Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Քանատահայ Շամլեան Ընտանիքի Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը Կը Թեւակոխէ Իր 13-րդ Տարին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Անցնող 12 տարիներուն յաջորդաբար, ամէն ամառ, քանատահայ Հայդուկ, Այտա, Տեսիլ եւ Պատրոյգ Շամլեանները Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ կը վարեն «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը:

Ամառնային այս ճամբարին կը մասնակցին Շուշիէն եւ մերձակայ բնակավայրերէն 450-է աւելի երեխաներ, որոնց սպասարկող անձնակազմի թիւը աւելի քան 25 է:

Ճամբարի օրակարգը հետեւեալն է. առաւօտեան` նախաճաշ, որմէ ետք ճամբարականները  «Հայր Մեր» կ՛աղօթեն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգները կ՛երգեն: Ապա  խումբերը փոխն ի փոխ զանազան պահեր կ՛ունենան, որոնց ընթացքին ազգային եւ հայրենասիրական պատգամ մը տուող ձեռարուեստի գործեր կը պատրաստեն, գիտական փորձարկումներ կը կատարեն, ձեռակերտ խաղալիքներ կը պատրաստեն, մշակոյթով կը զբաղին (երգ, ասմունք, հեքիաթ, ժապաւէն) եւ խմբային խաղեր կը խաղան:

Ճամբարի օրակարգին մէջ պարբերաբար կ՛ընդգրկուին դասախօսութիւններ եւ այլ դաստիարակչական ձեռնարկներ, օրինակ` տարբեր ծառայութիւններու կողմէ այցելութիւններ` երեխաներուն զանազան տեսակի ապահովական կանոններ բացատրելու նպատակով (հրդեհներու կանխարգիլման միջոցներ, ականներէ զգուշացման միջոցներ, երկրաշարժի պարագային առնուելիք քայլեր եւ այլն):

Ճամբարի բազմաբնոյթ ծախսերը, ներառեալ` ճամբարի մասնակից երեխաներու ամէնօրեայ սնունդը, կը հոգայ Շամլեան ընտանիքը, իսկ ճամբարը` Շուշիի «Նարեկացի արուեստի միութեան» կեդրոնը կը տրամադրուի ամերիկահայ Յարութիւնեան եղբայրներուն կողմէ:

Նկարները կը ներկայացնեն ճամբարի նախապատրաստական աշխատանքները: Ճամբարը կը սկսի յառաջիկայ շաբաթ:

Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ին աջակցելու համար կապուիլ այս հասցէին  contact@shoushisummercamp.org

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>