Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ –Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը
Կը Գնահատէ Հայերէնաւանդ Ուսուցիչները

Periotem_010216

Յունուար 2-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Ազգային Զաւարեան-Սահակեան, Ազգային Հայկազեան-Կիւլպէնկեան վարժարաններու եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, տնօրէնութեանց, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Հայագիտական հիմնարկի դասախօսներուն հետ, եւ անոնք գործադրեցին Ազգային երեսփոխանական ժողովի 161-րդ նիստիՆ որոշումը եւ գնահատանք փոխանցեցին հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, վարժարաններու տնօրէններուն եւ հայագիտականի դասախօսներուն:

Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ, հակառակ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի աղէտահար վիճակին, հայերէնաւանդ ուսուցիչը ազգային բարձր գիտակցութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը` ի խնդիր հայեցի սերունդներու պատրաստման ու մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի պահպանման: Ան բարձրօրէն գնահատեց անոնց տարած նուիրական աշխատանքը, որ դժուարին կացութիւններու մէջ իսկ մնացին պատնէշի վրայ` հաւատարիմ իրենց նուիրական առաքելութեան:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան եւ Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Լալա Միսկարեան-Մինասեան յանուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն` շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգային վարչութեան եւ սրբազան հօր` հայերէնաւանդ ուսուցիչին դերը լուսարձակի տակ պահելու եւ զայն գնահատելու ոգեւորիչ այս մօ-տեցումին եւ ուշադրութեան համար:

 

Ատրպատական

Ռահուայ Գիւղի Ս. Աստուածածին
Եկեղեցւոյ Խաչերու Օծում

12552844_969763826426099_9029207765391253772_n

Իրանի Ռահուայ գիւղի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ 15 յունուարին մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի կողմէ:

Առաջնորդ հօր ձեռամբ, Ս. պատարագին ընթացքին, քարոզէն անմիջապէս առաջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթի եւ զանգակատան խաչերու օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ապա խաչերը երիտասարդներուն օգնութեամբ զետեղուեցան իրենց տեղերը:

Վերանորոգուած եկեղեցւոյ արտաքին պատերու մաքրութեան աշխատանքները շուտով իրենց լրումին պիտի հասնին, որպէսզի կարելի ըլլայ 18-րդ դարու եկեղեցին վերաօծել գարնան:

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով
Թեմի Առաջնորդի Այցելութիւնները

aderbadagan_012116

Տօնական օրերու առիթով, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Խնամակալ կանանց վարչութեան անդամներուն եւ ազգային առաջնորդարանէն խումբ մը պաշտօնէութԵան, այցելԵց յատուկ պատսպարանին մէջ խնամուող կամ իրենց տան մէջ ապրող հայ հիւանդներուն եւ տարեցներուն` տալով անոնց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը եւ ազգային առաջնորդարանի զօրակցութիւնը:

Պատսպարեալները եւ տան մէջ բուժուող հիւանդները առիթը ունեցան սրբազան հօր հետ զրուցելու իրենց կեանքի մասին, ներկայացուցին իրենց խնդրանքները եւ ապա միասնաբար աղօթեցին առողջութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար:

 

Պոլիս

Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզները»
Գիրքը` Թատրոնի Վերածուած Ներկայացուեցաւ

zabel_012116

Վերջերս, կազմակերպութեամբ Պողազիչի համալսարանի Կնոջական հարցերու հետազօտութեան ակումբի անդամներուն,  համալսարանի հակաօդային բաժինի համալիրի «Կարանդի» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները» գործին թրքերէնով ներկայացումը` որպէս թատերախաղ:

Եսայեան իր այս վէպով կը ներկայացնէ 1880-ական թուականի իր մանկութեան շրջանի քաղաքական ու ընկերային մթնոլորտը` շեշտը դնելով հայ կնոջ վրայ եղած ընկերային ճնշումներուն, նախ որպէս կնոջ, ապա` որպէս հայու:

Պողազիչի համալսարանի ուսանողներէն Մարալ Չանգայա յայտնեց, որ գիրքին հերոսը` Սանդուխտ, շատ տպաւորած էր զինք: Ան անդրադարձաւ օսմանեան շրջանէն մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ կիներու կապակցութեամբ առկայ մթնոլորտին` հաստատելով, որ ընդհանրապէս չէ փոխուած կիներուն նկատմամբ վերաբերմունքը, միայն զօրակցութեան շարժում մըն է, որ ստեղծուած է ներկայիս:

Դերասանուհի Էլիֆ Գարաման յայտնեց, որ նախապէս բեմադրած էին նոյն նիւթերը արծարծող թատերախաղեր` աւելցնելով, որ Զապէլ Եսայեանի կողմէ կնոջական հարցերու մէջ նկարագրուած պայմանները այսօր ալ կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Երկու Միաբաններ Կը Միանան
Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր Ծառայութեան»

0116Dajad&Baruir

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, ընդառաջելով առաջնորդին ու ժողովականութեան խնդրանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Տաճատ վրդ. Աշըգեանը ու Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը առաքած է ծառայելու մեր թեմէն ներս:

Երկու միաբան հայրերը Լոս Անճելըս ժամանեցին հինգշաբթի, յունուար 14-ի յետմիջօրէին: Անոնք կարճ ժամանակ մը պիտի ծառայեն Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, ապա պիտի լծուին իրենց նոր առաքելութեանց: Հայր Տաճատ կոչուած է Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, իսկ հայր Պարոյր` Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին:

 

Քանատա

Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարի
Հանդիպումը Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

harjit-sajjan_011016

Յունուար 10-ին Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաժան այցելեց Վանքուվըրի Հայ կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ: Յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախ շնորհաւորեցին Քանատայի Ազատական կուսակցութիւնն ու վարչապետը` վերջին ընտրութիւններուն առիթով, նաեւ նախարարին փոխանցեցին արցախեան հիմնահարցի գծով յանձնախումբին մտահոգութիւնները, յատկապէս շեշտելով վերջին շրջանի ազրպէյճանական կողմի զինադուլի խախտման յաճախակի դէպքերը: Նախարարը խոստացաւ հարցին մասին խորհրդակցիլ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ:

Հանդիպումէն ետք նախարարը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատարագին, որուն ընթացքին խօսք առնելով` բարի գալուստ մաղթեց Վանքուվըր ներգաղթած սուրիահայ ընտանիքներուն:

Քանատայի Ներգաղթի Նախարարի
Այցելութիւնը Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

John-McCallum_010516

Յունուար 5-ին, Քանատայի ներգաղթի նախարար Ճոն Մքալըմ այցելեց Թորոնթոյի հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին բերած ներդումը Քանատա ներգաղթող սուրիահայ քաղաքացիներու օժանդակութեան գծով: Այս ծիրէն ներս նախարար Մքալըմ խոստացաւ նաեւ ներգաղթի նախարարութեան անմիջական զօրակցութիւնը Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ներգաղթողներու օժանդակութեան աշխատանքներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան
Յիշատակման Պուրակ

bourag121915

Դեկտեմբեր 19-ին, Մեծն Թորոնթոյի շրջանի Մարքըմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման պուրակի հողօրհնէքը: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի Օնթարիոյի կազմի ջանքերուն շնորհիւ, Մարքըմի քաղաքապետութիւնը տրամադրած էր հողաշերտ` յառաջացնելու համար յատուկ ձեւաւորումով պուրակ մը, որպէսզի անոր ընդմէջէն փոխանցուի վերապրումի եւ վերընձիւղման խորհուրդը:  Համայնքի եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի պուրակը կոչեց «Յոյսի պուրակ»: Ծառատնկումի աշխատանքները պիտի սկսին այս տարուան մայիսին:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Համերգ Մոնրէալի Մէջ

Hasmig-Babian_121915

Դեկտեմբեր 19-ին, Մոնրէալի «Սեն Լորան» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայ երկու մեծատաղանդ արուեստագէտներու միատեղ ելոյթը: Արդարեւ, հռչակաւոր սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ համբաւաւոր դաշնակահար Աւօ Գույումճեան մեկնաբանեցին հատուածներ` Մոցարթէն, Հանտելէն, Պրամզէն, Փուչինիէն եւ Վերտիէն, նաեւ ներկայացուցին հայկական ստեղծագործութիւններու փունջ մը` Մանսուրեանէն, Բաբաջանեանէն նաեւ Կոմիտասէն:

 

Աւստրալիա

Հիմնուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ
Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը

mioutioun_012116

Վերջերս Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանի Շրջանաւարտից միութիւնը:

Սիտնիի Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ ժողովը, որուն բացումը կատարեց Հալէպէն Աւստրալիա գաղթած Պօղոս Պալիոզեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շեշտեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ունեցած կարեւոր դերը իր սաներու կեանքին մէջ:

Պ. Պալիոզեան հաստատեց  նաեւ Շրջանաւարտից միութեան կարեւոր դերը Ճեմարանի սատարման աշխատանքին մէջ եւ անդրադարձաւ անոր հիմնադրութեան կարեւորութեան Աւստրալիոյ մէջ եւս: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին` զօրակցութեան ու քաջալերանքի համար:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ աւելի քան 27 տարիներ Աւստրալիա հաստատուած, Գոլստըն Ճեմարանի անցեալի երկարամեայ հայոց լեզուի ուսուցիչ եւ Սիտնիի մէջ միութենական կեանքին մէջ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած Ասատուր Շուկայեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան, Աւստրալիոյ Համազգային Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան եւ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Փիլիպոսեան` որոնք գնահատեցին սոյն նախաձեռնութիւնը շեշտելով իրենց կազմակերպութիւններուն ամբողջական զօրակցութիւնը Շրջանաւարտից միութեան հիմնադրութեան աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ ընթացք առաւ ժողովը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ վարչութեան ընտրութիւն: Բաց քուէարկութեամբ ընտրուեցան հետեւեալ ճեմարանականները` որպէս Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանի Շրջանաւարտից միութեան առաջին վարչութիւն` Ասատուր Շուկայեան, Պօղոս Պալիոզեան, Ալին Պալիոզեան-Համամճեան, Թալին Կարապետեան, Նորա Սեւակեան, Վիգէն Թիւթիւնճեան եւ Մինաս Պարսումեան:

 

Վրաստան

Թիֆլիսի Մէջ Նշուեցաւ
Րաֆֆիի Ծննդեան 180-Ամեակը

raffi_122015

19-20 դեկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ հայ մտածող, վիպասան, ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօս Րաֆֆիի  (Յակոբ Մելիք Յակոբեան) ծննդեան 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու  շարք մը:

Առաջին հերթին ցուցադրուեցաւ «Խաչագողի յիշատակարանը» տեսերիզը, որ նկարահանուած է համանուն պատմագեղարուեստական վէպի մոթիվներով:

Ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօսի ծննդեան 180-ամեակի տօնակատարութեան երկրորդ օրը սկսաւ վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնով, որուն ընթացքին Խորէն վրդ. Օհաննէսեան անդրադարձաւ  հայ ժողովուրդի համար Րաֆֆիի ստեղծագործութեան անգնահատելի դերակատարութեան, նաեւ` անոր կեանքին:

Արարողութեան աւարտին ներկաները քայլերթ կազմակերպեցին դէպի Խոջավանք, ուր թաղուած է Րաֆֆին: Հոն տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում: Վրաստանի Հայ համայնքի ուսանողական միութեան անդամ Քրիստինէ Ապրամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ գլխաւոր խորհուրդը, որ Րաֆֆին մեզի տուած է, միասնութեան կոչն է:

Րաֆֆիի ծննդեան 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ  Վրաստանի Հայ համայնքի կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութիւն-քննարկումով`  «Րաֆֆի. ժառանգութիւնը եւ արդիականութիւնը» նիւթով:

Դասախօսներն էին  հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Լարիսա Խաչատուրեան եւ «Միութիւն» թերթի աշխատակից Մարօ Ասատուրեան, որոնք անդրադարձան Րաֆֆիի կեանքի կարեւորագոյն հանգրուաններուն:

Պաքուի Ջարդերու 26-րդ Տարելիցին Նուիրուած
Նախաձեռնութիւն Պաթումի Մէջ

St-Savior-Batumi_011716

Յունուար 17-ին Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ կատարուած հայկական ջարդերու 26-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւն, զոր վարեց աճարահայութեան հոգեւոր հովիւ Արարատ քհնյ. Գումբալեանը:

Պաթումի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.), Շամխորի, Մարաղայի դէպքերը 20-րդ դարուն տեղի ունեցած եղեռնագործութիւնները, ինչպէս նաեւ 1988-ի սումկայիթեան ջարդերը մոռացութեան մատնելու եւ մեղաւորներու անպատժելիութեան անմիջական հետեւանքն էին:

Աւարտին ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակին կանգնեցուած խաչքարին առջեւ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>