ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ճանչցած եմ գործընկեր բժիշկ Զաքար Մկրեանը` բժշկութեան ուսանողութեանս շրջանին եւ մասնագիտութեանս տարիներուն` 1960-1969, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր բժշկական-առողջապահական յօդուածներուն ընդմէջէն: Այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները եւ շատ բան կը սորվէի անոնցմէ: Բժշկական ուսանողական գիրքերուս կողքին, իր գրութիւնները կը նկատէի օժանդակ յաւելուածներ: Հայերէնով գրուած այդ բժշկական-առողջապահական գրութիւնները առաւել օգտակար կը դառնային, որովհետեւ անոնք կը ծառայէին բժշկական հայերէն բառամթերքս հարստացնելու եւ զարգացնելու: Անոնք օգտաշատ եւ նպատակայարմար գրութիւններ դարձան ինծի համար յառաջիկայ տարիներուն, երբ նետուեցայ գործի դաշտ եւ բժշկական իմ դողդոջ գրութիւններովս ներկայացայ հանրութեան: Կարդալով իր գրութիւնները` մէջս արմատացած էր այն համոզումը, որ բժիշկ Զաքար Մկրեանը իր ժողովուրդին մեծապէս օգտակար կը հանդիսանար իր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով, որոնք կը գրուէին շատ պարզ, հասկնալի եւ մաքուր հայերէնով: Շարունակ կ՛ըսէի ես ինծի` ե՞րբ առիթը պիտի ընծայուի ինծի անձամբ տեսնուելու այս յարգելի բժիշկին եւ ծանօթանալու անոր հետ:
1969-ի յուլիսին, ամբողջացնելէ ետք մասնագիտութիւնս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ-ականջ բաժանմունքին մէջ, որոշեցի անմիջապէս հաստատել անձնական դարմանատունս եւ անցնիլ գործի: Երկու ամիսներու ընթացքին պատրաստուեցաւ դարմանատունս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մօտ, Քլեմանսօ թաղամասին մէջ: Այդ երկու ամիսներու ընթացքին այցելեցի Պէյրութի մէջ գործող հայ բժիշկներու մեծամասնութեան` ծանօթանալու անոնց հետ եւ տեղեակ պահելու զիրենք, որ շուտով պիտի սկսէի աշխատիլ իմ մասնագիտութեան մէջ: Այդ այցելութիւններէն ամէնէն յատկանշականը եղաւ բժիշկ Զաքար Մկրեանին այցելութիւնս: Մեր հանդիպումը պաշտօնականութենէ դուրս եղաւ` իր որոշումով: Երկար հանդիպում մըն էր, որ եղաւ երէց եղբօր մը կողմէ տրուած յորդորներով լեցուն, քաջալերական խօսքերով լի եւ` բարի ու անշահախնդիր գործակցութեան ոգիով ներշնչուած: Այդ օրէն սկսաւ մեր երկուքին մտերմութիւնը:
Ճանչցայ զինք` որպէս սրտաբան մասնագէտ բժիշկի, մտաւորականի, հայ իրականութեան մէջ որակաւոր հեղինակութեան, ծառայութեան ոգիով թրծուած մաքուր հայ մարդու, ազգային անձնաւորութեան, Լիբանանի հայոց թեմին ազգային երեսփոխանի, Գաւառական ժողովի ատենապետի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործօն անդամի եւ ատենապետի, բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ գործող բժիշկի, անդամի, վարչական պատասխանատուի եւ ատենապետի, իր ժողովուրդի առողջութեամբ մտահոգ բժիշկի եւ վերջապէս` հայ լեզուի մաքուր եւ ճշգրիտ գործածութեան ջատագովի:
Ես պատիւը ունեցայ իրեն հետ գործակցելու Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործադիր մարմինին մէջ: Իրեն վստահուած էր ատենապետութիւնը, եւ ես որպէս ատենադպիր` գործեցի եւ գործակցեցայ իրեն հետ ամբողջ երկու տարի: Ժողովներու ատենագրութիւնները կը կարդայի մեր հերթական ժողովներուն եւ վաւերացնելէ ետք ատենագրութիւնը, հետեւեալը կ՛ըսէր. «Կարպի՛ս, այս ի՛նչ կատարեալ, անթերի եւ ամբողջական ատենագրութիւն պատրաստած ես նորէն»: Յաճախ մանր կատակներով կը համեմէր մեր ժողովները: Երկար չէր խօսեր եւ կ՛ուզէր, որ ժողովները սկսէինք ճշդուած ժամուն եւ վերջացնէինք առանց ժամավաճառութեան եւ շատախօսութեան:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան մեծցաւ, ապրեցաւ եւ գործեց իր շատ սիրած ծննդավայր Պուրճ Համուտի մէջ, որ իրեն համար նկատուած էր փոքրիկ հայրենիք մը:
Բժիշկ Զաքար Մկրեանի բժշկական-առողջապահական գրութիւնները հարստացուցին «Ազդակ» օրաթերթի սիւնակները: Ան գրեց 30 տարիներ շարունակ` օգտակար հանդիսանալով հայ ընթերցողին: Իր բժշկական գրութիւններով տեղեակ պահեց հայ հասարակութիւնը զանազան տեսակի հիւանդութիւններու մանրամասնութիւններուն, փոխանցեց բժշկական-առողջապահական գիտելիքներ, յանձնարարութիւններ, թելադրութիւններ եւ շարունակ շեշտեց կանխազգուշութեան կարեւորութիւնը:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին 1999-ին` մեծ բաց մը ձգելով լիբանանահայութեան կեանքին մէջ:
Իմացած էի 2007-ին, որ բժիշկ Զաքար Մկրեանին կողակիցին` համեստափայլ տիկին Յասմիկ Մկրեանին ջանքերով հրատարակուած էր Պէյրութի մէջ բժիշկին 30 տարուան գրութիւններուն հաւաքածոն` «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորով: Շատ փորձած էի ունենալ օրինակ մը այս հատորէն, սակայն` ապարդիւն:
Պէյրութ վերջին այցելութեանս, 2017-ի յունուարին, զանազան գրախանութներու մէջ հարցուցի տոքթորին գիրքին մասին, որպէսզի օրինակ մը ապահովեմ: Դարձեալ ձախողեցայ: Իմ այցելութիւններուս շարքին այցելեցի նաեւ Համազգայինի տպարանի եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին: Մեր խօսակցութիւններու ընթացքին արծարծեցի բժիշկին գիրքի հարցը եւ օրինակ մը ունենալու փափաքս յայտնեցի: Յակոբ Հաւաթեան տեղէն ցատկեց եւ դիմացի պահարանին մէջէն գիրք մը վերցուց եւ ինծի հրամցուց` ըսելով. «Ահաւասիկ ուզած գիրքդ, սիրելի՛ ընկեր-բժիշկ Կարպիս»: Մեծ եղաւ ուրախութիւնս եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցի ընկեր Յակոբին, որ ինքն ալ իմ ուրախութեանս բաժնեկից դարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բժիշկ Կարպիս, հիմա կրնաս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած յարգելի գործընկերոջդ մեծածաւալ հատորը ըմբոշխնել եւ խորհրդակցիլ իրեն հետ»: Ուստի բարեբախտութիւնը ընծայուեցաւ ինծի անձնական օրինակ մը ունենալ «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորէն` շնորհիւ Յակոբ Հաւաթեանին:
Պէյրութի մէջ առիթը չունեցայ թղթատելու եւ կարդալու «Վկայութիւն եւ պատգամ»-ը: Մոնրէալ վերադառնալէ ետք կարդացի այս ծաւալուն գիրքը` մեծ գոհունակութեամբ: Երբ կը կարդայի, կարծէք բժիշկ Զաքարը դէմս նստած` կը զրուցէր հետս եւ իր տարտերը ինծի հետ կը բաժնէր:
«Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորը ծաւալուն գիրք մըն է 771 էջերով: Գիրքը կը սկսի «Սրտի խօսք»-ով, գրուած բժիշկին ազնուափայլ կնոջ` Յասմիկ Մկրեանին կողմէ: Անոր կը յաջորդէ «Տոքթ. Զաքար Մկրեանի կենսագրական գիծերը» գրութիւնը եւ նկարներու շարք մը, որոնք կը ներկայացնեն բժիշկ Մկրեանի կեանքի բոլոր երեսները:
Գիրքին բովանդակութիւնը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.
- Բժշկական վկայութիւններ, որոնք կը պարփակեն հետեւեալ գլուխները.
Բժիշկ-բժշկութիւն, առողջութիւն-կանխազգուշութիւն, հիւանդներ-մտահոգութիւններ, հիւանդներ-դեղեր, մանուկին կազմաւորումը եւ առողջութիւնը, ընդհանրական հիւանդութիւններ, փոխանցիկ հիւանդութիւններ, ցաւեր, մոլութիւններ, առօրեայ մտահոգութիւններ, ծերութեան հիւանդութիւններ, արեան հարցեր, սրտի հարցեր եւ դարմանումներ, շնչառութեան հարցեր, ջերմաստիճանի խանգարումներ, հոգեկան-ջղային խանգարումներ, երակային հարցեր, ստամոքսի հարցեր, մարսողութեան հարցեր, օրկանական հարցեր, բերանի եւ ականջի հարցեր: Այս բոլորը ներկայացուած են 215 գրութիւններով` 460 էջերու վրայ:
- Ապրուած փորձառութիւններ (բժշկական)` 26 գրութիւններ` 60 էջերով:
- Ազգային տրոփներ` 62 գրութիւններ` 113 էջերով:
- Ընկերային երեւոյթներ` 17 գրութիւններ` 50 էջերով:
- Յուշագրական էջեր` 6 գրութիւններ` 26 էջերով:
- Բանաստեղծական խոհեր` 13 գրութիւններ (անտիպ)` 21 էջերու վրայ:
- Նամականի. չորս նամակներ` ներկայացուած 16 էջերով:
- Բովանդակութիւն` 10 էջ:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան երեսուն տարիներ շարունակ գրած է, եւ այս գիրքը արգասիքն է իր տարած աշխատանքին: Գրած է բժշկական եւ առողջապահական այժմէական հարցերու եւ նիւթերու մասին, արծարծած է ազգային եւ ընկերային հարցեր, բժշկական բարոյագիտութիւն, բժիշկներու դիմագրաւած դժուարութիւններ:
Ան գրած է իր յուշերը անկեղծօրէն եւ ինքնաբուխ: Արծարծած է իր մտահոգութիւնը` իր լսած եւ տեսած յոռի երեւոյթներու առնչութեամբ: Անդրադարձած է հոգեկան պոռթկումներով եւ ընդվզումներով` հանդէպ անարդարութիւններու, մոլութիւններու: Ջանացած է խօսք հասկցնել խօսք չհասկցողներուն:
Գրութիւնները շատ հաղորդական են, դիւրամատչելի եւ հասկնալի: Անոնք գրուած են շատ մաքուր հայերէնով: Անոնք հարուստ են բժշկական եւ բժշկագիտական հայերէն բառամթերքով:
Գիրքը հարստացած է բժիշկ Զաքարին սրտէն բխած բանաստեղծական խոհերով, որոնք կը ներկայացնեն իր իղձերը, ներաշխարհը, հոգիին խռովքը, կեանքին հանդէպ հասկացողութիւնը, ընկերութեան հոգեվիճակը, սփիւռքահայութեան իրավիճակը եւ ապրումները: Գիրքը կը վերջանայ բժիշկ Զաքար Մկրեանի չորս նամակներով, որոնք գրուած են 1955-1961 ժամանակաշրջանին եւ ուղղուած են իր սիրելի դասընկերոջ` Պետրոս Ալահայտոյեանին:
Ես կարդացի «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորը եւ վայելեցի անոր բոլոր գրութիւնները: Ահաւասիկ «Առողջութիւն-կանխազգուշութիւն» բաժինէն գրութիւն մը, որ կը նկատեմ այժմէական եւ խիստ կարեւոր: Ան տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 20 յունիս 1995-ին:
Մոնրէալ, 3 օգոստոս 2017
——————————
ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՂՕՂԱՆՋԵՆ
ԶԱՆԳԱԿՆԵՐԸ
Ո՞վ չէ լսած, կամ չի գիտեր սրտին համար մահացու վտանգ ներկայացնող հինգ ախտանշանները…:
Դպրոցներէն սկսած` օրաթերթերը, տեսողա-լսողական կեդրոնները միշտ կը յիշեցնեն, որ պէտք է չծխել, չգիրնալ, դարմանել երակային գերճնշումը, շաքարախտը եւ ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը արեան մէջ եւ այլն:
Տեղեկատուական միջոցները այնքան մը այլազան եւ գոհացուցիչ կերպով ամէն մարզի մէջ ժողովուրդին բացատրած են եւ զայն զարգացուցած են, որ ոչ ոք կրնայ առարկել, թէ ինք տեղեակ չէ կամ չի գիտեր, որ ծխախոտը, գիրութիւնը, երակային գերճնշումը, շաքարախտը կամ արեան մէջի ճարպային նիւթերու բարձր տոկոս մը կեանքի սպառնացող ամէնօրեայ վտանգներ են:
Եւ սակայն մարդիկ կը շարունակեն անտեղեակ երեւիլ կամ արհամարհել, երբ պետական մակարդակի վրայ, գերզարգացած երկիրներու մէջ, արդէն իսկ արգիլուած է ծխելը, գոնէ` հանրային վայրերու մէջ կամ պետական հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու շրջափակին մէջ:
Արեան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսին դիմաց, շատ դիւրին է, ընտանիքներէ սկսած, կիրարկել մասնայատուկ սննդականոն, ուր ճարպային նիւթերը զանց կ՛առնուին, եւ թեթեւ իւղեր, ինչպիսիք են արեւածաղիկի, եգիպտացորենի եւ բուսական այլ արտադրութիւններէ պատրաստուած իւղերու գործածութիւնը, նախքան արեան ճարպային նիւթերու տոկոսը նուազեցնող յատուկ դեղերու գործածութիւնը:
Արեան ճարպային նիւթերու շատ բարձր տոկոս ներկայացնող պարագաներուն, հարկ է ստուգել անոր բաղադրիչ մասնիկները, որովհետեւ արեան ճարպը, իր կարգին, կը բաժնուի երկու գլխաւոր մասնիկներու` բարձր տոկոսով ճարպային մասնիկներ (HDL) եւ փոքր տոկոսով ճարպային մասնիկներ (LDL), որոնցմէ փոքր մասնիկ ներկայացնող բաժինը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ կը փակչի երակներու ներքնամասին եւ կրնայ ուղղակիօրէն հասցնել երակախցումի:
Երբ սննդականոնը եւ սակաւակերութիւնը չկարենան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը նուազեցնել եւ բնական աստիճանի հասցնել արեան մէջ, բժիշկը կը սկսի մասնագիտական յատուկ դարմանումի: Չի բաւեր քանի մը ամիս դարմանում կամ յատուկ ճաշացուցակ, պէտք է մնայուն եւ հետեւողականօրէն կիրարկել արեան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսի դարմանումը, մասնաւորաբար` ընտանեկան կամ ժառանգականօրէն հակամէտութիւն ունեցող անհատներու պարագային:
Մարդիկ պէտք չէ տատամսին, երկմտին կամ դանդաղին` կիրարկելու խիստ դարմանում եւ սննդականոն: Ստոյգ է, որ ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը կը փութացնէ պնդերակութիւնը եւ ճարպային գնդիկներ կրնան երակներու ներքին մասին վրայ տեղաւորուիլ` առիթ տալով լանջացաւի կամ նոյնիսկ կաթուածի:
Գիտաշխատանոցները իրենց ամէնօրեայ հրատարակութիւններով կը հաստատեն ճարպային նիւթերու ներկայացուցած մեծ վտանգները, մասնաւորաբար երբ կու գան բարդուիլ երակային գերճնշումը, շաքարախտը, ծխամոլութիւնը եւ այլն:
Այս վատ սովորութեան եւ մոլութեան մենք ականատես ենք շատ յաճախ. անհատներ, որոնք նոյնիսկ հիւանդանոցներու մէջ կը շարունակեն ծխել, չեն կրնար կէս ժամ գոնէ դադրիլ ծխելէ, երբ կը շրջագային հիւանդանոցներու անցքերուն մէջ կամ կ՛այցելեն հիւանդին սենեակը…
Հանրային վայրերու մէջ` սրահ, թատրոն, ճաշարան, գրադարան, սպասման ու շարժապատկերի սրահները, երբ պատերուն վրայ ծխախոտէն զգուշացնող որմազդներ դրուած են եւ ծխելը արգիլուած է, մեծապէս գնահատելի է, ինչ որ մեծ յառաջդիմութիւն կ՛ենթադրէ ծխամոլութեան դէմ տարուած պայքարին մէջ, սակայն կ՛ակնկալուի, որ պետութիւնն ալ զօրակոչի ենթարկէ իր սպասարկութիւնները` հասնելու համար ծխախոտի ամբողջական արգիլումին:
ԲԺԻՇԿ ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ