Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17436

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը` Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիր

$
0
0

Հայկականութեամբ, հարազատ շունչով ու մթնոլորտով յատկանշուող Այնճարի հանդարտ մէկ հատուածին մէջ, բնութեամբ շրջապատուած, դիմացդ կը յայտնուի 2013-ին Գըլպաշեան ընտանիքին նուիրատուութեամբ կառուցուած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի սեփական շէնքը, որ կը կոչուի «ԼՕԽ-ի Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան», եւ որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2013-ին:

Այս տարուան ծրագիրը ընթացք առաւ 24 յուլիսին եւ աւարտեցաւ 13 օգոստոսին` յատուկ աւարտական հանդէսով մը:

Հանդարտութիւն կը տիրէ շէնքէն դուրս, սակայն ներսը կեանքը եռուն է եւ խանդավառ, 1951 թուականէն ի վեր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն հիմնականներէն նկատուող Կազդուրման կայանի մասնակից մանուկներուն եւ պատանիներուն աշխուժութիւնը կը լեցնէ ամբողջ տարածքը: Անոնք ուրախ են այդ յարկին տակ, ուր իրենց համար ամէն ինչ ապահովելու մնայուն ճիգ ի գործ կը դրուի պատասխանատուներուն կողմէ:  Այս ծրագիրին գլխաւոր նպատակն է մասնակցող փոքրիկներուն ապահովել հոգեկան ու ֆիզիքական առողջ, հաճելի եւ օգտաշատ կեցութիւն: Յատուկ ծրագիրի մը ընդմէջէն փոքրիկները թէ՛ կը սորվին բազմաթիւ գիտելիքներ եւ առօրեայ կեանքին համար անհրաժեշտ օրէնքներ եւ թէ՛ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին, ԼՕԽ-ին առնչուած տեղեկութիւններ կը տրուին անոնց: Տակաւին, կան ժամանցի, խաղի, ձեռային աշխատանքի, մարզանքի, պտոյտներու, բնութեան մէջ տարբեր աշխատանքներու բաժինները, որոնք առողջ եւ կենսունակ կը պահեն մանուկները:

Կազդուրման կայանը իրականութիւն կը դառնայ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կողմէ, որ գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն` կը պատրաստէ մասնակցող կարիքաւոր փոքրիկներու անուանացանկը, ապա կը կատարէ ծնողներու հետ հանդիպում-դասախօսութիւն մը:

Իրենց աշխատանքներուն զուգահեռ, Կազդուրման կայանի մասնակիցները նաեւ կ՛ունենան այցելութիւններ, հանդիպումներ:

5 օգոստոսին Կազդուրման կայան այցելեցին ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբի անդամները, որոնք տարբեր աշխատանքներ կատարեցին մասնակիցներուն հետ: Առաջին բաժինով մանուկներն ու պատանիները պատրաստեցին մատիտ ներկերով տուփիկներ, որոնք կրնան գործածուիլ տարբեր նպատակներու համար: Իւրաքանչիւր մասնակից ընտրեց իր նախասիրած գոյնը, եւ քարոզչական յանձնախումբի անդամներուն օգնութեամբ եւ ցուցմունքներով, պատրաստեց իր ճաշակին յարմար տուփիկը: Հաճելի էր տեսնել` մանուկներուն բծախնդրութիւնը, իրարու նկատմամբ ցուցաբերած սէրը, մէկզմէկու օգնելու ոգին, իրարու միջեւ մրցակցութիւնը, աւելի լաւ գաղափարներով հանդէս գալու ճիգը: Ապա իր ձեռային աշխատանքը աւարտած ամէն մէկ մասնակից ընտրեց իր նախասիրած կերպարը կամ նշանները, որպէսզի յանձնախումբի անդամները գծեն իրենց դէմքերուն կամ ձեռքերուն վրայ:

Օրուան երկրորդ կիսուն մրցակցութիւնը տիրական էր. առաջին փուլը զարգացման մրցումն էր` համապատասխան նկարներով, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի վերաբերող հարցումներով, իսկ երկրորդ բաժինով տրուած գիտելիքներուն ճիշդ կամ սխալ ըլլալու ստուգումը պիտի կատարուէր: Մանուկներն ու պատանիները իրենց անմեղութեամբ փորձեցին իրենց լաւագոյնը կատարել ու դառնալ յաղթական: Թէեւ երկու մասնակիցներ յաղթեցին, սակայն քարոզչական յանձնախումբը Հայաստանէն նուէրներ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած գիրքեր, քաղցրեղէնով եւ այլ ուտելիքներով լեցուն պայուսակներ բերած էր բոլոր մասնակիցներուն անխտիր: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ մանուկներու յատուկ ժապաւէն մը, որ տակաւին նոր շարժապատկերի սրահներուն մէջ կը ցուցադրուէր:

Հրաժեշտի պահուն յանձնախումբի անդամները ամէնէն լաւն ու բարին մաղթեցին մասնակիցներուն, ուժ եւ համբերութիւն` պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ մանուկներն ու պատանիները յորդորեցին սիրել իրենց մայրենին, ըլլալ իսկական հայեր, հետեւիլ պատասխանատուներուն ցուցմունքներուն, որովհետեւ անոնք միշտ օգտակար են:

2017-ի Կազդուրման կայանի պատասխանատու Նարէ Թազեան խօսելով այս տարուան աշխատանքներուն մասին` ըսաւ, որ այս տարուան թեման «Տիպար մանուկ»-ն է, այսինքն` սորվեցնել մասնակիցներուն ըլլալ օգնող, ազգասէր, հնազանդ եւ այլն: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա յատկանշական փորձառութիւն մըն է, որովհետեւ այդ յարկին տակ բոլորը կը վերածուին մէկ  ընտանիքի, մանուկները կը կապուին իրարու, նաեւ` պատասխանատուներուն: Ըստ անոր, փորձ կը կատարուի տարբեր տեսակի աշխատանքներ կատարել, այլազան ձեռնայիններ ստեղծել, մանուկներուն հոգեկան աշխարհին մէջ դրական ազդեցութիւն ունենալ, ձիրքերը բացայայտել եւ քաջալերել զանոնք, պտոյտներու տանիլ` նոյնիսկ Այնճարէն դուրս, տարբեր գործարաններ, ագարակ եւ այլն: Նարէ Թազեան դիտել տուաւ, որ զանազան դժուարութիւններ կան, մանուկներն ու պատանիները կու գան տարբեր միջավայրերէ, տարբեր նկարագիրի ու խառնուածքի տէր կ՛ըլլան, սակայն պատասխանատուները ջանք չեն խնայեր անոնց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու, կապեր յառաջացնելու, որպէսզի միասնաբար ըլլան ուրախ:

Կազդուրման կայանի օգնական ուսուցիչ Ալիք Շաննագեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ, թէեւ ծանր են աշխատանքները, սակայն միեւնոյն ատեն հաճելի եւ օգտաշատ` նաեւ պատասխանատուներուն համար:  Ըստ անոր, մանուկներն ու պատանիները հանգիստ կ՛ըլլան իրենց ուսուցիչներուն հետ, կը խօսին իրենց հարցերուն մասին, կը յայտնեն իրենց փափաքները, իսկ պատասխանատուները կը փորձեն կարելի եղածին չափ լուծումներ գտնել, իրականացնել իրենց երազները եւ այլն: Յատկանշականը այն է, որ առաջին օրն ու վերջինը շատ տարբեր կ՛ըլլան իրարմէ, որովհետեւ մասնակիցները կը փոխեն իրենց մօտեցումները, կը դառնան աւելի ընկերասէր, բաժնեկցիլ կը սորվին, կը գուրգուրան զիրար եւ այլն:

Ինչ կը վերաբերի Կազդուրման կայանի կարեւորութեան եւ օգտակարութեան մասին, ուսուցիչ Վարանդ Հաճեան, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը ստանձնէ այս պատասխանատուութիւնը, ըսաւ, որ շատ լաւ փորձառութիւն մըն է Կազդուրման կայանին մասնակցիլը եւ հայ մանուկներուն հետ երեք շաբաթ անցընելը: Ան կարեւոր նկատեց այդ նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անիկա առիթ կու տայ հայ մանուկին ու պատանիին` դուրս գալ իրենց առօրեայէն եւ ապրիլ դաստիարակիչ մթնոլորտի մէջ, զարկ տալ իրենց երեւակայութեան, տաղանդները արտայայտել, հաւաքական կեանքին մէջ ապրիլ սորվիլ:

Իրենց աւարտական հանդէսով Կազդուրման կայանի այս տարուան մանուկներն ու պատանիները բաժնուեցան իրարմէ, սակայն իրենց հետ տարին շատ գիտելիքներ, գուրգուրանք ու սէր, կերտուած նոր ընկերութիւններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17436

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>