Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Ամերիկայի Արեւելեան Եւ Արեւմտեան Շրջաններուն Մէջ Կայ Մեծ Ներուժ, Որ Տրամադրելի Է Համահայկական Խնդիրներուն, Որոնց Մէջ Առաջնահերթը Այսօր Սուրիահայութեան Խնդիրն Է» Ըսաւ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան

$
0
0

Dr-Sarkissian_011616

2015-ի աւարտին հալէպահայ ազգային գործիչ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան այցելեց Միացեալ Նահանգներ եւ հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն հայ գաղութներուն հետ: Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ տոթք. Ներսէս Սարգիսեանին հետ:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Ի՞նչ նպատակով այցելեցիք Միացեալ Նահանգներ:

ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Միացեալ Նահանգներ այցելեցի ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի հրաւէրով: Հրաւէրին նպատակն էր շրջանի գաղութները իրազեկ դարձնել սուրիահայութեան իրավիճակին, որպէսզի իրատեսական պատկեր մը կազմեն ընդհանուր կացութեան` ապահովական, տնտեսական, կենցաղային եւ ժողովուրդի կարիքներուն մասին: Այցելութիւնը տեւեց մօտաւորապէս մէկ ամիս` 2015 նոյեմբեր-դեկտեմբեր:

«Գ.».- Ո՞ր շրջանները այցելեցիք:

Ն. Ս.- Այցելութեան Ժամանակացոյցը ճշդած էր ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէն: Այցելութիւնը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ գաղութները` Պոսթըն, Ուսթըր, Փրովիտենս, Տիթրոյթ, Շիքակօ, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Կրենիտ Սիթի, Լոս Անճելըս, Ֆիլատելֆիա եւ Նիւ Ճըրզի: Հոս տեղին է յիշել, որ Լոս Անճելըսի այցելութիւնը եղաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի հրաւէրով, եւ ընդհանուր ժամանակացոյցին մէջ քանի մը օր կարելի եղաւ տրամադրել Լոս Անճելըսին: Այս բոլոր գաղութներուն մէջ տեղի ունեցան տեղւոյն համայնքներուն հետ հանդիպումներ, ցուցադրուեցան երիզներ, որոնք կը ներկայացնէին սուրիահայութեան վիճակն ու պատերազմի ընթացքին մեր կազմակերպական աշխատանքները: Տեղին է յիշել, որ Ուսթըրի պարագային հանդիպումը գաղութին հետ չէր միայն. տեղւոյն համալսարանին մէջ գիտաժողով մը կար գաղթականներու շուրջ, որուն ընթացքին ես ելոյթ ունեցայ` յատուկ տեսերիզով ներկայացնելու սուրիահայութեան իրավիճակը: Հանդիպման ներկայ եղան թէ՛ հայեր եւ թէ՛ Ուսթըրի համալսարանի ուսանողներ:

Բոլոր հանդիպումները կ՛ընդգրկէին տեսերիզներու ցուցադրութիւն, որոնք կը ներկայացնէին սուրիահայութեան ապահովական, կենցաղային եւ տնտեսական իրավիճակը եւ այս չորս տարուան ընթացքին սուրիահայ գաղութին հոլովոյթը: Իսկ ներկաներուն ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն յստակ դարձաւ, որ բոլոր շրջաններուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ սուրիահայութեան նկատմամբ:

«Գ.».- Ընդհանուր առմամբ, ամերիկահայութիւնը յատկապէս եւ տեղացիներ ընդհանրապէս, որքանո՞վ իրազեկ են սուրիահայութեան տագնապի ընդհանուր վիճակին մասին: Այսպիսի հանդիպումներ որքանո՞վ կարեւոր կը համարուին:

Ն. Ս.- Հոս տեղին է յիշել, որ ամերիկահայութեան մօտ շատ մեծ հետաքրքրութիւն կայ սուրիահայութեան նկատմամբ, նոյնիսկ այն գաղութները, որոնք համեմատաբար անգլիախօս գաղութներ են, մեծ հետաքրքրութիւն ունէին: Ես այնտեղ զգացի, որ մեր ժողովուրդը իսկապէս մէկ ազգ է, աշխարհի որ ծայրն ալ որ գտնուի: Ես բոլոր շրջաններէն լսեցի, որ այս տեսակի հանդիպումները պէտք է յաճախակի դարձնել, որովհետեւ շատ կարեւոր հանդիպումներ են. տեղւոյն հայերը սուրիահայութեան առնչուող տեղեկութիւնները կը ստանան թէ՛ տեղական` ամերիկեան մամուլէն, թէ՛ հայկական մամուլի մէջ սուրիահայութեան անդրադարձող յօդուածներէն. շատ քիչ առիթներ ունեցած են ուղղակի շփում ունենալու Հալէպէն կամ Սուրիայէն ժամանած եւ իրադարձութիւնները ապրած անձնաւորութիւններու հետ: Հանդիպումները այս իմաստով շատ կարեւոր էին, որովհետեւ իրենք առաջին կարգի տեղեկութիւններ կրցան ստանալ եւ իրենց ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն իրազեկ դարձան սուրիահայութեան ընդհանուր իրավիճակին: Ես մէկ առիթ ունեցայ միայն ամերիկացիներու հետ հանդիպելու, այդ ալ Ուսթըրի համալսարանի ձեռնարկի ընթացքին էր. այնտեղ ալ ակներեւ էր մեծ հետաքրքրութիւնը. իսկական տեղեկութիւնը հասցնելու դժուարութիւնը միշտ եղած է, եւ մենք պէտք է յաւելեալ ճիգ թափենք զանազան բնագաւառներու մէջ` այդ զանգուածները տեղեակ պահելու սուրիահայութեան իրատեսական իրավիճակին շուրջ: Ատիկա կրնայ ըլլալ մամուլի հրատարակութիւններով եւ հանդիպումներով: Հայկական մամուլը երբեմն պէտք է համացանցը օգտագործէ եւ օտար լեզուներով տեղեկութիւն փոխանցէ օտար զանգուածներուն, որովհետեւ այս մարզին մէջ մեծ բացթողում կայ: Ես առիթ ունեցայ ամերիկահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալու, ինչպէս` «Հայրենիք»-ի, «Արմինիըն Ուիքլի»-ի, «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի: Անկախ գաղութային հանդիպումներէն` այլ հանդիպումներ եւս ունեցայ, օրինակ` Լոս Անճելըսի մէջ ՍԱՐՖ-ի նոր անձնակազմին հետ: Տեղին է նշել, որ ՍԱՐՖ-ը այս օրերուն լծուած է փետրուար 21-ին սուրիահայութեան նուիրուած թելեթոնի կազմակերպման աշխատանքներուն. այս հանդիպումը շատ կարեւոր եղաւ թելեթոնի աշխատանքը կազմակերպելու իմաստով` տեղեկութիւններ փոխանակելու եւ ձեռնարկին ցուցադրելու համար մեզմէ պահանջուած կարգ մը փաստագրական տեսերիզներու մասին խօսելու համար: Հանդիպումներ ունեցայ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ, որոնք նոյնպէս, տեղեկութիւններու փոխանակման կարգով, կարեւոր էին: Հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ՀՅԴ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ Արեւելեան շրջանի մէջ Հայ դատի գրասենեակի ընկերներուն հետ:

Այս բոլոր հանդիպումները շատ կարեւոր էին, ինչպէս որ ըսի, առաջին կարգի տեղեկութիւններ փոխանցելու, առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ գաղութներու միջեւ ուղղակի կապ հաստատելու իմաստով:

«Գ.».- Տեղւոյն գաղութները ինչպիսի՞ ընդունելութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերեցին:

Ն. Ս.- Բոլոր այն գաղութներէն ներս, ուր գտնուեցայ, բացարձակ զօրակցութիւն զգացի սուրիահայութեան նկատմամբ: Ես զգացի, որ սուրիահայութեան հարցը այսօր վերածուած է համահայկական հարցի, եւ ամերիկահայութիւնը շատ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ սուրիահայութեան խնդիրներուն ու գոյապայքարին նկատմամբ: Ինչ որ կը պակսի, ուղղակի տեղեկութիւններն են եւ անմիջական կապերը այս   գաղութներուն հետ, որպէսզի աշխատանքները աւելի համակարգուին, յատկապէս այն գաղութներուն, որոնք աշխարհագրականօրէն աւելի հեռու են:

Ամերիկահայ թերթերը, լրատուամիջոցները, ինչպէս` «Հայրենիք»-ը, «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, «Ասպարէզ»-ը եւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձան այս հանդիպումներուն. բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կար այս իմաստով:

Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան զօրակցութեան, պէտք է ըսել, որ սուրիահայութեան տագնապի ընթացքին ամենամեծ նիւթական օժանդակութիւնները եղած են Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններէն եւ այս իմաստով, թէ՛ որպէս հետաքրքրութիւն եւ թէ՛ որպէս նիւթական ներդրում, մենք երախտապարտ ենք այս շրջաններու մեր համայնքներուն, մեր գաղութներուն, որոնք մեծապէս կը սատարեն սուրիահայութեան գոյապայքարին: Անկախ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններէն` հոն գտնուած շրջանիս տեղւոյն համայնքներուն ընդունելութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կը փաստեն, որ այս շրջաններուն մէջ կայ մեծ ներուժ, որ տրամադրելի է համահայկական խնդիրներուն, որոնց մէջ առաջնահերթը այսօր սուրիահայութեան խնդիրն է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>