Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ապրիլեան դէպքերէն ետք, երբ Հայաստանի իշխանութեան եւ մանաւանդ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակի բացթողումներուն համար փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, իրողութիւն մը կար, որ մնաց նոյնը: Մեր ռազմավարական դաշնակիցը` Ռուսիան, ժամանակակից սպառազինութեամբ տակաւին շարունակեց զինել մեր թշնամին:
Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր տղոց բազուկներով պաշտպանելու հերոսական պատմութիւնները:
Կը յիշենք եւ չենք մոռնար 80-ական թուականի զէնքերով մեր առաջին դիրքերուն կատարուած սխրանքները:
Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը:
Սակայն այս բոլորին մէջ մէկ հարց մնաց նոյնը: Ապրիլեան դէպքերէն առաջ եւ ետք օրակարգ մը կայ. բանակին հարցերը քննելը եւ քննադատելը արգիլուած էր եւ է տակաւին: Աւելի՛ն. եթէ ակնարկ մը ընես, քեզ կը բարդոյթաւորեն` ըսելով, որ` թշնամիին օգնած կ՛ըլլաս: Սակայն անցնող տարիներուն վաստակաշատ մտաւորականներ մերթ ընդ մերթ իրենց յօդուածներով կ՛արտայայտէին բանակի մասին մտահոգութիւններ: Ռուբէն Յովսէփեանը, Վահան Յովհաննիսեանը: Լիլիթ Գալստեանը եւ ուրիշներ անուղղակի հարցադրումներով մտահոգութիւններ կը դնէին, եւ ապրիլեան դէպքերը եկան այդ բոլորը փաստելու: Աւելի ճիշդը` այդ բոլորը հաստատելու:
Ազգ-բանակ կամ ազգ-Եռաբլուր հասկացողութիւնը շատ պարզ եւ խորունկ իմաստ ունի: Ազգ-բանակ իրականութիւնը փաստուած է, եւ ոչ մէկ ատեն ոչ ոք կրնայ հարուածել այդ միասնութեան: Հարցը սակայն ազգ-Եռաբլուր հասկացողութեան մէջ է, որ այլապէս մեզի համար նուիրական է եւ հսկայական խորհուրդ ունի։
Մենք մինչեւ ե՞րբ հարցերը երեւոյթներով եւ ըստ էութեամբ պիտի չքննենք: Պաշտպանութեան նախարար փոխելով քանի մը հրամանատար փոխելով` հարցը կը լուծուի՞ արդեօք: Հովանաւորները ի՞նչ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնեն: Այդ ամբողջ իրարանցումը առանձին որոշումո՞վ կ՛ըլլար: Յետոյ ալ այդ ամբողջ իրավիճակին պատիժը միայն պաշտօնի զրկումով վերջ կը գտնէ: Միայն դէմքեր փոխելով` համոզուա՞ծ ենք, որ ամէն բան լաւ է: Ո՞վ է պատասխանատուն: Պաշտօնազրկութիւններով հարցերը լուծելը ինչպէ՞ս տրամաբանական կը գտնենք: Բանակի սպառազինութիւնը մեր բոլորին խնդիրն է։
Եռաբլուրի նահատակները, որ հոն են իրենց ծնողներով եւ հարազատներով, սփիւռքը, որ անհաշիւ մատակարարողն է, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ:
Ազգ-բանակը համահայկական առաջադրանք է։