ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Պատմութեան մէջ Հարաւային Կովկասը միշտ ալ եղած է մեծ կայսրութիւններու ռազմադաշտը: Շրջանը վերջին 200 տարիներուն դարձաւ Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան (Թուրքիոյ) եւ Իրանի հակամարտութիւններուն կեդրոնը: Անիկա ո՛չ միայն նշանաւոր է իր քարիւղի հանքերով, այլ նաեւ ունի ռազմավարական նշանակութիւն, որովհետեւ կը միացնէ Միջին եւ Փոքր Ասիաները: 1828-ին վերջ գտաւ ռուս-պարսկական պատերազմը, եւ Թուրքմենչայի դաշնագիրով շրջանը անցաւ ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան կայստութիւնը փորձեց ամէն ջանք ի գործ դնել` ճամբայ բանալու դէպի Պաքու եւ այդտեղէն ալ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքաբնակ շրջանները: 1918-ին, երբ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը հռչակեց, Պարսկաստանը չճանչցաւ զայն, իսկ 1919-ի Փարիզի վեհաժողովին պարսկական պատուիրակութիւնը պահանջեց Ազրպէյճանի կցումը Պարսկաստանին: Շատ քիչ բան գիտենք այդ ժամանակաշրջանի հայ-պարսկական յարաբերութիւններուն եւ այս հարցին գծով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումին մասին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ արցախեան տագնապի բռնկումէն անմիջապէս ետք, սկզբնական շրջանին Իրանի դիրքորոշումը հայամէտ չէր: Սկզբնական այդ շրջանին Իրան զինամթերք հայթայթեց Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական եւ իրանեան երկու բանակները հիմնեցին պաշտպանութեան միացեալ կեդրոն: Այս քայլը ունէր իր կրօնական բնոյթը եւ միաժամանակ թելադրուած էր իրանեան ներքին ապահովական խնդիրով:
Իրան կը հաւատար, որ Ազրպէյճանի միջոցով կարելի պիտի դառնար իր շիիական յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը տարածել Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ իսլամական նորաստեղծ հանրապետութիւններուն մէջ, սակայն, միւս կողմէ, մտահոգ էր, որ Իրանի մէջ ապրող շուրջ 15 միլիոն ազրպէյճանցիները կրնան ներքին ապստամբութեան դիմել, այդ պատճառով ալ իրանեան վարչակարգը ազրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն կը վարէր:
Սակայն այս քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ թրքամէտ Ապուլֆազ Էլչիպէյ Ազրպէյճանի նախագահ դարձաւ: Ապուլֆազ Էլչիպէյ, համաթուրանական գաղափարներով տարուած, կոչ ուղղեց Իրանի ազրպէյճանցիներուն` օգնութեան հասնելու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իրենց եղբայրներուն եւ ստեղծելու «Միացեալ Ազրպէյճան» մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ «Հարաւային Ազրպէյճանը» (հիւսիսային Իրան): Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը ազգայնամոլական Գորշ գայլեր շարժումին միջոցով կը փորձէր հրահրել համաթուրանական ազգայնականութիւնը հիւսիսային Իրանի մէջ: Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան իր «Ղարաբաղեան օրագրութիւն» խորագիրով գիրքին մէջ կը նշէ, որ 1992-ի ապրիլին Թեհրանի մէջ ուսանողական մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, ցոյցին մասնակիցները կը բացագանչէին` «Հայկական ֆաշականութիւնը` դո՛ւրս», «Բռնատէրը` դո՛ւրս»: Ցուցարարները քոքթէյլ մոլոթով նետեցին դեսպանատան վրայ, եւ ոստիկանութիւնը հազիւ կրցաւ իրավիճակը իր վերահսկողութեան տակ առնել: Թամազ Փափուաշվիլի իր «Ազրպէյճան-Իրան յարաբերութիւնները» խորագրեալ յօդուածին մէջ (22 փետրուար 2017) կը նշէ, որ Թաւրիզի մէջ ազրպէյճանցիները հակահայ թռուցիկներ կը բաժնէին, եւ իրանեան ոստիկանութիւնը տարածուած էր հայկական թաղերը, որպէսզի պաշտպանէ շրջանը որեւէ յարձակումէ: Այս դէպքերէն ետք Իրանի քաղաքականութիւնը աստիճանաբար փոխուեցաւ հայ-ազրպէյճանական տագնապին գծով:
«Թշնամիիս Թշնամին Բարեկամս Է»
Իրանի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ռազմավարական կեդրոն է շրջանին մէջ` հակառակ քաջ գիտակցելուն, որ վտանգաւոր քայլ կ՛առնէ քրիստոնեայ Հայաստանին մօտենալով, նաեւ` գիտնալով հանդերձ, որ իր սահմաններուն մէջ 15 միլիոն ազրպէյճանցի կը բնակի: Թեհրան Երեւանի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելով` ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ հակառակ անոր որ կրօնական վարչակարգ ունի, սակայն կը հաւատայ երկխօսութեան եւ բարեկամական կապեր կ’ուզէ հաստատել քրիստոնեայ Արեւմուտքին հետ. փաստը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր յարաբերութիւններն են: Իսկ Երեւանի համար Իրան ճամբան է դէպի Արեւելքի շուկաները: Երբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շրջափակումի ենթարկեցին Հայաստանը, Երեւան կրցաւ շունչ առնել Իրանի ճամբով: Ազրպէյճան սկսաւ երբեմն Թուրքիոյ, երբեմն ալ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ մօտենալ Իսրայէլին, իսկ Իսրայէլի համար ասիկա հսկայ առիթ մըն էր` Իրանի սահմանին մօտ զինուորական խարիսխ մը ունենալու: Ազրպէյճան, որուն բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը պատկանի իսլամական շիի համայնքին, սակայն աշխարհիկ պետութիւն մըն է, կարեւոր դեր կը խաղայ Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան մէջ` շրջանին մէջ իրանեան թափանցումը արգելակելու իմաստով: Ազրպէյճանի համար ալ Իսրայէլը ունի ռազմավարական կարեւորութիւն: Ազրպէյճանի շնորհիւ Իսրայէլ դարձաւ Ռուսիոյ զինուորական մրցակիցը սպառազինութիւններու վաճառքին մէջ, Ազրպէյճան կը ձգտի Ռուսիոյ նկատմամբ իր զինուորական կախեալութիւնը նուազեցնել եւ ռուսական զէնքերը փոխարինել իսրայէլեան զէնքերով: Ըստ Ռահիմ Ռահիմովի «Հայաստան-Իրան ընդդէմ Ազրպէյճան-Իսրայէլի. ո՞ւր է Ռուսիան» խորագրեալ յօդուածին (30 յունուար 2017), Ազրպէյճան իր զէնքերուն 85 առ հարիւրը կը գնէ Ռուսիայէն: Ռուսիա մտահոգ է, որ Իսրայէլի օգնութեամբ Ազրպէյճան խախտէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասի մէջ: Այստեղ Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը իրարու կը համընկնին շրջանին մէջ իսրայէլեան ներթափանցումը չէզոքացնելու իմաստով: Սակայն ասիկա կատարելու համար Ռուսիա Ազրպէյճանին սպառազինութեան իր մատակարարումին քանակը աւելի բարձրացուց, եւ ասիկա դժբախտաբար կը կատարուի Հայաստանի հաշուոյն: Վերջերս իսրայէլացի բարձրաստիճան նախարարներու Հայաստան այցելութիւնը եւ անոնց այն յայտարարութիւնը, որ Իսրայէլ նաեւ պատրաստ է զէնք մատակարարելու Հայաստանին, աւելի եւս կը խորացնէ ռուսական մտահոգութիւնը շրջանին մէջ:
Ազրպէյճանի համար նաեւ կարեւոր է Իսրայէլի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունենալը, որպէսզի Ամերիկայի հրէական լոպին օգտագործէ հակահայ նպատակներով` կասեցնելու համար Արցախի ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքները Քոնկրեսին մէջ: Զարմանալի չէ այս իմաստով, որ վերջերս կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու մէջ հրեայ լրագրողներու կողմէ գրուած հակահայկական բնոյթի յօդուածներ: Իսրայէլ-Ազրպէյճան համագործակցութիւնը իր պտուղները տուաւ, երբ 2012-ին Ազրպէյճան ստորագրեց 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութեան վաճառքի համաձայնագիր մը, որուն մէջ կային նաեւ հակաօդային հրթիռներ եւ առանց օդաչուի օդանաւեր գնելու վերաբերեալ կէտ:
Դեկտեմբեր 2016-ին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այցելեց Ազրպէյճան եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: 6 ժամ տեւած այս հանդիպման ընթացքին կազի, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ զինուորական մարզերուն վերաբերող համաձայնութիւններ ստորագրուեցան: Ըստ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին, Իսրայէլ զէնք եւ ապահովական սարքաւորումներ պիտի տրամադրէր Ազրպէյճանին: Իսրայէլի համար այս համաձայնութիւնը կը բխի «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» կարգախօսէն: Անշուշտ Իրան այս բոլորին զգուշութեամբ կը հետեւի, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1997-ի նման դիւանագիտական բախում մը պատահի Կասպից ծովուն շուրջ: Յիշեցնենք այստեղ, որ երբ 2012-ին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով, Թեհրան մեղադրեց Ազրպէյճանը այն ամբաստանութեամբ, որ Իսրայէլին տրամադրած է զինուորական օդակայան մը` հարուածելու համար Իրանի հիւլէական կայանները, իսկ 2014-ին իրանական սահմանային ուժերը վար առին իսրայէլեան առանց օդաչուի լրտեսական օդանաւ մը, որ օդը բարձրացած էր Ազրպէյճանի տարածքներէն: 2012-ին Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուեցան 22 կասկածելի անձեր, որոնք ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, կը պատկանէին իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդին եւ ամբաստանուած էին Պաքուի մէջ ամերիկեան եւ իսրայէլեան թիրախներ հարուածելու յանցանքով:
Սակայն այս բոլորէն Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ:
Բաժնէ Եւ Իշխէ
Կայսերապաշտ Անգլիա այս նշանաբանը ստեղծողներէն մէկն էր: Եթէ թշնամիիդ չես կրնար ռազմականօրէն յաղթել, ապա փորձէ ներքին պառակտումներ յառաջացնել անոր երկրին մէջ: Կը յիշեմ, որ երբ 2015 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին ճաշասեղանի շուրջ կը խօսէինք յաջորդ խորհրդաժողովի վայրին մասին (անիկա տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ), ժողովակիցներէն մէկը ըսաւ` «Չեմ կրնար, Ազրպէյճանի մէջ ընտանիք ունիմ», ապա ինծի նայեցաւ եւ ժպտելով ըսաւ` «Բայց լեզգի եմ»: Ժողովէն ետք երկխօսութեան մտայ անոր հետ, եւ հետաքրքրական էր, որ արցախեան ազատագրական պայքարի ժամանակ լեզգիներն ալ, ոգեւորուած, նոյնպէս ունեցած են իրենց ազատագրական պայքարը: Լեզգիներուն հայրենիքը Լեզգիստանն է, որ կը գտնուի Ազրպէյճան-Ռուսիա սահմանին մօտ, անոնք ունին իրենց «Լեզգիներու ազգային շարժում» կազմակերպութիւնը, որ կը կոչուի «Սատվալ»: 1992-ին անոնց ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան: Ազրպէյճանական աղբիւրները կը պնդեն, որ Հայաստանի գաղտնի սպասարկութիւնը այս շարժումի հիմնադրութեան եւ կազմակերպումին մէջ հիմնական դեր ունեցած է: Լեզգիները իրենք զիրենք կը սեպեն բնիկ կովկասցիներ (կովկասեան ալպանացի), ժամանակին եղած են քրիստոնեայ, ապա հաւատափոխ դարձած եւ իսլամութիւնը ընդունած են:
Նոյնպէս ազգային-ազատագրական պայքար կար նաեւ Ազրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ, ուր 1993-ին հռչակուեցաւ Թալիշ-Մուղան հանրապետութիւնը, որ հազիւ 2 ամիս գոյատեւեց: Թալիշները շատ աւելի ազգայնական են, քան` լեզգիները, եւ մինչեւ օրս Եւրոպայի տարածքին ունին փոքր գաղութներ ու իրենց դատը կը հետապնդեն: Անոնք արցախեան ազատագրական պայքարը միշտ օրինակելի կը տեսնեն, եւ անոնց ղեկավարները կը վկայակոչեն այս կէտը:
Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի բնակչութեան 70 առ հարիւրը շիի դաւանանքին կը պատկանի, սակայն պետութիւնը հալածանքի կ՛ենթարկէ շիի կրօնաւորները եւ մտահոգ է իրանական ազդեցութենէն: 2015-ին ազրպէյճանցի ոստիկանները ձերբակալեցին եւ բանտարկեցին շիի կրօնաւոր Թալեհ Պաղիր-Զատէն, որ ուսանած է Իրանի մէջ, եւ հակառակ իր երիտասարդ ըլլալուն` շատերուն համար մեծ ազդեցութիւն ունի եւ ղեկավարած է Նարտարանի հակակառավարական ցոյցերը: Նարտարան գիւղը, որ կը գտնուի Պաքուի մօտ, կը նկատուի շիի կրօնամոլներուն կեդրոնը, ուր հազարաւոր շիիներ ամէն տարի կ՛ոգեկոչեն Քարպալայի ողբերգութիւնը:
Ազրպէյճան նաեւ մտահոգ է Իրանի Մշակութային կեդրոնէն, որ կը պատկանի իրանեան դեսպանատան եւ անոր անդամները դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունին: Կեդրոնը հսկայական աշխատանք կը տանի տարածելու իրանական մշակոյթը եւ կրօնական ազդեցութիւնը Ազրպէյճանի մէջ: Այս բոլորին դիմաց Ազրպէյճան կը քաջալերէ սալաֆական շարժումը, որուն կեդրոնը Պաքուի մէջ գտնուող Ապու Պաքր մզկիթն է: Վերջերս բազմաթիւ սիւննի ազրպէյճանցիներ անդամակցած էին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին, ազրպէյճանցի սալաֆականներու ղեկավարն է Կամեթ Սուլէյմանովը, որ ուսանած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Իրան նաեւ մտահոգ է Պաքուի մէջ վերջինիս գործունէութենէն:
2013-ին Իրանի ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կոմիտէի փոխնախագահ Մանսուր Հաքիքաթփուր յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ Ազրպէյճանի մէջ կան 17 շրջաններ, ներառեալ` Պաքուն, որոնք կը պատկանին Իրանին: Այս յայտարարութիւնը եկաւ իբրեւ արձագանգ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւային Ազրպէյճանի ազգային-ազատագրական շարժման» նուիրուած վեհաժողովին, որ հովանաւորուած էր Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:
Եզրափակում
Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի համար կարելի չէ Ազրպէյճանին ռազմականօրէն յաղթել, նաեւ Իրանի համար կարելի չէ Ազրպէյճանի մէջ որեւէ անջատողական շարժում քաջալերել, որովհետեւ կրնայ վտանգուիլ Իրանի ներքին կայունութիւնը, սակայն Իրան Հայաստանի միջոցով կրնայ ասիկա իրագործել: Այստեղ հայկական սփիւռքն ալ իր դերը պէտք է ունենայ` գործակցելով լեզգի եւ թալիշ ազատագրական շարժումներուն հետ: Հայաստանի համար ռազմավարական գործօն է Ազրպէյճանի մէջ ունենալ դաշնակիցներ, եւ մինչ Իրան կրօնական եւ մշակութային թափանցում կ՛ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, Ալիեւի վարչակարգը կրնայ դժուար փուլի առջեւ յայտնուիլ: Այսօր Հայ դատը չի սահմանափակուիր միայն հայկական իրավիճակով: Շրջանին մէջ դաշնակիցներու կարիքը ունինք: Անշուշտ ռուսական դիրքորոշումը կարեւոր է այս հարցին մէջ, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է: Ռազմավարական օրէնք է` «պաշտպանուելու ամէնէն լաւ ձեւը յարձակողական ըլլալն է»: