Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւին Առիթով

$
0
0

«ՔՆՆԱԿԱՆ ՈՍՊՆԵԱԿ». Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան (gender based violence) դէմ 16-օրեայ արշաւը միջազգային քարոզարշաւ մըն է` ուշադրութիւն սեւեռելու համար կիներու նկատմամբ բռնութեան զանազան երեւոյթներուն վրայ, ինչպէս` բռնաբարութիւնը, բռնութիւնը տուժողներուն նկատմամբ, ընտանեկան բռնութիւնը, սպանութիւններ պատուի համար եւ այլ տեսակի բռնութիւններ` կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ:

Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւը առաջին անգամ նախաձեռնուեցաւ Կիներու համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնարկին կողմէ, 1991-ին:

Սոյն քարոզարշաւը ամէն տարի կը սկսի նոյեմբեր 25-ին եւ կը տեւէ մինչեւ դեկտեմբեր 10: Քարոզարշաւի նշանաւոր թուականներն են` նոյեմբեր 25` Կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օր, նոյեմբեր 29` Կիներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օր, դեկտեմբեր 1` ՍԻՏԱ-ի համաշխարհային օր, Միջազգային կամաւորական օր`տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար, դեկտեմբեր 6` Կիներու նկատմամբ բռնութեան յիշատակի եւ գործողութիւններու ազգային օր (Քանատայի մէջ) եւ դեկտեմբեր 10` Մարդու իրաւունքներու միջազգային օր եւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յայտարարման միջազգային օր:

Ամէն տարի Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին կը ներկայացուին նոր թեմաներ, կամ ալ նախորդ թեմաները կը վերարծարծուին: Թեման կը կեդրոնանայ սեռային անհաւասարութեան որոշ կէտի մը վրայ, որուն ընդմէջէն աշխատանք կը տարուի ուշադրութեան առարկայ դարձնելու ընդհանրապէս կիներուն վիճակը հասարակութեան մէջ: Տարիներու ընթացքին հետեւեալները եղած են 16-օրեայ այս արշաւին արծարծած թեմաները. 1991 եւ 1992` «Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները», 1993` «Ժողովրդավարութիւն` ընտանիքին մէջ. ընտանիքներու ժողովրդավարութիւն. ժողովրդավարութիւն ամէն մարդու համար», 1994` «Ըմբռնում, պատասխանատուութիւն, գործողութիւն. կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները», 1995` «Վիեննա, Գահիրէ, Քոփենհակըն, Փեքին. կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հայրենիք բերել», 1996` «Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը տուն բերել. իրականացնել մեր տեսլականները», 1997` «Մարդու իրաւունքները` հայրենիքի եւ աշխարհի մէջ», 1998` «Կառուցել մշակոյթ մը, որ կը յարգէ մարդու իրաւունքները», 1999` «Իրագործել բռնութենէն ազատագրման խոստումը», 2000` «Քարոզարշաւի 1Օ-ամեակի տօնակատարութիւն», 2001` «Ցեղապաշտութիւն եւ սեռապաշտութիւն. Ո՛չ եւս բռնութիւն», 2002` «Կերտել մշակոյթ մը, որ ոչ կ՛ըսէ կնոջ դէմ բռնութեան», 2003` «Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը կը վտանգէ մարդու իրաւունքները. պահպանել 10 տարուան թափը Վիեննայէն ետք (նուիրուած` Վիեննայի յայտարարութեան 10-ամեակին)», 2004-2005` «Յանուն կիներու առողջութեան, յանուն աշխարհի առողջութեան. ոչ եւս բռնութիւն», 2006` «Տօնենք 16-օրեայ արշաւին 16-ամեակը. յառաջացնել մարդու իրաւունքները…վերջ կիներու դէմ բռնութեան», 2007` «Պահանջելով իրականացում. մարտահրաւէր կարդալ խոչընդոտներուն. վերջ` կիներու դէմ բռնութեան», 2008` «Մարդու իրաւունքներ` կիներուն համար, մարդու իրաւունքներ` բոլորին համար UDHR60 (Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յայտարարութեան 60-ամեակ)», 2009` «Կատարեցէ՛ք, գործեցէ՛ք, պահանջեցէ՛ք. կրնանք վերջ դնել կիներու դէմ բռնութեան», 2010` «Բռնութեան կառոյցները. ռազմապաշտութեան եւ կիներու դէմ բռնութեան միջեւ միջահատութեան սահմանում», 2011-2014` «Հայենիքի խաղաղութենէն դէպի աշխարհի խաղաղութիւն. եկէք` մարտահրաւէր կարդանք ռազմապաշտութեան եւ վերջ դնենք կիներու բռնութեան», եւ վերջապէս 2015-2016` «Հայենիքի խաղաղութենէն դէպի աշխարհի խաղաղութիւն. կրթութիւնը պէտք է ապահով ըլլայ բոլորին»:

Հայկական իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հովանիին տակ գործող «Քննական ոսպնեակ» քննարկումներու երիտասարդական խմբակը պիտի բարձրացնէ կիներու իրաւունքներու հարցը այլ ազգային եւ ընկերային հարցերու կողքին: Այս տարի «Քննական ոսպնեակ» խմբակը մաս պիտի կազմէ Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ քարոզարշաւին` սոյն սիւնակով «Ազդակ»-ի մէջ հրապարակելով յօդուածներ, տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles