ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
2013 օգոստոսին յօդուած մը գրած էի` «Արցախ այցելողներու Պաքուի սեւ ցուցակը օգտակար է Հայաստանին, վնասակար` Ազրպէյճանին» վերնագիրով` լուսաբանելով ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու տխմարութիւնը` սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկելու համար մարդոց, որոնք առանց Ազրպէյճանի թոյլտուութեան կ՛այցելեն Արցախ: Ընդգծած էի, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելողները սեւ ցուցակին մէջ ներառելը առաջին հերթին վնաս կը հասցնէ Ազրպէյճանի շահերուն, քանի որ սեւ ցուցակը կը մեկուսացնէ Ազրպէյճանը մնացած աշխարհէն…: Փաստօրէն, որքան սեւ ցուցակի մէջ շատ ըլլայ թիւը մարդոց, որոնցմէ շատեր յայտնի անձեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ են, այնքան աւելի Ազրպէյճան ինքզինք կը զրկէ նման կարեւոր այցելուներէ:
2013 թուականի յօդուածիս մէջ մէջբերելէ ետք, քանի մը յայտնի անձերու անուններ, որոնք ծաղրած էին Ազրպէյճանի կողմէ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած ըլլալու փաստը, առաջարկեցի, որ անունս ալ աւելցնեն սեւ ցուցակին մէջ, քանի որ ես նոյնպէս գացած էի Արցախ եւ յօդուած գրած` այդ այցելութեանս մասին: Զարմանալիօրէն, առաջարկէս կարճ ժամանակ անց, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անունս աւելցուց սեւ ցուցակին մէջ` «Յարութ Սասունեան, հայազգի, սուրիացի-ամերիկացի լրագրող»: Ատկէ ետք, ես դարձեալ այցելեցի Արցախ…
Պէտք է աւելցնեմ, որ տարիներ առաջ, երբ հայր Ալիեւը Ազրպէյճանի նախագահն էր, միջնորդներու միջոցով ան զիս հրաւիրած էր Պաքու` տեսակցելու հետը եւ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Ես, ի հարկէ, մերժեցի անոր հրաւէրը: Ես նոյնիսկ հրաժարեցայ նախագահ Հայտար Ալիեւի առաջարկէն` տեսակցիլ հետը որեւէ երրորդ երկրի մը մէջ, օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, եթէ չեմ ուզեր երթալ Ազրպէյճան: Ես մերժեցի նաեւ այդ առաջարկը: Այնպէս որ, հիմա, երբ յայտնուած եմ սեւ ցուցակի մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկրի նախագահը զրկած է` զիս Պաքու հրաւիրելու կարելիութենէն…
Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ աւելի քան 700 անուն կայ, ներառեալ` խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, դերասաններ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ այլ յայտնի անձեր: Արցախի վերջին այցելուն, որ կը յայտնուի սեւ ցուցակի մէջ` Էնթընի Պուրտէնն է, «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի ընկերութեան աշխարհահռչակ խոհարարական հաղորդաշարի հաղորդավարն է: Անցեալ շաբաթ ան մեկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ` երկու երկիրներու հայկական խոհանոցի վերաբերեալ հեռատեսիլային ծրագիրներ պատրաստելու նպատակով, եւ Ազրպէյճան զայն անմիջապէս «փերսոնա նոն կրատա» (անբաղձալի անձ) հռչակեց…
Պուրտէնի անունը աւելցուած է սեւ ցուցակին` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքի համար», յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Հիքմէթ Հաճիեւ` «Ֆրանս փրես» գործակալութեան:
«Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ խոհարարական հաղորդաշար նկարահանելը վիրաւորանք է մէկ միլիոն ազրպէյճանցի գաղթականներուն, որոնց բռնի տեղահանած են իրենց տուներէն», աւելցուցած է Հաճիեւ: Անիմաստ խօսքեր են: Միակ բանը, որուն ազրպէյճանցի պաշտօնեաները հասան` Պուրտէնի այցի կանխումն էր Ազրպէյճան եւ ազրպէյճանական խոհանոցին մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդաշարի կազմակերպումը, որ մեծ ծանուցում կ՛ըլլար երկրին համար:
Ազրպէյճանի սեւ ցուցակը ունի շարք մը թերութիւններ.
1) Մինչեւ այսօր 700 անուն ներառուած է սեւ ցուցակին մէջ, մինչդեռ տարիներ շարունակ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ այցելած են Արցախ: Թէեւ Արցախի բոլոր այցելուներուն անունները հանրութեան յայտնի չեն, սակայն, ի հարկէ, անոնք 700-էն աւելի կը հաշուեն: Կը պարզուի, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մէկը քնացած է իր աշխատավայրին մէջ:
2) Ինչո՞ւ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած 700 անուններուն մէջ չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նոյնիսկ մէկ քաղաքացի: Թէեւ Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն յայտնի չեն Հայաստանէն սովորական այցելուներու անունները, անոնք, անշուշտ, գիտեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յաճախակի կ՛այցելեն Արցախ եւ անոնց այցերը հրապարակային են: Կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ Ազրպէյճան օտարերկրացի չի սեպեր Արցախ այցելող Հայաստանի քաղաքացիները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը խոստովանի, որ «Լեռնային Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն»: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ազրպէյճան, ներկայիս, մշտապէս «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած» կը համարէ Արցախը:
3) Սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուածներէն շատ քիչերը դժգոհած են, որ իրենք չեն կրնար այցելել Ազրպէյճան: Ընդհակառակը, անոնցմէ շատեր կը հպարտանան, որ իրենց անունները յայտնուած են Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ: Նոյնիսկ, աւելի ապշեցուցիչ է, երբ որոշ մարդիկ, Արցախ այցելելէ ետք, իրենց անունները չգտնելով սեւ ցուցակին մէջ` խնդրած են, որ իրենց անունները աւելցուին սեւ ցուցակին, քանի որ իրենք, անձնապէս, մեծ պատիւ կը համարեն այդ ցուցակին մէջ ըլլալը:
Վերջին ամիսներուն իրավիճակը աւելի սրելով` Ազրպէյճան պահանջած է այլ երկիրներէ` Պաքուին յանձնել իրենց այն քաղաքացիները, որոնք Արցախ այցելած են: Ծանօթ պարագայ մըն է այն, որ Պիելոռուսիոյ լրագրող մը անամօթաբար կալանաւորեցին եւ ուղարկեցին Ազրպէյճան, ուր զայն քանի մը ամիս բանտարկեցին: Ան վերջապէս ազատ արձակուեցաւ` Ազրպէյճանի վրայ ի գործ դրուած միջազգային ճնշումներէ եւ արարքը Եւրոխորհուրդի կողմէ դատապարտուելէ ետք:
Ասիկա իշխանութեան չարաշահում է, ազրպէյճանական ճնշումներու արտահանում եւ ահաբեկում` երրորդ երկիրներու նկատմամբ, որոնք պէտք է ամչնան ազրպէյճանական բռնապետական վարչակարգին հետ համագործակցելու իրողութենէն:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ