Երբեք Անկարեւոր Չէ Բարիքը
Յիշողութիւնը յիշատակներու մոգական տուփն է: Երբեմն, երբ այդ տուփը կը բանանք, այսինքն, երբ վերադարձ մը կը կատարենք դէպի ետ, պատկերին դուրս նետուիլը կը տեսնենք մէկ կամ աւելի դէմքերու, որոնք կեանքի մէջ շատ օգնեցին մեզի: Պատկերը` մայրիկին եւ հայրիկին, որոնց անսպառ գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը մասնակից դարձան մեր նկարագրի կազմութեան: Անսահման հասկացողութիւն ցոյց տուող ուսուցիչին, որ մեզ քաջալերեց, որ յամառինք, երբ մենք պատրաստ էինք պայքարը լքելու: Գործատէրին, որ մեր կարողութիւնները գնահատեց եւ յաջողութեան ճամբան բացաւ մեզի: Դրացիին, որուն յարգանքն ու համեստութիւնը մեզի հանդէպ, աւելի ազատ զգալ տուաւ մեզի եւ վստահութիւն ներշնչեց մեր անձին հանդէպ: Անծանօթի մը թերեւս, որուն անակնկալ օգնութիւնը յարմար վայրկեանին եկաւ անել կացութենէ մը փրկելու մեզ:
Յիշատակը այս բոլոր մարդոց, որոնց ազդեցութիւնը դեր մը խաղաց մեր կեանքին մէջ, ցոյց կու տայ, թէ մենք եւս կրնանք ազդեցութիւն ունենալ ճակատագրին եւ կեանքին վրայ բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք մեր ընտանեկան նեղ շրջապատին, մեր գործի շրջանակին եւ կեանքի մէջ ընդհանուր առմամբ:
Ասոնք բոլորը կը յիշենք գոհունակութեան զգացումով մը եւ, ոչ սակաւ անգամներ, երախտագիտութեամբ, առանց երբեք նկատի ունենալու, թէ այդ բոլորին մէջ մե՛նք ալ կրնանք նոյնը ըլլալ ուրիշներուն համար: Այսինքն, մե՛նք ալ կրնանք պատկանած ըլլալ վերոյիշեալ դասակարգերէն մէկուն եւ մենք ալ բան մը – լաւ – կրնանք ըրած ըլլալ մեր նմաններուն: Ինչո՞ւ կը պատահի այս բանը: Ինչո՞ւ ուրիշներուն մեր ըրածը մեզ չի տպաւորեր այնքան, որքան ուրիշներուն մեզի ըրածը: Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ արդեօք: Հոգեբանները գոհացուցիչ պատասխան մը չեն կրնար տալ հոգեբանական այս երեւոյթին:
Յամենայն դէպս, ինչ ալ տեղի ունենայ, այս «ժխտումը» ճիշդ չէ:
Սովորական սխալ մըն է, թիւը կարծիք մը անցեալին մասին: Կը կարծենք, թէ միակ բարի գործերը, որոնք նշանակութիւն ունին, անոնք են` զորս կը կատարենք բախտորոշ պահերու, որոնց ընթացքին բացառիկ պարագաներ բացառիկ ճիգ կը պահանջեն: Այս վայրկեանները սակայն սակաւաթիւ են, մինչ ընդհակառակն, տեւաբար առիթը կ՛ընծայուի մեզի, որպէսզի բարիք մը ընենք եւ ուրիշները հանդարտեցնենք:
Բաւական է, որ չմոռնանք, թէ ամէն վայրկեան, հազար ձեւերով, մեր հասկացողութեամբ, մեր քաջալերութեամբ, մեր խրատներով կամ համակրանքով, կրնանք ուրիշներու պատճառել այն հոգեկան ու ֆիզիքական հանգիստը, զոր ժամանակին ուրիշներ ալ մեզի պարգեւեցին: Պէտք է նոյնպէս յիշենք, թէ որեւէ բարի գործ «փոքր» չէ: Բաւական է, որ մեր աչքերը բանանք եւ տեսնենք այն կենդանի օրինակները, այն կենդանի կացութիւնները, որոնք մեզ պիտի համոզեն այդ մասին: Քննենք անոնցմէ քանի մը հատը:
Եւ ամէնէն առաջ ընտանիքը:
Ընտանիքին մէջ, «մեծ քայլերը» չեն, որ կը յայտնաբերեն «լաւ ծնողները», որ մանուկին նկարագիրն ու անհատականութիւնը կը կազմաւորեն, որ երջանիկ ընտանիքը կը ստեղծեն: Աւելի այն հանդարտ պտոյտն է, որուն ընթացքին ծնողները իրենց զաւակները մտիկ կ՛ընեն ու կը խօսին անոնց: Օրինակն է որ կու տան անոնց` ուղղամտութիւնը, անշահախնդրութիւնը, բարոյական ըմբռնումները այն մարդոց, որոնց հետ բարեկամութիւն կ՛ընեն եւ կը գնահատեն: Այն յարգանքն է, որ իրենք ցոյց կու տան իրենց ծնողներուն հանդէպ, եւ որ տեւաբար տղոց կը յիշեցնէ մեծ պատուիրանը. «Յարգէ՛ հայրդ ու մայրդ»:
Տակաւին աւելի յատկանշական բան մըն է այն ձեւը, որ այր ու կին իրարու հետ կը խորհրդակցին, իրենց տպաւորութիւնները կը նոյնացնեն, բոլոր առիթները կ՛օգտագործեն արտայայտելու համար իրենց փոխադարձ յարգանքն ու սէրը:
Անպայման սակայն, մէկ բան հաստատ է, որ ընտանիքի մը մէջ ուրիշ որեւէ բան չի կրնար փոխարինել ծնողներու ներկայութիւնը եւ անոնց գուրգուրանքը:
*
* *
Եւ այժմ կու գանք աւելի ընդհանուր հարցի մը: Հոգեբաններու կարծիքով` առաջինէն աւելի կարեւոր:
Որպէսզի հաճելի մթնոլորտ ստեղծուի ընկերային շրջապատին մէջ (թաղին, բազմաբնակարանին մէջ, ուր կը բնակինք), անհրաժեշտ չէ, որ օրէնքները եւ զանոնք գործադրողները միջամուխ ըլլան:
Պէտք է գիտնանք դրացիներուն հանդէպ վերաբերիլ ինչ որ ալ ըլլայ անոնց ծագումը կամ ընկերային դիրքը, որովհետեւ, բոլոր մարդիկը հաւասար իրաւունքներ ունին: Պէտք է անոնց զաւակներուն համար ուզենք այն, ինչ որ կ՛ուզենք մեր զաւակներուն համար: Եւ պէտք է մեր դրացիին, եթէ հիւանդ է կամ առանձին կ՛ապրի, տանք այն օգնութիւնը, զոր որեւէ ընկերային կազմակերպութիւն ի վիճակի չէ տալու: Կեանքի բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ մենք պէտք է ըլլանք այն դրացիները, զորս պիտի ուզէինք ունենալ:
*
* *
Ուր որ ալ գտնուինք, մեր ժամանակաշրջանին շատ կը ճամբորդենք, տունէն դուրս կ՛ելլենք եւ ամէն տեսակ մարդոց կը հանդիպինք: Բայց եւ այնպէս, ո՛ւր ալ երթանք եւ որքան հեռու ալ երթանք մեր հանդիպած մարդիկը մեր դրացիներուն կը նմանին, իրենց կարիքներով եւ ակնկալութիւններով: Ինչո՞ւ նախ մենք չարտայայտենք այն համակրանքը, որ պիտի ուզէինք իրենց կողմէ գտնել: Սորվինք գնահատել այն, ինչ որ ցոյց կու տայ իրենց տարբերութիւնը մեզմէ: