Պատմակշիռ իրադարձութիւններու յոբելենական տարի մը կը մտնենք. իրերայաջորդ տօնակատարութեանց հեւքոտ ժամանակաշրջան մը մեզ կը սպասէ:
Ոչ մէկ կասկած կայ, որ բոլոր տօները պիտի նշուին պատշաճօրէն, փառք ու պսակով, ժողովրդական ու պաշտօնական հանդէսներով ու հանդիսութիւններով, գիտաժողովներով ու խորհրդաժողովներով, խնճոյքներով ու հրավառութեամբ:
Տօները, անշուշտ, պարզապէս քէֆի ու խրախճանքի առիթներ չեն: Անոնք պէտք է ծառայեն անցեալի արժեւորումով եւ գնահատումով ժողովուրդը ապագային հանդէպ նոր յոյսերով ներշնչելու, լիցքաւորելու անոր հոգին ու զայն առաւել ոգեւորութեամբ, մարտունակութեամբ եւ խանդով ուղղորդելու դէպի պայծառ հորիզոններ:
Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի պետական ու համազգային տօնակատարութիւնները մեզ ազգովին պէտք է տրամադրեն, որ վերստին անկախացած մեր հանրապետութիւնը օժտենք ընկերային արդարութեան վրայ խարսխուած պետական համակարգով, աշխարահատարած իր զաւակները իր գիրկը կանչող նուիրական հայրենիքի բոլոր յատկանիշներով:
Անկախութեան հարիւրամեակը պէտք է դարձնենք հայրենիքի հանդէպ մեր պարտաւորութիւններու, յաւելեալ պատասխանատուութիւններու ստանձնման ուխտի առիթ: Նոր հարիւրամեակը սկիզբէն իսկ պէտք է Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար դառնայ բարգաւաճման, հզօրացման բարձունքներու ձգտելու եւ հասնելու շրջան:
Անցեալ տարիներու դառն փորձառութեանց ծնած թերահաւատութիւնը թօթափելով, լաւատեսութեան հիմքերը իրական զոհաբերութիւններու ու անշահախնդիր ծառայութեան սկզբունքներու վրայ դնելով` պիտի ստեղծենք մեր երազած երկիրը, մեր երազի երկիրը:
Արդ, կիսատ-պռատ նուաճումները պիտի չգոհացնեն մեզ, մասնակի յաջողութիւնները պիտի չմխիթարեն մեզ: Դարերու զրկանքներու, հալածանքներու, նախճիրներու բովէն անցած մեր տառապեալ ժողովուրդը արժանի է իր ստեղծագործ տաղանդը անխափան կենսագործելու հնարաւորութիւն ունենալու, խաղաղ, ապահով երկինքի տակ ապրելու` ամուր երաշխիքներով:
Տենդով, վճռական նուիրումով այդ երկիրը պիտի կառուցենք: Ա՛յդ է Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի յոբելենական մեր խոստումը, մեր ուխտը:
Միւս յոբելեաններն ալ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ-ի) հարիւրամեակ, Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան 90-ամեակ, պէտք է դիտել նոյն չափանիշներով, նոյն պահանջկոտութեամբ, նոյն պատասխանատուութեամբ: Այս օղակները, իւրաքանչիւրը ծառայութեան իր առաքելութեամբ` նուիրուած է սփիւռքեան ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ նոր սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւն սերմանելու եւ այդ ճամբով հայ երիտասարդը ազգին ու հայրենիքին կապելու գործին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աջակցութեամբ ու ներշնչումով ստեղծուած, անոր գաղափարական սկզբունքներով ղեկավարուող ու անոր զօրակցութիւնը մշտապէս վայելող այս կազմակերպութիւնները պատուաբեր յաջողութիւններով լեցուցին սփիւռքահայ տարեգրութիւնը:
Փա՛ռք իրենց կտրած ճանապարհին: Փա՛ռք իրենց հսկայական վաստակին: Փա՛ռք իրենց առաքելութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան ու նուիրումին:
Այս երկու կազմակերպութիւններէն ալ մեր ակնկալիքները մեծ են, ու հաւանաբար ճիշդ կ՛ըլլայ, որ յոբելենական այս տարին անոնց համար ալ դառնայ ոստումներ արձանագրելու անկիւնադարձ:
Մեծագոյն մարտահրաւէրը, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ, լարուած աշխատելու յանձնառութիւնը ամէնօրեայ իրողութեան վերածելը պիտի ըլլայ: Ափսո՜ս, որ այդպէս չէ եղած անցեալին: Բայց եւ այնպէս, չբաւարարուինք ափսոսալով, այլ խոստանանք, որ այս յոբելենական տարին մեկնակէտ պիտի ըլլայ նոր սկիզբի, նոր ոստումներու` մեր բոլոր միութիւններուն, բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, յոբելենական տարի դիմաւորեն անոնք կամ ոչ: