ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ
Հակառակ տիրող արհաւիրքին, ճգնաժամային պայմաններուն, յուսալքիչ վայրկեաններուն, սրտաճմլիկ եւ անմարդկային պատկերներուն, բայց եւ այնպէս կազմաւորող եւ վերաշինող հայն էր, որ գիտակից իր առաքելութեան եւ իր ազգային պատկանելութեան` հաւատարիմ մնաց իր մարդկային սկզբունքներուն` մինչեւ վերջին հայու ներկայութեան, տէր կանգնելու գաղութին եւ անոր զաւակներուն:
Անցնող հինգ տարիներու տագնապալի վիճակը ոչ մէկ ձեւով կասեցուց ընթացքը: Գաղութիս մէջ գործող եւ աշխուժ ներկայութիւն վայելող կրթական, մշակութային, գրական, մարզական, կրօնական եւ բարեսիրական միութիւններ թէ հաստատութիւններ նոյն թափով ու եռանդով շարունակեցին իրենց աշխատանքները` բարօր օրերու ոգեւորութեամբ եւ քիչ մըն ալ աւելի:
Տագնապի ուժգնութիւնը պատճառ չէր, որ գաղութիս զաւակները, սփիւռքի միւս գաղութներուն նման, իրենք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներուն:
Այս առնչութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի Լիբանան այցելութեան առթիւ թեմէս պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանան եւ այս շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ եղաւ եւ կարծիքներ փոխանակեց:
Անցնող տարեշրջանին գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը, ուր ընթացիկ օրակարգերուն կողքին, ունկնդրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առնչութեամբ յառաջացած Կեդրոնական յանձնախումբին եւ անոր աշխատանքներուն մասին զեկոյց լսեց:
Հակառակ շատ մը դժուարութիւններու «Գանձասար» շաբաթաթերթը, որ թէ՛ տեղական եւ թէ՛ հայկական առումով կը շարունակէ առաջնային իր դերը որպէս Հալէպի միակ տպագիր թերթը, ինք եւս անմասն չմնաց 100-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցող աշխատանքներէն եւ լոյս ընծայեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բացառիկ թիւը, որ կը բովանդակէր քաղաքական, վերլուծական, միջազգային, գրական եւ այլ յօդուածներ:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մարզական խաղերու մրցաշարք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի հայկական դպրոցներէն 500 աշակերտ-աշակերտուհիներ, եւ որուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ եզրափակիչ հանդիսութեամբ:
Ժողովրդային մակարդակով կազմակերպուեցան Հայ դատի լսարաններ, ուր շաբաթական հերթականութեամբ զեկուցաբերներ մեկնաբանեցին եւ վերլուծեցին միջազգային եւ ներազգային ճակատներու վրայ Հայ դատի նկատմամբ քաղաքական մօտեցումներն ու առաջադրանքները:
Տիրող պայմանները արգելք չհանդիսացան, որ Բերիոյ հայոց թեմը նոյն աշխուժութեամբ շարունակէ իր ընթացիկ կազմակերպական աշխատանքները. այսպէս, օրինակ, իր երկամեայ գործունէութեան ժամանակաշրջանի աւարտին կատարուեցաւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւն, Երեսփոխանական ժողովին կողմէ: Նորընտիր Ազգ. վարչութեան արդիւնաբեր գործունէութիւնը ցայտուն դարձաւ առաջին իսկ օրէն: Ան, նկատի ունենալով երկրին մէջ սղաճը եւ հետզհետէ աւելի ծանրացող տնտեսական պայմանները, սերտողութիւն կատարեց ազգային պաշտօնէութեան ամսականներուն եւ տարին չբոլորած` արդէն բարձրացումը շօշափելիօրէն իրականութիւն դարձաւ:
Գաղութի համայնքային կեանքի կազմակերպուածութիւնը շարունակուեցաւ, վերակազմուեցան 2015-2017 շրջանի Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմիններն ու խորհուրդները:
Երկրին մէջ տիրող պատերազմի անապահով եւ անողորմ պայմաններուն` հայրենի իշխանութեան ներկայացուցիչները միշտ մեր կողքին էին թէ՛ հայրենիքէն ներս, թէ՛ Սուրիոյ տարածքին` իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով, ինչպէս նաեւ` երբեմն հայրական այցելութիւններով. այս գծով Հալէպէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, տիրող կացութեան մէջ գաղութին մասին լուսաբանութիւններ ստանալու եւ կարծիքներ փոխանակելու:
Հակառակ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն` հայ դպրոցը մնաց Բերիոյ հայոց թեմի հետաքրքրութեան կիզակէտը, ուր ի գին ամէն զոհողութեան` ոչ մէկ հայկական դպրոց փակեց իր դռները եւ կամ ոչ մէկ հայ աշակերտ զրկուեցաւ ուսանելու իր իրաւունքէն: Նկատի ունենալով գաղթի հոսանքը եւ անկէ յառաջացած աշակերտութեան եւ պաշտօնէութեան թիւի նուազումը, ուժերը մէկտեղելու եւ բացթողումները ամփոփելու համար Ազգ. Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները, նաեւ Ազգ. Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարանները միացան մէկ յարկի տակ:
Նոր Գիւղի շրջանը վտանգաւոր գօտի դառնալով` Ազգ. պատսպարանի սաները ժամանակաւորապէս փոխադրուած էին «Լ. Շանթ» սրահ, սակայն նկատի ունենալով վերջին շաբաթներուն, շրջանի մէջ տիրող համարեա կայուն վիճակը, սաները կրկին վերադարձան իրենց տաքուկ բնակարանը` վայելելով հնարաւոր հանգիստն ու ազատ կեանքը:
Ընթերցասէր խաւը անմասն չմնաց գաղութի պատասխանատուներուն հոգատարութենէն, այս իմաստով նորակազմ յանձնախումբ մը վերստանձնեց «Քրիստափոր» գրադարանի վերակազմակերպման աշխատանքները, ցանկերու վերադասաւորումը եւ կայքէջի վերաթարմացումը:
Մեծ շուքով նշուեցաւ գաղութին մէջ մեծ համբաւ վայելող, անձնական թէ միութենական աշխատանքները գրկբաց ընդունող «Արամ Մանուկեան ժողովրդային տուն»-ի 25-ամեակը:
Երկրիս առաջին տիկնոջ` Ասմա Ասատին նախագահութիւնը վայելող խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը ծայր առաւ դպրոցներու եւ միութիւններու մակարդակով:
Օրէ օր սաստկացող պատերազմի արհաւիրքը թեթեւցնելու, յուսալքուած հոգիները մխիթարելու եւ ձեւով մը հպարտութիւն առթելու նահատակ ընտանիքներուն` Ազգային սկզբունքներու ընդհ. քարտուղարութիւնը, համագործակցաբար բնապահպանութեան հայազգի նախարարին հետ, Հալէպի հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ ծառատնկման ծրագիր մը յղացաւ` նուիրուած Սուրիոյ անցնող տարիներուն պատերազմի նահատակներուն:
Ոգեւորող ձեռնարկները անմասն չմնացին մեր գաղութային կեանքէն. այսպէս, օրինակ, ՀՅԴ 125-ամեայ ծառայութեան տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս գաղութս այցելեցին եւ հոգեկան գոհունակութիւն պարգեւեցին հալէպահայ սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանն ու հայրենի երգիչ Մակիչը: ՀՅԴ 125 եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կեդրոնական ձեռնարկով մը, որուն իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր բնիկ հալէպահայ, այժմ լիբանանաբնակ Յակոբ Խաչերեան:
Երկրիս դիմագրաւած պայմաններուն լոյսին տակ յառաջացած Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինն ու անկէ յառաջացած գործադիր մարմինները իրենց բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները կը շարունակեն ի սպաս դնել գաղութին ծառայելու եւ սատար կանգնելու աշխատանքներուն, որոնց դրական թարգմանիչը հանդիսացաւ Թարթուսի նորակազմ Թաղական խորհուրդն ու Շտապի գործադիր մարմինը:
Պատերազմի ահաւորութենէն ծնող անապահով, անբարենպաստ եւ յուսալքիչ վիճակները անթիւ ու անհամար են, իսկ ծառայողական բաժնի անճարակութիւնը` անողորմ. կրկին գաղութիս ծառայասէր միութիւններն ու երիտասարդները իրենք էին, որ իրականացուցին ջրամատակարարման եւ ջրաբաշխման աշխատանքը:
Գաղութային կեանքը ներկայացնող այս համայնապատկերը վստահաբար կ՛ոգեւորէ սուրիական հայրենիքէն ներս թէ դուրս գտնուող հայազգի զաւակները, յոյս կը ներշնչէ եւ հպարտանքի առիթ կու տայ բոլորիս, որ թէեւ պայմանները դժուար են, թէեւ պատերազմը աւերիչ է, սակայն ընդհանրապէս Սուրիան, եւ Հալէպը մասնաւորապէս կը շարունակեն մնալ սփիւռքի բազկերակը եւ հայութեան համար բաբախող սիրտը: