Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝  ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

 Մարտիկ Մատենճեանին Անգլերէն Նոր Հատորը` Մրցանակակիր

Հոլիվուտի Գիրքերու 2017-ի փառատօնը երեք մրցանակներու արժանի գտած է Մարտիկ Մատենճեանին «Ռիքլէյմինկ ռեւիշտ փարատայզ» խորագիրը կրող անգլերէն նոր հատորը, որ թարգմանութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին նուիրուած անոր` «Մեր հողերը, մեր հողերը» հայերէն հատորին, եւ շարունակութիւնը` «Ռեւիշտ փարատայզ» հատորին, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին:

«Ռիքլէյմինկ ռեւիշտ փարատայզ» գիրքը շահած է «Սիքուէլ» դասակարգի առաջնութիւնը, իսկ «Պատմութիւն» դասակարգի եւ «Ճենըրըլ նան-ֆիքշըն» դասակարգի երկրորդ դիրքերը:

Յայտնենք, որ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 օգոստոսին:

Հայ Դպրոցին  Ու Ազգին Ծառայելու Համար

Կազմակերպութեամբ Հայկական հոգեւոր մշակութային հիմնարկին, հիւրընկալութեամբ Գալուստ եւ Տալիլա Բանտազոս ամոլին, 22 յուլիսին տեղի ունեցած է բարեսիրական ընթրիքի երեկոյ մը` «Սիրոյ նուէրը» խորագիրով: Ձեռնարկին նպատակն էր նիւթական օգնութիւն հայթայթել Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Միացեալ Ազգային վարժարանի 50 աշակերտներու:

Ներկայ եղած են շուրջ 100 ազգայիններ, որոնց կարգին նաեւ` Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարպետեանը եւ Լա Քրեսենթա քաղաքի խորհրդարանի անդամ Հերի Լիոնը: Անոնք իրենց խօսքերով քաջալերած եւ գնահատած են հիմնարկին տարած աշխատանքը եւ հայ աշակերտին զօրավիգ կանգնելու գաղափարը:

Իր բացման խօսքին մէջ Արմէն Տեմիրճեան կարեւորութեամբ շեշտած է համայնքներու նպատակադրեալ ձեռնարկներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, որ կը նպատակադրէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնել:

Իսկ Վրոյր Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ ազգին, հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին օգնելու համար սէրը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կը շինէ, կը ստեղծագործէ, կը վերանորոգէ եւ կը ծաղկեցնէ: Ապա ան հիմնարկին կողմէ հայկական ոճով յուշանուէր մը յանձնած է հիւրընկալ ամոլին:

Սուրէն Աւէտեան, իր կարգին, կարդացած է Լիբանանի Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Արեգնազ Աղասարգիսեանին ուղարկած շնորհակալական նամակը` հիմնարկին կողմէ այդ վարժարանէն 25 աշակերտներու նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու առիթով:

Ընթրիքի ընթացքին գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ընտանեկան Երեկոն

14 յուլիսին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցած է ընտանեկան երեկոյ:

Եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան սեղանները օրհնելէ ետք գնահատած է հոգաբարձու Խաչիկ եւ Տալիտա Հայրապետեան ամոլը, որոնք օրինակելի կեցուածքով երկրորդ տարին ըլլալով ստանձնած էին ձեռնարկին հիւրընկալութիւնը: Ան հաստատեց, որ կեանքի մեծագոյն նուէրը մեր հոգեկան խաղաղութիւնն է եւ ազգային ու եկեղեցական արժէքները բարձր պահելը:

Հոգաբարձութեան անունով Լեւոն Արապեան հաստատած է, որ հոգաբարձութեան համար մեծ ուրախութիւն է եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած տեսնել հաւատացեալ ժողովուրդը, որ կը հանդիսանայ մղիչ ուժը ծրագիրներու իրականացման` աւելցնելով, որ հաւաքական ճիգերով մեր ծրագիրները յաջողութեամբ կը պսակուին:

Աւարտին, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ հիւրընկալին` առ ի գնահատանք անոր օրինակելի կեցուածքին:

Երեկոյի ընթացքին ազգային բարերար Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան ամոլը ստանձնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 54-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին հիւրընկալութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբերին` հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք.  Մարտիրոսեանի:

Պեթի Գրաճեան-Մոմճեան` Սան Ֆրանսիսքոյի Տարուան Ուսուցիչներէն Մին

Վերջերս Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Էտ Լի 2016-2017 կրթական տարեշրջանի «Տարուան ուսուցիչ»-ներէն մէկը ընտրեց Պեթի Գրաճեան-Մոմճեանը, որ ուսողութեան ուսուցիչ է Սան Ֆրանսիսքոյի «Ճիաննի» միջնակարգ վարժարանին մէջ:

Այս տարի յիշեալ մրցանակի թեկնածու ներկայացուած էին աւելի քան 300 ուսուցիչներ, որոնցմէ ընտրուած են հինգ ուսուցիչներ միայն:

Այս առիթով Պեթի Գրաճեան-Մոմճեան շնորհաւորագիրներ ստացաւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետէն ու հարկադիրէն, գաւառի վերահսկիչներէն, քոնկրեսական Նենսի Փելոսիէն եւ նահանգային ծերակոյտէն:

Մեծարեալը իր ուսուցչական ասպարէզը սկսած է Կլենտէյլի «Ճան Մույիր» նախակրթարանին մէջ, ապա փոխադրուած է Ծովածոցի շրջան: Ան ներկայիս անդամ է շրջանի ՀՕՄ-ի «Ակնունի» մասնաճիւղին եւ խորհրդակցական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին:

Նշենք, որ մեծարեալը այս տարի ստացած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի հարկադիր Քարմեն Չուի գրասենեակին շնորհած` «2016-2017-ի Սան Ֆրանսիսքոյի գերուսուցիչը» մրցանակը:

Քահանայական Ձեռնադրութիւն

23 յուլիսին, Յիսուսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագի ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Խաչիկ սրկ. Շաննագեանը` զայն վերանուանելով Մովսէս քահանայ: Առաջնորդը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Այլակերպութեան տօնի խորհուրդին, թէ` ինչպէ՛ս Քրիստոս նախօրօք իր աշակերտներուն խօսած էր իր մահուան եւ յարութեան մասին եւ զանոնք հրաւիրած էր ուրանալու իրենց անձերը, առնելու իրենց խաչը եւ հետեւելու իրեն, ապա անոնց հետ բարձրացած էր Թափօր լեռը, ուր տեղի ունեցած էր հրաշալի դէպքը: Առաջնորդը իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային` մաղթեց, որ Այլակերպութեան տօնը առիթ ըլլայ իրեն` Տիրոջմով զօրանալու եւ իր հաւատքին մէջ ամրապնդուելու, ինչպէս` աշակերտները, եւ հետեւելով անոնց օրինակին` առաջնորդուելու Աստուծոյ օրէնքով ու խօսքով եւ ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի Աստուած:

Առաջնորդը նշեց նաեւ, թէ Մովսէս անունը խոր իմաստ ու նշանակութիւն ունի Աստուածաշունչին մէջ, եւ ձեռնադրեալ քահանային ուշադրութեան յանձնեց, որ Մովսէսի օրինակով քահանայական կոչումին մէջ ըլլայ այն հոգեւորականը, որ պիտի կարենայ առաջնորդել իր ժողովուրդը:

«Ամիտիսթ»-ի «Կրթական Հերոս» Ձեռնարկը` Ի Նպաստ Լիբանանի Երիտասարդներուն

Համագործակցութեամբ «Ամիտիսթ»-ին եւ Լիբանանի Խորհրդակցական մարմինին 14 հոկտեմբերին Պեւըրլի Հիլզի մէջ պիտի կայանայ «Կրթական հերոս» անունով անդրանիկ ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի մեծարուի նորոգ հանգուցեալ բարերար եւ գործարար Մարուն Սըմաանը:

Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած է յայտնի լրագրող Ռիքարտօ Քարամ, իսկ գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանցի հռչակաւոր երգչուհի Նաժուա Քարամ:

Նշենք, որ Մարուն Սըմաանի կողմէ եւ իր անունով հաստատուած հիմնարկութիւնը նեցուկ կանգնած է շարք մը կրթական հաստատութիւններու, որոնցմէ մէկն է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, որուն յատկացուած էր 32 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը` սոյն հիմնարկութեան կողմէ, ինչ որ մեծագոյնն էր համալսարանի պատմութեան մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ մեծարեալին ընտանիքը, իսկ մրցանակը պիտի ստանձնէ անոր դուստրը` Նուր:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Լոս Անճելըս հաստատուած «Մոթոր փաուըր» ընկերութեան նախագահ Հերի Նաճարեան յայտնեց, որ Մարուն Սըմաանը մեծարելու որոշումը տրուած էր` նկատի ունենալով յատկապէս անոր ջանքերը` արժանի ուսանողներու համար բարձրագոյն ուսումը կարելի դարձնելու գծով: Ան իր բարերարութեան միջոցով կրցած է դրական եւ տեւական փոփոխութիւններ իրականացնել, եւ անոր ներդրումները պիտի շարունակեն բարեփոխութիւններ իրականացնել:

Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի մէջ կրթական ծառայութիւններ մատուցող «Ամիտիսթ» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1951-ին, Ուաշինկթընի մէջ եւ գրասենեակներ ունի Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին: 2000-էն ի վեր անոր կրթական ծրագիրներէն օգտուած են մօտաւորապէս կէս միլիոն լիբանանցիներ:

«Ամիտիսթ»-ի նախագահ Թիոտոր Խաթթուֆ ըսաւ, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան գործունէութիւնը շարունակելու եւ ընդարձակելու ջանքերուն, յոյս յայտնելով, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ լիբանանցի, արաբ եւ հայ քաղաքացիները նեցուկ կը կանգնին Լիբանանի երիտասարդներուն աջակցող այս կազմակերպութեան առաքելութեան:

Փրակա

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան «Ոսկի Մետալ»-ը Էվժեն Կինդլերի

2 յուլիսին Չեխիոյ հայաստանեան դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման ձեռնարկ` նուիրուած հայ մշակոյթի, եկեղեցւոյ եւ գրականութեան անխոնջ նուիրեալ Էվժեն Կինդլերի:

Էվժեն Կինդլեր տարիներ շարունակ իր հիմնադրած «Մուզիքա պոէտիկա» երգչախումբով մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած զանազան ձեռնարկներուն, յօդուածներով ու գրախօսականներով հանդէս եկած է «ՕՐԵՐ» եւրոպական ամսագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր ծիսական արարողութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերած է ամենայն նուիրուածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ:

Դոկտ. Հայկ Ութիճեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ փրոֆ. Էվժեն Կինդլեր արժանի է գնահատականի ոչ միայն իր կատարած ծաւալուն աստուածաբանական եւ երաժշտագիտական գործունէութեան համար, այլեւ` 17 տարի շարունակ հայ մշակոյթին ու հայ գրողներուն իր նուիրուածութեամբ: Ան ըսաւ, որ ներկայ պարգեւատրումը անոր կատարած աշխատանքին խորհրդանշական գնահատականն է:

Այնուհետեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան կարդաց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանին հրամանը` Էվժեն Կինդլերը  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մետալով պարգեւատրելու մասին եւ յանձնեց զայն անուանի մտաւորականին:

Շնորհաւորական եւ երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեանը, որ գնահատեց պարգեւատրեալը եւ անոր ղեկավարած «Մուզիքա պոէտիկա» երգչախումբը,  որոնք տարիներ շարունակ անշահախնդիր իրենց մասնակցութիւնը բերած են հայկական պատարագներուն, ժամերգութիւններուն եւ հայ հոգեւոր երաժշտութիււնը տարածած են Չեխիոյ մէջ: Ան նաեւ Կինդլերին նուիրեց փայտէ խաչքար մը:

Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Էվժեն Կինդլեր, որ իր անհուն ուրախութիւնն ու յուզումը յայտնեց` ընդգծելով, որ ինք մեծ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ հայ մշակոյթի գանձարանին, որուն բացառիկ արժէքին դիմաց ինք կը խոնարհի:

Աւստրալիա

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութիւնը

2 յուլիսին ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի «Արամ Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարիչ-տնօրէն Սարգիս Մանուկեան, ապա վեր. Գրիգոր Եումուշագեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս, Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որուն դասախօսութեան նիւթը կը կրէր «Սփիւռքահայ իրականութիւններ.  տարբերութիւններ եւ հասարակաց հիմնահարցեր» խորագիրը: Ճէպէճեան յորդորեց ներկաները` մտածել Հալէպի եւ սուրիահայութեան օգնութեան եւ վերակերտումի միջոցներու եւ դրական լուծումներու մասին: Անդրադառնալով սփիւռք հասկացողութեան` ան թելադրեց, որ այդ մէկը պէտք չէ սահմանափակուի Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի սահմաններով, այլ` միջազգային, որ ունի ոչ միայն քաղաքական-տնտեսական առաւելութիւններ եւ թերութիւններ, այլ նաեւ` լեզուական, մշակութային, սկսած` Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, տարբեր ժողովուրդներու համար եւս: Ճէպէճեան նկատել տուաւ, որ շրջանի տագնապը քաղաքական-տնտեսական եւ զինուորական ըլլալով հանդերձ, ունի նաեւ անհատական բնոյթ, ինքնագիտակցութեան ուղիով պայքար, պոռթկում, ընդվզում եւ ազատութեան ձգտում եւ նոյնիսկ` յեղաշրջելու եւ տիրապետելու մղում, աւելցնելով, որ կրօնա-ազգային եւ քաղաքա-գաղափարական բախումը, մանաւանդ` նոր սերունդին մէջ, անխուսափելի է, նկատի առնելով նաեւ գիտական, ընկերային եւ հաղորդակցութեան, լրատուական մատչելի բոլոր հնարաւորութիւնները: Ան հաստատեց, որ այս բոլորը ծնունդ տուած են նաեւ զօրաւոր ազգայնականութեան, որ զգալիօրէն կարելի է տեսնել հեռաւոր ափերու վրայ հաստատուած, ոչ անպայման հայախօս հայորդիներու մէջ, աւելցնելով, որ հարկ է շարունակել հայակերտումը եւ հայապահպանումը: Ան շեշտեց, որ սփիւռքահայ իրականութիւնները, հիմնահարցերը հայրենիքի եւ Արցախի մէջ զուգահեռ կ՛ընթանան, որոնք կարիք ունին հիմնական լուծումներու: Այս ուղղութեամբ ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան եւ անհատական աշխատանքով տարուած օժանդակութիւններուն եւ անոնց կողքին` Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ տպագրութեան տարբեր ծրագիրներու շուրջ, ինչպէս` մանկական Աստուածաշունչի մօտալուտ պատրաստութեան մասին, որ պիտի հրատարակուի հինգ հազար տպաքանակով եւ բաշխուի դպրոցներու եւ պատանիներու:

Աւարտին, թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան անդրադարձաւ օրուան հրատապ` կրօնական-ազգային հարցերու մասին` մեկնելով դասախօսութեան ընթացքին արծարծուած կէտերէն:

Թեհրան

Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց «Արտակ Մանուկեան» Թանգարան

29 յուլիսին Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան, ընկերակցութեամբ դեսպանութեան հիւպատոս Գրիգոր Յակոբեանի եւ Հայկական ֆիլմերու շաբաթուան առիթով Իրան այցելած բեմադրիչներ Արամ Շահբազեանի եւ Արէն Վաթեանի, այցելեց «Արտակ Մանուկեան» թանգարան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>