Տարի մը առաջ այս օրերուն մեզմէ հեռացաւ սիրուած, 70-ական թուականներուն «Ազատամարտ»-ի անդամ, ակումբի ու հայ ժողովուրդի դատի պաշտպան, զուարթամիտ, ընկերասէր, համակ եռանդ ու ծառայասէր Անդրանիկ Սէիսեանը:
Ան ամէնօրեայ ներկայութիւն էր ակումբին մէջ, սիրուած էր բոլորէն` ընկերներէն եւ համակիրներէն:
Կեանքի պայքարի դրօշը բարձր բռնած, հակառակ վերջին տարիներու դժուարութիւններուն, միշտ աջուձախ կը վազէր քարէն հաց հանելու համար:
Գրեթէ ամէն առաւօտ կը հանդիպէինք իրարու ու «բարի լոյս, Անդօ»-էն ետք քանի մը բառ կը փոխանակէինք, ապա միշտ զուարթուն ու յոյսով լեցուն կը վազէր գործի:
Երբեք մտքէն չէր անցներ, որ մահացու ախտ մը բոյն դրած էր ներսը:
Ներկայութիւն էր ակումբին մէջ: Ակումբէն (Ազատամարտ) հազիւ ներս մտած նարտի երկու մրցակիցները, Ղազին (Ղազարոս Պալեան) եւ տողերս գրողը ակումբի մէկ անկիւնը կը սպասէին զինք:
Յանկարծ ներս կը մտնէր ծխախոտը ձեռքը (ախ այդ ծխախոտը) ու անմիջապէս` խօսքը մեզի ուղղելով, կ՛ըսէր. «Ինծի մէկը չի կրնար յաղթել»: Ղազին մարտահրաւէր կը կարդար ու երկար չէր տեւեր. Անդոն կը տանէր շռնդալից յաղթանակ, ու միշտ թատերական յայտարարութեամբ կ՛ըսէր. «Ձեզի ըսի, ինծի մէկը չի կրնար յաղթել»:
Այն օրերէն տարի մը անցաւ: Անողոք հիւանդութիւնը տարաւ մեր սիրելի Անդոն: Շշմած էին բոլորը, նոյնիսկ զուարթամիտ Ղազին, որ լուռ ու ինքնամփոփ կը նստէր այն անկիւնը, ուր իրարու կը հանդիպէին նարտի երկու թշնամիները` Ղազին ու Անդոն, երբեմն ալ տողերս գրողը:
Ս. Յակոբ եկեղեցին ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեամբ զինքը ճամբեցինք անդի աշխարհ, սուգը բոլորած էր բոլորին, ընկերներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն ու իր ընտանիքի անդամներուն: Մոռցայ ըսելու, որ ունէր աննման ընտանիք, աննման զաւակներ (երկու աղջիկ ու Գէորգը), որ հիմա դրօշակը պարզած հօրը բացը գոցելու պատրաստուած է:
Հիմա տարի մը ետք միշտ կը յիշենք զինք ու դեռ երկար պիտի յիշենք «Ազատամարտ» ակումբը մտնող, ծխախոտը մատներուն սիրելի Անդոն` բարձր յայտարարելով. «Ինծի մէկը չի կրնար յաղթել»:
Երանի թէ այդպէս ըլլար սիրելի՛ Անդօ:
Հանգիստ ոսկորներուդ:
Յիշատակդ անթառամ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ