան իր քարոզներով կիրակնօրեայ ներկայութիւն եղած է թեմի եկեղեցիներուն մէջ եւ ձեռնհասօրէն վարած է իրեն յանձնուած պատասխանատուութիւնները:

Կիրակի, 24 դեկտեմբերին, Բաբգէն արք. Չարեան պաշտօնապէս նշանակեց Վարդան վրդ. Թաշճեանը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւի պաշտօնին` վստահելով անոր Լաւալի հայ համայնքը:

Քուէյթ

Կիրակոս Գույումճեանէն Յատուկ Պարգեւ` Լաւագոյն Ուսանողին

Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ ընթացք առած է պարգեւատրում մը, որուն շնորհիւ նիւթական պարգեւ պիտի ստանայ այն ուսանողը, որ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է կրթական տարեշրջանին:

Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ընթացքին տարուան մրցանակ-պարգեւը յանձնուած է քուէյթահայ համայնքի փայլուն ուսանողներէն Սերլի Թովմասեանին:

Մրցանակի տուչութիւնը կատարուած է Կիրակոս Գույումճեանի երդիքին տակ, ներկայութեամբ պարգեւատրեալ ուսանողի ծնողներուն եւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Մանուէլ Պատէեանի եւ տիկնոջ` Լիլիթ Գալստեանի:

Ամէնամեայ այս մրցանակին շնորհիւ, բարերարը նպատակ ունի խորհրդանշական նիւթական աջակցութիւն ցոյց տալով ամրապնդել կրթութեան ու ուսման հանդէպ հետաքրքրութիւնը, առիթ տալով, որ ուսանողներ իրենց ճիգերուն շնորհիւ արժանանան ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ նիւթական նեցուկի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>