Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. 15-ամեայ Աշխատանքի Արգասիքը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Քաթալոնիոյ անկախութեան ձգտումին ու այդ ուղղութեամբ կատարած քայլերուն հետեւանքով, Եւրոպայի մէջ ամրապնդուած են տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութիւնն ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ վերապահութիւնը:

Ահա այսպիսի անբարենպաստ պայմաններու մէջ էր, որ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին Պելճիքայի Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ արցախցի խորհրդարանականներու ներկայութեամբ կազմուեցաւ 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած Արցախի հետ բարեկամութեան խումբ մը: Երկու օր ետք` ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին 16 անդամներէ բաղկացած նոյնպիսի խմբակ մը կազմուեցաւ այս անգամ վալոնական խորհրդարանին մէջ:

Քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու մէջ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Պելճիքայի բաղադրիչ երկու խմբաւորումներուն հետ կազմուած այդ բարեկամական խմբաւորումներուն կազմութիւնը կարելի է նկատել մեծ ձեռքբերում մը, որ բնականաբար մետասաներորդ պահու կատարուած քայլի մը արդիւնքը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ, այլ` արգասիքն էր 15 տարի առաջ հիմնուած նշեալ գրասենեակին կատարած աշխատանքին, վարկին եւ զարգացուցած յարաբերութիւններուն, կազմած յարաբերական ցանցին ու քաղաքական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ անոնց աճին վկայութիւնը:

Արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով Պրիւքսել այցելող Արցախի Հանրապետութեան նախագահը դժբախտաբար ելոյթ չունեցաւ եւ նոյնիսկ ներկայ չգտնուեցաւ գրասենեակի կազմակերպած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ օրուան նիստին: Իրողութեան մէջ այդպիսի ակնկալութիւն մը տեղին պիտի չըլլար` նկատի ունենալով չճանչցուած հանրապետութեան մը նախագահը իր հիմնական կառոյցներէն մէկուն մէջ հիւրընկալելու նկատմամբ Եւրոպական Միութեան ունեցած խիստ վերապահութիւնը: Սակայն Վալոնական ու Ֆլամանտական խորհրդարաններուն մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խմբակներու կազմութիւնը կու գայ ուրուագծելու այն յուսալի հեռանկարը, որ եւրոպական ժողովրդավարութեան ու արժէքներու միջնաբերդին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յաղթական ելոյթը թէեւ շատ դժուար, սակայն անհասանելի չէ եւ ի վերջոյ պիտի իրականանայ` շնորհիւ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին եւ անոր անձնակազմի համբերատար ու երկարաշունչ աշխատանքին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>