Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17397

Գիւղագնաց Հայ Զբօսաշրջիկի Նախանձ

$
0
0

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Առաջին անգամն ըլլալով կը գտնուէի Ֆրանսայի հիւսիսարեւմտեան շրջանը, Պրըթանիա: Գաւառական քաղաք Փոնթիվիէն ինքնաշարժով տասը վայրկեան հեռու գտնուող կալուածի մը մէջ, որուն շէնքերը նախկին երկրագործական եւ անասնապահական նպատակի ծառայած են: Կը բնակէինք նորոգուած առանձին շէնքի մը մէջ, որ նախապէս ձիերու ախոռ եղած էր: Մէկ հեկտար տարածութիւն:

Դաշտերու ցորենը հնձուած էր կամ կը հնձէին: Եգիպտացորենը դեռ չէր հասունցած: Ընդարձակ դաշտերը կա՛մ հերկուած էին, կա՛մ կը ծփային հսկայ ծառերու կանաչին մէջ, շոճիի ընտանիքէն, զոր կը կոչէին տուկլաս: Կպրապատ խնամուած ճանապարհներու ցանցը ամէնուրեք էր, ուղղութիւն ցոյց տուող եւ զգուշացման ցուցանակներ, նաեւ ինքնագործ հսկողութեան սարքեր կային, օրինազանցները անմիջապէս կը նկարուէին եւ կը տուգանուէին: Ուշագրաւ էր մաքրութիւնը: Ճամբաներուն վրայ կամ եզերքը աղբ չկար, շիշեր չկային, աշխարհը ողողած զանազան զովացուցիչներու կամ պահածոյի մետաղեայ տուփեր չէին նետուած, հակառակ անոր որ աշխարհի այս մասին մէջ ալ սպառողական ընկերութիւնը տիրական էր:

Եթէ ճամբաները շինուած էին պետութեան կողմէ, տիրող մաքրութիւնը գործն էր քաղաքացիին, հողամշակին, բնակիչին: Չկրցայ չմտածել եւ չբաղդատուիլ Հայաստանին հետ: Ի հարկէ, Հայաստանը Ֆրանսա չէ, բայց մաքրութեան առաքինութիւնը անհատին, քաղաքացիին եւ գիւղացիին պարտականութիւնն է: Փոխանակ երազելու եւ լուսանկարելու Էյֆելեան աշտարակը` ինչո՞ւ չհիանալ Փարիզէն հինգ հարիւր քիլոմեթր հեռու գտնուող այս երկրագործական եւ անասնապահական տարածութիւններու մաքրութեան եւ կանոնաւորութեան:

ԺԶ. դարու ֆրանսացի գրող եւ իմաստասէր Միշէլ տը Մոնթենիը կ’ըսէր, որ ճամբորդութիւնները օգտակար էին երիտասարդներու կազմաւորման եւ դաստիարակութեան համար: Այսօր կրնանք ըսել, որ զբօսաշրջութիւնը օգտակար կ’ըլլայ մեր ժամանակակիցներու դաստիրակութեան, եթէ դիտեն, դատեն, գնահատեն եւ բաղդատուին: Գաւառական քաղաք մըն է Փոնթիվին, 23.000 բնակչութեամբ: Կրնանք բաղդատել Հայաստանի Աշտարակին: Բայց երբ աչքի առաջ կ’ունենանք մէկը եւ միւսը, միտքէ չհանելով այն պարզ իմաստութիւնը, որ բաղդատելին պէտք է բաղդատել, կը տարուինք մտածելու, որ ի՞նչ կրնայ չընել աշտարակցին, որ կ’ընէ փոնթիվիցին:

Գաւառական այս քաղաքի վաճառատուները, բանջարեղէնի, ուտեստեղէնի, հագուստի, տնային սարքերու, ակնոցի` մաքրութեամբ կը ճառագայթէին, չէին տպաւորեր իրենց ճոխութեամբ, ինչպէս` մեծ քաղաքներու մէջ, այլ` անձրեւէն լուացուածի տեսքով: Այս չէր ստացուած պետական որոշումով, յատկացումներով, համեստ մարդիկ, քաղաքացի եւ գիւղացի, իրենք գիտէին, որ տէր էին եւ բնակիչ: Մայթերուն վրայ, ծառերուն տակ, սրճարաններու մուտքին ծխախոտի կճատներ չկային` ո՛չ առաւօտեան ժամերուն եւ ո՛չ երեկոյեան: Ինքնաշարժները չէին սուրար քաղաքին մէջ, ճչակները չէին լսուեր:

Այս բոլորը, համագումար, կը կոչուի «կեանքի որակ», զոր ստեղծած են բնակիչները:

Փոնթիվիի շրջակայքի գիւղերը իրենց դարերու հնութիւն ունեցող տուներով, միջնադարէն մնացած եկեղեցիներով, մաքուր փողոցներով կեանքի որակի նոյն տպաւորութիւնը կը թողուն: Հոս ալ մարդիկ աղբ կ’արտադրեն, բայց աղբը փողոց չեն թափեր: Հին եւ սալայատակուած փողոցները, հինցած մայթերը կը փայլին իրենց մաքրութեամբ: Գինիի եւ խնձորօղիի շիշերը մայթերուն վրայ չեն իջեւաներ:

Քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը թափառումներուս ընթացքին կը մտաբերէի Լիբանանի Պէյրութի կից հայաքաղաք Պուրճ Համուտի փողոցները, անոնց եզրին տնկուած նարնջենիներու բունին տակ նետուած կճատները, զովացուցիչներու մետեղեայ եւ խաւաքարտէ տուփերը: Անկիւնադարձին դիզուած կ’ըլլային հին հագուստները, տան կարասիները եւ բազմատեսակ իրեր, որոնք մինչեւ մեծ աղբամանները չէին տարուեր:

Շրջապատի պաշտպանութիւնը պետական ըլլալէ առաջ քաղաքացիական գիտակցութիւն է: Քաղաքացիական վերաբերում, civisme:

Հայաքաղաք Պուրճ Համուտէն անդին կ’երթայ երեւակայութիւնս, Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ գիւղերը, ուր կեանքի որակի պաշտպանութիւնը քաղաքացիին պարտականութիւնը չէ կարծէք` հակառակ քաղաքապետութիւններու ճիգին: Աղբ եւ աղմուկ միաժամանակ կը վնասեն նոյն այդ կեանքի որակին, որ այնքան անհրաժեշտ է բնակիչներու առողջութեան: Ինչո՞ւ մեր երկրի ճամբաները եւ փողոցները իւրաքանչիւր քաղաքացիի, նաեւ զբօսաշրջիկի բծախնդիր ուշադրութեան առարկայ պիտի չըլլան նպաստելու համար կեանքի որակին:

Թափառեցայ Փոնթիվիի դաշտերը, մերձակայ գիւղերը: Հնձուած դաշտերը, բաց հորիզոնի վրայ, կը նմանէին գեղանկարի: Մէկ գիւղէն միւսը ձգուող ճամբաներու եզրին աղբեր չկային, նոյնիսկ թռչող թուղթէ թաշկինակներ կամ կերպընկալ նիւթէ տոպրակներ:

Այս մաքրութիւնը ոչ միայն քաղաքացիական կրթութիւն է, այլ` ապրուած հայրենատիրութիւն:

Նախանձեցայ: Ինչո՞ւ այսպէս պիտի չըլլան հայաքաղաք Պուրճ Համուտը, Երեւանը, Երրորդ մասը, Հայաստանի գաւառները:

Մեծ տարեդարձներու տօնախմբութիւններու կողքին, մեծ ճառերէ առաջ եւ վերջ, եթէ քիչ մըն ալ խօսէինք եւ լսուէինք ինչ կը վերաբերի կեանք որակի մասին… այն տարրական civisme-ի մասին, որ իւրաքանչիւրի հասողութեան սահմաններուն մէջ է:

Նախանձեցայ: Չեմ ըսեր` հիացայ, քանի որ բնական երեւոյթներու չեն հիանար:

Նախանձս կը դառնա՞յ վարակիչ…

Ի դէպ, հոս ալ հայեր կան: Հայ կին մը` ՎԱՆ (Vannes) քաղաքը, եւ Վրաստանէն եկած հայեր` իրենց զաւակներով… Փոնթիվիէն երեսուն քիլոմեթր հեռու: Եթէ Վրաստանէն մինչեւ այս անծանօթ շրջանները կրնան գալ, ինչպէ՞ս չեն գտներ Հայաստանի ճամբան, ուր կան` Կապան, Մեղրի, Լոռի, Սիսիան…

Ղեկավարութիւնները ցոյց պիտի տա՞ն ճամբան:

11 օգոստոս 2017, Փոնթիվի, Պրըթանիա, Ֆրանսա


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17397

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>