ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ականջացաւը (otalgia, earache) յաճախակի երեւցող ախտանշան մըն է, որ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի ու ցեղային խտրութեան: Անիկա ականջին շուրջը զգացուած ցաւն է:
Ականջացաւը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնանք, նախ եւ առաջ, ականջի կազմուածքը: Ականջը կազմուած է երեք մասերէ` արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:
Ա. Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ (pinna) եւ արտաքին լսողական անցուղիէ (external canal): Ականջակոնքի ստորին բաժինը կը կոչուի ականջի բլթակ (ear lobe), որ կակուղ եւ փափուկ է: Արտաքին լսողական անցուղին ունի 25-28 մմ երկարութիւն: Անոր արտաքին երկու երրորդ մասը կռճիկային հիւսուածքէ շինուած է, իսկ ներքին մէկ երրորդ մասը ոսկրային է: Այս անցքին պատերը ծածկուած են մաշկով մը, որ հարուստ է ճարպ արտադրող գեղձերով. իսկ արտադրուած ճարպը կը կոչուի գէջ (wax): Արտաքին ականջը կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum), որ ունի 9 քառ. մմ տարածութիւն եւ 0,1 մմ հաստութիւն:
Բ. Միջին ականջը կազմուած է թմբկախոռոչէ-ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ, որ կը կոչուի եւստաքեան խողովակ (eustachian tube). անիկա 3,5 սմ երկարութեամբ բարակ եւ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ:
Թմբկախոռոչը լեցուն է օդով, անիկա ետեւի կողմէն հաղորդակցութեան մէջ է քունքոսկրի (mastoid) օդակիր պզտիկ խոռոչներուն (air cells) հետ: Լսափողը բնական պայմաններու մէջ շարունակ հաղորդակցութեան մէջ կը մնայ արտաքին աշխարհին հետ քթաըմբանին միջոցով, բացի` քիթի եւ քթաըմբանի բորբոքումներու, ինչպէս նաեւ կլլելու գործողութեան պարագային: Լսափողը կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին` դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչին արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ, որոնք կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուին լսողական երեք ոսկրիկները, որոնք կը կոչուին` մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները միացած են իրարու շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ, որ սկզբնաւորութիւնն է ներքին ականջին:
Թմբկախոռոչը կը պարունակէ նաեւ երկու պզտիկ մկաններ, որոնք կը գործեն երեք ոսկրիկներուն հետ: Անոնք կը հակակշռեն միջին ականջ հասնող զօրաւոր ձայները եւ կը կծկուին երգելու, ձայնամարզութեան եւ ձիւթ ծամելու ընթացքին: Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուի նաեւ թմբկաթաղանթային ջիղը (chorda tympani), որ կապակցութիւն ունի ենթածնօտային (submandibular) եւ ենթալեզուային (sublingual) լորձնաբեր գեղձերուն (salivary glands) հետ:
Դէմքին ջիղը ուղեղէն դուրս ելլելէ ետք կ՛անցնի թմբկախոռոչի ստորին պատին մէջէն: Միջին ականջի որեւէ բորբոքում կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ դէմքի ջիղին վրայ եւ յառաջացնել դէմքի մասնակի կամ ամբողջական անդամալուծութիւն:
Գ. Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի լաբիւրինթոս (բաւիղ): Անիկա ամբողջութեամբ կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային բաւիղներէ: Ոսկրային բաւիղին մէջ կը գտնուի թաղանթային բաւիղը: Երկու բաւիղներու միջեւ եղած տարածութիւնը լեցուն է շրջաւիշով (perilymph), իսկ թաղանթային բաւիղը լեցուն է ներաւիշով (endolymph):
Ներքին ականջը ունի իր ենթաբաժանումները` անդաստակ (vestibule), խխունջ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներ: Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2,5 անգամ: Անոր թաղանթային բաժնին մէջ կը գտնուի լսողական «գորդեան օրկան»-ը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30.000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին թելանման ձայնազգաց մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներուն միացումով կը կազմուին լսողական ջղական թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողական ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:
Կիսաբոլոր խողովակները, իրենց շարուածքին համաձայն, կը կոչուին վերին, յետին եւ ուղղաձիգ կիսաբոլոր խողովակներ: Անոնց մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք կը գրգռուին մարմինի եւ գլուխի շարժումին հետ, մասնաւորաբար` անոր ուղղութեան եւ արագութեան փոփոխութեան միջոցին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի նախնական բջիջներն են: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ միանալով լսողական ջիղին` կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմինի դիրքին եւ կացութեան ու գլխու շարժումներուն մասին: Անդաստակին մէջ կը գտնուին պարկիկը (saccule) եւ արգանդիկը (utricle), որոնք բարակ անցքերով կը միանան խխունջին եւ կիսաբոլոր խողովակներուն: Անոնք կը պարունակեն յատուկ մազային բջիջներ, որոնք կը նշմարեն գլխու հորիզոնական եւ ուղղաձիգ շարժումները: Հոն կը գտնուին նաեւ կիրածխաթթուային (calcium carbonate) բիւրեղներ եւ ականջաքարեր (otoliths), որոնք յաճախ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ եւ կը յառաջացնեն գլխապտոյտ: Կարելի է ըսել, որ անդաստակի պարկիկը եւ արգանդիկը կ՛օժանդակեն կիսաբոլոր խողովակներու գործունէութեան:
Ականջացաւը կը նկարագուի տարբեր-տարբեր որակումներով, օրինակ` մնայուն, խուլ, մակերեսային, խորունկ, սուր, զօրաւոր եւ հարուածային: Յաճախ անոր կ՛ուղեկցին զանազան այլ ախտանշաններ` համաձայն ականջացաւի ախտապատճառներուն:
Ականջացաւը ախտանշան մըն է եւ ոչ թէ ախտ մը: Անիկա կը յառաջանայ տեսակաւոր հիւանդութիւններէ եւ պատճառներէ, որոնք ունին երկու խմբաւորումներ` հիմնական-առաջնահերթ (primary) եւ երկրորդական (secondary) պատճառներ: Այժմ իւրաքանչիւր ախտապատճառին հետ պիտի մատնանշեմ ականջացաւին ուղեկցող այլ ախտանշաններ.
Ա. Հիմնական-առաջնահերթ (primary) ախտապատճառներ, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ականջի երեք բաժիններէն.
ա. Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ եւ անբնական երեւոյթներ.
- Մանրէական (bacterial) եւ ժահրային (viral) սովորական բորբոքումներ, որոնք կը յատկանշուին խլնային կամ թարախային ականջահոսքով եւ քերւըտուքով:
- Ականջային սողնախտագօտի (herpes zoster auticus)` ժահրային յատուկ բորբոքում մը, որ կը յատկանշուի նաեւ քերւըտուքով եւ լսողական տկարութեամբ:
- Սնկային (fungal) բորբոքում, որ կը յառաջանայ լողալէ եւ լոգանքէ ետք եւ կը յատկանշուի քերւըտուքով:
- Մորթային զանազան հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն քերւըտուք եւ թեփոտութիւն (scaling):
- Արտաքին հարուած-վիրաւորում (trauma) եւ ինքնավիրաւորում (autotrauma), որ կը պատահի ականջը մաքրելու ընթացքին: Բոլոր պարագաներուն բորբոքում կրնայ յառաջանալ:
- Միջատներու խայթուածք եւ անասուններու խածուածք, որոնք բորբոքումի պատճառ կրնան ըլլալ:
- Անցուղիի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք լսողական փոխանցման տկարութիւն կը ստեղծեն:
- Օտար մարմիններու գոյութիւն անցուղիին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան` վիրաւորում, բորբոքում եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն:
- Անցուղիին մէջ ականջագէջի կուտակում, որ լսողական փոխանցման տկարութիւն կը յառաջացնէ:
Բ. Միջին ականջի հիւանդութիւններ.
- Մանրէական, ժահրային եւ սնկային բորբոքումներ, երբ տեղի կ՛ունենան` թմբկաթաղանթի վիրաւորում-ծակում (perforation), ականջահոսք, ականջաբզզիւն (tinnitus) եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն:
- Միջին ականջի զարկերակային ուռ (glomus tumor), որ կը յատկանշուի ականջի արիւնահոսութեամբ, ականջաբզզիւնով եւ լսողական փոխանցման տկարութեամբ:
- Եւստաքեան խողովակի խցում, որ կը յառաջացնէ միջին ականջի բորբոքում, թմբկաթաղանթի վիրաւորում, ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն:
- Թմբկաթաղանթի ժահրային-տոպրակային բորբոքում (myringitis bullosa), ուր տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք եւ թմբկաթաղանթի վիրաւորում:
- Միջին ականջի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք կը յառաջացնեն լսողական փոխանցման տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն:
- Լողալու, ընկղմելու, լեռ բարձրանալու եւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին պատահած միջին ականջի օդաճնշումի փոփոխութիւն, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենան` ականջային արիւնահոսութիւն, լսողական տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն:
- Շատ զօրաւոր եւ բարձր ձայներու ենթակայութիւն, օրինակ` ուժգին պայթումներ, հրացանաձգութիւն, ռմբակոծում, աղմկարար մեքենաներ եւ գործարաններ, աղմկարար եւ բարձրաձայն երաժշտութիւն: Այս բոլորին պատճառով կը յառաջանան լսողական փոխանցման եւ ջիղերու տկարութիւն ու ականջաբզզիւն:
Գ. Ներքին ականջի վատորակ ուռեր, որոնք կը յառաջացնեն` գլխապտոյտ, լսողական ջիղերու տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն:
Բ. Երկրորդական պատճառներ, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ականջէն դուրս` մօտակայ կամ հեռաւոր օրկանէ մը կամ հիւսկէնէ մը: Երկրորդական ախտապատճառներով յառաջացած ականջացաւը կը կոչենք` յղուած ցաւ (referred pain):
Ականջացաւի երկրորդական պատճառներէն են.
ա. Քնքածնօտային յօդաբորբ (temporomandibular arthritis), երբ տեղի կ՛ունենայ քնքածնօտային ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն:
բ. Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ, որոնք կը յառաջացնեն` ակռաներու եւ լինտերու ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն:
գ. Վիզի եւ գլխու վէրքեր եւ ուռեր, որոնք կը յատկանշուին տեղայնական ցաւով:
դ. Խռչափողատապ (laryngitis), որ ձայնի խռպոտութիւն եւ շնչահեղձութիւն կը յառաջացնէ:
ե. Կոկորդի բորբոքում, նշիկներու բորբոքում եւ նշկահատում, որոնց պատճառով տեղի կ՛ունենան` կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն եւ ջերմ:
զ. Գլխու եռեակ ջիղի ջղացաւ (trigeminal neuralgia), որ կը յատկանշուի դէմքի հարուածային ցաւով:
է. Խոռոչատապ (sinusitis), որուն ախտանշաններն են` թարախային քթահոսք, քիթի խցում, շնչարգելութիւն եւ ջերմ:
ը. Քթաըմբանի (nasopharynx), ըմբանի (pharynx) եւ ենթաըմբանի (hypopharynx) լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք պատճառ կը դառնան շնչահեղձութեան եւ կլլելու դժուարութեան:
թ. Ենթածնօտային եւ ենթալեզուային լորձունքաբեր գեղձերու բորբոքում, որոնք կը յառաջացնեն բերանի չորութիւն, ենթածնօտային եւ ենթալեզուային ուռեցք, ցաւ եւ ջերմ:
Ականջացաւը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր: Սակայն անոր ախտապատճառները պէտք է որ ախտաճանաչուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ականջացաւին դարմանումը կատարել:
Ականջացաւին դարմանումը կը կատարուի` համաձայն անոր ախտապատճառին: Այսինքն հիմնականօրէն պէտք է դարմանուի ականջացաւին ախտապատճառը: Սակայն, մինչեւ որ ախտաճանաչումը կատարուի, ականջացաւը անմիջականօրէն մեղմացնելու միտումով ցաւազերծող եւ հանդարտեցուցիչ դեղեր կը թելադրուին:
Մանուկներու մօտ ականջացաւը շատ յաճախակիօրէն պատահող ախտանշան մըն է: Մինչեւ երկու տարեկան մանուկը անկարող է բառացիօրէն գանգատելու եւ ըսելու, որ ականջացաւ ունի: Ուստի մանուկի մը ականջացաւ ունենալը կարելի է գիտնալ` հիմնուելով հետեւեալ երեւոյթներուն վրայ. մանուկին ականջի անցուղիին մէջ գէջի կուտակում, մանուկը շարունակ կը դպչի իր ականջին, մանուկը չափազանց ջղագրգիռ կ՛ըլլայ, մանուկը շատ կու լայ եւ շարունակ գլուխը աջ ու ձախ կը շարժէ: