Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ազգայիններու Հոյլ Մը Պարգեւատրուեցաւ
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանով
Կիրակի, 10 յունուար 2016-ի առաւօտեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի «Ծառայութեան տարուան» նուիրուած սրբատառ կոնդակը:
Յետ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, սուրիահայ 13 ազգայիններ պարգեւատրուեցան Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» շքանշանով:
Պարգեւատրման հանդիսութեան բացումը կատարեց Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան, որ նշեց, թէ նախախնամական զուգադիպութեամբ Ազգային վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը կը համընկնի Արամ Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակելուն: Այս յարգոյ ներկայութեան առաջ, այսօր ծառայութիւնն է, որ պիտի մեծարուի` ազգային գործադաշտի զանազան բնագաւառներուն մէջ երկարամեայ վաստակաշատ ազգայիններու անուններով:
Ապա հրաւիրեց Շահան արք. Սարգիսեանը, Ազգ. վարչութեան անդամներ Տիգրան Պետրոսեանն ու Մարալ Սեմերճեանը, որպէսզի պարգեւատրեն աւելի քան 600-ամեայ Բերիոյ հայոց թեմի ծառայութեան գանձատունը հարստացուցած ազգայինները` Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» շքանշանով:
Հուսկ, Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրուեցան հետեւեալ ազգայինները` Վահան ծ. վարդապետ Պէրպէրեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան, Մեսրոպ Ա. քհնյ. Պետրոսեան (Հասիչէ), տոքթ. Վահէ Սիսեռեան, Գէորգ Ապահունի, Հռիփ Կանանեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Մանուկ Գանտիլեան, Նազելի Ազեզեան, յետ մահու` Արամ Պագգալեան, Սիլվա Ջապաղջուրեան, Անժէլ Պոշկեզենեան եւ Յարութիւն Պարսամեան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ վեր առնելով ծառայութեան խորհուրդը` մէջբերումներ կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակէն, բարձրօրէն գնահատեց ծառայասէր ազգայիններն ու հանդիսականները, որոնք հոծ բազմութեամբ ներկայացած են` հաստատելու իրենց հաւատքն ու յարգանքը ազգային ծառայութեան նուիրական գործին:
Հալէպի Մէջ 2015-ի Ծնունդ 93 Երեխաներու
Ամանորեայ Նուէրներ
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հիւրընկալեց 2015-ի ծնեալ 93 երեխաներու ծնողներ, շնորհաւորեց զանոնք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի զոյգ առիթներով, բարի եւ խաղաղ տարի մաղթեց բոլորին` յորդորելով զինուիլ համբերութեամբ ու ամրապնդուիլ հաւատքով: Ապա սրբազան հայրը 2015-ի ծնեալ բոլոր երեխաներուն նուէրներ բաժնեց ու մաղթեց, որ անոնք արժանաւոր զաւակներ ըլլան ու շէնցնեն Հալէպի հայ ընտանիքներուն ջերմ օճախները:
Ձայն Մը Գամիշլիէն
Գամիշլիի «Գանձասար»-ի թղթակից Յակոբ սրկ. Պարսումեան կը տեղեկացնէ, որ, հակառակ Գամիշլիի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն, տեղւոյն հայերը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանի, արժանավայել կերպով նշած են Ս. Ստեփանոս Նախավկայի ու աստուածայայտնութեան հրաշալի տօները. այդ առիթներով յաւուր պատշաճի տեղի ունեցած է սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շնորհաւորած է Գամիշլիի հայութիւնը եւ մաղթած` խաղաղ ու բարեբեր օրեր: Ինչպէս նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վերոնշեալ զոյգ առիթներով դարձեալ շնորհաւորական հաղորդակցութիւն ունեցած է շրջանի հոգեւոր հօր հետ եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւններուն կողքին, զօրակցութիւն յայտնած է Գամիշլիի հայրենասէր, ազգայնասէր, քաջարի ու խիզախ ժողովուրդին եւ մաղթած անոնց` արեւշատութիւն ու անվտանգ օրեր` կարենալ ձեռնհասութեամբ ղեկավարելու գաղութի յառաջիկայ ծրագիրները:
Ոչ Եւս Է Հալէպահայ Ազգային Գործիչ
Սարգիս Տիգրան Գաբոյեան
Երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին Երեւանի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հալէպահայ ազգային գործիչ, բարերար, ՀՅ դաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Սարգիս Տիգրան Գաբոյեան (1936-ի ծնունդ):
Սարգիս Գաբոյեան երկար տարիներ ծառայած է հալէպահայ ազգային կեանքին` գործելով Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան Խնամակալութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ այլ մարմիններու մէջ` միշտ ըլլալով գործունեայ, խստապահանջ, նուիրեալ, ընկերասէր եւ աշխուժ ազգային գործիչ:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 7 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Թաղմանական կարգը տեղի ունեցաւ «Արին բերդ» գերեզմանոցին մէջ:
Իրաք
Քրտական Ինքնավար Մարզի Հայ Համայնքը
Ս. Ծնունդը Նշեց Հայկական Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Տըհոք քաղաքին մէջ վերջերս կառուցուած հայկական Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հայ համայնքը նշեց Ս. Ծնունդը: Եկեղեցին կառուցուած է քաղաքի հայկական «Հաւրեսկ»` Հայ Վրէժ թաղամասին մէջ: Այստեղ հայութեան թիւը աստիճանաբար կ՛աճի. այնտեղ տեղափոխուող հայերը Իրաքի կեդրոնական եւ վտանգուած հատուածներէն են:
Իրաքի մէջ կ՛ապրի շուրջ 10 հազար հայ: Քրտական ինքնավարութեան խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան Երուանդ Նիսանի տուեալներով, 3 հազարը կը բնակի հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան տարածքին մէջ, մեծ մասը` Զախօ քաղաքին մէջ, ուր հայկական 3 եկեղեցի կայ:
Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալին հայկական չորրորդ եկեղեցին է: Ս. Ծնունդին այնտեղ հաւաքուածները աղօթեցին նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Ատրպատական
Կրթական Մշակ Դոկտ. Արա Տէր Ստեփանեան
Պարգեւատրուեցաւ Թաւրիզի Մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, Թաւրիզի Ազգային Թամարեան դպրոցի հիմնադրութեան 120-ամեակի տօնակատարութիւններու շրջագիծէն ներս, 13 դեկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցաւ դոկտ. Արա Տէր Ստեփանեան` որպէս երկար տարիներու կրթական նուիրեալ մշակ:
Թաւրիզի հայոց ազգային դպրոցի տնօրէնուհի Արմինէ Վահրամեան իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ դոկտ. Տէր Ստեփանեանի ծառայական ոգին եւ անդրադարձաւ նուիրումի այն խոր գիտակցութեան, որ համակած էր անոր հոգին` հայ սերունդի դաստիարակութեան համար իր առօրեայ կեանքէն ժամանակ տրամադրելու:
Թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման հանդիսութիւններու ըստ արժանւոյն եւ իր ժամանակին կայացումը, երբ իրենց ծառայական կեանքով ծանրաբեռն անձեր տակաւին կենդանի են: Ապա, Ազգային իշխանութեան կողմէ որպէս երախտագիտութիւն, ան դոկտ. Արա Տէր Ստեփանեանին յանձնեց «Գնահատանաց գիր», ուր բարձրօրէն կը գնահատուէր դոկտ. Տէր Ստեփանեանը` իր անմնացորդ սիրով կատարած ծառայութեան համար:
Աւարտին երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Տէր Ստեփանեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց Թամարեան դպրոցի 120-ամեայ յոբելեանը:
Հարկ է նշել, որ դոկտ. Արա Տէր Ստեփանեան հայ գրականութեան տիտաններէն` անմահանուն վիպասան Րաֆֆիի եղբօր ծոռն է:
Նոր Ջուղա
ՀՅԴ «Ռուբէն» Երիտասարդական Միութեան
Հիմնադրութեան 35-Ամեակին Նուիրուած
Բանախօսական-Գեղարուեստական Երեկոյ
ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ, վերջերս Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական-գեղարուեստական երեկոյ:
Օրուան հանդիսավար Կարէն Խանլարեան անդրադառնալով միութեան հիմնադրման` հաստատեց, որ 35 տարիներ առաջ ընդվզելով հայրենիքի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ` ծնունդ առաւ «Ռուբէն» երիտասարդական միութիւնը, որ ստանձնելով իր կենսական դերը եւ առաքելութիւնը` պայքարեցաւ հայապահպանման, հայակերտման եւ Հայ դատի հետապնդման ուղղութեամբ:
Միութեան վարչութեան անունով Արմօ Մինասեան նշեց, որ միութիւնը անուանակոչուած է յեղափոխական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի անունով, նպատակ ունենալով` դաստիարակելու ազգասէր, կիրթ եւ Հայ դատի լուծման ուղղութեամբ պայքարող երիտասարդներ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան երեք առանձին թեմաներով բանախօսական ելոյթներ:
Առաջին բանախօսն էր Նոյէլ Մինասեան, որ ներկայացուց «ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան հիմնադրութիւնը» նիւթը:
Երկրորդ բանախօսն էր Վարուժ Մովսիսեան, որ անդրադարձաւ «Երիտասարդութիւնը եւ զինեալ պայքարը» թեմային, իսկ երրորդ բանախօսը` Վահէ Թորոսեան խօսեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրման նպատակներուն եւ զինեալ պայքարէն ետք վերջին 25 տարիներու ընթացքին «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան կարեւորագոյն գործունէութեան մասին:
Յունաստան
Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ»
Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն
Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի երկար ամիսներու ծրագրաւորման ու կազմակերպական հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, Ռոտոս կղզիին մէջ հիմնեց մասնաճիւղ մը` տեղացի խումբ մը հայերու մասնակցութեամբ:
Հայ դատի յանձնախումբը անցնող ամիսներուն ընթացքին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս կազմակերպեց հրապարակային հանդիսութիւն մը երեք տարբեր դպրոցներու մէջ` Ցեղասպանութեան ու Հայ դատի բովանդակութեամբ դասախօսութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ Եղեռնին վերաբերող նիւթով ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը:
Առ այդ, 12 դեկտեմբերին «Սեմիրամիս» պանդոկին մէջ առաջին քայլը առնուեցաւ կղզիին մէջ հայկական մշակութային շարժում, միութիւն մը, համազգայնական կազմակերպական կառոյց մը հիմնելու հեռանկարով:
Առաջին առիթով Շրջանային վարչութեան վաւերացումով կազմուեցաւ առժամեայ առաջին վարչութիւնը` իր դիւանով, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մինչեւ փետրուար 2016 կազմակերպել հիմնադիր ժողով եւ յառաջացնել ընտրովի առաջին վարչութիւնը:
Մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրը ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ամրան ընթացքին Սիրոս կղզիին մէջ Արցախէն հիւրընկալուած տղոց ելոյթին տեսերիզը, որ յուզում ու խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Նշանակովի առաջին վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն`
Քէօսէեան Խարա (նախագահ), Վասիլիու-Պարտիզպանեան Վասիլիս (քարտուղար), Տեմելիս-Յարութիւնեան Մայք (գանձապահ), Մանուկեան Լարիսա (խորհրդական), Մանուկեան Սթամաթիս (խորհրդական), Քելենճեան Խրիսթոս-Հրանդ (խորհրդական):
Նոր նշանակեալ վարչութեան փափաքով Համազգայինի նոր մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Տիգրան Երկաթ»:
Ժընեւ
Յակոբ Թօփալեան Հիմնարկը 15 Հազար Ֆրանք
Նուիրեց Սուրիահայութեան Կարիքներուն
Ս. Յակոբ Մծբնացիի եւ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնութիւն` եկեղեցւոյ բարերար Յակոբ Թօփալեանի յիշատակին: Այս առիթով Յակոբ Թօփալեան հիմնարկը 15 հազար զուիցերիական ֆրանք յատկացում կատարեց սուրիահայութեան կարիքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Ամերիկահայ Բժշկական Միութիւնը Կ՛ընտրէ
2015-2016 Տարեշրջանի Վարչութիւնը
2015-2016 Տարեշրջանի Վարչութիւնը
Վերջերս Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը «Էտվենթիս» բժշկական կեդրոնին մէջ գումարեց իր կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ընտրեց իր 2015-2016 տարեշրջանի վարչութիւնը:
Ժողովի ընթացքին քննուեցաւ անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` ապագայ աշխատանքներու մասին:
2015-2016 տարեշրջանի վարչութեան անդամներն են` տոքթ. Րաֆֆի Թաշճեան (ատենապետ), տոքթ. Արմոնտ Քոթիքեան (փոխատենապետ), տոքթ. Քեւըն Գալստեան (քարտուղար), տոքթ. Սիլվա Գասպարեան (գանձապահ), տոքթ. Էվլին Պաղտասարեան-Բարխուդարեան (անդամակցութեան պատասխանատու), տոքթ. Սարինէ Վ. Մելիտոնեան (խորհրդական), տոքթ. Մանուէլ Մոմճեան (խորհրդական), տոքթ. Թադէ Վարդանեան (խորհրդական) եւ տոքթ. Լուսինէ Սիմոնեանց (խորհրդական):
Յայտնենք, որ վարչութեան երեք նոր անդամներէն մէկը հանդիսացող տոքթ. Թադէ Վարդանեանը 2011-ին արժանացած էր միութեան կրթանպաստին:
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը ներկայիս կը ջանայ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներ իրականացնել համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ու Արցախի տարածքին, եւ որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկի հասոյթը տրամադրել սուրիահայ գաղթականներուն:
Աւելի քան 600 անդամներ ունեցող Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը` սփիւռքի մէջ:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէութեան
25-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Դեկտեմբեր 6-ին Պըրպանքի «Տը Լաքս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիւզի Օհանեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Սրբազանը դրուատեց Պըրպենքի կեդրոնէն ներս համագործակցութեան մթնոլորտը, ուր կողք-կողքի կը գործեն ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Հայ դատի, երիտասարդական եւ պատանեկան միութեանց Պըրպենքի մասնաճիւղերը:
Այնուհետեւ Օհանեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն յիշատակը, որմէ ետք ներկայացուց Նիկոլ Աղբալեան ազգային գործիչն ու մտաւորականը` մէջբերումներ կատարելով անոր խօսքերէն եւ ընդգծելով կոմիտէութեան կարեւոր դերակատարութիւնը Պըրպենքի հայ գաղութի կազմակերպման մէջ:
Այնուհետեւ յանձնախումբի անդամներ Անի Պողիկեան եւ Վրէժ Գէորգեան իրենց պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուցին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան ընկերները` անդրադառնալով անոնց կուսակցական կեանքին եւ գործունէութեան: Ցուցադրուեցաւ նաեւ այլ տեսերիզ մը` կեդրոնէն ներս գործող միութիւններու ներկայացուցիչներու վկայութիւններով, որոնք շեշտեցին կեդրոնէն ներս տարուող աշխատանքներուն մէջ նոր սերունդը ընդգրկելու կարեւորութիւնը:
Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Այտա Տիմիճեան, որ իր կարգին դրուատեց կոմիտէութեան իրագործումները անցնող տարիներուն ընթացքին եւ շնորհաւորեց կոմիտէութեան անդամները` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: Տիմիճեան նշեց, որ Պըրպենքի գաղութին աջակցութեամբ, «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը իրականացուցած է բազմաթիւ յաջող ձեռնարկներ:
Աւարտին ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անունով Վարդան Տէրտէրեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն շրջանի կոմիտէութեան աշխատանքներուն: Ան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան ու գործունէութեան կարեւորագոյն էջերուն, ապա ներկայացուց ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան ստեղծման պատմութիւնը, անոր աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց շարքին` գաղութի կազմակերպում, երիտասարդութեան ներգրաւում, ընկերական ծառայութեան ցանցի ստեղծում ու զօրացում, մշակութային վերելք եւ տեղական քաղաքական կեանքի աւելի աշխուժ ու ծրագրուած մասնակցութիւն:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Գօգօ Հայիթեան, որ մեկնաբանեց յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Հայ Դատին Նուիրուած Հանրային Քննարկում
Կազմակերպութեամբ Տալասի Հայ դատի յանձնախումբին, 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայ դատին նուիրուած հանրային քննարկում մը` առաջնորդութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեանի:
Տալասի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսիա Նազարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց ներկաներուն` աւելի աշխուժ մասնակցութիւն բերելու տեղական քաղաքական կեանքին: Ապա ան ներկայացուց Տալասի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան նոր կազմը:
Այնուհետեւ Էլեն Ասատրեան ներկայացումը կեդրոնացուց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք տարուելիք Հայ դատին ի նպաստ գործունէութեան եւ հայ երիտասարդութեան ունենալիք դերակատարութեան վրայ: Քննարկումի ընթացքին ներկայացուեցան` Հայ դատի կառոյցը, աշխատելաձեւը, առաջնահերթութիւնները` տեղական, նահանգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ: Խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան նաեւ Հայ դատի շարք մը նախաձեռնութիւնները եւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու կարելիութիւնները:
Տէր Զօրէն Բերուած Նահատակներու
Աճիւններու Օրհնութիւն Եւ
Խաչաձեւ Ճաճանչներու Օծում
8 դեկտեմբերին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն Տէր Զօրէն բերուած աճիւններու օրհնութիւն, նաեւ խաչաձեւ ճաճանչներու օծման արարողութիւն` ձեռամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Առաջնորդը կարդաց նահատակաց վկայաբանութիւնը, որ քաղուած է սրբադասութեան արարողութենէն եւ կ՛ամփոփէ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական կեանքի ընթացքը, դարերու ընթացքին իր հաւատքին կառչած մնալու իրողութիւնն ու այդ ճամբուն վրայ նաե՛ւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն կենսագործած վկայութիւնը, ապա կատարուեցաւ աճիւններու օրհնութիւն, որուն յաջորդեց նշխարներով խնկարկում եւ թափօր: Հոգեւոր հայրերը կատարեցին 12 խաչերուն գինիով ու ջուրով լուացումը, իսկ սրբազանը միւռոնով կատարեց խաչանիշ ճաճանչներու օծումը:
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ յիշեցուց, որ երբ Հայց. եկեղեցին 23 ապրիլին Ս. Էջմիածինի մէջ պատմական արարողութեամբ հաւաքաբար սրբադասեց Ցեղասպանութեան նահատակները, յղացաւ այն գաղափարը, որ մեր թեմի եկեղեցիներուն մէջ եւս զետեղուին անոնց մասունքները պարունակող խաչեր, աւելցնելով, որ կատարուած արարողութիւնը կը խորհրդանշէ անապատի աւազներէն աճիւններուն Ս. խորան բարձրացումը, որպէսզի մեր ժողովուրդը սրբացեալ նահատակներու բարեխօսութեան դիմէ` աղօթքով:
Օծուած խաչերը Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին օրը` 6 յունուարին, պիտի յանձնուին եկեղեցիներու հովիւներուն ու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներուն, որպէսզի զետեղուին խորաններուն վրայ:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւատքի, հայրենիքի ու ազգութեան ի խնդիր ինկած նահատակներու սրբադասումը ինքնանպատակ քայլ մը չէ, այլ` յանձնառութեան առիթ, որ անոնց հաւատքը, համբերութիւնն ու հնազանդութիւնը մարմնաւորուին ապրող սերունդներուն մէջ:
Սրբազանը օրհնեց բարերար Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան ամոլը, որ իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առած են խաչերուն բարերարութիւնը, նաեւ կը հովանաւորեն Ազգ. առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կանգնելիք այն յուշակոթողը, որ պիտի կրէ Ծիծեռնակաբերդի եւ Պիքֆայայի յուշարձաններուն մանրակերտերը:
Աւարտին, առաջնորդը Օսկօ Կիրակոսեանին յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը, որ «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանը կը շնորհէր անոր (2011-ի հովուապետական այցելութեան առիթով): Առաջնորդը յայտնեց, որ ներկաներուն նուէր պիտի տրուի նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբանկարին պատկերները, որոնց հրատարակութիւնը եւս կը հովանաւորէ բարերար ամոլը:
Լոնտոն
«Կոմիտաս» Երգչախումբի Համերգ
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Թագաւորութեան «Մարդասիրական օգնութեանը նպաստող հիմնադրամ»-ին, գլխաւորութեամբ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, 9 դեկտեմբերին, Լոնտոնի Ս. Քաթպերթ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած ամէնամեայ համերգ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբը` գլխաւորութեամբ խմբավար Սիփան Յակոբեանի: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Լոնտոնի ուկանտական «Աքոլի» եւ «Ս. Մարտինի երգիչները» երգչախումբերը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կարէն Արեւեան, որ կարդաց Զ. Պոյաճեանի «Հայերու վիշտը» քերթուածը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը կրկին անգամ յիշատակելու եւ բրիտանական հասարակութեան ուշադրութիւնը ոճիրին սեւեռելու նպատակով պարոնուհի Քերոլայն Քոքս հանդէս եկաւ ազդեցիկ ելոյթով մը: Ան անդրադարձաւ նաեւ պատմութեան դասը չքաղած միւս պետութիւններուն, ուր եւս տեղի ունեցած է նման ոճրագործութիւն:
Վրաստան
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Ցուցահանդէս
Դեկտեմբեր 9-ին, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Ախալքալաքի մշակոյթի տան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հայ ժողովուրդի նկարները: Ցուցահանդէսի այցելուներուն ներկայացուեցաւ ցուցահանդէսին նպատակը եւ 9 դեկտեմբերին զայն կայացնելուն պատճառը, թէ ինչպէ՛ս 1948-ի թուականի այդ օրը ՄԱԿ-ը ընդունեց ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ զայն պատժելու մասին ուխտ:
Այնուհետեւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները եւ այցելուները մասնակցեցան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքին եւ մոմավառութեան: