Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Անդրադարձ. Գերմանիոյ Նոր Քաղաքականութիւնն Ու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութեան Իրավիճակը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3 օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան 160-ամեայ փորձառութիւն ունեցող «Սիմընզ» ընկերութեան գլխաւորութեամբ խումբ մը գերմանական ընկերութիւններ ապահովեցին Թուրքիոյ մէջ հովի ուժով ելեկտրականութիւն արտադրելու նուազուրդը, իրողութիւն մը, որ թուրքգերմանական յարաբերութիւններու ներկայ լարուածութեան լոյսին տակ կրնայ ստեղծել որոշ զարմանք ու շփոթ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի վերջերս կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ կարիքը ունինք նոր ուղղութեան մը, եւ Անգարայի պաշտօնատարները պէտք է գիտակցին իրենց քաղաքականութեան հետեւանքներուն»: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Կապրիէլի յայտարարութեան ընդգծեց. «Թուրքիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկելը դարձած է անհրաժեշտ եւ անխուսափելի»:

Սակայն Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը, այդ նոյն յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ սկզբնական փուլին Պերլինի կողմէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլերու պիտի ձեռնարկուին 3 տարբեր կէտերով. ոչ ոքի խորհուրդ տալ ներդրումներ կատարել երկրի մը մէջ, ուր օրէնքը երաշխաւորուած չէ, նախազգուշացնել Թուրքիա մեկնիլ պատրաստուող Գերմանիոյ քաղաքացիները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ ուղղուած Եւրոպական Միութեան ֆինանսական աջակցութիւնը:

Ինչպէս կ՛երեւի` այստեղ խօսքը ներգերմանական գետնի վրայ յորդորի եւ խորհուրդի մասին է եւ ոչ թէ արգելքի. Գերմանիոյ ոեւէ քաղաքացի եւ գերմանական որեւէ ընկերութիւն ազատ են իրենց որոշումը տալու: Պերլինի նպատակը խաղող ուտել է եւ ոչ թէ պարտիզպանը ծեծել, այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ դէմ որդեգրած է փուլ առ փուլ աստիճանաբար մագլցում արձանագրող միջոցառումներու որդեգրման քաղաքականութիւն մը` խաղող ուտելու` տագնապի դրական լուծման առաւելագոյն առիթ ընծայելու համար: Եւրոպական Միութեան մակարդակին վրայ է, որ Գերմանիա համեմատաբար աւելի վճռական ու խիստ է: «Միշտ համբերատար եղած ենք Թուրքիոյ նկատմամբ (…) Սակայն այդ համբերութիւնը արդէն կը հատի», ըսաւ գերմանական դիւանագիտութեան պետը, այլ խօսքով` այդ համբերութիւնը տակաւին չէ հատած, սակայն կրնայ սպառիլ` նկատի ունենալով, որ Պերլինի կողմէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղուած բոլոր քայլերն ալ ի զուր կ՛անցնին, եւ Թուրքիան կառուցողական դիրքորոշումի փոխարէն օրըստօրէ աւելի յարձակողապաշտ կը դառնայ` Գերմանիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան կողմէ համբերատարութիւնն ու աստիճանական մագլցումի գործելաոճը թիւրիմացաբար նկատելով տկարութեան ցուցանիշ մը: Այդ պատճառով ալ, Անգարայի մեծամոլ ղեկավարները կը յանդգնին իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ենի Սէօզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը ճամբով յոխորտալ, թէ Թուրքիա կրնայ երեք օրուան մէջ գրաւել Եւրոպան: Սակայն թրքական կողմի «կա՛մ մեզ ինչպէս որ ենք կ՛ընդունիք Եւրոպական Միութեան մէջ, կա՛մ կը գրաւենք Եւրոպան» տողատակի պատգամը, ո՛չ միայն եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն մօտ, այլ նաեւ հասարակական կարծիքին մօտ կ՛արմատացնէ այդ երկրի` միութեան անդամակցութեան նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը:

Թրքական կողմի կեցուածքը իբրեւ գերտէրութիւն ընկալուելու անտեղի, հիւանդագին մտայնութեան մը եւ հոգեվիճակի մը արտայայտութիւնը ըլլալուն կողքին, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա հրաժարած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն եւ ընդհանրապէս երես թեքած Արեւմուտքէն, սակայն «ապահարզանի» յայտարարութիւնը չ՛ուզեր ինք կատարել: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր 3 օգոստոսին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին կարելի չէ խօսիլ, սակայն Պրիւքսել չի կրնար «արտօնել, որ Թուրքիան մոռացութեան մատնուի»: Այլ խօսքով` եւրոպական կողմին մօտ եւս գոյութիւն ունի այդ նոյն ակնկալութիւնն ու դժկամութիւնը: Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեան մէջ ստեղծուած է փոխադարձ ակնկալութեան եւ հասարակաց դժկամութեան իրավիճակ մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>