Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ֆրեզնօ Տանող Գնացքի Կառամատոյցին

$
0
0

Յ.  ՊԱԼԵԱՆ

Աշնանային երկուշաբթի առաւօտ: Կլենտէյլէն Ֆրեզնօ տանող հանրակառքի գրեթէ ամայի կառամատոյցին,  կը սպասէի: Կը քալէի վեր վար` սպասման ձանձրոյթին դէմ պայքարելով: Մարդիկ ընդհանրապէս այդ ժամերուն փակ տուփերու կը նմանին, իրարու կողքով կ՛անցնին եւ զիրար չեն տեսներ:

Զարմացած կանգ առի:

Ներկայանալի մարդ մը յանկարծ բարեւեց եւ ըսաւ.

– Բարե՛ւ, հա՞յ էք:

Հարցուցի.

– Ինչպէ՞ս գիտցաք:

– Հայը հային կը ճանաչի:

Եւ զրուցեցինք պահ մը: Կրկնուող զրոյց, հոս եւ այլուր, մեր թերթերու յօդուածներուն պէս, մեր կեանքի պատկերներուն, տխրութիւններուն եւ երբեմն ալ` ուրախութեան նմանող պահերուն պէս, ուր ցնցող լուրերն անգամ  ո՛չ նորութիւն են եւ ո՛չ ալ ցնցող:

1990-ին արտագաղթած «հայաստանցի» մըն էր:

Խորհրդային օրերուն լաւ վիճակ ունեցող մը եղած ըլլալու էր, օդանաւային ընկերութեան պաշտօնեայ, որ իր զաւակներուն հետ ինքզինք գտած էր «Լոս», զաւակները ստացած էին բարձրագոյն ուսում: Հինգ տարի սպասած էր, որ կացութիւնը բարելաւուի, եւ ինք վերադառնայ, եւ ապա միայն ծախած էր տունը եւ ինչքը: Հայաստան կ՛երթայ որպէս զբօսաշրջիկ:

Կ՛անդրադառնա՞նք այս «ցաւացնող»  լքման…

Լսեցի: Հիմա կը սպասէ, որ երկիրը բարելաւուի, որպէսզի վերադառնայ:

Եւ քանի որ երկիրը չի բարելաւուիր, ինք չի վերադառնար:

Եւ քանինե՜ր կը սպասեն այդ ինքնաբերաբար իրականանալիք բարելաւման…

Բարելաւումը կրնա՞յ ինքնաբերաբար տեղի ունենալ:

Հայը յանկերգի վերածած է «բարելաւման» ակնկալութիւնը, հին թէ նոր սփիւռքացած հայը: Կարծէք հազարումէկ գիշերներու հեքիաթներու բարի ոգիները երկիրը դրախտ պիտի դարձնեն եւ յետոյ կարմիր գորգ պիտի փռեն, որպէսզի հայը իրականութիւն դարձած երազային հայրենիքը վերադառնայ: Եւ քանի որ հուրի-փերիներ չկան, անոնց չենք հանդիպիր, արտագաղթած-սփիւռքացած հայաստանցին, բառարանին մէջ եղած եւ չեղած լուտանքները, որոնց թուումը մեր հոգեկան-ոգեկան սնանկութեան փաստերն են, թափեց իշխանութիւններուն վրայ` նախագահէն մինչեւ քաղաքապետ եւ մարզպետ, մտաւորականներ, զինուորականներ եւ «օլիկարխներ»:

Բայց ո՞ւր չկան իշխանութիւն եւ դիրք շահագործողներ:

Գնացքին մէջ, մինչեւ Ֆրեզնօ, ինծի ընկերացան սիրտ ճմլող լսածներս:

Ճիշդ է` կրկնութիւն է, ձանձրացնող, խօսիլ եւ գրել հայրենալքման, արտագաղթի, դէպի երկիր եւ նման կարգախօսերու մասին, որոնք կը յուզեն այդ մասին խօսողը եւ գրողը, ոչինչով նորութիւն են լսողի եւ ընթերցողի հետաքրքրութեան բաւարարութիւն տալու համար: Հայ թերթը, հայ հրապարակագիրը, նոյնիսկ հայ քաղաքական գործիչը հետաքրքրութիւն ստեղծող նորութիւն չունին հրամցնելիք, շահագրգռութիւն եւ բարօրութիւն ընձեռող խոստումներ:

Կարծէք` մեր քնացած պահուն, մեր բացակայութեան, առասպելի ոգիներ Հայաստանը պիտի դարձնեն այնքան երգուած «դրախտավայրը»:

Աշնան այդ առաւօտը, հայրենիքէ հեռացած եւ լաւ օրեր սպասող (չսպասող) հայը, առանց նրբութիւններու մէջ կորսուելու, առատօրէն կը հայհոյէր մեծին եւ պզտիկին, դուրսի եւ ներսի, կարծէք` հայհոյանքները բարեկարգման ծրագիր ըլլային: Պէտք է նաեւ խոստովանիլ, որ նման արտայայտութիւններ աւելի հեշտութեամբ լսող ականջներ կը գտնեն սրճարաններու մէջ, կամ` կիրակնօրեայ խորովածի կրակարանին շուրջ:

Հայաստանի դժուարութիւնները կան, քննադատելի եւ ցաւցնող երեւոյթներ կան, ո՞վ չի գիտեր: Բայց պէտք է տեւաբար հարց տանք մենք մեզի` կանգնելով հայելիին առջեւ, թէ ո՞վ եւ կամ որո՞նք պիտի իրականացնեն բարեկարգումի եւ վերականգնումի աշխատանքը: Հայրենիքի դժուարութիւնները եւ բացասականութիւնները չեն նմանիր մեր բնակարանի խանգարուած կամ փճացած ջրամատակարարման, կամ ելեկտրացանցի խանգարումներուն, որոնց նորոգութեան համար կը կանչենք աշխատաւորներ եւ կը վճարենք: Հայրենիքի դժուարութիւններու եւ բացասականութիւններու սրբագրութեան համար վարձկաններ չենք կրնար կանչել, այդ աշխատանքը մեր փոխարէն ուրիշներ պիտի չընեն: Նոյնիսկ երբ ուզենք լիաբուռն վճարելով բարեկարգումներ յուսալ, մենք մեզ կը խաբենք:

Հայը իր հայրենիքը պիտի վերականգնէ իր ներկայութեամբ:

Հրաշքով վերականգնած հայրենիքը յոյսերով եւ լաւ օրերու ակնկալութեամբ սպասող քաղքենիացած վերադարձին պէտք չունի: Շաբաթավերջի երգախառն խրախճանքները հայրենասիրական փուչիկ են, ոչ ոք խաբող օրօրոցային «նէյնիմ»:

Հայհոյելով եւ կամ երգելով, նստած` հեռաւոր երկինքներու տակ, մէկ կով կթած կ՛ըլլա՞նք: Ինչպէ՞ս ազգի իրաւ անդամը, որպէս մարդ եւ որպէս հայ, ինք իր աչքին կրնայ արդարանալ` սպասելով, որ սահմանին վրայ ուրիշներ պահակ մնան իր փոխարէն, ուրիշներ ճանապարհներ բանան:

Ֆրեզնօ տանող հանրակառքի կայանի արտագաղթած սփիւռքացած հայը, հայրենիք երազած եւ պայքար մղած սփիւռքացած հայերը օր մը պիտի կարենա՞ն յուշի, յիշատակի, երգի, պարի, խոհանոցային հայրենասիրութիւնը փոխարինել ներկայութեամբ իմաստնացած հայրենատիրութեամբ:

Ոմանք չեն սիրեր,որ խօսուի բազմագոյն խուսափումներու մասին` վերադարձէ եւ յանձնառութենէ, զորս կրնանք բնորոշել որպէս հրեշտակներու սեռ ճշդող բիւզանդական  միտքի մարզանքներ: Կը խուսանաւենք միտքէ եւ յանձնառութիւններէ խուսափելու համար:

Յանձնառութիւն եւ հայրենատիրութիւն` այսօ՛ր:

Վաղը միշտ ուշ է, կ՛ըսէր Ֆետերիքօ Մայոր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէն եղած յայտնատես մտաւորականը:

Չեմ գիտեր, թէ Կլենտէյլի հանրակառքի կայանի ներիմացումով զիս որպէս հայ ճանչցած եւ բարեւած հայը կը տեսնէ՞ այս տողերը:

Պիտի տեսնե՞ն նաեւ Ֆլորիտայի, Պեւըրլի Հիլզի, Քոթ տ՛Ազիւրի  կամ Լիբանանի Պայեատայի «հայասէր» հայերը, որպէսզի օր մը կատարեն ոստումը յանձնառու հայրենատիրութեան, նոր օրերու ռազմադաշտը` ըսելով, որ շարունակութիւն պիտի ըլլանք Արարատի փէշերուն կամ պիտի չըլլանք:

Ոստում: Եթէ ճառ խօսէի, կ՛ըսէի մեր այնքա՜ն լսած եւ հոլոված Աւարայրը կամ Սարդարապատը:

31 հոկտեմբեր 2017, Ֆրեզնօ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>