Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Քաղաքական Անդրադարձ. Տարին Աւարտեցա՞ւ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2017 տարին բաւական լուրջ քաղաքական ցնցումներ յառաջացուց Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական ցնցումներ արձանագրուեցան մասնաւորապէս Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, Սուրիոյ, Ծոցի եւ Պաղեստինի մէջ: 2018 տարեշրջանին միջինարեւելեան տարածքի աշխարհաքաղաքական վիճակը ըմբռնելու  համար պէտք է շրջանային որոշ դէպքեր վերյիշենք եւ վերլուծենք 2018-ին տեղի ունենալիք քաղաքական դէպքերը: Անշուշտ այս բոլորը ենթադրութիւններ կ՛ըլլան, սակայն միջինարեւելեան քաղաքական իրադարձութիւնները միշտ ալ եղած են յանկարծակի, երբեմն կախեալ, երբեմն ալ` անկախ այլ քաղաքական դէպքերէ:

Քրտական Հարցը

2015-ին, Քոպանիի յաղթանակէն ետք, քրտական հարցը դարձեալ Միջին Արեւելքին մէջ սկսաւ իր ազդեցութիւնը ունենալ, անշուշտ յառաջիկայ տարիներուն նոյնպէս պիտի ունենայ: Քրտական գործօնը կարելի չէ անջատել ընդհանուր պատկերէն, երբ կը խօսինք Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի ներքին կամ արտաքին յարաբերութիւններուն մասին: Իրանի մէջ քրտական գործօնը ամէնէն տկարն էր, իսկ Թուրքիոյ մէջ անոր ազդեցութիւնը գրեթէ անհետացաւ 2015-2016 տարեշրջանին, երբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր քաղաքական խորամանկութեամբ կրցաւ բաժնել քիւրտերը եւ քաղաքական ու ընտրական հարուածներ ուղղել քրտամէտ Ժողովուրդներուն ժողովրդավարական կուսակցութեան: Սուրիոյ պարագային, կացութիւնը բարդ էր 2017-ին եւ այդպէս ալ կրնայ մնալ: 2017-ին քրտական ջոկատները կրցան ընդարձակել իրենց սահմաններն ու հասան Տէր       Զօր, անոնք իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք Ռաքքան: Սակայն քիւրտերուն յենիլը ամերիկեան վստահութեան` նաեւ ունի եւ պիտի ունենայ իր վնասները: Ներկայիս եւ գոնէ յառաջիկայ տարիներուն համար Ռուսիա փաստեց իր ռազմական ու քաղաքական ուժը Սուրիոյ մէջ, եւ տակաւին քիւրտերը չկրցան ճանչնալ այս ուժը: Շատ հաւանական է, որ ռուսական եւ թրքական ճնշումներու պատճառով քրտական ջոկատները նահանջեն կարգ մը շրջաններէ եւ ճամբայ բանան սուր իական բանակին: Ասիկա կրնայ կատարուիլ միայն ռուսական երաշխաւորումով` պարզապէս կանխարգիլելու համար որեւէ թրքական թափանցում: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, արդէն ինչպէս նախկին յօդուածներուս մէջ նշած էի, Մեսուտ Պարզանիի անխոհեմ քայլը առաջնորդեց զինք կործանման, եւ քրտական ինքնավար մարզը կրնայ անկայունութեան մատնուիլ` ստիպելով իրաքեան բանակին, որ իր հսկողութեան տակ առնէ այլ շրջաններ: Սուլէյմանիյէի մէջ դէպքերը եթէ այսպէս շարունակուին, շատ հաւանական է, որ վարչապետ Ապատի զօրքեր ուղարկէ շրջան: Իրաքի մէջ քիւրտերու կոյր վստահութիւնը ամերիկեան աջակցութեան` զիրենք տարաւ դէպի փակուղի: Հաւանաբար 2018-ը դառնայ այն տարին, երբ կը տեսնենք զիջողական մօտեցումներ եւ ռուս-քրտական մերձեցում մը:

Սուրիան Դէպի Խաղաղութի՞ւն

Սուրիական պատերազմին առաջին փուլը գրեթէ իր աւարտին հասած է, սակայն` ոչ տագնապը: Պատերազմին երրորդ փուլը կրնայ ըլլալ քրտական շրջաններուն մէջ: Երկու կողմերը` թէ՛ քրտական եւ թէ՛ կառավարական ուժերը կը խուսափին այսպիսի արիւնալի պատերազմէ մը: Մանաւանդ` քիւրտերը, որոնք պիտի ստիպուին ճակատիլ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դէմ: Իսկ եթէ պատահի այսպիսի պատերազմ, ապա քրտական կողմը պարտուած դուրս պիտի գայ: Իսկ քաղաքական տագնապը կախեալ է փետրուարին նախատեսուած Սոչիի հանդիպումներէն, եւ թէ` որքանո՛վ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի կառավարութեան հետ նախատեսուած բանակցութիւններուն: Անշուշտ հոս նաեւ կան հարցադրումներ, թէ ինչպիսի՛ ընտրութիւններ կը նախատեսուին, ինչպիսի՞ պետութիւն պիտի կառուցուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ նախագահ Պաշշար Ասատի ապագան, արդեօք ընդդիմութիւնը պիտի ընդունի՞ զայն իբրեւ նախագահ: Այս բոլոր հարցումներուն տակաւին պատասխաններ չկան, եւ Ռուսիա նաեւ չունի անոնց պատասխանները: Շատ հաւանական է, որ Ռուսիա իր յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի ամրապնդէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի սիրաշահի ընդդիմութենէն խմբակ մը, իսկ միւս խմբակը, որ կը մնայ Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութեան տակ, այս պայմաններուն մէջ գրեթէ անկարելի է, որ որեւէ համաձայնութեան յանգի սուրիական կառավարութեան հետ: Հետեւաբար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ճամբան տակաւին երկար է եւ փշոտ:

Ծոցի Տագնապը

Մայիս ամսուն բռնկեցաւ Ծոցի տագնապը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյնը տնտեսական եւ քաղաքական պոյքոթի ենթարկեցին փոքրիկ Քաթարը, սակայն վերջինս տակաւին կանգուն կը մնայ: Գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի պաշտօնին ստանձնումէն ետք Սէուտական Արաբիա աւելի սուր քաղաքականութիւն վարեց Քաթարի ու Իրանի եւ անոնց դաշնակիցներուն նկատմամբ, Եմէնի դէպքերը եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի անհիմն հրաժարականն ու ետդարձը ցոյց կու տան, որ մինչեւ օրս Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ կէտ կրցաւ արձանագրել: Ընդհակառակն, իւրաքանչիւր քայլ կը նպաստէ Իրանի քաղաքական շահերուն եւ կը հզօրացնէ իր դաշնակիցները շրջանին մէջ: 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները քննութիւն մը պիտի ըլլան ՍԷուտական Արաբիոյ քաղաքական կշիռը փաստելու համար: Տակաւին ընտրական համաձայնութիւնները յստակ չեն, սակայն յստակ է մէկ բան, որ այս օրէնքով Մուսթաքպալ հոսանքը Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանին եւ Թրիփոլիի մէջ պիտի կորսնցնէ որոշ աթոռներ` ի նպաստ իր սիւննի ընդդիմախօսներուն, մասնաւորապէս` հիւսիսի մէջ, ուր հզօր արմատական սիւննի ընդդիմադիր վիճակ կը տիրէ, եւ ասիկա փաստուեցաւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Եւ այս իրավիճակով դարձեալ Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան երկու հակադիր բեւեռներու մէջ պիտի ըլլան: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ծոցի մէջ քաղաքական տագնապին, մինչեւ օրս ոչ մէկ փոփոխութիւն կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, այլ, ընդհակառա՛կն, նոյնիսկ Թուրքիա մխրճուեցաւ այս տագնապին մէջ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ տարի եւս շարունակուի:

Պաղեստի՞ն, Թէ՞ Իսրայէլ

Պատմական փաստի վրայ հիմնուած իրողութիւն մը պիտի չներկայացնեմ, ո՛չ ալ իրաւունքը ունիմ այդպէս ընելու, սակայն արաբներու անմիասնականութիւնը եւ անկարողութիւնը ցոյց տուին, որ պաղեստինեան դատը իր անկումը կ՛ապրի: Բոլորս ալ այն յոյսը ունէինք, որ գոնէ պաղեստինցիները պիտի ըմբոստանային: Անշուշտ խօսքը արաբներուն մասին չէ, որովհետեւ անոնց ըմբոստութեան ոգին շատոնց մեռած է, բայց յոյսերը շատ էին, որ Երուսաղէմի մէջ ժողովրդային յեղափոխոթիւն պատահէր: Այս մէկն ալ չեղաւ, հազիւ քանի մը փոքր ցոյցեր կատարուեցան, իսկ իսլամական եւ արաբական երկիրներուն մէջ` ոչինչ: Ասիկա կ՛ապացուցէ, որ պաղեստինեան հարցը կրնայ մտնել մութ ճամբայ մը, եւ հրեաներուն երազը իրականանալ` ստեղծելով հրէական Իսրայէլ մը, որուն մէջ ոչ հրեայ տարրը ընկճուած վիճակի մէջ ըլլայ:

Հայաստան այս տագնապալի վիճակին մէջ կրնայ որոշ ճկուն քաղաքականութիւն խաղալ, եւ այսօր է ժամանակը, որ օգտագործէ իր բարեկամական յարաբերութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ եւ հաստատէ դիւանագիտական յարաբերութիւններ Սէուտական Արաբիոյ հետ: Այս է միակ ելքը, որուն միջոցով Հայաստան կրնայ որոշ չափով հակազդել թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ արշաւներուն` իսլամական եւ արաբական երկիրներուն մէջ: Վերը նշուած տագնապներուն համաձայն եւ շրջանի քաղաքականութիւնը սերտելով` հսկայական ու անկիւնադարձային փոփոխութիւններ կարելի չէ սպասել: Սակայն մեզի Միջին Արեւելքի քաղաքական կեանքը միշտ ալ սորվեցուցած է, որ պատրաստ պէտք է ըլլանք ամէն տեսակի քաղաքական ցնցումի: 2018-ը 2017-ի քաղաքական շարունակութիւնը չէ միայն, այլ` զայն ամբողջացնողը:

Yeghia.tash@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>