Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս միջազգային դաշտին վրայ ականատես կ՛ըլլանք մեծապետական դասաւորումներու: Յաճախ այդ ծրագիրները ըմբոստութեան կամ ընդդիմութեան պատճառով վերատեսութեան կ՛ենթարկուին: Մեծապետական ծրագիրները մութ գրասենեակներու մէջ կը պատրաստուին եւ գետնի վրայ չեն զգար եւ չեն գիտակցիր ժողովուրդին բազկերակը: Յամենայն դէպս ժամանակը ցոյց տուած է, որ ժողովուրդներու կամքը քմահաճ որոշումներու դիմաց յաճախ չի զիջիր: Ասկէ անկախ, մեծապետական ծրագիրները կ՛իրագործուին բոլորին լռութեամբ: Լռութեամբ աշխարհը մեղսակից է կատարուածներուն: Ոչ ոք կը համարձակի դէմ դնել, խօսիլ, ընդվզիլ, բողոքել: Բոլորն ալ իրենց լռութեամբ զօրաւոր մեղսակիցներ են կատարուած բռնաբարումներուն, ջարդերուն, տեղահանումներուն, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ այլն: Փաստօրէն ՄԱԿ-ի տեղեկագիրը կը հաստատէ, որ Լիպիոյ մէջ ոչ մէկ հիւանդանոց կը գործէ: Օրական հարիւրաւոր արարքներ կը կատարուին, սակայն լուռ հանդիսատես է աշխարհը: Եմէնի մէջ հարիւր հազար մանուկներ տարբեր տեսակ հիւանդութիւններէ վարակուած են, անօթի, անխնամ եւ անապահով: Եւ բոլորն ալ իրենց լռութեամբ մեղսակից են կատարուածներուն:
Աւելի՛ն. մէկ ամիսէն աւելի Միանմարի մէջ իսլամ փոքրամասնութիւն մը ուղղակի ջարդի կ՛ենթարկուի: Ընկերային ցանցերու վրայ նկարները եւ վկայութիւնները տեղատարափ կը թափին, սակայն հոս կամ հոն պզտիկ դատապարտութեան արտայայտութիւն մը կը լսենք: Այս բոլորը կու գան հաստատելու, որ մեր կեանքը լեցուն է անարդարութիւններով եւ կայ մեծամասնութիւն մը, թէ լուռ ականատես եւ վկան է կատարուած անիրաւութիւններուն: Դժգո՞հ են, կրնայ ըլլալ: Համաձա՞յն չեն, կրնանք հաւատալ: Կը զգան, թէ ամէն բան կը քանդուի՞, թերեւս: Սակայն բոլորիս համար յստակ է եւ վերջնական. ան, որ լուռ է կատարուածներուն դիմաց, մեղսակից է աղէտին: